— Մարգար Շարապխանեանի յիշատակին
Ստորեւ հատուած մըն է հեղինակին ընդարձակ մէկ գրութենէն, որ ձօնուած է Է./Մ.-ն։ Օրին ան ձօնին այդ սկզբնատառերէն անդին չէ՛ անցած բացայայտելու համար ինքնութիւնը Սօսիին ու Սերոբին, որոնց անունները պատահականութեամբ չէ՛, որ ընտրուած են…։ Խօսքը, ի հարկէ, կը վերաբերի Էլիզ ու Մարգար Շարապխանեաններուն։ Դրուագը կը կանխէ Թորոնթոյի մեր ամենօրեայ վարժարանի ստեղծումը, որուն մէջ այնքան ներդրում է ունեցած ի՛նքը՝ Մարգար, ապա վարած անոր տնօրէնութիւնը երկար տարիներ, միշտ ամեն ձեւով աջակից ունենալով իր հաւատաւոր կողակիցը՝ Էլիզը։ Իսկ ողբ. Հիլտան ճանչցողը պիտի յիշէ Էլիզին անբաժան ընկերուհին, որուն Մարօ անունն ալ այստեղ նոյնպէս յեղափոխական հայուհիէ մը փոխ առնուած է… Օրե՜ր էին։
Վ-Ա.
Գէմպրիճէն ետ՝ Թորոնթօ երբ հասանք, դեռ կանուխ էր. գնացքս մէկուկէս ժամէն կը մեկնէր։ Անցանք Սերոբի տունէն, ուր ակռայի խոզանակս մոռցեր էի:
Չորս հոգի էինք, Սերոբը, կինը՝ Սօսին, իրենց անբաժան ընկերուհին՝ Continue reading “Փորձեց եւ յաջողեցաւ”