ԾԱՌԱՅԱՍԷՐ ՄԱՐԴԸ ԵՒ ԱԶԳԱՍԷՐ ՀԱՅԸ

— Մարգար Շարապխանեանի յիշատակին

Գէորգ Պետիկեան

Հաստատապէս, կը պատճառաբանէ միտքս, մեր ժամանակի վազքը մեզ գրեթէ կը զրկէ մեր շուրջը տիրող զանազան երեւոյթներէն, մեր անմիջական կամ հեռու շրջապատէն ներս տեղի ունեցող անգոյն եւ գունաւոր անցուդարձերէն, որոնց իբրեւ հետեւանք, այսպէս կոչուած՝ արժանաւոր մարդոց նաեւ մեր մտերիմներէն յաճախ հեռուէն կը խօսինք, հեռուէն կը բարեւենք եւ նոյնպէս ալ կը բաժնենք մեր ուրախութիւնն ու տխրութիւնը ու նաեւ մեր վիշտն ու վշտակցութիւնը:
Մէկ խօսքով, մեր կեանքի շատ իրադարձութիւններ մենք ակամայ վերարժեւորումi կ՚ենթարկենք տարիներու հեռաւորութիւնէն:
Ինչ կրնանք ընել: Այս այսպէս է, ըսելով մենք մեզ կը համոզենք, որովհետեւ չկայ, ցարդ գոյութիւն չունի կամ չեմ տեսներ եւ հանդիպիր նման մարդոց հետ մօտէն կամ հեռուէն հաղորդակցելու, կապուելու կամ հանդիպելու հնարաւորութիւն ստեղծողն ու մթնոլորտը:
Հաւանաբար այսպէս է: Չգրուած օրէնք: Իրարմէ հեռու եւ անջատ: Կարծես իւրաքանչիւր մտածող միտք, իր շրջապատէն ներս փակուած, խարսխուած մնացած է կամ կը սիրէ մնալ եւ յաճախ ալ դժբախտաբար՝ իրարու նկատմամբ անտարբեր:
Կ՚ապրինք այնպիսի երկրի մը մէջ, ուր գրեթէ ամեն օր ձեւականութիւնը կը խառնուի աւանդութեան, համակրութիւնը կը շփոթուի յարգանքի եւ սիրոյն, իսկ համբաւն ու նուիրումը՝ արժէքին հետ:
Ու տեսանելի է, թէ ինչպէ՛ս մեզմէ բաժնուող սերունդը իր գործը աւարտած կամ ոչ՝ մէկիկ-մէկիկ կ՚երթայ այս աշխարհէն, բայց կը ձգէ բաց մը, որ հետագային ոչ մէկ սերունդ ի վիճակի պիտի ըլլայ լրացնելու: Անհետացող սերունդը իրեն հետ կը տանի նաեւ պատմական մեր յիշողութիւնը, որ փաստագրական տուեալներէ աւելի մեծ նշանակութիւն ունի մեզի համար: Իսկ այս օրերուն. — ահա ընկեր, բարեկամ, մտաւորական ազգային բեղուն գործիչ եւ գրիչ Մարգար Շարապխանեանի յաւէտ բաժանումը այս աշխարհէն: Չէի ուզեր հաւատալ իր բացակայութեանը, բայց ստիպուած էի, ուրիշ ճար չկար:
Ու, որքան ալ մեր կեանքին մէջ ներմուծած ըլլանք մեր ապրած այս երկրի ընկերային կենցաղի տուրքերը, մեր հաւատքն ու սէրը, մեր յարգանքն ու մօտեցումը կը տարբերին միւսներէն, որովհետեւ շնորհիւ Մարգար Շարապխանեանի նման կիրթ մտաւորականի, անխոնջ ազգային գործիչի, նուիրեալ տնօրէնի եւ կրթական մշակի, եւ անխոնջ թարգմանիչի կեանքի օրինակին, մեր համոզումը կը փոխուի, կը լուսաւորուի եւ կը դառնայ արմատական եւ հաստատ:
Տարիներ առաջ, Թորոնթոյի մէջ, ժողով-համախմբումի ընթացքին բախտը ունեցած էի իրեն հանդիպելու: Ես՝ Տիթրոյիթէն, ինք՝ Յունաստանէն: Այսպէս ծանօթացած էինք: Մտերմիկ հանդիպումներ: Ու այդ երկու օրերուն, զիրար քաջալերելով երկար զրուցած էինք ու ծրագրեր մշակած:
Իր մէջ նշմարած ու տեսած էի գիտակից կարգապահութիւնը եւ օրինակելի հայրենասիրութիւնը: Ապա անկէ տարիներ ետք, եւ տակաւին չորս տարիներ առաջ, բախտաւոր օր մը դարձած էի իր հիւրը իր պաշտած Ուշիի բնակարանէն ներս:
Ինծի համար ի՛նք, իբրեւ վաւերական հայ, հմուտ մտաւորական ու նուիրեալ տնօրէն, լի գաղափարական տոկուն արժէքներով, բարոյական իր սկզբունքներով պայծառ գրական մշակ մըն էր, մեծատառ Մարդ մը, որուն ասպարէզին շրջագիծը եղած էին հայ գիրն ու մշակոյթը, հայրենիքն ու մամուլը, հայ մշակոյթն ու նոր սերունդը:
Այս վաստակաշատ եւ վեհոգի մանկավարժին մօտ, կարգապահ ու յամառ աշխատանքի, անսակարկ սիրոյ եւ զոհաբերութեան ու անշահախնրիր պատրաստակամութեան , մանաւանդ խոնարհ ծառայութեան պատմութիւն մը եղած էր իր կեանքը:
Կենցաղային իւրայատկութիւն մըն ալ ունէր. յաճախ եւ ամեն առիթով շրջապատուիլ բարեկամներով, ընկերներով, մտաւորականներով, հայ գիրի եւ գրականութեան ծառայող մարդոցմով, իր շրջապատի պարզ եւ համեստ համագիւղացիներով, խորհրդակցիլ ու հաղորդուիլ, քննարկել եւ հոգեկան տուայտանքները փոխանցել՝ ազգային կեանքին վերաբերող ամեն թեմա: Պարզագոյն նիւթերու կողքին անոր ուշադրութեան կիզակէտն էին միշտ ազգայինն ու հայ մշակոյթը:
Իր աննկուն հաւատքով հայասիրութիւնը սերմանած էր իր շուրջը: Իր կեանքի օրինակը վկայ: Հայրենիք ներգաղթած: Ներգաղթը խրախուսած: Երկար ու անհատնում խօսած այդ մասին։ Գրած։ Համոզած: Իր ներկայութիւնը Ուշիէէն ներս արդարացուցած: Աւելին՝ մտերմիկ հանդիպումներու ընթացքին՝ ընդվզած:
Անկասկած տակաւին շատ ծրագրեր ունէր ան ու այնքա՜ն խանդավառ պատրաստութիւններ կը տեսնէր, որ կարելի է միայն ափսոսալ անժամանակ իր կորուստին համար։Կրթական մարզը կեանքի ասպարէզ ընտրելով՝ իր գոյութիւնը, կարողութիւնները եւ բոլոր ուժերը ամբողջ քառորդ դար իմաստաւորած էր Թորոնթոյի հայկական վարժարանին ճամբով՝ իբրեւ ազգային ծառայութեան ընդարձակ գործադաշտ: Անսահման էին անոր տարած աշխատանքները, անսահման էր մանաւանդ հոգատարութիւնը։
Սխալներ չէր հանդուրժեր: Ընկրկումներ չէր ընդուներ: Հոգածու էր բոլորին ու ասոր շնորհիւ մտերմիկ ու գեղեցիկ մթնոլորտ ստեղծած էր իր հսկայ շրջապատէն ներս:
Կարգապահ ալ էր, աշխատասէր եւ յստակ պատասխանատւութեան գիտակից. իր ազգային զոհաբերումը հարստացուցած էր մեր բոլորին կեանքը անխտիր: Ոգի ներշնչելով։ Եւ աւելին՝ կենսունակ եւ զուարթ բնաւորութիւն մըն ալ ունէր: Յարգանքով ու միշտ անուշ ժպիտը դէմքին կը փոխանցէր իր թելադրանքներն ու ցուցմունքները, կը կատարէր իր գնահատականներն ու արդարացումները, կը յայտնէր իր ներողամտութիւնն ու մտահոգութիւնները ու կը հեռանար քաղաքավար՝ նոյնքան ալ յարգանքով:
Իր շրջանակին մէջ միշտ փնտռուած էր հայասէր, ազգասէր, համեստ, յամառ աշխատող եւ մեծ ընթերցասէր այս պարզ հայուն սէրը:
Դէմքերն ու դէպքերը, երեւոյթներն ու փորձառութիւնները նուրբ, խորաթափանց եւ տեսանելիին անտեսանելի ոգին ընթերցող, դիտունակութեան տէր, վաւերական մտաւորական մըն էր, մտքի ու հոգիի շտեմարան մը ըլլալով հանդերձ, ուր աննահանջ հայութեան անփոխարինելի եւ օրինակելի սնունդի պաշարը մեկտեղուած էր:
Ու փորձել համեստօրէն արժեւորել մտաւորական այս ազգային գործիչի տեղն ու դերը մեր հասարակական կեանքին մէջ՝ իրապէս կը դժուարանամ։ Կարելի չէ այնքան հապճեպ , արագ ու խտացուած զինք ներկայացնել:
Ու հաստատապէս իր մահով աղքատացաւ կեանքը Ուշի գիւղին, նաեւ իր անմիջական շուրջին եւ հայութեան։ Անոր կորուստը է նաեւ կորուստը բոլոր անոնց, որոնք ապրեցան իր մտերմութիւնը՝ իբրեւ աշակերտ թէ գործակից կամ բարեկամ, կրթական մշակ կամ ազգային գործիչ:
Ու կրկնութեան գնով կ’ըսեմ. մեծ էր Մարգար Շարապխանեան, գլխագիր Մեծ, որ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին ամբողջական նուիրումով, վճռական հաւատքով, բացառիկ պարտաճանաչութեամբ եւ օրինակելի հայրենասիրութեամբ ապրած էր հայու ճակատագիրը:
Արդ, մխիթարութիւն՝ իր ազնիւ տիկնոջ՝ Էլիզին եւ զաւակներուն ու հարազատներուն: Նաեւ բիւր յարգա՛նք իր վաստակին եւ խունկ եւ աղօթք՝ իր անթառամ յիշատակին։

Լոս Անճելըս

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *