Մեր ՕԳՈՍՏՈՍ 2023-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի ՕԳՈՍՏՈՍ 2023-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

Ամենաերկար ընթրիքը

Հերմինէ Աւագեան

Տղամարդը հաւաքեց չոր փայտերը, դրեց իրար վրայ ու վառեց կրակը։ Երկինքը կլանում էր կայծերը ու յետ չէր տալիս, երկինքը սովոր է ամեն ինչ առնել-տանել: Ուզեց լաց լինել, բայց զգաց, որ աչքերը չոր են, նորից փորձեց, էլի չստացուեց, զայրացաւ ինքն իր վրայ, որ չի կարողանում մարդավարի լաց լինել։ Սիրտը լցուած էր, բայց ներսի բոլոր դռները փակ էին, արցունքը մնացել էր ներսում, լճացել ու մնացել էր։ Երանի հնար Continue reading “Ամենաերկար ընթրիքը”

«Ասիկա իրական չէ, չէ՞…»

Նորա Բարսեղեան

Օգոստոսի 4-ին լրացաւ 3րդ տարելիցը Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումին, որ կը համարուի ցարդ արձանագրուած ամենահզօր ոչ-հիւլէական արհեստական պայթումը։ Բացի իր մարդկային եւ նիւթական վնասներէն (առնուազն 218 մահ եւ 7000 վիրաւոր, 300 հազար անտուն, 15 միլիառ ամ. տոլարի գնահատուող նիւթական վնաս), դարձաւ խորհրդանիշը բազմիցս վիրաւոր բայց յամառօրէն կենսունակ քաղաքին ու երկրին։
«Ազդակ»ի պատասխանատու խմբագիրներէն Նորա Բարսեղեանի այս գրութիւնը գրուած է երեք մասով։ Հեղինակը պայթումի իւրաքանչիւր տարելիցին հրապարակած է անոր մէկ բաժինը, որ լայնօրէն տարածուեցաւ մեր մամուլի էջերուն վրայ։ Նախընտրեցինք ներկայացնել երեք բաժինները միասին, որպէս մէկ ամբողջութիւն, որպէսզի ընթերցողը զայն ընկալէ լիարժէքօրէն, առանց ընդմիջումներու։

Հորիզոն գրական

— Արա՛, այս ֆիլմերուն մէջ ինչպիսի՞ նկարահանումներ կրնան ընել, որ ամբողջ քաղաք մը քարուքանդ ըլլայ, ամեն մարդ վնասուի, քաոս տիրէ ամենուրեք, այսքա՜ն տակնուվրայութիւն… Վստահ ասիկա իրական չեն նկարեր, այլապէս ինչպէ՞ս պիտի ընեն, քաղա՞ք մը կործանեն…
— Սովորաբար մէկ փոքր մաս մը իրական կ՚ըլլայ, իսկ ամբողջութիւնը` Continue reading “«Ասիկա իրական չէ, չէ՞…»”

Քաղաքներու կախարդանքը — Գ. Թեւաբեկ հրեշտակներու քաղաքին մէջ

Հեղինակ՝ Մարզպետ Մարկոսեան. Անթիլիաս 2023

Արմենակ Եղիայեան

Եռագրութեան այս երրորդ եւ վերջին հատորը իր որակով կը յիշեցնէ Կանայի հարսանիքի գինին. այստեղ հեղինակը յուզող բազմաթիւ հարցեր կարծես կը յանգին իրենց աւարտին՝ իւրաքանչիւրը ստանալով իր լուծումը: Դրուած հարցերուն լուծում առաջարկելու գեղեցիկ սովորութիւնը արգասիքն է Մարզպետ Մարկոսեանի պայծառ ու որոնող մտքին, որ յատուկ էր իրեն վաղ երիտասարդութեան օրերէն, իսկ ժամանակը աւելի սրած ու ազնուացուցած է զայն: Continue reading “Քաղաքներու կախարդանքը — Գ. Թեւաբեկ հրեշտակներու քաղաքին մէջ”

«Գիրքե՜ր, գիրքե՜ր, ի՜նչ գիրքեր» — Բ.

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Կը շարունակեմ ստացած կամ ձեռք ձգած գրքերուս մասին ակնարկներու այս շարքը։
Մեծապէս հետաքրքրական նիւթ մըն է, որ կը մատուցէ Նազելի Մարգարեանի «Հայոց լեզուի տարիքի եւ տոմարի սկզբնաւորման շուրջ» փոքրիկ հատորը (Ոսկան Երեւանցի հրատ., Երեւան 2021, 87 էջ)։ Գրքին սկիզբը կը նշուի իրաւամբ. «Հայկական բարձրաւանդակի ներկայիս Continue reading “«Գիրքե՜ր, գիրքե՜ր, ի՜նչ գիրքեր» — Բ.”

Գրքերու հետ — Լեւոն Արտազեան, Եզրեր։ Երեւան, 2023, 32 էջ

Ս.Ա.Յ.

Մեկենասութեամբ՝ Կարօ Նոխուտեանի, Երեւանի մէջ լոյս տեսած է Լեւոն Արտազեանի, ծնեալ Նոխուտեան, «Եզրեր» խորագրով բանաստեղծութիւններու հաւաքածոն։
«Եզրեր» գողտրիկ գրքոյկը կու գայ աւելնալու հեղինակի Continue reading “Գրքերու հետ — Լեւոն Արտազեան, Եզրեր։ Երեւան, 2023, 32 էջ”

Վերջին Վարդավառը

Վարդան Յակոբեան

Բահուորի դէմքից հոսող քրտինքին զուգահեռ,
իմ հարցին ի պատասխան,
բառերն ընկան շաղախի մէջ.
— Մեր շէնում դպրոցի տնօրէն էի։ Հադրութցի եմ։
Շոգը թանձրացնում է մեղքերը ժամանակի։
Աղաւնոն քանի կար, Հաքառուն ինքն իրեն
արդէն գտել էր, Continue reading “Վերջին Վարդավառը”