Սիրելի ընթերցող, «Հորիզոն գրական»ի յունիս 2021-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։
Բարի ընթերցում։
Սիրելի ընթերցող, «Հորիզոն գրական»ի յունիս 2021-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։
Բարի ընթերցում։
Օրօ՜ր իմ բալաս, օրօր ու նանի,
Պատուհան չկար որ լուսինը շողար
Արեւի շողն իսկ ճանապարհ չունէր,
Քարասիրտ մարդիկ քարին փռած էին ձեզ եօթը ամիսներ։
Դուք չքնացաք վախճանման նիրհով
Ու չհանգչեցաք մայր հողի գիրկին,
Երբ քաղաքակիրթ որեւէ երկրի
Անասո՛ւնն անգամ զինք թաղող ունի։ Continue reading “ՕՐՕՐ ԵՐԻՑՍ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ”
Մենք ազգովի բաղաձայն ենք: Բայց մեր ազգի ամենանշանաւոր բաղաձայնը պապս էր՝ լռակեաց, խոժոռադէմ մի մարդ, շարժումները՝ չափաւոր, բառերը՝ ժլատ: Երբեմն ինձ թւում էր, թէ լռութեամբ զրուցում է ծառերի, արեւի, քարերի, լեռների, երկնքի հետ: Հարց էր տալիս, պատասխան ստանում: Եւ լռութիւնը մեծ էր ու խորհրդաւոր:
Մի անգամ, երբ դեռ փոքր էի, երկուսով գնացել էինք խոտ հնձելու: Կանաչ խոտը բարձրացել, ծնկահար կանգնել էր: Պապս գերանդին ուսից իջեցրեց, լռութեամբ նայեց երկնքին, մտաւ խոտհարք: Գերանդին նրա ձեռքին մէ՛կ կորչում էր կանաչ խոտերի մէջ, մէ՛կ, դուրս թռչելով, փայլում արեւի տակ, եւ հաճելի մի երգ էր լսւում շարունակ՝ հը՜շշ, հը՜շշ, հը՜շշ… Continue reading “ԵՐԳԸ”
Աւելի դիւրին է անցեալը ջնջել քան վերադառնալ հոն եւ սրբագրութիւններ կատարել։ Մէկը շատ կտրուկ է եւ ճամբան կարճ, իսկ միւսը՝ կնճռոտ եւ երկար։
Բայց կան անցեալներ (այո, մէկէ աւելի անցեալ ունինք), որոնք եթէ նոյնիսկ կարելի է ջնջել՝ ձեռքդ չ՚երթար պատմութենէդ վտարելու։ Եւ պատճառը անցեալին կապուածութիւնդ չէ, կամ անցեալի կարօտդ չէ։ Կան ուրիշ հանգամանքներ, որոնց պատճառաւ մէկ կամ երկու անցեալ վիզէդ կախուած կը մնան տաժանակիր պատիժի նման։ Յանցանքի զգացում, պարտքի գիտակցութիւն, կամ վրէժխնդրութիւն։ Continue reading “ՎԵՐԱԴԱՐՁ”
Սահակդուխտի մասին տեղեկութիւնները մեզի հասած են պատմիչ Ստեփանոս Օրբելեանէն, Ղեւոնդ Ալիշանէն, Մանուկ Աբեղեանէն, բժիշկ Վահրամ Թորգոմեանէն, Նորայր եպիսկոպոս Պողարեանէն, Գրիգոր Յակոբեանէն, Յակոբ Քէոսէեանէն, Շահան Արծրունիէն եւ այլ աղբիւրներէ:
Քրիստոնեայ Հայաստանի մէջ 8-րդ դարուն կը յայտնուի առաջին հոգեւոր երգի հեղինակ, երաժիշտ եւ հոգեւոր երաժշտութեան դասատու հայ կինը՝ Սահակդուխտ, որ կ՚ըլլայ Դուին մայրաքաղաքի կաթողիկոսարանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Սահակ Երեցի դուստրը եւ Ստեփանոս Սիւնեցիի կրտսեր քոյրը: Continue reading “Սահակդուխտ. առաջին հայ կին բանաստեղծը, երաժիշտը, երաժշտութեան ուսուցչուհին եւ հոգեբուժը”
2019 թ. դաշտային հնագիտական-հետազօտական աշխատանքների ժամանակ Գառնի գիւղի տարածքում, հանրայայտ տաճարի ստորին մասում, Ազատ գետի կիրճում, ձորամիջեան ճանապարհի եզրին յայտնաբերուեցին անյայտ ծագմամբ սրբատաշ բազալտի մեծածաւալ քարերից, չոր շարուածքով կառուցուած շինութեան հետքեր: Պահպանուել է ընդամենը շարուածքի մի փոքր հատուած (4,0 մ Continue reading “ԳԱՌՆԻԻ ՁՈՐՈՒՄ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒԱԾ ՇԻՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՏՈՒԱԾԸ ՈՉ ԱՅԼ ԻՆՉ Է, ՔԱՆ ՍԱՀԱԿԴՈՒԽՏԻ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑԸ”
Այս անգամ Արծուի Բախչինեան կը զրուցէ ալճերիական եւ հայկական արմատներով ֆրանսացի նկարիչ, բեմագրող, գծավէպի վարպետ Ֆարիտ Պուճելլալի հետ։ 1953-ին Թուլոն (Ֆրանսա) ծնած Պուճելլալ ֆրանսախօս երկիրներուն մէջ ճանչցուած է իր ընտրած ասպարէզին մէջ ցեղային խտրականութեան, հանդուրժողականութեան եւ հանրային այլ թեմաներու արծարծումով, յատկապէս սիրուած են անոր գծավէպերը Փըթի Փոլիօ անունով հերոսին մասին։ Պուճելլալ հրատարակած է նաեւ «Հայ Մեծ-Մաման» (Mémé d’Arménie) գծավէպը (թարգմանաբար լոյս տեսած է նաեւ հայերէն եւ թրքերէն՝ Իսթանպուլի մէջ), ներշնչուած իր հայ մեծ մօրմէ՝ Մառի Պետրոս Գարամանեանէ, որ եղած է օսմանահպատակ եւ Ցեղասպանութենէ ետքը ապաստանած է Ալճերիա, ապա՝ Ֆրանսա… Continue reading “Farid Boudjellal, l’auteur de « Mémé d’Arménie »”
Astrid Aprahamian, Les montagnes noires, Éd. Poètes de brousse, Montréal, 2021. 440pp
Յունիսի սկիզբը Մոնթրէալի Poètes de brousse հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ «Հորիզոն»ի երիտասարդ աշխատակից Աստղիկ Աբրահամեանի այս առաջին վէպը՝ ֆրանսերէնով, «Սեւ սարերը» (Les montagnes noires), որ ծաւալուն համապատկեր մըն է 1989-1994 բախտորոշ տարիներուն, դիտուած մանկան մը եւ իր մօր աչքերով։
1989-ին, մինչ Խորհրդային Միութեան փլուզումը արդէն ընթացքի մէջ Continue reading “Աստղիկ Աբրահամեանի «Սեւ սարերը» (Les montagnes noires) վէպը”
Ամեն անգամ, երբ ընկերներէս մէկն ու մէկր հրաժեշտ կու տայ այս աշխարհին, տարօրինակ զգացում մը, թախիծ մը կը պատէ հոգիս, «հերթը քո՞նն է հիմա» կ՚անցնի մտքէս, ու կը վերյիշեմ քանի մը տխուր դրուագ ։
Մէկը՝ հօրս այն ափսոսանքը, որ «շուրջս կը պարպուի, մինակ կը զգամ» այլեւս. այդպէս կը զգար մանաւանդ, յատկապէս երբ կեանքէն իրենց շնորհուած այդ վերջին տարիներուն, հետզհետէ կը մեկնէին անոնք, Continue reading “ՈՍՏԱՅՆ — Երբ ընկերներս կը հեռանան մէկ առ մէկ”
Զկեռ – զղեար
Արեւմտահայ բառարանագրութեան որբ ու անտէր բառերէն մէկն է այս. մեր բոլոր բառարանագիրները ակնարկած են անոր՝ իբրեւ պտուղի մը, որ ունեցած է երկու անուն, առանց, սակայն, բան մը հասկնալու անկէ, առանց պատկերացնելու, թէ ճիշդ ի՛նչ է ան:
— Գայայեան (1938) ունի՝ զղեար – տե՛ս զկեռ:
Կը բանաս զկեռ, կը գտնես՝ «զղեար, ծառը՝ զկեռի, կարծր փայտով»:
Գնա՛-հասկցի՛ր, թէ ի՛նչ է: Continue reading “ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ԶՈՒԱՐՃԱՆԱՅ (Դ.)”