Յակոբ Չոլաքեան
ՄԱՐԴՈՒ ՄԷՋ ՄԱՆՈՒԿ ՄԸ ԿԸ ՄՆԱՅ ԿԱՐԾԵՍ
Հայրս նամակ գրած էր մօրս, թէ մեծ հօրեղբօրորդիս կու գայ եւ կ՚օգնէ կալի աշխատանքներուն։ Հունձքին եկաւ, բայց կալի ատեն չէր կրնար, որովհետեւ իրենց ալ կալի գործերը շատ էին։ Ճարահատ՝ Կիւլէն քոյրս ու ես ցորենի խուրձերը քակեցինք, փռեցինք կալին մէջ, մեր սեւուկ իշուկը լծեցինք կամին, ու ամբողջ օրը կամին վրայ նստած դարձիր հա դարձիր, դարձիր հա դարձիր…
Յետոյ, երբ Տէրեան կարդացի, սա երկատողը ինծի այնքան հարազատ կը թուէր.
— Պտտուիր, պտտուիր, Կարուսէլ,
Ես քո երգը վաղուց եմ լսել…
Հիմա երնելու պահը հասած էր: Մայրս մտահոգ էր, կրնար անձրեւել, ու ամբողջ կալը փճանար, օր առաջ ցորենը ամբար պէտք է իջնէր, յարդը՝ յարդանոց։
Առաւօտ կանուխ հոսելին(*) առի ու կեցայ թեղին(**) առջեւ: Գիտէի ընելիքս. հոսելին կը խրես թեղին մէջ, կը բարձրացնես ու հովուն կու տաս, ցորենը կ՚իյնայ ցած, իսկ յարդը կը թռի քիչ առջեւ։
— Երնէ, երան, երնէ երան,
Յարդը քեզի, մեզի ցորեան:
Հապա՜… ու, հոսելին ձեռքս, կը սպասեմ, որ հովը փչէ։
Յունիսեան տաք օր էր, կրակ կը տեղար կարծես։ Նռնենիները ծաղկած էին, կայծ-կայծ կախուած՝ ոստերէն: Ոչ մեղուն կը բզզար, ոչ աքլորը կ՚երգէր…
Ու հով չէր փչեր:
Հոսելին կը խրեմ թեղին մէջ, կը բարձրացնեմ ու կը թեքեմ: Յարդն ու ցորենը միասին նոյն տեղը կ՚իյնան ։
Եզեկիէլ պապուկը կ՚անցնէր ճամբայէն.
— Յակոբ, — ըսաւ, — ի՞նչ կը սպասես, հովը այդպէս չի գար, հովը կը կանչեն:
— Ինչպէ՞ս. — հարցուցի անձկութեամբ:
— Ցուցամատդ թքոտէ ու դարձուր արեւմուտք, ծովուն կողմը: Նայիր, եթէ բարդիին ծայրը շարժեցաւ, ուրեմն հովը հասնելու վրայ է:
Հոսելին խրեցի թեղին մէջ ու վազեցի կալին ծայրը, ծովուն կողմը, բարձր պատին վրայ, որուն առջեւ խոր ձորն է. մատիկս լաւ մը թքոտեցի, վեր-վար ըրի շրթումքներուս վրայ ու դարձուցի դէպի ձորը՝ սպասելով որ հովը տեսնէ, ծովէն ելլէ, անտառին մէջ այս ծառի գագաթէն միւսին վրայ ցատկռտելով հասնի մեր բարդիին ծայրը ու…
Պատին վրայ կեցած ես քանի քանի անգամներ մատիկս թքոտեցի, դարձուցի արեւմուտք որ հովը հասնի…
Բայց հով չկար…
Ու մտքով անգամ չանցաւ ըսելու Եզեկիէլ պապուկին, թէ ո՛ւր է, հովը չեկաւ. չըսի, որովհետեւ կ՚ամչնայի, որ այդ ծերուկը զիս խաբել կրցած էր։
Բայց ես տակաւին կը հաւատամ կարծես, որ երբ մատիտդ թքոտես, դարձնես դէպի արեւմուտք, ցանկալի հովը պիտի փչէ…
Մարդ կը մեծնայ, բայց մարդու մէջ մանուկ մը կը մնայ կարծես։
*) Թեղ — յարդախառն ցորեն կամ գարի, որ կը գոյանայ հացահատիկի դէզը կալսելէն ետք։
**) Հոսելի — երեք կամ չորս մատնանի փայտէ եղան, որով թեղը կը հոսեն, կ՚երնեն, քամիին կու տան որ յարդը տանի։
ԽՕՍՔԸ ՄՆԱՑ…
Ճանին եւս, Ճանո Սաղտըճեանը, 92 տարեկանին հոգին աւանդեց Գարատուրանի մէջ; Ինչ բարեբախտութիւն է, կ՚ըսեմ, ծնիլ տեղ մը, ապրիլ այնտեղ, ընտանիք կազմել, հացի ի խնդիր պայքարիլ հող ու քարին դէմ, կրել հայրենակիցներուդ հոգեւոր ամբողջ հարստութիւնը, երգը, պարը, բարբառը եւ վերջապէս՝ ընդելուզուիլ այդ հողին…
Ճանին վերջին մոհիկաններէն մէկն է Քեսապի հին սերունդին, ան քայլ առ քայլ կը ճանչնար Քեսապի բնութիւնը, ամեն քարի, բոյսի, ճամբու, տունի եւ գերեզմանի պատմութիւնը, Քեսապի բարբառի կենդանի վկայութիւնն էր, Քեսապի հայոց բանահիւսութեան կրողներէն մէկը:
Ճանին իմ վերջին ասացողներէն մէկն էր, կրտսերագոյնը այն հոյլին, որոնք ինծի փոխանցեցին Քեսապի հոգեւոր մշակոյթի շատ գանձեր։ Լոյս իջնէ անոնց շիրիմներուն՝ Աւետիս Ինճեճիքեան, Պաճագեան Կեկիւսիկ հալեւոր, Բենդէզ ամմո, Թոփալ Մինաս, Գարուն աղբրկին …
Ես որքան բախտաւոր եղած եմ, որ Քեսապի մասին ազգագրական եւ բանահիւսական նիւթերու հաւաքագրումներուս ատեն Ճանին շատ անգամ ինծի ուղեկից եղաւ. ան բացառիկ հէքեաթասաց էր, շարասաց, մեր հին կենցաղի, աշխատանքի բացառիկ գիտակ:
Վերջին հանդիպումիս իրմէ բառ մըն ալ սորվեցայ, արզըկէլ՝ հոգէառ: «Արզըկէլը հա վիլվա գըղէն մէջ, ղէր զէս ուվ մնուօց մաք» (Արզըկէլը կը պտտի գիւղին մէջ, ինձմէ զատ ով մնաց միթէ), — ըսաւ ժպիտով:
Ան ալ գնաց։ Հողը թեթեւ գայ վրան։
ԱՆՑՈՐԴԻ ԱՂԲԻՒՐ
Օգոստոս 10-ին իւրայատուկ ուխտագնացութեան մը մասնակից եղանք ընտանեօք: Երեւանէն ճամբայ ելանք դէպի Լոռի ու Մարգահովիտ գիւղի դիմաց՝ Անցորդի աղբիւրի շուրջ միացանք այլ ուխտաւորներու:
Ես գիտէի արդէն, որ այս աղբիւրը նուիրուած է Հայկի համաստեղծութեան: Հոս այցելութեան կու գան հայոց Նաւասարդ տօնի, օգոստոս 11-ի նախօրեակին: Մարդը,, որ կառուցեր է այս աղբիւրը ու աւանդութիւն ու ծէսեր ստեղծեր է անոր շուրջ, Գէորգ Աւետիսեանն է, բնիկ Քեսապի Գարատուրան գիւղէն, Թիթիզեան մեծ տոհմէն: Գէորգը հաւանաբար իր հայրենադարձ հօրմէն լսած ըլլալու էր, որ հոն, հայրենի Քեսապի մէջ ջուրի տագնապ ապրած են յաճախ ու երգած
Ախ ջէօր մը, եանա-եանա պուօղ ջէօր մը,
Մի պուօղ ջէօր մը տըվուղէն տումին ըրկը մէտէօնքը:
(Ախ ջուր մը, եանա-եանա պաղ ջուր մը,
Մեզի ջուր մը տուողին ապրին երկու մատները):
Ու իր մայրական գիւղի՝ Մարգահովիտի դիմաց կառուցած է այս աղբիւրը, որպէսզի անցորդներ պահ մը կանգ առնեն անոր առջեւ, երկու ափ ջուր խմեն, հովանան ու զովանան ու բարի յիշեն աղբիւրը կառուցողը ու փառք տան հայրենի պետութեան ու Եռագոյնին: Արդէն ստեղծուած է աւանդութիւն մը, օգոստոս 10-ին այստեղ հաւաքուած ուխտաւորները նախ յոտնկայս կը հետեւին Եռագոյնի արարողութեան, թեմի հոգեւոր առաջնորդը իր օրհնութիւնը կու տայ, հիւրեր խօսք կ՚առնեն, երգ ու պար, աւանդական շիլա եւ առատ հիւրասիրութիւն։ Կը հնչեն աղբիւրի նուիրուած երգ ու բանաստեղծութիւն:
Ահա թէ ի՛նչպէս կը ստեղծուին աւանդութիւններն ու աւանդավէպերը:
Անցորդները կու գան կ՚անցնին, ու հոն կը մնայ մշտահոս Անցորդի աղբիւրը:
Ո՞Ր Է ԻՐԱՒ, Ո՞ՐՆ Է ՀԷՔԵԱԹ, ՊԻՏԻ ՉԳԻՏՆԱՆՔ ԵՐԲԵՒԷ
Ձեռնափայտը ձեռքիս, ինծի համար արդէն դժուար կածանէն ծով իջայ: Գարատուրանի ծով: Սա մեր Միջերկրականն է, մեր ծովն է: Pliny the Elder (Պլինիոս Աւագ/Փլին Աւագ, մահ՝ Ք. ե. 79 թուականին) իր «The Natural History»-ին մէջ Միջերկրական ծովու արեւելեան ափի հռոմէական քաղաքները թուելով, հարաւէն հիւսիս՝ կու տայ նաեւ այս քաղաքին անունը՝ Charadrus, որ կրնայ կոչուիլ նաեւ Charadron. սա իմ գիւղս է, Քեսապի բարբառով՝ Գէրէտըրունը։
Փլինի Աւագի յիշած քաղաքը գրեթէ անյայտ է. ծովափին կ՚երեւին պարիսպէն հատուած մը, սիւն մը ու ամեն քայլափոխի՝ կղմինտրի փշրանքներ։ Պարիսպի հարաւ-արեւելեան անկիւնը, Ծովու թաղի հայոց գերեզմանատան կից Ս. Գէորգ սրբավայրն է, 18-րդ դարու արձանագրութեամբ. «…(կ)ամովն(՞) զեկե(ղե)ց(ի)ս(՞)… անուն սրբոյն Գէորգայ, յ(ի)շ(ա)տ(ա)կ հոգոյ մ(ա)հ(տես)ի Աւետիքին ՌՄԺԹ-ին (1770)»։
Պատմութիւնը ձգենք մէկ կողմ։ Ես եկեր եմ լողալու իմ ծովը։ Ձմեռնային հեղեղներու գետաբերանը Գարատուրանի ծովածոցը կը բաժնէ երկուքի, հիւսիսային մասը Թուրքիա է, մաքուր աւազուտ, հարաւային մասը մերինէն մեզի մնացած մասն է, ուր, քարերուն միջեւ, ափ մը աւազ կարելի չէ գտնել, բայց սա է մերինը. «մեր ծովը» կ՚ըսեն գարատուրանցիները, միւս ափը ծալել դնելով միտքին մէջ տեղ մը:
Օրը ուրբաթ է, գիւղի ճամբան բերնէ բերան օթօ, մարդիկ, զբօսաշրջիկներ կու գան այս լեռներուն, անտառներուն, ծովուն վրայ հիանալու, հեռուն երեւցող Մուսա լեռը դիտելու։ «Աշխարհի ամենէն գեղեցիկ տեղն է» կ՚ըսեն։ Հապա՜…։ Միացալ Արաբական Հանրապետութեան նախագահ Ապտ Էլ- նասէրն ալ մօտենալով Քեսապի՝ կը բացագանչէ.
— Տի կաննա (Ասիկա դրախտ է)։
Կը հասնիմ ծովափ։ Սա Դատաւորի քարն է։ Ո՞վ է եղեր այդ դատաւորը` չեմ գիտեր, օսմանեան օրերէն, եկեր նստեր է ժայռին տակ ծուարած կտոր մը աւազին վրայ եւ խնճոյք ըրեր։ Անկէ տասնեակ մը մեթր անդին, ծովուն մէջ, Սալ քարն է, ծովու խաղաղ եղած ատեն ալ կէս մեթր ծովու մակերեսէն ցած։ Սկսնակ լողորդները կանգ կ՚առնէին այդ ժայռին վրայ ու անկէ անդին չէին նետուեր։ Ծովուն խորութիւնը հոն սեւին կու տայ;
Մենք կը սիրէինք ծովածոցի հարաւային անկիւնը։ Հոն կ՚երթայինք լողալու։ Ծովափը չեչոտ քար է, փուշին վրայ քալելու պէս կը բարձրանայինք խարակի մը վրայ ու զիրար քաջալերելով կը նետուէինք ծով, կը սուզուէինք յատակը, ուր ոտքի տակ աւազի գոյութիւնը կը զգայինք։ Քանի մը մեթր անդին կ՚երեւէր ուրիշ քար մը։ Չափարուկ էր անունը։ Ան որ քարին հասաւ՝ ուրեմն ա՛լ լողալ գիտէ, կ՚ելլէր քարին վրայ. որուն ծերպերուն մէջ սեւ, սեփ-սեւ փուշերով ծովաստղեր ծուարած կ՚ըլլային… Վայ անոր որ ինքզինք չկարենալ պահելով անոնցմէ մէկուն վրայ կոխէր։
Ծովագնացութիւն բառը մեր դպրոցական բառամթերքին մէջ մեծ ցանկութեամբ կ՚արտասանուէր։ Գիւղի երեք դպրոցներու տնօրէնները գոնէ այդ հարցին մէջ համաձայն կ՚ըլլային։ Տարեվերջին, երեքը խառնած, ծով կը տանէին։ Քանի մը ուսուցչուհիներու հսկողութեամբ աղջիկները կը ղնէին Սալ քարին դիմաց, Դատաւորի քարի շուքին։ Անոնք ամբողջ օրը կը ցատկռտէին ալիքներուն մէջ, իսկ տղաքը կը տանէին Չափարոյի անկիւնը։ Պարոն Սթալինը կը բարձրանար խարակի մը գագաթին ու սուլիչը բերանին հա կը փչէր ու կը փչէր՝ Չափարուկ քարէն անդին չերթալու զգուշացումով։ Մենք այս մարդուն ծով իջնելը չէինք տեսած։ Ծովեզերքի փոսիկներէն ծովաղ հաւաքող Նինէօշ պապուկը ծիծաղելով կը պատմէր, որ Սթալինը յաճախ ծով կու գայ «կախվըցընելու», խարակի ծայրէն կարթը կը նետէ ծով ու եղեգը բռնած կը սպասէ, որ օր մըն ալ Ծովանուշը յայտնուի Չափարոյի վրայ։ Նինէօշ պապուկը կը վախցնէր մեզ նաեւ, երբ յայտնուէինք Գապ կոչուող ամայի աղբիւրին ճամբուն վրայ.
— Հոն առանձին մի՛ երթաք գաք, — կ՚ըսէր, — Արվանտը կը պըլղի ըզձի։
Արվանտը մանուկ կլլող վիշապ է եղեր։
Մանկութիւն… Ո՞րն է իրաւ, ո՞րն է հԷքԵաթ, պիտի չգիտնանք երբեւէ:
ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
1939-էն առաջ Անտիոքի շրջանի հայերը Քեսապ, Սուէտիա կամ Մուսա Լեռ, Գնիէ-Եագուպիէ, Արամո-Ղնեմիէ՝ չորս համաժողովրդալան ուխտագնացութիւններ ունէին.
1.- Վարդավառի ուխտագնացութիւնը Կասիոսի լանջին գտնուող Պարլում կամ Պարլում կոչուող հնավայրին մէջ, Կասիոսի լանջին, Քեսապի մօտիկ: Ուխտավայրի անունով Վարդավառի տօնն ալ կը կոչուէր Պալլում կամ Պարլում:
2.- Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնի ուխտագնացութիւնը Արամո գիւղին քով գտնուող Ս. Աստուածածին վիմափոր եւ Ս. Գէորգ եկեղեցիներուն մէջ:
3.- Ս. Աննայի ուխտագնացութիւնը Եագուպիէ գիւղին կից:
4.- Ս. Խաչի ուխտագնացութիւնը Ս. Թովմաս վանքի աւերակներուն մէջ, Մուսա Լեռ:
Ուխտերն ալ այլազան էին՝ հերահատութիւն, առաջին ածիլունք, մկրտութիւն եւ այլն:
Այս ուխտագնացութիւններուն կը մասնակցէին Անտիոքի շրջանի հայերը՝ բոլոր գաւառակներէն ու գիւղերէն, նաեւ Հալէպի հին ու նոր գաղութներու հայերը: Եռօրեայ ուխտագնացութիւնները բազմամարդ կ՚ըլլային: Մեծ Եղեռնէն առաջ պատարագիչը կ՚ըլլար Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կաթողիկոսական փոխանորդը կամ Անտիոքի առաջնորդը, իսկ 1940-էն ետք՝ Բերիոյ թեմի առաջնորդը:
1939-է ետք, երբ Պարլումը մնաց Թուրքիոյ կողմը, Քեսապի մէջ համաժողովրդական ուխտագնացութեան տօն դարձաւ Ս. Աստուածածինը, Էսկիւրանի կամ Ներքի գիւղին մէջ: Բայց տօնը կը շարունակուի կոչուիլ Պալլում:
Համաժողովրդական ուխտագնացութեան նոր վայր դարձաւ Մուսա Լեռան Վագըֆ գիւղի Ս. Աստուածածինը: Այս ուխտագնացութեան պատարագիչը կ՚ըլլայ Պատրիարք հայրը: Ուխտաւորներ կու գան Կ. Պոլիսէն, Թուրքիոյ տարբեր վայրերէն ու արտասահմանէն:
Յուրախութիւն բոլորիս՝ պատերազմի պատճառով տասնամեակէ մը աւելի դադրած Ս. Աննայի ուխտագնացութիւնը վերականգնեցաւ Եագուպիէի մէջ:
Ուխտագնացութիւնները իրարմով հաղորդուելու շնորհաբաշխ առիթներ են: Աւանդութիւնը պէտք է գոյատեւէ: Այս առթիւ հայրենակիցներ կը հաւաքուին ու միասնաբար կը նշեն իրենց տօնը: Լաթաքիա եւ Քեսապ ապաստանած եագուպիացիները պատերազմի տարիներուն Ս. Աննայի ուխտագնացութիւնը կը կատարէին Գարատուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
Հաւատքը իրարմով կը զօրանայ, ու լաւ օրերու յոյսը չի մեռնիր:
ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՐԿԷ՞ ԿՈՒ ԳԱՐ
Գիւղն ենք: Բերք ու բարիքի ատեն է: Հասուն խնձորը ինկեր, գետինը ծածկեր է, մեղուներն ու թռչունները յարձակեր են խաղողին վրայ, ծակեր-հատեր, կուզկապը ձգեր են տեղ-տեղ: Ժամանակին, բերքահաւաքին ատեն, դժուար մատչելի ոստերուն ծայրը մնացած բերքին համար գիւղացին կ՚ըսէր.
— Ատ ալ թռչուններուն թող մնայ:
Այսօր, կը տեսնեմ, մեր պարտէզին մէջ հակառակ պատկերը կայ. խիւն ու սարեակը կը մտածե՞ն արդեօք.
— Աս ալ թող մնայ ծառը տնկողին:
— Լաւ, — կը մտածեմ, — քաղեր ես՝ ինչ պիտի ընես, Նոր Տարուան սեղանին ափ մը չիրն ալ, չամիչն ալ, թուզի ու խաղողի լաւաշն ալ շուկան լեցուն: Չ՛արժեր:
Ու կը յիշեմ: Այս եղանակին գիւղին մէջ ինչ եռուզեռ կ՚ըլլար: Պէյրութ բնակող գիւղացիներն ալ կու գային : Կիները, փէշերը հաւաքած, տանիքներէն վար չէին իջներ. թուզ կը չորցնէին հիմքայի ոստերուն վրայ, չամիչ կը փռէին, կանգուն-կանգուն սաւաններու վրայ խաղողի ու թուզի լաւաշ՝ պաստեղ եւ մլպի, կը փռէին, խաղողի թանձրացած հիւթով պատած ընկոյզի շարոցները կը կախէին լուացքի թելերուն վրայ:
Պէյրութէն կու գար նաեւ քեռմայրս. քեռի չունէինք, բայց այդպէս կ՚ըսէինք մայրական մեծմօրս: Գիտէր, որ Պէյրութ ծնած ու մեծցած աղջիկը, հինգ զաւակներու մայր, պիտի դժուարանայ այղքան պարէն պատրաստել: Ինք տորթեոլցի էր, Չորք Մարզպանէն, «բարիքներու երկիր է» կ՚ըսէր ու այս բաներէն լաւ կը հասկնար: Օրհնեալ ձեռքեր ունէր, մեր տանիքը կը լեցուէր իր փռած չիրերով ու պաստեղով, պտուկներն ու կարասները կը լեցուէին բերնէ բերան, ամբարին մէջ տեղ չէր մնար: Մայրական մեծհայրս ալ կու գայ եղեր կարճ ժամաանկով մը. ես չեմ յիշեր: Բայց գիրքէ մը կարդացեր եմ, որ Տլքի Պօղոս կը կոչուէր՝ Աղուէս Պօղոս, Մարաշի մօտիկ Ֆընտըճաքի կռիւներուն վարպետ հետախոյզ ըլլալուն համար: Խանձարուրի մէջ փաթթելով կ՚առնէ եղեր զիս ու «աղջիկը ձեզի» ըսելով՝ կը տանի մեր պարտէզի սալքարին վրայ՝ կը պատմէ, կ՚երգէ, կը սիրէ, կը հոտուըտայ, աչքերը կը լեցուին: Անոր միակ մանչ զաւակը գլխատուեր է մեծհօր գերեզմանին վրայ:
Հիմա կը մտածեմ՝ գիւ՞ղն էր օրհնեալ ի վերուստ, թէ օրհնութիւնը իրենք բերած կ՚ըլլային մեր տուն։
Հայրս յուզումով կը յիշէր իր աները ու կը ցաւէր, որ երկրորդ մանչ մը չէ ունեցած, որուն անունը Պօղոս պէտք է ըլլար:
Մեծհօրս հարստութիւնը ես եղած եմ, իսկ քեռմայրիս համար՝ մեր տան ամբարներուն լեցուն ըլլալը:
ԹԱԼԱՄԱ
Այծերու հսկայ հօտը սեւ հեղեղի մը պէս կը հոսէր Կիւնիկ լեռան սալուտէն ուղղակի Գազենց աղբիւրի սուլաքները, այսինքն առուի այն բաժինը, ուր ջուր կ՚ամբարուէր թումբերու ետին։ Ասիկա ջրտուքի պահն էր։ Միջօրէ։ Մենք՝ թաղի տղաքս, կը փութայինք հոն։ Տիգրանը, ապպայի գօտիէն սրինգը հանած` կը փչէր ջրտուքի եղանակը։ Այծերը դունչերնին կը թաթխէին ջուրին մէջ, “կը՜ռ-ռը՛դ, կը՜ռ-ռը՛դ” կը կրկնուէր հովիւի ջրտուքի կանչը։ Ոլորուն, երկար եղջիւրներով ահարկու նոխազները կը գռռային հօտին մէջ, ու անոնց մօրուքէն ջուր կը կաթկթէր։ Սրինգի մեղուշ գլգլոցին տակ այծերը կ՚ընկողմանէին սօսեաց անտառի շուքին ու կը մակաղէին։ Հովուական գամփռը գլուխը առջեւի երկու ոտքերուն վրայ դրած՝ կախ լեզուն շարժելով շունչ կը հաւաքէր։
Տարիներ ետք, երբ ժողովրդական նիւթեր կը ձայնագրէի, Քեսապի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ հանդիպեցայ վերապատուելի Եսայի Սարմազեանին։ Յայտնապէս յուզուած էր, որ կը մեկնի Գանատա։ Ո՛չ Հալէպի, ո՛չ ալ Պէյրութի իր եկեղեցական հովուական յուշերը պիտի յուզէին զայն այնքան, որքան Սալտրան լեռան լանջերուն պատանեկութեան տարիներու իր իսկական հովուական յուշերը։ Սրինգը պայուսակին մէջ էր, հանեց ու նուագեց ջրտուքի մեղեդին, ու նկատեցի, որ արցունք կար անոր աչքերուն։ Արձանագրեցի, նօթագրել տուի եւ հրատարակեցի քեսապցի հովիւներուն ջրտուքի մեղեդին։
Այսօր մեր կողմերը հովուական սրինգ չես գտներ, մետաղէ երկար խողովակ մը, որ շրթունքի մէկ կողմին հպելով կը փչէին։ Գաւալա կ՚ըսէին։ Եղեգով ու փայտով ալ կ՚ըլլար։
Հա, ուրկէ՛ սկսանք, ո՛ւր փախանք։ Կը շարուէինք խորունկ խանտակի(***) ափին ու կը սպասէինք, որ հովիւները նկատեն մեզ։
— Հը՛, — կ՚ըսէր Հաննո պապուկը, — ամանը պատրաստա՞ծ էք։
Այո , պատրաստած կ՚ըլլայինք։ Թզենիի ոստ մը կը կտրէինք, երկու ափաձեւ տերեւներ շիւղերով կը կարէինք ու փոքրիկ քթոցիկ մը կը շինէինք։ Մեծերն ալ նոյնը կ՚ընէին։ Մեր դրացի Վահան պապուկը այդպիսի ամանի մը մէջ տարուան առաջին թուզերը լեցուցած բերաւ տուաւ Ռահէլ Նանարին։
— Փոխ հաշուէ ասիկա, աղջիկ, — ըսաւ;
— Շնորհակալ եմ, թող այդպէս ըլլայ, մա՛րդ, — պատասխանեց կինը, որ բոլորս խնդացինք;
Հաննո պապուկը այծի երկար պտուկները սեղմելով արագ-արագ այծը կը կթէր, խաշ-խուշ, խաշ-խուշ, բուլը՝ տհաս թուզը, կը նետէր կաթին մէջ ու թզենիի ոստով կը խառնէր։ Բուլի կաթը՝ ճերմակ հիւթը, մակարդի պէս կը քարացնէր կաթը, ինչպէս պինդ մածուն։ Դափնիի տերեւով անյագօրէն կ՚ուտէինք։
— Թալամա՜… թալամա՜, — կը կանչէր Հաննո պապուկը նայելով խանտակի ափին կեցած ամչկոտ աղջնակներուն։
Թալամա… Աշխարհի ամենէն համով բանը կը թուէր մեզի. կը մտածեմ, պտղունց մը շաքարաւազ ցանէինք վրան՝ ուրի՜շ բան կ՚ըլլար։
Շաքարաւազը՝ ուրկէ՜…
(Շարունակելի)
***) Խանտակ — երկար փոս, բնական կամ արհեստական, խրամ, հեղեղատ։