Մեր ԱՊՐԻԼ 2021-ի թիւը

  • Սիրելի ընթերցող, «Հորիզոն գրական»ի ապրիլ 2021-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՀԱՅ ՀՈԳԻԻ ՄԵԾՈՒԹԵԱՆ — ՀԱՅՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՊԶՏԻԿԵԱՆ

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Չդիմացա՛ւ։ Սի՛րտը չդիմացաւ։ Հոկտեմբերէն ի վեր ամեն օր դիմատետրի էջերուն կը դնէր իր հարցերու շառաչն ու արցունքի խունկը։
Վախճանումէն հինգ օր առաջ կը գրէր ինծի. «Բան մը այն չէ։ Ես ոչնչացած կը զգամ ինքզինքս։ Անոնք որ մեզ այս ահաւոր ճգնաժամին վերածեցին, այնքան անգամ պէտք են սպանուիլ որքան նահատակներ ունեցանք։
Ազգին ամեն ցաւի պահերուն կը մխիթարուէի ըսելով որ մենք Կոմիտաս ունինք, Սարեան ունինք, Սայեաթ Նովա ունինք, Համբարձումեան ունինք, Չարենց ունինք։ Այո, այս ամենը հոգիիս մէջ փոխարինուած են “խլէզներով”, որ իրարու միս կ՚ուտեն, ծունկի կու գան մարդակերպ գազաններու առջեւ, սրբութիւնները պղծող, պապենական գիւղերը քանդող, ես չեմ ընդունիր այս անձերը,— թող կորչին երթան գրողի ծոցը եւ չպղծեն հայոց սուրբ հողը»։ Continue reading “ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՀԱՅ ՀՈԳԻԻ ՄԵԾՈՒԹԵԱՆ — ՀԱՅՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՊԶՏԻԿԵԱՆ”

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍԵՒԱԳՈՅՆ ԷՋԵՐԸ ԱՐԱՄ ԱՆՏՈՆԵԱՆԻ ՄՕՏ

ՌՈՒԲԻՆԱ ՓԻՐՈՒՄԵԱՆ

Քայլեց աքսորի զարհուրելի ճանապարհներով, ապրեց ամենասարսափելի կենտրոնացման ճամբարներից՝ Մէսքէնէում, տեսաւ ու զգաց մահը ամենուրեք, երկարատեւ հոգեվարք ապրող, հրաշքի յոյսով՝ համատարած հիւանդութիւնների, սովի ու ծարաւի մթնոլորտում անմարդկային ստորացումների գնով զազրելի կեանքին կառչած, մարդկային խլեակների։ Բախտաւոր էր Արամ Անտոնեանը(1), ողջ մնաց, չորս անգամ անյաջող փախուստից յետոյ, Դեր Զորի անապատից էլ անցնելով վերջապէս Հալէպ հասաւ։ Երկուսուկէս տարի, թաքնուած մնաց դահիճներից ու հազիւ պատերազմի աւարտից յետոյ փորձեց իր բնականոն գրական կեանքին վերադառնալ, թղթին յանձնել ապրածը, տեսածն ու լսածը։ Եւ այնքան շատ էին դրանք, որ կարող էին հատորներ լցնել. «Շատ անգամ կը խորհէի, որ իւրաքանչիւրին [վերապրողին] համար առանձին հատոր մը գրել պէտք պիտի ըլլար, այդ ահաւոր Continue reading “ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍԵՒԱԳՈՅՆ ԷՋԵՐԸ ԱՐԱՄ ԱՆՏՈՆԵԱՆԻ ՄՕՏ”

ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ (Թ.)

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
ՄԻԱՆԱ՜Լ… ՄՈՌՑԷ՛Ք

Մեր դասացոյցին մէջ գրեթէ ամեն օր կը նշուէր արաբերէնը, որ իրողապէս մեծ բացակայ մըն էր, ազատ պահ: Ոմանք կը պնդէին, թէ արաբերէնը երկրին լեզուն է, ամեն տեղ արաբերէն պէտք է, սերունդը պէտք է արաբերէն սորվի, արաբերէնին տիրապետէ, որպէսզի տեղ հասնի, մարդ ըլլայ…: Զաւեշտական պատմութիւններ կը պատմէին մեր գիւղէն՝ Գարատուրանէն, բանակի ծառայութեան կանչուած երիտասարդներու մասին, որոնք զինավարժութիւններու ատեն արաբերէնը լաւ չհասկնալով՝ կ՚իյնային ծիծաղելի կացութեան մէջ: Continue reading “ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ (Թ.)”

ԵՍ ՀԱՍԿՑԱՅ — Արկածախնդրութիւնը արուեստի զարգացման գրաւականն է

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

A work of art is above all an adventure of the mind
Eugene Ionesco

Մայիս 2000. Ֆլորանս:
Առաւօտուն, երբ կը պատրաստուէի դուրս գալ Brunelleschi-ի անուան հիւրանոցի նախասրահէն, յանկարծ ներկայանալի կին մը կեցուց զիս ու ըսաւ.
—Մոյսէյը դո՞ւք էք:
—Այո, ես եմ, իսկ դո՞ւք …:
—Ես Սիլիան եմ, Ռոպերթոյի կինը: Անգլերէն չիմանալու հետեւանքով իր փոխարէն ես եկայ որպէս զի ուղեկցիմ ձեզի…:
—Օ՜…, շատ շնորհակալ եմ, սակայն ինծի համար քիչ մը շատ չէ՞ ձեզի պէս բացառիկ գեղեցկուհի մը իբրեւ առաջնորդ ունենալը եւ այն ալ Ֆլորանսի մէջ:
Շրջանցելէ ետք իմ հաճոյախօսութիւնը, աւելի լրջանալով ըսաւ. Continue reading “ԵՍ ՀԱՍԿՑԱՅ — Արկածախնդրութիւնը արուեստի զարգացման գրաւականն է”

ԳՐՔԵՐՈՒ ՀԵՏ—Դանիէլ Վարուժան, «Հացին երգը», երկլեզու հրատարակութիւն

Անգլերէն թարգմ. Թաթուլ Սոնենց Փափազեան, խմբ. Վիգէն Թիւֆէնքճեան։ Հրատ. Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեան։ Մարտ 2021։

Ս.Ա.Յ.

Ցանէ՜, ցանէ՜. նոյնիսկ հեռու սահմանէն,
Աստղերու պէս, ալիքներու պէս ցանէ՜:
Ծիտերն ի՛նչ փոյթ թէ հատիկներդ կ՚աւարեն.
Տեղը Աստուած պիտի մարգրիտ սերմանէ:
Դ. Վարուժան

Sow, sow, even beyond the boundary,
Sow as stars, sow on as swells of the sea.
No matter if nestlings decimate your seeds.
God will replenish and disseminate pearls.
Թարգմանութիւն՝ Թաթուլ Սոնենց Փափազեանի

Անցեալ ամիս, մարտ 2021-ին, լոյս տեսաւ Դանիէլ Վարուժանի «Հացին երգը» հատորի առաջին ամբողջական երկլեզու՝ անգլերէն-հայերէն հրատարակութիւնը, Song of the bread խորագրով, թարգմանութեամբ Թաթուլ Սոնենց Փափազեանի եւ խմբագրութեամբ Վիգէն Թիւֆէնքճեանի։ Continue reading “ԳՐՔԵՐՈՒ ՀԵՏ—Դանիէլ Վարուժան, «Հացին երգը», երկլեզու հրատարակութիւն”

ԳՐՔԵՐՈՒ ՀԵՏ — Ալեքսանդր Շմեման, ՀԱՒԱՏՔԻ ՀԱՆԳԱՆԱԿ / ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ,

Յառաջաբան եւ թարգմանութիւն Գառնիկ աւ. քհ. Գոյունեանի, Մոնթրէալ, 2021, 40 էջ

ԲԱԲԳԷՆ ԹՕՓՃԵԱՆ

Ռուս-օրթոտոքս աւագ քահանայ Ալեքսանդր Շմեմանի վաստակէն երկրորդն է ասիկա, որ Տ. Գառնիկ մեզի կը ներկայացնէ, իրագործելով տարի մը առաջ աստուածաբանին «Հայր մեր»-ի բացատրութեան հրատարակման օրը՝ գրախօսողիս իր տուած բանաւոր խոստումը:
Ս. Գիրքի պատմագիտութենէն գիտենք, թէ Յիսուս Քրիստոս իր քարոզութիւնները բերանացի կատարած էր միայն եւ որեւէ գրուածք չէր ձգած: Վարդապետին առաքեալները անոր ուսուցումները նոյնպէս քարոզեցին, անոնցմէ մի քանին՝ նաեւ նամակագրութեամբ: «Սակայն առաքեալներն ալ հաւատացեալներուն պաշտօնական եւ լիակատար Continue reading “ԳՐՔԵՐՈՒ ՀԵՏ — Ալեքսանդր Շմեման, ՀԱՒԱՏՔԻ ՀԱՆԳԱՆԱԿ / ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ,”

ԳՐՔԵՐՈՒ ՀԵՏ — Փանոս Ճերանեանի վեցերորդ բանաստեղծական հատորը՝ «Թրթիռներ…»

Հրատարակութիւն՝ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան։ Պէյրութ, 2020, 104 էջ։

Ս.Ա.Յ.

«Հորիզոն գրական»ի աշխատակից Փանոս Ճերանեան ընթերցասէրներուն կը ներկայանայ նոր հատորով մը՝ «Թրթիռներ…» խորագրով։ Բանաստեղծական այս հատորը Ճերանեանի հրատարակած վեցերորդ գիրքն է։ Ան կը յաջորդէ իր «Քամիներ» (1979), «Ընդմիջուած լռութիւն» (1991), «Քեզ ինչպէս կոչեմ…» (1998), «Ի լուր …» (1999) եւ «Բառերուն լոյսը …» (2005) հատորներուն: Նշենք, որ «Ի լուր …» հատորը արժանացած էր «Գէորգ Մելիտինեցի» մրցանակին: Continue reading “ԳՐՔԵՐՈՒ ՀԵՏ — Փանոս Ճերանեանի վեցերորդ բանաստեղծական հատորը՝ «Թրթիռներ…»”

ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ԶՈՒԱՐՃԱՆԱՅ (Բ.)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Կը կարծեմ, թէ բոլորդ պիտի համաձայնիք ինծի հետ, եթէ ըսեմ, որ Յարութ Սասունեանը կը հանդիսանայ մեր լաւագոյն լրագրողներէն մէկը, այն, որուն վերլուծումները յափշտակութեամբ կը կարդացուին սփիւռքի մէջ եւ յաճախ լոյս կը տեսնեն հայրենի լրատուական ցանցերու վրայ եւս:
Անոնք ունին մէկ անպատեհութիւն. Սասունեան հայերէն չի գրեր իր յօդուածները, որոնք մեզի կը հասնին երկու թարգմանութիւններէ ետք. նախ՝ արեւելահայերէնի, այս վերջինէն ալ՝ արեւմտհայերէնի, եւ այս ոլորապտոյտ բաւիղներուն վրայ անոնք կը հանդիպին լեզուական Continue reading “ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ԶՈՒԱՐՃԱՆԱՅ (Բ.)”