ՀԱՅՐԵՆԻ ՅՈՒՇԵՐ (Ա)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

1964-65 դպրոցական տարեշրջանին, — որ է ուսուցչական եօթնամեայ ասպարէզիս վերջինը, — միաժամանակ կը դասաւանդէի Մեսրոպեան եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարաններուն մէջ, երբ յունիսի սկիզբները հայրենի Կապի կոմիտէութեան կողմէ հրաւէր ստացայ մէկուկէս ամիսով Հայաստան այցելելու՝ «Սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերաորակաւորման դասընթացք»-ի ծիրէն ներս:
Այցելութիւնը պիտի սկսէր յուլիսին ու աւարտէր օգոստոսի կէսին:
Առ այս հրաւիրեալներուն թիւը ամբողջ սփիւռքէն կը հասնէր 45-ի:
Որքան ալ այս այցելութիւնները բաւական սովորական դարձած ըլլային Հրաչեայ Քոչարի՝ 1961-ին Լիբանան գալուստով, — եւ ահա չորրորդ տարին ըլլալով տեղի ունենային անոնք կանոնաւոր յաճախականութեամբ, — այսուհանդերձ անսովոր բախտաւորութիւն մը կը նկատէի զայն եւ մեծապէս շոյուած ու լիացած կը զգայի ինքզինքս, մանաւանդ որ այդ այցելութիւնը առիթ պիտի տար ինծի տեսնելու եղբայրս, որ 1946-ին փախստական անցած էր Հայաստան՝ անսփոփելի վիշտ պատճառելով ծնողքիս, որոնք մեռան՝ առանց տեսնելու զինք, իսկ ես զրկուեցայ մեծ եղբօր մը հոգեթով շուքէն ու հովանաւորութենէն: Նոյնհետայն պիտի տեսնէի նաեւ մօրաքոյրս եւ հօրաքոյրս, որոնք նմանապէս հայրենադարձուած էին այդ նոյն տարին, եւ բոլորն ալ հաստատուած էին այն ատեն՝ Կիրովական, ներկայիս՝ Վանաձոր քաղաքը:
Պիտի տեսնէի մանաւանդ Արտաշէս աշխարհակալի, Տիգրան մեծի, Արշակ Բ.-ի, Դրաստամատի ու Մեսրոպի աւանդ ձգած հողը կամ ինչ որ կը մնար անկէ:
Ուրեմն անցագրային (passeport) ու այցագրային (visa) այլազան ձեւակերպումներու ծիրէն ներս հարկ եղաւ քանի մը անգամ հանդիպիլ Խորհրդային դեսպանատուն, ուր ազերի գլխաւոր դեսպանին կողքին իբրեւ «Հայկական գործերու կցորդ» կը գտնուէր պատուական հայ երիտասարդ մը՝ Նորայր Աւետեանը, որ երեսունը անց պարթեւահասակ, գեղադէմ, շատ կիրթ ու տպաւորիչ անձնաւորութիւն մըն էր, որ պատիւ կը բերէր մեր համայնքին՝ նախ զինք ընտրողներուն ու առաքողներուն, ապա հայութեան՝ յաչս մեր տեղացի հայրենակիցներուն:
Մինչեւ հիմա ալ չեմ գիտցած, թէ ինչո՛ւ ամեն երթալուս՝ ան գործս կ՚աւարտէր, ապա միջոցը կը գտնէր կարճ դադար մը առնելու եւ դեսպանատան փոքրիկ պարտէզին մէջ զրուցելու հետս: Ռուս կին մը կը սպասարկէր մեզի, եւ շատ կը զարմանայի, երբ ամեն անգամ թէ՛ պաղպաղակ եւ թէ՛ լիմոնադ կը հրամցնէր, մինչ ես կը տրամաբանէի, որ ասոնցմէ մէկը պէտք է լայնօրէն բաւէր…:
Եղաւ պահ մը, ուր մտքէս անցաւ, թէ Աւետեան ինչ-որ՝ գաղութին ու անոր բաղկացուցիչ տարրերուն մասին գաղտնիքներ կ՚ուզէր կորզել ինձմէ, սակայն ըստ կարելւոյս վերլուծելով զինք հետաքրքրող հարցերը կամ ուղղած հարցումները, կ՚եզրակացնէի, թէ նման բան բացարձակապէս չկար, այլ բոլորովին սովորական նիւթերու շուրջ է որ կը դառնային մեր զրոյցները:
Դեսպանատուն այցելութիւններէս վերջինին էր, երբ այնտեղ տեսայ հանրածանօթ ուսուցիչ, գրագէտ եւ «Բագին»-ի խմբագիր Եդուարդ Պոյաճեանը…
Բայց ես պէտք է տասնհինգ տարի ետ երթամ՝ հասնելու համար 1950-ի հոկտեմբերը, այսինքն՝ նախակրթարանի չորրորդ տարուանս վերամուտը Աբգարեանի մէջ:

