ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2021-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող, «Հորիզոն գրական»ի յունուար 2021-ի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

ԽՈԿՈՒՄՆԵՐ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ «ՄԱՏԵԱՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ»-Ի ՎՐԱՅ

ԳԱՌՆ
Զ.(*)
62

Երիցս ճշմարիտ է, Երկի՛ւղ,
որ փառքիդ առթած սոսկումով Կամքդ կը յայտնես։
Երիցս ճշմարիտ է, Իմաստութի՛ւն,
որ մարգարէաբարբառ պատուիրաններով Կամքդ կը յայտնես։
Երիցս ճշմարիտ է, Սէ՛ր,
որ Քրիստոսի Աւետարանով Կամքդ կը յայտնես։
Երիցս ճշմարիտ է, Շո՛ւնչ,
որ Հոգիիդ պարգեւներով եւ շնորհներով Կամքդ կը յայտնես։
Սակայն, Կենդանարա՛ր, այս լոյսով՝ կեանք կ՚արարես,
երբ իւրաքանչիւր օր Continue reading “ԽՈԿՈՒՄՆԵՐ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ «ՄԱՏԵԱՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ»-Ի ՎՐԱՅ”

ԿԸ ԿԱՐԾԷ

ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ

Ան կը կարծէ, որ կ՚անտեսեմ զինք։
Յաճախակի զրոյցի մէջ չեմ հետը, ճիշդ է։ Ծրագիրներս չեմ յայտներ իրեն, չեմ հարցներ կարծիքը, ինծի հանդէպ իր պատրաստակամութիւնը՝ երբեք։
Հազիւ խելքս բան մը փչէ, իսկոյն ճամբայ կ՚ելլեմ ցատկելով, առանց զինք նկատի ունենալու, կը թռիմ … եւ խեղճս հեւիհեւ ետեւէս հասնիլ կը ջանայ։ Չեմ իսկ դառնար ետիս՝ տեսնելու այդ ծանրակոյտը, որ ցաւերու Continue reading “ԿԸ ԿԱՐԾԷ”

ՊԱՏԵՐԱԶՄ… ԱԿՆԹԱՐԹՆԵՐ…

ՎՈՎԱ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Խաղաղութիւն նկարելու համար ինձ գունաւոր մատիտներ են պէտք, որովհետեւ գոյների մէջ են մնացել անմահ հերոսների դէմքերը, շունչը, այն ամենը, ինչը կապուած է իրենց հետ: Մի ուժ կայ։ Այն մեռնել չի սիրում։ Դա մեր գենն է, որ անգամ հողի տակ է մտնում մի պահ, իսկ յետոյ վեր յառնում՝ որպէս փիւնիկ։
Հողը խաղաղութեանը սպասել գիտի… Continue reading “ՊԱՏԵՐԱԶՄ… ԱԿՆԹԱՐԹՆԵՐ…”

ՓԱՆՋՈՒՆԻԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ

Խմբագրութեան կողմէ — Պատմաբանները, ռազմագէտներն ու քաղաքագէտները յաճախ կը նշեն պիւռոսեան յաղթանակներու մասին, ի պատիւ հին Յունաստանի զօրավարներէն ոմն Պիւռոսի, որ իր ճակատամարտները յաղթական կ՚աւարտէր՝ ռազմադաշտին կը տիրէր, սակայն ինք հակառակորդէն աւելի վնաս կրելով։ Իսկ մենք, ըլլալով իւրայատուկ ազգ, ունինք նաեւ յաղթանակի տեսակ մը, որ կը կոչուի մեր գրական մեծերէն Երուանդ Օտեանի անմահ հերոսի՝ Բ. Փանջունիի անունով։ Ընթերցողին կը ներկայացնենք անոր Ծապլվարեան նամականիի վերջին նամակը, ուր, ինչպէս կ՚ըսեն, մեկնաբանութիւնները աւելորդ են։

ՄԱՇԿԵՐՏ, 27 փետրուար, 1909

Սիրելի ընկերներ,
Յաղթութի՜ւն, յաղթութի՜ւն։ Վերջապէս մեր կորովի գաղափարային ազնիւ պայքարը անպայման տարաւ յաղթանակը, անկեղծ յեղափոխական սկզբունքը փրկուեցաւ, թէեւ Ծապլվար կործանեցաւ։- Ափսո՜ս, ի՞նչ անել, կարելի չէ ձուազեղ եփել առանց հաւկիթ կոտրելու, Continue reading “ՓԱՆՋՈՒՆԻԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ”

«ՀՈՐԻԶՈՆ ԳՐԱԿԱՆ»-Ի 2020 ՏԱՐՈՒԱՆ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՅՈՒՆՈՒԱՐ

Վահէ Սարգսեան, ՇԱՆ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ — էջ 1
Վրէժ-Արմէն, «ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՀԵՏ» — էջ 3
Զարինէ Սարաջեան, բանաստեղծութիւններ — էջ 5
«ՀՈՐԻԶՈՆ ԳՐԱԿԱՆ»-Ի 2019 ՏԱՐՈՒԱՆ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ — էջ 6
Գէորգ Պետիկեան, ԿԸ ՓՆՏՌԵՄ — էջ 8
Նանար Սիմոնեան, ՅԱԿՈԲ ԿԱՐԱՊԵՆՑԻ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ (Գ.) — էջ 9
Արմենակ Եղիայեան, ՍՐՏՑԱՒ ԿՐԿՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ — էջ 15 Continue reading “«ՀՈՐԻԶՈՆ ԳՐԱԿԱՆ»-Ի 2020 ՏԱՐՈՒԱՆ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ”

ՀԱՅՐԵՆԻ ՅՈՒՇԵՐ (Ա)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

1964-65 դպրոցական տարեշրջանին, — որ է ուսուցչական եօթնամեայ ասպարէզիս վերջինը, — միաժամանակ կը դասաւանդէի Մեսրոպեան եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարաններուն մէջ, երբ յունիսի սկիզբները հայրենի Կապի կոմիտէութեան կողմէ հրաւէր ստացայ մէկուկէս ամիսով Հայաստան այցելելու՝ «Սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերաորակաւորման դասընթացք»-ի ծիրէն ներս:
Այցելութիւնը պիտի սկսէր յուլիսին ու աւարտէր օգոստոսի կէսին:
Առ այս հրաւիրեալներուն թիւը ամբողջ սփիւռքէն կը հասնէր 45-ի:
Որքան ալ այս այցելութիւնները բաւական սովորական դարձած ըլլային Հրաչեայ Քոչարի՝ 1961-ին Լիբանան գալուստով, — եւ ահա չորրորդ տարին ըլլալով տեղի ունենային անոնք կանոնաւոր Continue reading “ՀԱՅՐԵՆԻ ՅՈՒՇԵՐ (Ա)”

Ասանկ բաներ — 2 *

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Տիկին Սեդան, որ կնոջս ամենէն մտերիմ ընկերուհիներէն է, անցեալ օր այլայլած հեռաձայնեց։
— Ի՞նչ կայ, խէր ըլլայ, ինչո՞ւ այդպէս նեղուած ես, — հարց տուաւ կինս։
— Չես գիտեր ի՛նչ եղաւ։ Դրամապանակս կորսնցուցի։
— Ո՞ւր գացած էիր, ի՞նչ գնեցիր վերջին անգամ։
— Հայ կեդրոն գացեր էի, եկեղեցւոյ տարեկան տուրքս վճարեմ ըսի, յետոյ ալ մոմ մը վառեմ։ Continue reading “Ասանկ բաներ — 2 *”