Սիրելի ընթերցող,
«Հորիզոն գրական»ի ՄԱՐՏ 2024-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։
Բարի ընթերցում։
Սիրելի ընթերցող,
«Հորիզոն գրական»ի ՄԱՐՏ 2024-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։
Բարի ընթերցում։
Այնճար, 15 փետրուար 1954
Սիրելի ընթերցող՝
Որպէսզի կարողանաս ճիշդ պատկերացնել, թէ ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս տեղի ունեցաւ Պետիկի ծնունդը, նախ պէտք է որ նկարագրեմ մեր բնակարանը: Երբ Այնճար գիւղաւանը կառուցուեցաւ, իւրաքանչիւր ընտանիքի տրամադրուեցաւ չորս հարիւր քառակուսի մեթր հողի վրայ կառուցուած շուրջ քսան քառակուսի մեթր սենեակ մը եւ դուրսը՝ փոքր արտաքնոց մը: Նոյն սենեակը կ՚օգտագործուէր թէ՛ իբրեւ հիւրանոց ու Continue reading “Միւս Պետիկը — Պետրոս Հերեան (1954-1987)”
Ես ինչպէ՞ս արեւ դառնամ,
երբ լուսնի վհատութիւնն ունեմ:
Ես ինչպէ՞ս չհառաչեմ, երբ կրծքիցս
թնկթնկացող երգեր են պոկւում
բոլոր տառապեալների համար:
Ես ինչպէ՞ս չնետուեմ աստղերի գիրկը,
երբ լոկ նրանք են սփոփում վիշտս, Continue reading “Բանաստեղծութիւններ”
Սիրելի գրչեղբօրս՝ Հրանտ Մարգարեանի տիկնոջ՝
նոյնքան սիրելի Ժանետի յիշատակին
Տիգրանակերտ
2-ը սեպտ.,
Մամա ջան, այսօր ամբողջ ուղեխմբով Ժանետի մօր տունն էինք որոնում։ Թէ տունը՝ մայրական տունն ի՞նչ է հայի համար, ես մինչեւ Տիգրանակերտ հասնելս էլ գիտէի։ Քո մեծ քոյրը քեզնից յետոյ, Continue reading “ՆԱՄԱԿՆԵՐ ԼՈՒՍԱՀՈԳԻ ՄՕՐՍ՝ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆԻՑ (Հատուած)”
«Տունս մնաց հեռուներում» շարքէն
Լուսադէմին
Հրթիռների որոտից
Երկիրն իմ երերաց,
եւ ծխի մէջ նշմարուեցին
Հարեւան օջախներից հեռացող
Վերջին բնակիչների ստուերները…
(Թուրքն արդէն գիւղի մատոյցներում էր Continue reading “Բանաստեղծութիւններ”
Սկիզբէն ի վեր մարդը միշտ սիրած ու պաշտած է գեղեցիկը, այս իսկ պատճառով տեւաբար գեղեցիկն ու սէրը զիրար ամբողջացնող անքակտելի միութիւն մը կազմած են:
Գեղեցիկը կախարդական այն ուժն է, որ իւրաքանչիւր անհատի մօտ կ՚արթնցնէ Continue reading “Սէրը գեղեցիկին նկատմամբ”
Պարզ ու յստակ իմաստութիւն մըն է, որ կ՚ըսէ.
«երբ տկար եմ՝ այն ատեն է, որ զօրաւոր եմ»:
Այնուհանդերձ՝ նախ կը զարմանաս,
քանի որ սովորութիւն մը ունիս կեանքը կարդալու ընտրելով հատուածաբար, Continue reading “ՍԱՂՄՈՍՆԵՐ ՎԱՍՆ ԱՌԱՒԵԼ ԿԵԱՆՔԻ (Դ.)”
Գիրքերու այս անդրադարձները գրախօսականներ չեն. նպատակս ծանուցել է անոնց հրատարակումը եւ քաջալերել անոնց տարածումը՝ մղելով ընթերցողները, որ իրենց մօտակայ գրատարածներէն կամ գրախանութներէն ձեռք ձգեն, հակառակ պարագային պահանջեն, որ բերուին ու տրամադրելի ըլլան սոյն գիրքերը։ Continue reading “Իրարմէ ամբողջովին տարբեր չորս նոր գիրքեր”