Սիրելի ընթերցող,
«Հորիզոն գրական»ի նոյեմբեր 2017 թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։
Բարի ընթերցում։
Սիրելի ընթերցող,
«Հորիզոն գրական»ի նոյեմբեր 2017 թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։
Բարի ընթերցում։
տխրութիւնը՝ չզգալու մարմնիս ճահճացումը, խելակորոյս անհոգութիւնը բոլոր երեւոյթների ու ամբողջութիւնը տառապանքի, այն, որն չի դեֆորմացւում, չի մասնատւում, չի սկսում, չի վերջանում, այն, որի մասին պատմում էիր, երբ ինձ թոյլ էի տալիս խմած թափուել վրադ Continue reading “* * *”
Կեանքը մեզի չի սպասեր, կը թաւալի ու կ՚երթայ։ Տարի մը առաջ էր արդէն, երբ Համաստեղի մահուան յիսնամեակին անդրադառնալու կը պատրաստուէինք, ստացանք գոյժը մեր նորագոյն գրականութեան տիտաններէն Ռուբէն Յովսէփեանի մահուան։ Continue reading “Տարի մը արդէն”
— Սկսե՞նք:
— Պատրաստ եմ, ահա, դէ, կրակեցէք: Continue reading “«Եթէ կեանքիդ պատմութիւնը կրկնւում է, նշանակում է՝ սխալ ես ապրել»”
Պապս երանութեան մէջ էր. ծերութեան թոշակն աչքը ճպպացնելու նման ծախսել էր շուկայում` մի քիլօ թութուն էր գնել, մի ձեռք ներքնաշոր, մոթալ պանիր, հաց, օղի էր խմել, եւ հիմա այդ օղին նրան օրօրում էր: Ճռճռան թախտին նստած` նա ծոյլ-ծոյլ քանդում էր շալուարի կոճակները, կօշիկների ամրակապերը եւ քթի տակ դնդնում էր մի երգ, որը ոչ տխուր էր, ոչ էլ ուրախ: Դա ե՛ւ տխուր, ե՛ւ ուրախ երգ էր` խնամքով պահուած մի յուշ կինտոյական Թիֆլիսից, որտեղ պապս ծախսել էր ջահելութիւնը ճիշդ այնպէս, ինչպէս, ահա, ծերութեան թոշակն էր ծախսել մեր կիսաքաղաքի շուկայում: Continue reading “ՆՌՆԵՐ”
Բոլշեւիկները գիշերով գիւղ մտան, իսկ ադամամութին կարմիր պարտիզան Եփրեմը նագանի պոչով ջարդում էր Լեւոն բէկի դուռը: Գելխեղդ Բինգէօլը կտրատում էր շղթան, ու Եփրեմի մտքով անցաւ՝ նախ շանը սատկեցնի: Կրակեց՝ չդիպաւ, կրակեց՝ Բինգէօլն աւելի գազազեց։ Ու որ պոկէր շղթան, ի՞նչ է, Եփրեմից միայն նագանն էր մնալու: Continue reading “ՎԵՐԱԴԱՐՁ”
(հատուած »Խաչատուր Աբովեան« անաւարտ վէպէն)
Անցեալ տարուան մայիսին, «Գրական թերթ»ին մէջ լոյս տեսաւ Ռուբէն Յովսէփեանի «Խաչատուր Աբովեան» դեռ անաւարտ վէպէն ընդարձակ հատուած մը, որ կու տանք մեր այս եւ յաջորդ թիւերով։ Continue reading “ՎԵՐՋԻՆ ԳԻՇԵՐԸ”
Կ՚ուզեմ գրել, որովհետեւ գրելը թերեւս շատ կը սիրեմ: Ուրեմն պէ՛տք է որ գրեմ: Յաճախ պիտի գրեմ ու որոշած եմ, եթէ ժամանակս ներէ, միշտ գրել:
Սակայն ինչո՞ւ: Այս վայրկեանին յստակ եւ որոշ պատասխան մը չունիմ:
«Պէտք է»ն, «պիտի»ին հետ խառնելով, ինքնաբերաբար կ՚իյնամ անորոշութեան մը գիրկը: Խոր եւ երբեմն ալ վախազդու: Continue reading “ԳՐԵԼ”
Սուրիայէն հասնող գրային ամեն փշուր սարսուռով կը պատէ մեր հոգիները, որովհետեւ ան իսկոյն կ՚ոգեկոչէ այն ահաւոր պայմանները, ուր մարդիկ կ՚ապրէին մօտիկ անցեալին, այն «երազային Հալէպը», որ այլես չի կրնար պաշտպանել իր զաւակները, չի կրնար լուսաւորել անոր գիշերները, չի կրնար ջերմացնել մինչեւ ոսկորները թափանցող ցուրտը, եւ ընդհանրապէս միշտ չէ, որ կը յաջողի ապահովել անոր հանապազօրեայ հացն ու ջուրն իսկ: Եւ չես կրնար առանց շլմորելու հարց չտալ՝ հապա ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ այս պայմաններուն մէջ տակաւին կան մարդիկ, որոնք, անտեսելով այդ բոլորը, սիրտ կ՚ունենան գրիչ բռնելու, իրենց պատգամը յղելու աշխարհին ու մարդկութեան, արուեստի գործ մշակելու՝ ջերմացնելով իրենց եւ ընթերցողներուն հոգիները: Continue reading “Լալա Միսկարեանի «Ծիրանի ոգիներ» հատորը”