ԱՐԱ ՄԽՍԵԱՆ
Կաղանդի ծառի լոյսերուն նուաղկոտ շողերը հազիւ տեսանելի կը դարձնէին վտիտ ճիւղերէն կախուած համեստ զարդերը։ Անձրեւը անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր կը տեղար դուրսը։ Կը տեղար մանաւանդ իրենց կպրապատ եւ դարուփոս տանիքին վրայ՝ միւս բոլոր տանիքներէն աւելի սաստիկ եւ անողոք։ Արամազդ ծառին առջեւ պէտք է կայնէր, որ հայրը զինք նկարէր կաղանդի այս բերկրառիթ տօնին առթիւ։ Եւ այդպէս՝ Արամազդ գերմարդկային ճիգով մը իր մարմնական ներկայութիւնը՝ մարդաչափ, անշունչ զարդի մը նման՝ ծառի կողքին տեղաւորեր էր, բայց սիրտը դուրսի ջրհեղեղին մէջ ինկած՝ տակաւ ջրամոյն կ՚ըլլար։
Ծառին քով, ընկուզենիի ընտիր փայտէ շինուած շքեղ, կլոր սեղանը՝ շրջապատի միւս կարասիներու համեստութեան հետ բաղդատած՝ իր գերադաս դիրքին գիտակցութենէն հարբած՝ կը յոխորտար։ Սակայն, միեւնոյն ատեն կը դժգոհէր իր գրաւիչ եւ ողորկ կորութիւնները քօղարկող թաւշեայ հինումաշ ծածկոցէն։
Արամազդ ձեռքը հանգչեցուցեր էր սեղանի պռունկին՝ յուսալով, որ թաւշեայ ծածկոցի ստեւներուն առթած հեշտանքը իր սիրտէն գոնէ մասնիկ մը խեղդամահութենէ փրկէր:
Պահ մը ետք, թաւշեայ ծածկոցին վրայ հանգչող ձեռքին մատները կը շոյէին Անահիտի երկար, շագանակագոյն վարսերը։ Անոր սիրուն գլուխը կը հակէր Արամազդի ուսին։ Վիզին վրայ զգաց Անահիտի արբեցուցիչ շունչը։ Աչքերը, որ դեռ րոպէ մը առաջ հանգած հրաբուխներ էին, կերպարանափոխուէր՝ եւ դարձեր էին մէյմէկ սիրավառ ջահեր։
Հայրը, որ քանի մը անգամ փորձեր էր ժպտեցնել Արամազդը՝ նկարելիք պատկերին ուրախ եւ տօնական երեւոյթ տալու՝ հիմա տեսնելով անոր աչքերէն ժայթող բոցերը՝ քայլ մը ետ գնաց, թողուց, որ կաշիէ փոկով վիզէն կախուած նկարիչ գործիքը կուրծքին վրայ հանգչի եւ հարցուց.
«Արամա՛զդ, տղաս, ի՞նչ է, լաւ չե՞ս զգար»։
«Շա՛տ լաւ եմ, հայրիկ, շնորհակալ եմ»։
«Լաւ ուրեմն, կեցիր նկարեմ. այս տարի ալ նկարդ հօրեղբօրդ կը ղրկենք, որ տեսնէ, թէ ի՛նչ ներկայանալի պատանի մը դարձեր ես. արդէն քանի մը շաբաթէն իրենց կը միանաս: Բժշկութեան կը հետեւիս անպայման, տղաս, որ շատ լաւ ապագայ մը ունենաս. յետոյ, եթէ Աստուած կամենայ, մեզ ալ Ամերիկա՝ քովդ կը բերես, եւ ուրախ զուարթ միասին կ՚ապրինք. արդէն այս կողմերը համ հոտ չմնաց»:
Արամազդ հօր ըսածներէն միայն քանի մը բառ լսած էր՝ «այս կողմերը համ հոտ չմնաց»… Տրամաբանական չէին այս բառերը. ինչպէ՞ս կարելի է ըսել, թէ տեղ մը, ուր Անահիտ կ՚ապրէր ու կը շնչէր, զուրկ է համէ եւ հոտէ… ինչպէ՞ս կարելի է… երբ ինք ամեն վայրկեան կը զգար Անահիտի համբոյրին ամբրոսեայ համը եւ ցնորեցնող բոյրը… Հալէպէն հազարաւոր մղոններ հեռու՝ Ամերիկայի մէջ, ինչպէ՞ս պիտի զգար նոյն համն ու բոյրը…
Ամիս մը ետք արդէն հօրեղբօր մօտ էր Արամազդ՝ Հալէպէն վեց հազար մղոն հեռու եւ Անահիտէն յաւիտեան բաժնուած:
Սուրճի գաւաթներ
Վեց, եօթը տարի առաջ, ամառ օր մը, կէսօրուան դէմ հանդիպումէ մը ետք տուն վերադարձիս՝ մեր թաղը հասնելէ հազիւ կէս վայրկեան առաջ, ուշադրութիւնս գրաւեց ճամբու եզերքի հեռախօսի ձողին վրայ գամուած ցուցատախտակ մը, որ խոշոր գիրերով կը ծանուցանէր կողքի տան բոլոր իրերուն եւ կահոյքին վաճառքի հանումը։ Անմիջապէս ինքնաշարժս կեցուցի, ներս մտայ եւ յարմար գիներէն օգտուելու յոյսով՝ սկսայ հապճեպ աչքէ անցնել ծախու ապրանքները։
Նախասենեակին մէջ խնամքով շարուած էին զանազան իրեր. դաստակի սլաքաւոր ժամացոյց մը՝ մէկ տոլար, զոր վերցուցի գնելու միտումով։ Երաժշտական խտասալիկներ՝ մէկական տոլար. խնամքով գործածուած նրբաճաշակ կօշիկներ, զոյգը՝ տասը տոլար. կօշկաձիգ մը՝ տասը սենթ. արեւարգել ակնոց մը՝ յիսուն սենթ — այս ալ կը գնեմ, գինը շատ մատչելի է՝ պիւտճէիս շատ կը յարմարի, ուստի՝ վերցուցի եւ յարաճուն հետաքրքրութեամբ շարունակեցի գնումի արշաւս. շուներու ճանկերը խարտոցող յեսանաքարէ գործիք մը՝ երկու տոլար. ձեռնափայտ մը՝ տասնհինգ տոլար — այս մէկին յուսամ դեռ երկար ատեն պէտք չեմ ունենար։
Մտայ նստասենեակ։ Թուայնացուած նկարիչ գործիք մը՝ քսանհինգ տոլար. լուսանկարներ շարժապատկերի վերածող գործիք մը՝ յիսուն տոլար. քիչ մը հին համակարգիչ մը՝ եօթանասունհինգ տոլար. տպագրիչ գործիք մը՝ տասը տոլար. բաւական մեծ լուսապաստառով՝ ժամանակավրէպ արհեստագիտութեամբ արտադրուած հեռուստացոյց մը՝ երեսունհինգ տոլար. ելեկտրական մանրամանր ալիքներով (microwave) գործող փուռ մը՝ չորս տոլար։
Անցայ ննջասենեակ։ Զարթուցիչ ժամացոյց մը՝ երեք տոլար, անկողնի ամբողջ սարք մը՝ հարիւր-յիսուն տոլար, ներքնազգեստներու ոչ-շատ հին պահարան մը՝ հարիւր տոլար, այրերու՝ ընտիր տեսակի շապիկներ՝ հինգական տոլար, նոյնքան ընտիր տաբատներ՝ եօթնական տոլար։
Հիւրասենեակի կահ-կարասիները այնքան պերճարուեստ վայելչութեամբ դասաւորուած էին, որ անկարելի պիտի ըլլար կռահել անոնց վաճառքի հանուած ըլլալը՝ եթէ ամեն մէկուն վրայ մեծ խնամքով զետեղուած խաւաքարտէ կոկիկ ցուցատախտակներ անոնց գիները չփսփսային։ Բազմելու հազուագիւտ վայելքներ խոստացող՝ հանգստաւէտ բազմոցներու ամբողջ կազմած մը՝ երկու հարիւր եօթանասունհինգ տոլար։ Հասակիս հաւասար, հռովմէական խոշոր թուանշաններով եւ ոսկեզօծ սլաքներով «մեծ հօր» ժամացոյց մը՝ (grandfather clock) երկու հարիւր տոլար։
Այս վերջինը, մեր համեստ բնակարանին մէջ ժամը անգամ մը իր տիրոջ անգոյ հարստութեան լուրը մրճահարելով՝ շատ անհեթեթ երեւոյթ մը պիտի պարզէ մեր հիւրերուն առջեւ։ Բարեկամներ, երբ մեզի այցելութեան գան, կրնան թիւրիմացաբար ենթադրել, թէ իսկապէս հարուստ ենք, եւ սկսին մեր մտացածին հարստութենէն իրենք ալ քիչ մը օգտուելու մեծ-մեծ ծրագիրներ մշակել. ո՛վ գիտէ, մինչեւ իսկ սպանական դղեակներ կերտելու յաւակնութիւններ սնուցանել՝ հիասթափութեան մատնուելու դատապարտուած իրենց միտքերուն մէջ։ Մեր այցելուները այդպիսի յուսախաբութիւններէ փրկելու մտահոգութեամբ՝ այդ մեծ եւ մեծագումար ժամացոյցը առանց գնումի ցանկիս վրայ աւելցնելու, կը թեքիմ դէպի ճաշասենեակ։
Ճաշասենեակը անօթութիւնս միտքս կը բերէ. արագ մը հոնկէ դուրս կ’ելլեմ եւ կ՚անցնիմ յարակից սենեակը, որ անօթութիւնս աւելի կը սրէ. — խոհանոցն է։ Պէտք է վայրկեան առաջ դուրս գալ այս տունէն, որ անողոք մրցակիցի նման իր յաղթանակի նախանձայոյզ դրօշը կը ծածանէ թէ՛ նիւթական սահմանափակ կարելիութիւններուս, թէ՛այդ պահուն զգացած անօթութեանս երեսին։
Խոհանոցէն դուրս պիտի ելլէի, երբ աչքիս ծայրով՝ մուտքին քովի սեղանին վրայ ծանօթ թուացող՝ գունաւոր բաներ մը նշմարեցի։ Դարձայ, եւ ի՞նչ տեսնեմ, սուրճի երկու գաւաթներ, որոնց վրայ դրոշմուած է հայկական եռագոյնը։ Վերցուցի երկու գաւաթներն ալ եւ գնումի միւս երկու իրերուն հետ ուղղուեցայ դէպի գանձակալ տիկինը։ Վճարելէ ետք, տիկնոջ հարցուցի տանտիրոջ անունը։ Տանտիրոջ ինքնութիւնը զիս կը հետաքրքրէր, անոր համար, որ տարիներու ընթացքին այս տան առջեւէն ինքնաշարժով քանի հարիւր անգամ անցած եմ եւ զինք դուրսը տեսնելով՝ ձեռքով բարեւ տուած եմ։ «Սէմ Չ…..եան էր» պատասխանեց տիկինը։ «Է՞ր… ուրեմն մահացա՞ծ է» հարց տուի։ «Այո», պատասխանեց տիկինը, «քանի մը շաբաթ առաջ մահացաւ. քսանհինգ տարի իր կնոչ՝ Կ-ին հետ այս տունը կը բնակէին»: Մի քանի հարցումով հասկցայ, որ կինը հայ չէ: Գանձակալ տիկինը յայտնեց, թէ Սէմի այրին կ՚ուզէ տունը ծախել եւ Ֆլորիտա նահանգը փոխադրուիլ, որ մեր նահանգէն շատ աւելի հաճոյալի կլիմայ կը տրամադրէ հոն բնակող երանելիներուն: Շնորհակալութիւն յայտնեցի եւ դուրս ելայ:
Զարմանալի հայ… տունէս՝ ոտքով հինգ վայրկեան, իսկ ինքնաշարժով ոչ իսկ կէս վայրկեան անդին գտնուող տան մը մէջ քսանհինգ տարի ապրած է հայ մարդ մը, որուն ծանօթանալու առիթ չեմ ունեցած կամ չեմ ստեղծած, բացի անկէ, որ բազմիցս՝ ձեռքով անցողակի բարեւ տուած ենք իրարու, առանց անդրադառնալու, որ երկուքս ալ հայ ենք. ո՛չ միայն հայ, այլ՝ երկուքս ալ օտարազգի կնոջ հետ ամուսնացած հայ: Թերեւս այդ է պատճառը, որ գաղութային ձեռնարկներու մէջ տասնամեակներու ընթացքին երբեք իրարու չենք հանդիպած… կ՚երեւի երկուքս ալ՝ մեր ազգադաւ արարքին ամօթէն հալածուած՝ առհասարակ, հեռու մնացած ենք այդպիսի հաւաքոյթներէ…
Մինչեւ հիմա գրասեղանիս աջ եւ ձախ կողմերը պատուական տեղ կը գրաւեն եռագոյնով զարդարուած երկու գաւաթները: Աջ կողմի գաւաթին մէջ տասնեակ մը մատիտ, իսկ ձախ կողմի գաւաթին մէջ ինքնահոս եւ չոր մելանէ գրիչներ կը պահեմ: Ամեն օր գոնէ մէկ անգամ երկար կը նայիմ այդ երկու գաւաթներուն եւ կ՚երեւակայեմ, որ նստած եմ գրասենեակիս մէջ, բայց ո՛չ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ուիսքանսըն Նահանգի Ռէյսին քաղաքին մէջ, այլ՝ ազատագրուած Հայաստանի նախնիներուս գեղաշէն Հաւաւ գիւղի (Բալու) դպրոցի ուսուցչարանին մէջ, ուր կը պատրաստեմ յաջորդ դասապահի դասացուցակը: Ուսուցչական ասպարէզին նուիրուիլ՝ պատանութեան տարիներու երազս էր, որ շատ մը ուրիշ երազներու նման սոսկ երազ մնաց: Մինչ, զոյգ գաւաթներուն վրայ դրոշմուած եռագոյնները թախծալի վէտվիտումներով՝ յուսախաբ մօր մը ճօճած գլուխին նման՝ լուռ կը պարսաւեն զիս:
Ռէյսին (Ուիսքանսըն)
