Գէորգ Պետիկեան, «Մեծ բակին փոքրիկ աղջիկը»։ Սիրավէպ

Ս.Ա.Յ.
Գէորգ Պետիկեան, Մեծ բակին փոքրիկ աղջիկը։ Սիրավէպ։ 142 էջ։ Նախաբան։ Խմբագրի խօսք։ Խմբագիր՝ Գէորգ Նաթալի Եազըճեան։ Կողքի մտայղացում-ձեւաւորում՝ Վիգէն Շառոյեան։ 2024, KASL Printing & Graphics, Pasadena, California

«Հորիզոն գրական»-ի երկարամեայ աշխատակից Գէորգ Պետիկեանի առաջին սիրավէպը՝ «Մեծ բակին փոքրիկ աղջիկը» գողտրիկ կողքով, 142 էջերով ընթերցողին կը ներկայանայ Պետիկեանի առաջին սիրավէպը։ Երկար ծրագրումի եւ ամիսներու աշխատանքի արդիւնք է Continue reading “Գէորգ Պետիկեան, «Մեծ բակին փոքրիկ աղջիկը»։ Սիրավէպ”

Արծուի Բախչինեան, «Հայերն Աֆրիկայում։ Պատմաբանասիրական ուսումնասիրութիւն»

Ս.Ա.Յ.
Արծուի Բախչինեան, Հայերն Աֆրիկայում։ Պատմաբանասիրական ուսումնասիրութիւն։ Մեսրոպ Արք. Աշճեան մատենաշար 248։ Ամփոփումները՝ անգլերէն, ֆրանսերէն, լինգալերէն (Կարօ Նանիկեան)։ Օգտագործուած սկզբնաղբիւրներու եւ գրականութեան ցանկ։ Անձնանուններ։ Տեղանուններ։ Բովանդակութեան ցանկ։ Երեւան, ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան ինստիտուտ, 2024, 293 էջ։

Ափրիկէն, ինչպէս նախաբանին մէջ կը նշէ Բախչինեան, «ըստ տարածուած կարծիքի՝ մարդկային ցեղի բնօրրանը» կը հանդիսանայ Continue reading “Արծուի Բախչինեան, «Հայերն Աֆրիկայում։ Պատմաբանասիրական ուսումնասիրութիւն»”

Հենրիկ Էդոյեան, «Հայացք ոչ մի տեղից։ Բանաստեղծութիւններ»

Ս.Ա.Յ.
Հենրիկ Էդոյեան, «Հայացք ոչ մի տեղից։ Բանաստեղծութիւններ»
193 էջ, Երեւան, «Վան Արյան» հրատարակչատուն, 2024, 84 էջ։

Բազմավաստակ գրականագէտ, բանասէր, գիտաշխատող, թարգմանիչ, բանաստեղծ Հենրիկ Էդոյեանի «Հայացք ոչ մի տեղից» բանաստեղծական հատորը, ըստ գիրքին մէջ նշուած տեղեկութեան, Continue reading “Հենրիկ Էդոյեան, «Հայացք ոչ մի տեղից։ Բանաստեղծութիւններ»”

ԱԿՆԱՐԿ՝ ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻ՝ «ԱՂՕԹՔ» ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

ՊՐՈՖԷՍՈՐ ՃԷՅՄՍ ՐԱՊԸՐԹ ՐԱՍՍԸԼ*

Լաւ բանաստեղծութիւնները կը ձեւաւորուին խոր մակարդակներու վրայ, որոնք անծանօթ են զանոնք ստեղծող գրողներու գիտակցական աշխարհին: Կան բանաստեղծութիւններ, որոնք պատկերներ կը բովանդակեն, յարաբերութիւններ կը մշակեն եւ հնչիւնային համակարգեր կը ստեղծեն: Անոնք դժուար կը հասկցուին առաջին ընթերցումով, կամ՝ խտացած հիւսուածքով ուղղագիծ Continue reading “ԱԿՆԱՐԿ՝ ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻ՝ «ԱՂՕԹՔ» ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ”

Գոհար Պօղոսեանի «Յիշողութեան գոյները»

Նանար Սիմոնեան
Պօղոսեան Գոհար, «Յիշողութեան գոյները» — Երկլեզու (հայերէն եւ անգլերէն) փաստագրական վիպակ, «Արմաւ» հրատ., Երեւան, 2025, 112 էջ։

«Յիշողութեան գոյները» փաստագրական վիպակը արմատներին ամուր կառչելու, լեռների յիշողութիւնը վառ պահելու եւ տունդարձի մասին է։ Վիպակը շարադրուած է պարզ ու անմիջական ոճով։ Continue reading “Գոհար Պօղոսեանի «Յիշողութեան գոյները»”

«ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ՝ ԹԱՏԵՐԱԳԻՐԸ» ԳՐՔԻ ՄԱՍԻՆ

Մարգարիտա Մամիկոնի(*) Խաչատրեան

Գրականութիւնը գիտութիւն մը չէ։
Զայն չենք սորվիր, կ’ապրինք։
Յակոբ Օշական

Նիւ Եորքի «Լիպրա. 6» «Թատրոնի, արուեստի եւ մշակոյթի արտադրութիւն» կազմակերպութեան մրցանակին արժանացած եւ «Արմաւ» հրատարակչութեան լոյս ընծայած այս գիրքը նուիրուած է Յակոբ Օշականի գրական հարուստ ժառանգութեան մի պատկառելի մասին՝ դրամատիկական քսանվեց ստեղծագործութիւնների Continue reading “«ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ՝ ԹԱՏԵՐԱԳԻՐԸ» ԳՐՔԻ ՄԱՍԻՆ”

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ «ԱՌԱՁԳԱԿԱՆ»Ը — ՅՂԱՑՔ, ԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾՔ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՍԼԱՑՔՆԵՐ

Վեհանոյշ Թեքեան

Բանաստեղծութիւններ կան, ուր փրփրուն գետեր կը հոսին, ուր հովեր կը խօսին, աստղեր վար կը թափին, քամին՝ հարցում-պատասխան իրար անցուցած գլուխը կ՚առնէ կ՚երթայ, տրտմայած հառաչներ կան եւ ցնծագին ծնծղայ, օրհնութիւն ու անէծք, պատիւ կամ պատիժ տնօրինողներ, փառք ու պարծանք պանծացնողներ։ Հեղուկը, շոգին, կարծրն ու փափուկը, հեքիաթայինը, ողբերգականը, կը յայտնուին Continue reading “ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ «ԱՌԱՁԳԱԿԱՆ»Ը — ՅՂԱՑՔ, ԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾՔ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՍԼԱՑՔՆԵՐ”

Մրջիւններու վերջալոյսը — Հեղինակ՝ Զաւէն Պիպեռեան

ՆԱԶԱՆ Ա.

«…Միշտ մրջիւնները խորհած եմ։ Դպրոցէն կը սկսին աւրել տղաքը։ Մրջիւնը իբրեւ տիպար օրինակ ցոյց կու տան։ Մարդը մրջիւնի վերածել կը ջանան։ Կը յաջողին ալ։ Բոլոր հակակրելի, տգեղ բաները մարդոց պաշտել տալու, հիացումի առարկայ դարձնելու մէջ վարպետ ենք իրաւ։ Ես կ՚ատեմ մրջիւնը։ Կեանքիս մէջ ես ո՛չ ուզեցի, ո[՛]չ ալ կրցայ մրջիւն ըլլալ։ Դատէ, կրէ, ամբարէ ձմեռը կեր, նորէն դատէ, կրէ, ամբարէ։ Ամբողջ կեանք մը։ Ետքը՝ մեռիր։ Բուրգեր շինէ։ Քաղաքներ, շէնքեր, գործարաններ, մեքենաներ, ճարտարարուեստ, քաղաքակրթութիւն։ Այս բոլորին ծառայէ։ Ամբողջ կեանք մը։ Ետքը մեռիր։ Որո՞ւ համար։ Ինչու համար։ Ինչո՞ւ համար։
Ո՞վ կը վայելէ։ Չորս հոգի։ Այսինքն ո՛չ ոք։ Գործը գործին համար։ Քաղաքակրթութիւնը քաղաքակրթութեան համար։ Բոլորս այս խաղին մէջն ենք։ Խաղին կանոնն ալ գրած ենք» — (Տրդատ հօրեղբօր արտայայտութիւններէն, էջ 129)։

«Մրջիւններու վերջալոյսը» վէպը իբրեւ թերթօն առաջին անգամ Continue reading “Մրջիւններու վերջալոյսը — Հեղինակ՝ Զաւէն Պիպեռեան”

ԳՐԱՌՈՒՄՆԵՐ ԴՐԱԽՏԻ ԴԱՐՊԱՍԻՆ

Հերմինէ Աւագեան, «Կապոյտ տանիքներ», Արմաւ հրատ., Երեւան, 2024, 82 էջ։

Նանար Սիմոնեան

Բանասիրական գիտութիւնների թեկնածու

Հերմինէ Աւագեանի «Կապոյտ տանիքներ» բանաստեղծութիւնների ժողովածուն ապաշխարութեան աղօթք է. նիւթապաշտութեան, համատարած գորշութեան եւ ազգային արժէքների ոտնահարման արդի ժամանակներում թանձր խաւարը ճեղքող, ջերմացնող  ու ապրեցնող լոյսի շող։ «Խաղաղութիւնը» երազանք մնաց անհայր եւ Continue reading “ԳՐԱՌՈՒՄՆԵՐ ԴՐԱԽՏԻ ԴԱՐՊԱՍԻՆ”

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական ազգագրական պատկերներ՝ տեսիլք, կամք եւ յոյս» գիրքը

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան

2023-ին, Պէյրութի Համազգայինի Վահէ Սէթեան հրատարակչատան կողմէ հրատարակուեցաւ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական ազգագրական պատկերներ՝ տեսիլք, կամք եւ յոյս» գիրքը, որ հեղինակին հրատարակած չորրորդ հատորն է: Գիրքը խմբագրած եւ համադրած է ընկերալեզուաբանութեան դոկտ. Արտա Ճէպէճեան, մեկենասութեամբ Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքէն տոքթ. եւ տիկ. Յարութիւն եւ Մարօ Ճէպէճեաններու, գիրքը ձօնուած է հեղինակին Continue reading “Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական ազգագրական պատկերներ՝ տեսիլք, կամք եւ յոյս» գիրքը”