ՕԳՈՍՏՈՍ 2017-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի օգոստոսի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

ԿԸ ՅԻՇԵ՞Ս, ՄԱՍԻՍ

ԽԱԺԱԿ ԱՅՆԹԱՊԵԱՆ

Քանի մը օր ետք մենք ալ պիտի ունենանք Արարատին հետ ընտանեկան լուսանկարներու մեր հաւաքածոն: Հինգշաբթի առտու Հայաստան պիտի երթանք: Երեկոյեան արդէն Յաղթանակի այգիին դիմաց կը շարուինք ու առաջին նկարը հոն կը լուսանկարուինք: Երկրորդ նկար մը Կասկադի աստիճաններէն իջած ատեննիս եւ անպայման Արցախի ճամբուն վրայ, Խոր վիրապ կը հանդիպինք, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ քով քովի կը նստինք ու «Հայեացքնիս դէպի Մասիս» վերնագրով նկար մըն ալ հոն կը նկարուինք: Continue reading “ԿԸ ՅԻՇԵ՞Ս, ՄԱՍԻՍ”

Ժագ Ս. Յակոբեան՝ 100 տարեկան

Հազուադէպ է, երբ գրողի մը ծննդեան 100-ամեակը կը նշենք իր ողջութեան, աւելի հազուադէպ երբ ան կը մասնակցի իր յոբելեանի նշումին իր կոչումի՛ն վայել ձեւով՝ բանաստեղծութեամբ, որ կու տանք կողքին։ Իսկ բանաստեղծ, արձակագիր, թատերագիր Ժագ Ս. Յակոբեանի 100-ամեակին առթիւ վերընթերցելով իր կենսագրականը, չենք կրնար զուգահեռ մը չգծել այդ անդաստանական կենսագրականին եւ իրեն տարեկից յետ-եղեռնեան մեր իրականութեան միջեւ, որ լաւագոյնս արտայայտած էր ինքը՝ գրողը, աւելի քան կէս դար առաջ հրատարակուած «Կռունկը կը կանչէ» թատերախաղով։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ կենսագրականը, ընթերցողէն խնդրելով որ անոր հետեւի քարտէզի օգնութեամբ։ Continue reading “Ժագ Ս. Յակոբեան՝ 100 տարեկան”

ՄԵ՛ՆՔ

ԺԱԳ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

ՄԵ՛ՆՔ… – Մենք բո՛ւռ մը հող աշխարհի վրան՝
Ժայռի պէս հաստա՛տ, դաշտի պէս յուռթի՜.
ՄԵ՛ՆՔ՝ դարաւոր թի՛ւ բազկի արութեան,
ՄԵ՛ՆՔ սրտի անդո՛ւնդ եւ բարձո՛ւնք մտքի. Continue reading “ՄԵ՛ՆՔ”

ՆԱ ԻՐ ԴՐՈՇՄՆ Է ԴՐԵԼ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՎՐԱՅ

 ԱՐՏԵՄ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

(Անահիտ ԹՈՓՉԵԱՆ — Դիմանկարի փորձ 70-ամեակի առթիւ)

Արուեստագետը նա է, ով իր հետքն է թողնում ժամանակի մէջ: Բայց առաւել երջանիկ է նա, ով իր դրոշմն է դնում իր ապրած ժամանակի վրայ:
Տարբերութիւնն այս երկուսի միջեւ էական է. վերջինն էլ առաջինի պէս օժտուած է Աստծուց, բայց աւելի առատօրէն, բազմակողմանի ու անսպառ, եւ եթէ առաջինի թողած հետքը մշտահոս ժամանակի հետ կարող է խամրել կամ նոյնիսկ ջնջուել, ապա երկրորդի ներկայութիւնն իր ժամանակի մէջ մնալու է անջնջելի, քանզի նա եղել է իր ժամանակաշրջանի հոգեւոր կառոյցի շինարարներից մէկը: Continue reading “ՆԱ ԻՐ ԴՐՈՇՄՆ Է ԴՐԵԼ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՎՐԱՅ”

Կեանքի մէջ՝ կը խաղայ, բեմի վրայ կ՚ապրի՛

ՄՈՎՍԷՍ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ

(Անահիտ Թոփչեանի ծննդեան 70-ամեակին առիթով)

Սիրելի՛ ընթերցող,
Այն ինչ որ թուղթին պիտի յանձնեմ քանի մը անգամ պատմած եմ տարբեր առիթներով, ընդ որում նաեւ Անահիտի եւ Ալիքի ներկայութեան Պէյրութի մեր տան մէջ: Կ՚ենթադրեմ որ Անահիտի ծննդեան 70-ամեակը լաւագոյն առիթն է գրի առնելու մեր ծանօթացման այս տարօրինակ պատմութիւնը: Continue reading “Կեանքի մէջ՝ կը խաղայ, բեմի վրայ կ՚ապրի՛”

ՀԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԵՐ ԵՒ ԳԻՐՔԵՐ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ — 1850-1980 / Ա. մաս

Բժ. ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

«Հայ բոյժ»-ի յօդուածս գրելէ ետք պարտականութիւն սեպեցի ուսումնասիրութիւն մը կատարել հայ բժշկական ժողովրդային պարբերականներու եւ գիրքերու մասին, որոնք հրատարակուած են Հայաստանէն դուրս 1850-1980 ժամանակաշրջանին, այլ խօսքով 130 տարիներու ընթացքին: Continue reading “ՀԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԵՐ ԵՒ ԳԻՐՔԵՐ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ — 1850-1980 / Ա. մաս”

Կեանքից հեռացել է Պերճ Զեյթունցեանը

ԵՐԵՒԱՆ—Օգոստոսի 21-ի առաւոտեան՝ երկարատեւ, ծանր հիւանդութիւնից յետոյ կեանքից հեռացել է ականաւոր գրող, հրապարակախօս, թարգմանիչ Պերճ Զեյթունցեանը: Նա վերջերս էր բոլորել 79-րդ տարին: Continue reading “Կեանքից հեռացել է Պերճ Զեյթունցեանը”