Սիրելի ընթերցող, «Հորիզոն գրական»ի օգոստոս 2020-ի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։
Բարի ընթերցում։
Սիրելի ընթերցող, «Հորիզոն գրական»ի օգոստոս 2020-ի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։
Բարի ընթերցում։
Այս ամիս լրացաւ արձակագիր Յակոբ Կարապենցի ծննդեան 95 տարին։ Նշելու համար քսաներորդ դարու հայ գրականութեան ուշագրաւ ներկայացուցիչին տարեդարձը, ընթերցողին կը ներկայացնենք իր վաղ շրջանի գրութիւններէն ուշագրաւ նմոյշ մը, ինչպէս նաեւ Վեհանոյշ Թէքեանի եւ Նանար Սիմոնեանի կողմէ իր մասին երկու գրութիւն։
Հորիզոն գրական
Ամեն իրիկուն, երբ տղայիս ձեռքը բռնած՝ մեր տան կից թղկենիների անտառն եմ գնում զբօսանքի, նա փոխանակ «վագր» ու «առիւծ» որսալու, հայեացքը դարձնում է դէպի հրդեհուող վերջալոյսը եւ յափշտակութեամբ բացականչում.
— Հա՛յրիկ, գնա՛նք դէպի արեւը։
Նայում եմ երանութեամբ լի իր դէմքին եւ արեւի արտացոլումը տեսնում իր սեւորակ աչքերի մէջ։ Continue reading “Տղաս, արեւն ու ծովը”
Ատենը անգամ մը Յակոբ Կարապենցի նորագոյն երկը հրթիռի նման կ՚արձակուէր մեր գրական անջրպետին մէջ: Կու գար երկը բոլոր կողմերով յղկուած, փայլատակող, ամբարած կառոյց, ոյժ եւ զօրութիւն, այնպիսի վարպետութեամբ մը որ կը լեցուէինք ակնածանքով: Գոյութիւն ունի Կարապենցի գրականութիւնը իբրեւ տինամիք իրականութիւն: Continue reading “ՅԱԿՈԲ ԿԱՐԱՊԵՆՑ — ԳԵՐԼՈՒՍԱՒՈՐՄԱՆ ԱՌԱՔԵԱԼ եւ ԼԵԶՈՒԻ ԿԱԽԱՐԴ”
Արցախի Գրիգոր Նարեկացի համալսարանի դասախօս
Գրական իր կեանքի առաջին տասնամեակում Սարոյեանը գրել է մի քանի հարիւր պատմուածք, որոնց մեծ մասն ամփոփուել է տասից աւելի ժողովածուներում։ Սարոյեանը յատկապէս կարճ պատմուածքի, նորավէպի ժանրում ներմուծել է տեղի ու ժամանակի իրողութեան հետ սերտօրէն կապուած սոցիալական-հոգեբանական թարմ թեմատիկա, արդիական հնչեղութիւն ունեցող մարդասիրական բարոյեական մոտիւներ, պատումի նոր ձեւեր, քնարականութեամբ ու հումորով լի Continue reading “ԿԱՐԱՊԵՆՑ-ՍԱՐՈՅԵԱՆ ԳՐԱԿԱՆ ԱՌՆՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐ”
Սուտան, (օդին մէջ) 13-12-73
Սիրելի ընկ. Կարապենց,
Վարը անծայրածիր անապատն է. կը վերադառնամ Ափրիկէի սրտէն, Ռուանտայէն, ուր գացեր էի խումբ մը գործակիցներու հետ Ռուանտայի Ազգային Համալսարանի շէնքերու ընդլայնումը ուսումնասիրելու համար։ 9000 մղոն երթ,… նոյնքան մըն ալ դարձ։ Ճամբորդութիւնը, անկասկած, եղաւ շատ հետաքրքրական եւ փաստօրէն ընդլայնեց հորիզոնս։ Continue reading “Յակոբ-Կարապենց / Վրէժ-Արմէն նամակագրութեան արխիւէն”
Պատմական գիտութիւնների թեկնածու,
ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան մշակութային արժէքների փորձագիտական կենտրոնի գլխաւոր մասնագէտ։
Սկիզբը մեր նախորդ թիւով
Մեծ հետաքրքրութիւն են ներկայացնում նաեւ «Գանձասար» գորգի գեղազարդման համակարգի մանրամասերը։ Այս դէպքում խօսքը վերաբերում է դրա լայն գօտուն, որը գեղազարդուած է մէկընդմէջ ներկայացուած վարդակով եւ մասնակիօրէն գծայնացուած «կենաց ծառ» յօրինուածքով։ Մեր դիտարկումները հնարաւորութիւն են տալիս շեշտելու, որ այս տիպի եզրագօտիները առաւելապէս բնորոշ են պատմական Հայաստանի արեւելեան ու հիւսիսարեւելեան Continue reading “ԱՐՑԱԽԵԱՆ ԾԱԳՈՒՄՈՎ ԵՐԿՈՒ ԳՈՐԳԻ ՄԱՍԻՆ (Բ.)”
Հայոց լեզուի առաջին ուսուցիչներս եղած են մայրս ու հօրենական մեծմայրս, որոնք, սակայն, անգրաճանաչ գեղջուկներ էին: Կրնայ հակասական թուիլ ըսածս, ուրեմն փութամ պարզել: Ես՝ իբրեւ հինգ զաւակներու վերջինեկ, աչքերս բացած եմ ընտանիքի մը մէջ, ուր կը խօսուէր երկու հայերէն՝ արդի աշխարհաբարը եւ բարբառ մը. այս Continue reading “ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ (1)”
Արեգակը՝ յանդուգն պատռեց հորիզոնի շղարշը։ Խաւարը իր ցնցոտիները արագ մը հաւաքելով, մենամարտը պարտուած դիապարտի նման՝ կորաւ անհունութեան մէջ։
Ճշմարտութեան լոյսը՝ համարձակ գգուեց երեսս ու կրկին բազմեցաւ ամենօրեայ իր նախասիրած տեղը՝ հոգիիս խորքը։ Continue reading “ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ”