«ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ՝ ԹԱՏԵՐԱԳԻՐԸ» ԳՐՔԻ ՄԱՍԻՆ

Մարգարիտա Մամիկոնի(*) Խաչատրեան

Գրականութիւնը գիտութիւն մը չէ։
Զայն չենք սորվիր, կ’ապրինք։
Յակոբ Օշական

Նիւ Եորքի «Լիպրա. 6» «Թատրոնի, արուեստի եւ մշակոյթի արտադրութիւն» կազմակերպութեան մրցանակին արժանացած եւ «Արմաւ» հրատարակչութեան լոյս ընծայած այս գիրքը նուիրուած է Յակոբ Օշականի գրական հարուստ ժառանգութեան մի պատկառելի մասին՝ դրամատիկական քսանվեց ստեղծագործութիւնների Continue reading “«ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ՝ ԹԱՏԵՐԱԳԻՐԸ» ԳՐՔԻ ՄԱՍԻՆ”

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐԹԱՅԵԱՆ ՄԵԾ ԼԵԶՈՒԱԳԷՏԸ ԵՒ ԻՐ ՆՊԱՍՏԸ ՄՈՒՍԹԱՖԱ ՔԵՄԱԼԻ ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ՅԵՂԱՇՐՋՈՒՄԻՆ (Բ.)

Դոկտ. Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան

(Սկիզբը՝ նախորդ թիւով)

Մարթայեան կը մասնակցի լեզուաբանական աշխատանքներուն, միաժամանակ անգլերէն կը դասաւանդէ Պոլսոյ համալսարանին եւ օտար լեզուներու դպրոցին մէջ: Կը մասնակցի նաեւ լեզուաբանական Երկրորդ Համաժողովին, ներկայացնելով թուրք լեզուի արմատներու պրպտումին նուիրուած ստուգաբանական (paléoétymologique) հետազօտութիւն մը, որ մեծ ուշադրութեան կ՚արժանանայ եւ Continue reading “ՅԱԿՈԲ ՄԱՐԹԱՅԵԱՆ ՄԵԾ ԼԵԶՈՒԱԳԷՏԸ ԵՒ ԻՐ ՆՊԱՍՏԸ ՄՈՒՍԹԱՖԱ ՔԵՄԱԼԻ ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ՅԵՂԱՇՐՋՈՒՄԻՆ (Բ.)”

Կրկնաբանութիւն (Բ.)

Արմենակ Եղիայեան

Նահապետ Ռուսինեանի Կիլիկիա երգի ութեակները կը վերջանան նոյն յանկերգով՝
— «Ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա, աշխարհ, որ ինձ ետուր արեւ»:
Այստեղ մեզ հետաքրքրողը «Կիլիկիա, աշխարհ» զոյգն է:
Կիլիկիա յատուկ անունը առանձին շատ լաւ կը բացատրէ Continue reading “Կրկնաբանութիւն (Բ.)”

Հ.Օ.Մ.-ը միշտ զօրավիգ հայ մշակոյթին

Մեր նախորդ թիւով յայտարարած էինք «Հորիզոն գրական»-ի 40-ամեակի մրցոյթին արդիւնքները՝ 3 մրցանակակիրներուն անունները, ինչպէս նաեւ մրցոյթին մասնակցած բոլոր հեղինակներուն նիւթերը (բացի Նանար Սիմոնեանի մէկ գրութենէն, որ այս թիւով կու տանք)։
Չէինք յայտարարած սակայն, որ Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը մրցանակներուն համար յատկացուց հազար գանատական տոլարի գումար մը, որ պիտի Continue reading “Հ.Օ.Մ.-ը միշտ զօրավիգ հայ մշակոյթին”

Մեր ՄԱՅԻՍ 2025-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի ՄԱՅԻՍ 2025-ի թիւի նիւթերը կը գտնես ստորեւ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

ԱՐՑԱԽԸ ՄԻՇՏ ՆԵՐԿԱՅ

«Հորիզոն գրական»-ի 40-ամեայ վաստակը նշելու համար, խմբագրակազմս գրական մրցոյթ մը կազմակերպեց յունուար եւ փետրուար ամիսներուն ընթացքին՝ կոչ ուղղելով 15-20 եւ 21-40 տարեկան գրողներու, որ իրենց անտիպ արեւելահայերէն կամ արեւմտահայերէն արձակ, բանաստեղծական թէ գծանկարաշարային Continue reading “ԱՐՑԱԽԸ ՄԻՇՏ ՆԵՐԿԱՅ”

ՆԱՄԱԿԸ (գծանկարաշար)

Ալիսա Իգիթեան

Ծանօթ. խմբագրութեան. — ԸՆթերցողէն կը խնդրենք գծանկարաշարը տեսնել այս թիւի տպագիր տարբերակին մէջ։