ՄԱՐՏ 2017-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի մարտի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆՈՅՇ ԴՒՈՅԵԱՆ
...ու գետերը կ՚երթան մինչեւ հոն, մինչեւ սկիզբը պատմութեան,
հոն, ուր են կորսուած պզտիկ տղաքը:

2016թ. վերջին Ինքնագիր գրական ակումբը լոյս ընծայեց Քրիստիան Բատիկեանի «Սուփըր հերոսները կը մեռնին ամրան» գիրքը: Սա հեղինակի առաջին հատորն է, համեստ մի հատոր ոչ միայն ձեւաւորմամբ (շապիկը եւ պատմուածքների գծանկարները` Էլիս Սարգիսեան, ձեւաւորումը` Գէորգ Փալանճեան, խմբագիր` Մարուշ Երամեան), այլ նաեւ հեղինակի ոճով: Այն բերում է մեր գրականութեան մէջ ոչ այնքան յաճախ հանդիպող պատանեկան մի փորձառութիւն, բայց որ առաւել կարեւոր եմ համարում` այդ փորձառութիւնը ասող լեզու: Հատորն իրենով մի քանի խնդիրներ է ի յայտ բերում միանգամից, որոնք էլ ուզում եմ ներկայացնել: Continue reading “ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆԸ”

ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՅՈՒՇԵՐ ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԷՆ
Բժ. ՕՀԱՆ ԹԱՊԱՔԵԱՆ

Վկայ եղա՞ծ էք ժամը հարիւր քիլոմեթր արագութեամբ սուրացող մրրիկի մը, որ իր ընթացքին մէջ առանց խնայելու ատակ է արմատախիլ ընել ծառեր ու վար առնել բնակարաններու կտուրներ։ Ներսէս Պարսումեան այդ մրրիկը հանդիսացած է 1940-50-ական թուականներուն՝ Հալէպի ազգային ու ուսումնական կեանքին մէջ։ Continue reading “ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ”

Ո՞ՒՐ ԵՐԳԵԼ ԵՒ Ո՞ՒՐ ԱՂՕԹԵԼ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ծաղկաձորէն եւ Աղվերանէն ետք, այս անգամ հայրենի մեր բարեկամները մեզի,— այսինքն՝ ինծի եւ կնոջս, — թելադրեցին «օդափոխութեան համար» նոր վայր մը՝ Ստեփանաւան երթալ: Թէեւ գիտէի, որ Հայաստան համայնավար հերոս Ստեփան Շահումեանի անունը յաւերժացնող բազմաթիւ յուշարձաններ կային, սակայն իր անուան հետ կապուած օդափոխութեան վայրի մը գոյութեան մասին անկեղծօրէն անտեղեակ էի:

Ստեփանաւանը Լոռիի շրջանէն ներս գեղեցիկ ու մեծ գիւղ մըն է,— աւան մը, ինչպէս անունը կը թելադրէ,— որուն շրջակայ բլուրներուն վրայ հանդարտօրէն հանգչած էին այսպէս կոչուած «հանգստեան» տուներ: Եթէ գիւղէն դէպի պանդոկներ տանող ճամբուն խեղճութիւնն ու զանազան հոտերը նկատի չառնէի, իր տեսքէն դատելով ան փոքր Զուիցերիա մըն էր ինծի համար: Continue reading “Ո՞ՒՐ ԵՐԳԵԼ ԵՒ Ո՞ՒՐ ԱՂՕԹԵԼ”

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ԿԱՐՕ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ

Քու ժպիտիդ մէջ անցեալ, աչքերուդ մէջ երգ մը հին՝
Կրկին գտաւ իր հոգին,
Եւ քարացած հայեացքով սուզուեցաւ խորքն անցեալին՝
Փրկելու խենթ իր հոգին,
Ջերմ բարեւով համբուրեց կաթիլ մ’արցունք իր աչքին.
Վերադարձաւ իր հոգին,
Անվերադարձ այս կեանքի, թեքուելով դէպ անհունին՝
Խեղդեց ժպիտն իր հոգին:

Continue reading “ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ”

ՊԷՅՐՈՒԹԸ ԿԸ ՄՆԱՅ ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԵՏՔ ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԿԵԴՐՈՆԸ

ՎԻԳԷՆ ԱՒԱԳԵԱՆ

Ի՞նչ կրնայ նշանակել «Մայրենի լեզուի միջազգային օր»ը արեւմտահայ սփիւռքահայուն համար։ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին մէջ «Լիբանանահայ գիրքը 2012-2016» խորագրեալ ձեռնարկը այդ դրսեւորեց Լիբանանի մէջ սոյն տարիներուն հրատարակուած հայալեզու գիրքերու ճամբով։ Արդարեւ, համալսարանի «Տէրեան» գրադարանին կազմակերպած այս ձեռնարկը իր լուսարձակը ամբողջութեամբ ուղղեց հայերէն գիրքերու հրատարակութեան եւ ընթերցման նիւթին։ Ձեռնարկը արծարծեց արհեստագիտութեան ազդեցութեամբ յառաջընթացող 21-րդ դարուն ներգործումը գիրքի օգտագործման եւ սպառման մէջ, գիրքը նկատեց սփիւռքահայուն գոյատեւման պարարտ հող, ինչպէս նաեւ գնահատեց  հեղինակները եւ «Տէրեան» գրադարանին գիրքի նուիրատուները։
Այս առիթով ձեռնարկի բանախօսը՝ Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլէճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան յատկանշական ընդգծումներով եւ միտքը գրգռող գաղափարներով հանդէս եկաւ։ Ան տպագրութիւնը նկատեց ժողովուրդի մը զարգացման լաւագոյն արժէչափը, եւ հետեւաբար հակիրճ բաղդատութիւն մը ըրաւ Լիբանանահայ գաղութին պատմութեան տարբեր հանգրուաններուն ընթացքին լոյս տեսած հրատարակութիւններուն թիւին մասին։ Աւագեան իր տուեալներէն ետք յայտարարեց, թէ Պէյրութ կը շարունակէ մնալ հայ գիրքի երկրորդ մեծագոյն կեդրոնը։ Անշուշտ անկարելի է անդրադարձ չկատարել հայոց պատմութեան սփիւռքեան իրականութեան եւ հայ գիրքի դերակատարութեան մասին. այս իմաստով Աւագեան նշեց, թէ հայ գիրքը խթան հանդիսացած է հայ ինքնութեան պահպանման, որուն ընդմէջէն մտահոգութիւն յայտնեց ներկայ իրավիճակին մասին, ուր հետզհետէ կը պակսի գրասիրութիւնը, անկախ ատկէ, որ դարը թուայնացուցած է գիրքը եւ անկախ ատկէ, որ տնտեսութիւնը կը դժուարացնէ գիրքի սպառումը։
Վիգէն Աւագեանի խօսքը ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք ստորեւ։
Սակայն նախքան անցնիլը անոր, կ՚արժէ անգամ մը եւս հարց տալ մենք մեզի թէ ի՞նչ կրնայ նշանակել «Մայրենի լեզուի միջազգային օր»ը արեւմտահայ սփիւռքահայուն համար։
Արեւմտահայ սփիւռք եզրը կը շեշտեմ, պարզապէս առանձնացնելու համար անհող արեւմտահայերէն լեզուն պետականացած արեւելահայերէն լեզուէն։ Արեւմտահայերէնի ուսերուն բարդուած է հայկական ինքնութեան եւ սփիւռքի գոյատեւման ծանր հրամայականը։ Չունենալով պետութիւն, արեւմտահայերէնի ճակատագիրը յանձնուած է լեզուագէտներու տեսութիւններուն, վիճաբանութիւններուն, ինչպէս նաեւ զանազան գաղութներուն տարբեր մշակոյթներուն։ Բնականաբար իւրաքանչիւր գաղութ երբ օգտագործէ արեւմտահայերէնը, անոր մէջ կը ներմուծէ իր տեղանքին մշակոյթը, հետեւաբար փոփոխութեան մատնելով արեւմտահայերէն լեզուին գործածութիւնը։ Հոս կարգ մը լեզուագէտներու տեսութիւններով կը ստեղծուին ճիշդի եւ սխալի հարցեր, իսկ կարգ մը ընկերային լեզուագէտներու տեսութիւններով կը ծնին լեզուին շարժաբանութիւնը բացատրող երեւոյթներ։ Յամենայնդէպս, «Մայրենի լեզուի միջազգային օր»ուան զուգահեռ կ՚արժէ մտածել արեւմտահայերէնի խօսակցական լեզուին՝ գրական արեւմտահայերէնի եւ հետեւաբար տպագիր գիրքի ներազդեցութեան մասին։

ԱՐԱԶ Գ.

«Հայ գիրքի տպագրութեան անցեալն ու ներկան ուսանելի պատմութիւն մըն է, ուր միահիւսուած է նուիրումը մայրենիին հանդէպ, սէրը դէպի հայրենիքը եւ հաւատքը, ձգտումը դէպի լուսաւորութիւն եւ համամարդկային արժէքներու տարածում, յարգանքը կրթութեան եւ այլ ազգերու մշակոյթներու նկատմամբ», կը հաստատէր Հայաստանի Ազգային Գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեան «Լիբանանահայ գիրքը 1894-2012 հատորին լոյս ընծայման առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ, Հայկազեան Համալսարանի այս յարկին տակ։ Continue reading “ՊԷՅՐՈՒԹԸ ԿԸ ՄՆԱՅ ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԵՏՔ ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԿԵԴՐՈՆԸ”

ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ. ՏՈՒՆԴԱ՞ՐՁ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ

«Ես հաւատում եմ, հայ ժողովուրդ, քո Դարձին, ... վասնզի կամրջընկեց Արաքսի ափերին, Մասիսի խորհրդաւոր հայեացքի տակ մեր Հայրենիքը կայ, ... որ ակնդէտ ու խռովայոյզ՝ նայում, նայո՜ւմ է ճամբաներին...»:
Ա. Ահարոնեան, Քառասնամեայ յոբելեանի ճառէն (1930, մայիսի 10)

Վերջին տասնամեակին, հայրենի գրական-ակադեմական գործունէութիւնը զգալի աճ մը ճանչցաւ` կապակցաբար հրատարակչական գործին, ու յատկապէս՝ խորհրդային տասնամեակներու արգիլուած-անտեսուած հեղինակներու եւ երկերու: Աճ մը, որ հակում ունի շարունակուելու — մասնակի վերհրատարակութիւններ (երկերու, հազուադէպօրէն՝ նաեւ ամբողջական գործի). կամ՝ ասոնց նուիրուած մենագրութիւններ, երբեմն ծաւալուն. եւ վերջապէս՝ աւելի յաճախակի՝ պարբերական մամուլի վերլուծական յօդուածներ կամ համառօտ ակնարկներ: Continue reading “ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ. ՏՈՒՆԴԱ՞ՐՁ”