ՄԱՐԴ ԼԻՆԵԼՈՒ ԵՒ ՄԱՐԴ ՄՆԱԼՈՒ ՍԽՐԱՆՔԸ

(Նիգոս Գազանծագիսի «Ճգնութիւն. Աստուծոյ փրկարարները» գրքի հայերէն թարգմանութեան լոյս ընծայման 50-ամեակի առիթով)
Մարգարիտա Մամիկոնի Խաչատրեան

«Էլիզ Հասըրճեանին՝ թարգմանիչին կողմէ։
24 սեպտեմբեր 1973
Թորոնթօ»

Ճիշտ յիսուն տարի առաջ Նիգոս Գազանծագիսի (1883-1957) «Ճգնութիւն. Աստուծոյ փրկարարները» գիրքը այս մակագրութեամբ դարձել է թարգմանական երկար ու դժուար ճանապարհի վերջակէտ. հեռաւոր Կանադայում լոյս է տեսել «ՔԱՐ» հրատարակչատան «Թարգմանական գրականութիւն» մատենաշարի առաջին հատորը։ Թարգմանիչը Մարգար Շարապխանեանն է (1937-2023), ում բացառիկ գործունէութեան, գրական, թարգմանական ժառանգութիւնը պիտի Continue reading “ՄԱՐԴ ԼԻՆԵԼՈՒ ԵՒ ՄԱՐԴ ՄՆԱԼՈՒ ՍԽՐԱՆՔԸ”

ՍԱՂՄՈՍՆԵՐ ՎԱՍՆ ԱՌԱՒԵԼ ԿԵԱՆՔԻ (Ա.)

ԳԱՌՆԻԿ Աւ. Ք. Գ.

ՍԱՂՄՈՍ 1

Ագահութեան գերի եւ անգոհաբան էակ,
դուն կը յիշե՞ս, թէ դրախտ մը ունէիր, որ ապականեցիր ու կը շարունակես ապականել…
Ապշեցուցիչ է քու հանճարիդ մոլորումը:
Դուն պիտի տառապի՞ս որ արարչութիւնը հասցուցեր ես իր փրկութեան սպասումին: Continue reading “ՍԱՂՄՈՍՆԵՐ ՎԱՍՆ ԱՌԱՒԵԼ ԿԵԱՆՔԻ (Ա.)”

ՏԵՆԴՈՏ ԽՈԿՈՒՄ ՄԸ

Հեղինակ՝ Թամըս Մըրթըն

Ի յուշ Ադոլֆ Այխմանի(1)

Թամըս Մըրթըն – Thomas Merton (1915-1968) կաթոլիկ վանական մըն էր, խորհրդազգած աստուածաբան մը, կրօնագէտ մը, յանձնառու մտածող մը, բանաստեղծ մը: Մեծ հռչակ ունեցաւ իր «Եօթնայարկ լեռը» («The Seven Storey Mountain») գիրքը, որ, ըստ էութեան, կը վերաբերի իր իմացական եւ հոգեւոր աճման, անդրակերպման, եւ քրիստոնէական հաւատքին մէջ վերածնունդին: Ուստի՝ ներքին ինքնակենսագրութիւն մըն է անիկա: 27 տարիներու իր գրականութիւնը՝ աւելի քան 50 գիրքերու ցանկ մըն է: Թարգմանիչը ձեռքի տակ ունի հրատարակելի Continue reading “ՏԵՆԴՈՏ ԽՈԿՈՒՄ ՄԸ”

Առասպելը, հէքեաթն ու հրաշքը պատմութեան ընդմէջէն

Բժ. Օհան Թապաքեան

Դիւցազնավէպերը նպատակ ունեցած են սերունդներուն ներշնչել գեղեցիկին, ճշմարիտին ու հերոսականին գաղափարը ու ապագայ սերունդներուն մօտ ստեղծել գեղեցիկ ու հերոսական գործերու ձգտումը: Առասպելները կը ծառայեն երեւան հանելու ժողովուրդի մը կամ հաւաքականութեան մը նկարագրին յատկանշական գիծերը, ու որեւէ պատմութիւն չի կրնար զերծ մնալ այն հիմնական խաւէն, որ կը կոչուի առասպել, աւելի լայն բացատրութեամբ դիցաբանութիւն:
Ժողովուրդներու կեանքին մէջ տարիք մը կայ, ուր ամեն ինչ զգացում է ու պատկեր. կայ ուրիշ տարիք մըն ալ, ուր ամեն ինչ խորհրդածութիւն է ու հետաքրքրութիւն: Առաջինը առասպելներու շրջան է, երկրորդը այն Continue reading “Առասպելը, հէքեաթն ու հրաշքը պատմութեան ընդմէջէն”

ՆՈՐ ԱՐԱՐԱԾԸ

ՓՕԼ ԹԻԼԼԻԽ
Թարգմ. Սահակունի

Նոր տարուան յաջորդ օրն էր: Վրէժ-Արմէն գրասենեակս այցելած էր եւ հետաքրքրուած, թէ ի՞նչ գործի վրայ էի: Աւարտած էի թարգմանութիւնը 20-րդ դարու հռչականուն աստուածաբաններէն Փօլ Թիլլիխի «Նոր Արարածը» ճառին, եւ ստուգելու վրայ էի կատարածս: Ու զարգացաւ խօսակցութիւնը: Արդարեւ, հայ մտքի ընդհանրացեալ ճահիճին մէջ, նման մտածողներու ժամանումը նորոգող զօրութիւն մը ունի: Նաեւ նորոգող՝ լեզուականօրէն: Եւ հրապարակագիրը մտքի ախորժաբեր սնունդէն զատ՝ մանաւանդ շահագրգռուած էր մեր լեզուին շարժով: Կը յայտնուէր փափաքը՝ «Հորիզոն Գրական»-ին յանձնելու ճառը: Արդ, ահաւասիկ:

Թարգմանիչ

«Կարեւորը մարդուս թլփատուած կամ անթլփատ ըլլալը չէ,
այլ նոր արարած ըլլալը»,
Գղ 6.15։

Եթէ մեր ներկայ ժամանակին համար ինձմէ խնդրուէր քրիստոնէական պատգամը երկու բառով ամփոփել, Պօղոս առաքեալի հետ պիտի ըսէի, թէ անիկա Նոր Ստեղծագործութեան պատգամն է։ Continue reading “ՆՈՐ ԱՐԱՐԱԾԸ”