* * *

Այն տարի քիչ մը ուշ դպրոց արձանագրուեցայ եւ երբ դասարան մտայ, տեսայ ալեխառն ու ցրիւ մազերով ուսուցիչ մը, — «չորացած մի տղամարդ, երեւի բանաստեղծ կը լինի, բայց աւելի շուտ նման է ցամաք ընկած ծովահէնի, որ երազում է հեռաւոր ծովերի ասպատակութիւնները…», — այսպէս նկարագրած է Ա. Ծառուկեան անոր կերպարը («Մեծերը եւ միւսները», էջ 263), — որ հանգիստ նստած էր դասարանին կեդրոնը, աշակերտական գրասեղանի մը աթոռի յենարանին վրայ, նայուածքը ուղղած գրատախտակին, որուն առջեւ դասընկեր մը բաներ մը կը գրէր: Ան ոչ մէկ ուշադրութիւն դարձուց վրաս եւ ոչ մէկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց նորեկիս հանդէպ:
Այլ ռնգային շեշտուած ու շատ անախորժ արտասանութեամբ մը, — ուր դժուար էր զանազանել, թէ ձայնը բերնէ՞ն դուրս կու գար, թէ՞ քիթէն, —հարցաքննուող աշակերտին դիմեց դաժանագոյն շեշտով.
— Ո՞րն է այս նախադասութեան սեռի խնդիրը…
Հաւանաբար Եհովան այս նոյն շեշտով հարցուց Կայէնին. «Ո՞ւր է եղբայրդ»…
Ակնթարթի մը մէջ աշխարհը փուլ եկաւ գլխուս, եւ անբացատրելի սոսկում մը պատեց էութիւնս ի լուր այդ «սեռի խնդիր» կոչեցեալին, որ առաջին անգամ կը լսէի կեանքիս մէջ եւ բացարձակապէս ոչինչ կ՚ըսէր ինծի: Առաջին մտածումս եղաւ, թէ ընկերներս որքա՜ն պէտք է յառաջդիմած ըլլային, որպէսզի նման «գիտելիքի» տիրապետէին եւ հիմա ալ հարցաքննուէին, եւ ուրեմն որքա՜ն ետ մնացած պէտք է ըլլայի ես եւ ինչպէ՞ս պիտի կարենայի յաղթահարել այդ բացը… Ասոնք բոլորը կայծակի արագութեամբ անցան մտքէս՝ մթագնելով գիտակցութիւնս, խորապէս ընկճելով զիս, եւ անհուն ատելութեամբ մը լեցուեցայ այդ կացութեան խորհրդանիշը հանդիսացող «սեռի խնդիրի»-ին հանդէպ: Կը կարծէի, որ եթէ կարենամ ըմբռնել զայն, բոլոր դժուարութիւններս պիտի փարատէին, եւ ես պիտի կարենայի վերադառնալ իմ դպրոցական սովորական ու հեզասահ առօրեայիս:
Եւ ահա դէմս ունէի ուսուցիչ մը, որ վայրագօրէն թումբ կը կանգնէր անոր:
Այդ ուսուցիչը Եդուարդ Պոյաճեանն էր:

* * *

Չեմ յիշեր, թէ ի՛նչ բերին հետագայ օրերը, սակայն սա՛ եւս չեմ յիշեր, թէ տարին իր հետ աւարտած ըլլամ, քանի որ բացարձակապէս ոչ մէկ ուրիշ յիշատակ պահած եմ իրմէ ու չորրորդ դասարանի հայոց լեզուի ուսուցումէն ընդհանրապէս:
Այնուհետեւ ճիշդ տասնմէկ տարի ետք հանդիպեցայ իրեն այլ դպրոցի մը մէջ, բայց այս անգամ իբրեւ իր պաշտօնակիցը. ինք հայոց լեզու կը դասաւանդէր Brevet-ի կարգերուն, իսկ ես ուսողութիւն եւ ֆրանսերէն պիտի դասաւանդէի անոնց: Պատմեցի իրեն մեր առաջին հանդիպումի տագնապներուս եւ հոգեկան ահաբեկումիս մասին: Նոյն շուարած ու վերացած դէմքով եւ անորոշ նայուածքով կը փորձէր խուզարկել ներաշխարհին խորերը. զո՜ւր փորձեր, որովհետեւ ոչինչ յիշեց:
Իսկ ես շատ պիտի զարմանայի… եթէ յիշէր:
Դպրոցը ս. Նշանն էր, ուր այնուհետեւ միասին պաշտօնավարեցինք երեք տարի, մինչեւ որ չորրորդի նախօրեակին որոշուեցաւ, որ միջնակարգը առժամաբար պիտի փակուի, եւ մենք դուրս եկանք անկէ, ու այնուհետեւ կորսնցուցի իր հետքը, բայց ինք չկորսնցուց իմս, եւ ահա տարի մը ետք, այս հանդիպումը… խորհրդային դեսպանատան մէջ:
Երկուքս ալ անակնկալի եկանք, երբ պարզուեցաւ, որ հաւասարապէս հրաւիրուած ենք եւ, ուրեմն, պիտի միասին ճամբորդէինք:
Ես արդէն նաւու տոմսս գներ էի, երբ Պոյաճեան խնդրեց, որ իրեն ցոյց տամ ընկերութեան տեղը, ուստի միասին գացինք ճամբորդական գրասենեակ: Մտաւ ու կարճ պահ մը ետք դուրս եկաւ՝ շփոթահար ու ընդվզած.
— 250 լո պահանջեցին,— ըսաւ:
Մինչ ես իրեն ըսեր էի, որ միայն 200 վճարած էի շաբաթ մը առաջ:
Յայտնապէս ծուռ բանով մը կը սկսէր այս ճամբորդութիւնը:

* * *

Հայաստան ճամբորդութիւնը տեղի ունեցաւ, ուրեմն, 1965-ի յուլիսի սկիզբը, խորհրդային «Արմէնիա» ճամբորդական նաւով(1): Վեց օրէն հասանք Օդեսա՝ կարճ դադարներ առնելով Կիպրոս, Յունաստան, Պոլիս ու Վառնա: Գիշեր մը Օդեսա մնալէ ետք օդանաւով ուղղուեցանք Խրիմ, անկէ Թիֆլիս, ապա Երեւան, ուր իջեւանեցանք «Երեւան» հիւրանոցը: Այստեղ մեզի յատկացուցին ընդարձակ ննջասենեակ մը՝ կոկիկ հիւրասենեակով մը:
Մեր հասնելուն յաջորդ օրն էր. Պոյաճեանի հետ կ՚ընթրէի «Արմէնիա» հիւրանոցի ճաշարանը: Բաւական ուշ էր, երբ դուրս եկանք: Եւ ահա ան ըրաւ բոլորովին անսպասելի առաջարկ մը:
— Պէտք է Շիրազը տեսնեմ, — ըսաւ անփոյթ պարզութեամբ մը, որ զարմացուց զիս: Կարծես կ՚առաջարկէր դիմացի կրպակը մտնել ու խանութպանը տեսնել, այնքան պարզ կը թուէր իրեն Շիրազը տեսնելու գաղափարը: Մինչ ինծի համար անմատչելի, եթէ ոչ հեքիաթային, արարած մըն էր Շիրազ, որ այդ օրերուն հայութեան կուռքն էր եւ որուն հանդիպելու յոյսը այնքան ալ դիւրին փայփայելի երազ մը չէր, իսկ թէ ովքե՞ր իրաւունք ունէին նման յոյս մը փայփայելու, — ատոր պատասխանն ալ չունէի:
Ուրեմն ապշած թերահաւատութեամբ մը հարցուցի.
— Ըլլալիք բա՞ն է, ան ալ ա՛յս ժամուն:
— Ինչո՞ւ պիտի չըլլայ որ… Ես հասցէն ունիմ, — անայլայլ պատասխանեց՝ առանց թափանցելու իմ մտմտուքիս խորը ու բոլորովին բնական շեշտով մը:
Ուրեմն լուրջ էր, կարելի էր երազը իրականացնելու մասին մտածել:
Ի՛նչ զուգադիպութիւն. անցորդի մը հարցուցինք, ու բանէն դուրս եկաւ, որ Շիրազ շատ մօտ կը բնակէր «Արմէնիա»-յին, «Լենինեան պրոսպեկտ» կոչուած պողոտայի, — ուր կը գտնուէինք արդէն, — ներքին մէկ շէնքի առաջին յարկը:
Դիւրաւ գտանք այդ բնակարանը, եւ անոր փակ դռան կից, պատին վրայ տեսայ մետաղեայ փորագիր տախտակ մը, որ կը կրէր Շիրազի՝ ինծի շատ ծանօթ ստորագրութիւնը, որուն առաջին անգամ հանդիպած էի հայոց լեզուի դասագիրքիս մէջ՝ իր քերթուածներուն տակ:
Զանգը զարկի, եւ ներսէն արական անհանգիստ ձայն մը ինքնութիւն հարցուց:
Երկրորդ անգամ զարկի, եւ ահա դուռը թիզի մը չափ հեռացաւ շրջանակէն, որուն շղթայուած էր ան, եւ արանքէն երեւցաւ չափահաս տղամարդ մը՝ վարտիքով եւ կարճ ներքնաշապիկով մը, երկար ու խառնակ մազերով. ինքը՝ Շիրազը:
— Ո՞վ էք, ի՞նչ կ՚ուզէք, — հարցուց՝ օտարոտի ու խրտչած շեշտով մը:
Պոյաճեան դասը լաւ սորված աշակերտի մը պէս նախ տուաւ իր անունը, ապա յայտնեց թէ կու գայ Պօղոս Սնապեանի կողմէ, եւ քիչ մըն ալ յստակացնելու համար այս բոլորը յիշատակեց «Բագին»-ը՝ յուսալով որ այսքանը պէտք է բան մը ըսէին Շիրազին:
Ներսէն մանկական ու կանացի անորոշ ձայներ կը լսուէին:
Շիրազ անդրդուելի մնաց:
— Ես ձեզ չեմ ճանաչում, — ըսաւ վանողական, չըսելու համար՝ արհամարհական, շեշտով մը ու փակեց կիսաբաց դուռը:
Պոյաճեան արձանացաւ. ոչ մէկ շարժռւմ, ոչ մէկ բառ:
Ինքս անճրկած ու ամօթահար էի… ընկերոջս հաշուոյն:
Ես այս ամբողջ վերաբերումին մէջ անանուն ու անծանօթ հասցէատէր մըն էի, ուստի այնքան ալ ազդուած չէի, սակայն կը մտածէի այն խոր վիրաւորանքին մասին, որ Պոյաճեան կրնար արդարօրէն զգացած ըլլալ այն բոլոր հանգամանքներովը, որ կը ներկայացնէր. ինք սփիւռքահայ ուսուցիչ մըն էր, գրական շատ ծանօթ ու փնտռուած պարբերաթերթի մը խմբագիրը եւ գրող մը՝ հեղինակ բազմաթիւ հրատարակութիւններու եւ առ այդ ունէր չգրուած իրաւունքներ, որոնք հիմա կը զլացուէին իրեն հայրենի անուանի ու սիրուած գրչակիցէ մը:
Ոչինչ ըսաւ, ոչինչ ըսի:
Լուռ ու գլխահակ իջանք աստիճաններէն ու ելանք փողոց, որ գրեթէ ամայի էր: Հազիւ քանի մը քայլ առած էինք, երբ տեղի տալով կրած վիրաւորանքին՝ յանկարծ պայթեցաւ եւ աւրեց բերանը… մուսալեռեան երգեցիկ բարբառով ու գունագեղ բառամթերքով՝ տո՛ւր հա կու տաս: Ձայնին կ՚ընկերանար թեւերուն շարժումը, որով կարծես կը կռուէր շօշափելի ուրուականի մը դէմ:
Ես այն օրը անդրադարձայ, թէ որքա՜ն գունագեղ կրնայ ըլլալ մուսալեռցիի մը բառապաշարը:
Չմիջամտեցի, ձգեցի որ ազատօրէն պարպուի, սակայն կը թուի, թէ շատ կուտակուած էր մաղձը եւ զայն սպառելու դժուարութիւն ունէր: Ի վերջ բանիս՝ լռեց, հրապարակային, — եւ բացօթեայ, — երդում տալէ ետք, որ ա՛լ պիտի չյիշէր Շիրազը եւ անունն անգամ բերանը պիտի չառնէր: Թող երթայ ու հասկնայ:
Ու վե՛րջ:
Գիշերը զգալիօրէն յառաջացած էր, եւ հարկ չկար աւելի երկարելու:
Մտանք պանդոկ:

* * *

Միւս օրը բաւական կանուխ ոտքի էինք:
Ես մէջտեղերը կը դառնայի՝ գիշերուան տպաւորութեան բեռան տակ, իսկ Պոյաճեան կ՚ածիլուէր: Չէի համարձակեր խօսք բանալ՝ սպասելով, որ ինք ըլլար առաջին խօսողը, մինչ ինք ալ ի՛ր կարգին, բոլորովին սմքած, բնաւ տրամադրութիւն չունէր ձայն հանելու, երբ հեռախօսը անակնկալօրէն հնչեց ու օգնութեան հասաւ:
Վազեցի ընկալուչին:
Արական յստակ ու մեղմ ձայն մը Պոյաճեանը կ՚ուզէր:
— Կ՚ածիլուի, — պատասխանեցի, — ո՞վ կ՚ըլլայիք:
— Ես Շիրազն եմ, — լսուեցաւ:
— Կ՚ածիլուի, Շիրազ ջան, կրնա՞մ թիւդ ունենալ:
Եւ ունեցայ:
— Աչքդ լոյս, — ըսի՝ փութալով քովը, — Շիրազն էր, քեզ կ՚ուզէր, ահա թիւը:
Կարծես չհաւատաց ականջին, պահ մը դադրեցուց շարժումները ու հարցական նայեցաւ երեսիս՝ խոշոր բանալով աչքերը, որոնք աւելի խաղաղ կը թուէին հիմա:
— Այո՜, — շեշտեցի, — եւ շատ կակուղցած էր, կը սպասէ, որ կապուիս հետը:
Սառը հալած էր, ուրեմն, չեմ ալ գիտեր, թէ ան իրապէս գոյութիւն ունեցա՞ծ էր:
Չուզեցի ականջալուր ըլլալ անոնց խօսակցութեան, ուստի իջայ վար՝ սեղանատուն:
Գիտեմ, որ անոնք հանդիպեցան, սակայն չեմ գիտեր, թէ ճիշդ ի՛նչ հետեւողութիւն ունեցաւ այդ հանդիպումը, որքա՛ն ու ի՛նչ յաճախականութեամբ ու որակով շարունակուեցաւ ան:

* * *

Այնուհետեւ ես առիթը ունեցայ մօտէն ճանչնալու Շիրազը՝ արձանագրել կարենալու համար անոր ձայնին բոլոր նրբերանգները: Այն գիշեր կիսաբաց դռան ետեւէն լսած ձայնս ուրիշ էր, ուրիշ շեշտ ու տագնապ կը բովանդակէր ան եւ ուրիշ բան կը մատնէր:
Մենք շատ հեռու չէինք յիշատակէն այն օրերուն, ուր այդպիսի ժամու չարաշուք ձեռքեր նմանապէս կը զարնէին մարդոց դռները, եւ ընտանեկան խաղաղ ու ջերմիկ ծոցէն խլելով քաղաքացին՝ կը թխմէին դուրսը սպասող սեւ ինքնաշարժին մէջ ու անվերադարձ կը տանէին անյայտ ուղղութեամբ: Այս բոլորը սփիւռքահայերս բերանացի կ՚իմանայինք, մինչ հայաստանցին իր կամ հարազատին մաշկին վրայ կը ճանչնար:
Շիրազ միշտ ալ ապրած է գիշերային կալանաւորումի յաճախանքը, քանի ոչ մէկ ատեն հաշտ եղած է ան իշխանութեան հետ: Մերթ ընդ մերթ հիւրընկալուած է նաեւ միլիցատունի(2) մեկուսարանին մէջ, չհաշուած յաւուր պատշաճի տնային կալանքները: Այդ վախը հիմա աւելի շեշտուած էր իր մէջ, երբ բոլորովին վերջերս կնքած էր երկրորդ ամուսնութիւն մը՝ իր կէս տարիքով աղջկան մը՝ Շուշանի հետ, շուտով հայր դառնալու համար եօթը նոր զաւակներու(3), որոնց բոլորն ալ հօր տաքուկ շունչին ու հացին կարիքը ունէին եւ որոնց մէկ քանիին մատղաշ ձայները կը լսուէին դռան ետեւէն:

* * *

Այդ չարաշուք գիշերէն ետք Շիրազին առաջին անգամ հանդիպեցայ փողոցը, Աբովեանի վրայ, պանդոկէս քանի մը քայլ անդին, ուր նշմարեցի համախմբում մը, մասնաւորաբար երիտասարդներու, որոնք շրջապատած էին առիւծի բաշերով, յաղթանդամ ու գեղեցիկ տղամարդ մը, որ, ուրեմն, ինքն էր: Ես կը գտնուէի հանդիպակաց մայթին վրայ, այսինքն՝ մօտաւորապէս 10-12 մ անդին այդ խումբէն: Շիրազ դժուար ոտքի կը պահէր ինքզինք, վասնզի հարբած էր, մինչ տղաքը այլազան հարցումներ կը տեղացնէին անոր գլխուն:
Բաւական դիտեցի՝ առանց մօտենալու, մինչեւ որ զինք օղակող շղթան լուծուեցաւ, եւ ան ձերբազատեցաւ իր ընթացքը կաշկանդողներու հարցումներէն ու ձեռքէն… խոշոր լուտանք մը արձակելով Գերմանիոյ Վիլհելմ կայսեր հասցէին ու հեռացաւ տատանելով:
Այնուհետեւ կը պատահէր, որ պանդոկին պատշգամէն տեսնէի անոր մուտքը ճիշդ մեր տակը գտնուող փոքրիկ ճաշարանը, ուրկէ դուրս կու գար հազիւ վայրկեան մը անց: Այս ակնթարթային այցելութիւնները սկսան հետաքրքրել զիս եւ օր մըն ալ հարցուցի այնտեղ ծառայող տղեկին անոնց իմաստը:
— Գաւաթ մը կոնեակ կը խմէ մէկ ումպով ու կ՚ելլէ, — լուսաբանեց ան: Տնօրէնը ձրի կու տայ կոնեակը, որովհետեւ «շատ է սիրում Շիրազին»:

* * *

Յաջորդ հանդիպումը պատահեցաւ այսպէս.
Սուրիահայ ընկերոջ մը հետ կ՚ընթրէի «Արմէնիա»-յի ճաշարանը, երբ քանի մը սեղան անդին տեսայ Շիրազը՝ երեք ուրիշ տղամարդոց հետ: Վերջը իմացայ, որ անոնցմէ մէկը Աւետիք Իսահակեանի ճարտարապետ զաւակն է: Սպասեակէն ապսպրեցի, որ շիշ մը կոնեակ տանի անոնց սեղանը: Ինչ որ իսկոյն կատարուեցաւ, եւ ահա տեսայ Շիրազը, որ ոտքի ելաւ, ձեռքը կուրծքին տանելով եւ ամբողջ հասակովը շատ ցուցականօրէն խոնարհելով հեռուանց շնորհակալութիւն յայտնեց՝ աւելցնելով, որ այլեւս «չի խմում…»: Ա՛ռ քեզի զուգադիպութիւն. մեր կոնեակի՞ն կը սպասէր խմիչքը ձգելու համար:
Հինգ վայրկեան չէր անցած, երբ մեր սեղանին թառեցաւ շամփայնի պատկառելի շիշ մը՝ «ի փոխադարձութիւն Շիրազի կողմից», — ինչպէս յայտնեց սպասեակը: Այս անգամ հերթը իմս էր… խոնարհելու:
Իսկ երրորդ հանդիպումս տեղի ունեցաւ «Արմէնիա»-յի դիմացը, մեծ գրախանութին առջեւ, ընդարձակ մայթին վրայ, ուր կը գտնուէինք սփիւռքահայ ուսուցիչներու ստուար խումբով մը, երբ մէկ ալ Շիրազ ինկաւ մեր ցանցին մէջ: Ճանչցողները ուրախութեան ճիչերով դիմաւորեցին անակնկալը, եւ գրեթէ ամբողջ խումբը շրջապատեց զինք: Ոմանք խելքերնին պիտի թռցնէին, իսկ Շիրազ նուազ խանդավառ չէր սփիւռքահայ այսքան մեծաթիւ ուսուցիչներու ներկայութեամբ: Ամեն ոք բան մը ունէր ըսելիք, եւ ան փորձեց պատասխանել բոլորին, ապա սկսաւ մեծ ախորժակով շափ-շուփ համբուրել կազմի բոլոր կիները:
Խումբին մէջ կը գտնուէր եթովպահայուհի մը, յառաջացած տարիքով, կարճահասակ, շատ թուխ մաշկով, որ ըստ սովորութեանը ծեփած էր շպարի հաստ խաւով մը, որուն վրայ ակօսներ բացած էր կէսօրուան կիզիչ քրտինքը… Ուրեմն երբ մեքենաբար անոր թեւերէն ալ բռնեց՝ շուրթերը մօտեցնելու համար այտին, յանկարծ խրտչած կանգ առաւ.
— Այս ի՛նչ տգեղ կին է, — ըսելով…
Լսողները պահ մը արձանացան:
Բարեբախտաբար մէկը իսկոյն միջամտեց.
— Բայց հոգին գեղեցիկ է, պարո՛ն Շիրազ…
Անըմբռնելի հոգեփոխութեամբ մը յանկարծ դէմքէն անհետացաւ տհաճութեան արտայայտութիւնը եւ գորովագին համբուրեց զայն քանի մը անգամ՝ զարմացնելով բոլորս:

* * *

Օրերը կ՚անցնէին, եւ ակնկալած մտերմութիւնս չէր հաստատուեր:
Այս անգամ կէսօր մըն էր եւ նոյն «Արմէնիա»-յի մէջ կը ճաշէինք ես եւ ֆրանսահայ երկու ուսուցչուհիներ: Ասոնցմէ մէկը՝ 60-ի շուրջ, սպիտակ ու միշտ շպարուած դէմքով, կարճահասակ, մեղմաբարոյ, բամբակի պէս փափուկ օր. Աղաւնին էր: Միւսը՝ Սոնան, քսանը նոր աւարտած, շէնշող ու թովիչ երիտասարդուհի մըն էր, սլացիկ ու բարեձեւ հասակով, թրթռուն ձայնով, որ անուշ մեղեդիի մը պէս հնչէր: Չեմ յիշեր ի՛նչ հարց ունեցած էր Պոլիս, եւ ծնողքը ապահովութեան համար Փարիզ ղրկած էին զինք:
Երկուքն ալ «Դպրոցասէր»-ի ուսուցչուհի էին:
Ճաշը գրեթէ աւարտած էինք, երբ պատահաբար յայտնեցի, որ Շիրազի տունը միայն քայլ մը անդին է, քովնտի փողոցին մէջ: Եւ ահա Սոնան էր, որ որսաց առիթը եւ սկսաւ թախանձագին խնդրել-աղաչել, որ անպայման հանդիպում մը ունենանք հետը: Առաջինը օր. Աղաւնին հարցուց անակնկալի եկած.
— Ինչպէ՞ս…
— Հեռաձայնենք եւ հրաւիրենք, — պնդեց Սոնա, — փորձե՛նք:
Հեռաձայնեցի:
Բացատրեցի կացութիւնը՝ շեշտելով, որ երկու փարիզահայուհիներ անհամբեր են իրեն հանդիպելու: Եւ իրօք ալ Շիրազ դիւրաւ ընդունեց հրաւէրը՝ «գալիս եմ» ըսելով:
Ժամադրուեցանք գետնայարկը գտնուող պաղպաղականոցը, որ այն ատեն «մարոժնի» կը կոչէին տեղացիները:
Ուրեմն կը սպասէինք, որ Շիրազ գար, ու ապա ապսպրէինք, երբ օր. Աղաւնի զուգարան գնաց՝ «կարգի դնելու ինքզինք»: Տակաւին չէր վերադարձած, երբ Շիրազ մուտք գործեց: Ոտքի ընդունեցի զինք ու ներկայացուցի Սոնային: Աչքերը փայլատակեցին պահ մը՝ ի տես անոր շքեղ ու թովիչ կերպարանքին, եւ երկար համբուրեց զայն: Ապա, մինչ կը պատրաստուէր նստելու անոր կից, հրաւիրեցի քովս՝ հասկցնելով, որ Սոնային քովի աթոռը «կը պատկանի օր. Աղաւնիին»:
Չեմ գիտեր ինչու, այս անունը շատ խոր տպաւորեց զինք, թեւ ու թռիչք տուաւ երեւակայութեանը եւ… ախորժակին, քանի մը անգամ կրկնեց «Աղաւնիկ»՝ գլուխը շարժելով եւ անհամբերութեան անըմբռնելի նշաններ ցոյց տալով:
Մինչեւ անգամ հարցուց. «Ո՞ւր մնաց օր. Աղաւնիկը»:
Նկատեցի, որ ան կու գար:
— Ահա ինքն է, գալիս է, — աւետեցի:
Շիրազ նայեցաւ ցոյց տուած ուղղութեամբս, սակայն կրկնեց հարցումը՝ ո՞ւր է: Չէր ուզեր տեսնել դէպի մեզի յառաջացող օր. Աղաւնին, որովհետեւ աչքերը կ՚ակնկալէին ու կը փնտռէին ուրիշ Սոնա մը՝ նոյնքան փարթամ, շքեղ ու զգլխիչ:
Քիչ մը աւելի կեդրոնացուցի ուշադրութիւնը օր. Աղաւնիին վրայ, որ յուշիկ քայլերով ու ժպտադէմ կը հասնէր, ու անգամ մըն ալ շեշտեցի. «Ահա ի՛նքն է», — ու անդրադարձաւ…
Հետաքրքրութիւնը յանկարծ մարեցաւ, աչքերուն կրակը անհետացաւ, ինքնիր վրայ փուլ եկաւ…
— Ախր սա աղաւնիկ չէ, ագռաւնի՛կ է, — փախցուց բերնէն՝ ակնթարթային պատրաստաբանութեամբ մը, որ շուարումի մատնեց զիս, մինչ օր. Աղաւնի, աշխարհէն անտեղեակ, արդէն հասած էր՝ ծեքծեքուն լայն ժպիտով մը ձեռքը երկարելով Շիրազին:
Շունչ մը առի, երբ Շիրազ այս անգամ եւս փրկեց կացութիւնը՝ օր. Աղաւնիի նոր շպարուած այտերուն դրոշմելով իր շափ-շուփ համբոյրները:

* * *

Այդ յաջողութենէն քաջալերուած՝ առանձին հանդիպումներ ալ առաջարկեցի Շիրազին, որ սիրայօժար ընդունեց, քանի որ, — ինչպէս երեւան եկաւ, — փաստօրէն գրեթէ ընելիք մը չունէր ան կեանքի մէջ, քիչ մը ամեն խորհրդային գրողի պէս, որ ունի կայուն թոշակ մը, որով իշխանութիւնը պատանդ կը վերցնէր գրողին խիղճն ու գրիչը. լաւագոյն պարագային ատենը մէյ մը լոյս կը տեսնէր անոր մէկ գործը՝ յաւելեալ եկամուտ մը ապահովելով գրողին, ու ան կը գոհանար նման գորշ կեանքով մը:
Այստեղ իրենց դերակատարութիւնը ունէին տակաւին հազար ու մէկ մեքենայութիւններ, որոնք պատճառ կը դառնային, որ հեղինակ մը յաջողէր շուտ-շուտ լոյս ընծայել իր գործը, մինչ ուրիշ մը ստիպուած ըլլար երկար տարիներ սպասել նման բախտի ու մինչ այդ տապկուիլ իր համեստ թոշակով՝ վարելով տաղտկալի, երբեմն կիսաքաղց կեանք մը եւ միշտ երազելով «ազատ աշխարհի առաւելութիւնները»:
Երեւոյթները ցոյց կու տային, որ այդ մրցակցութեան մէջ ընդհանրապէս կորսնցնող էր Շիրազ. եւ խեղճ էր ան: Կրնար ամբոխներ խանդավառել ու խենթացնել, սակայն անդին տունը սառնարան մը չունէր եւ չէր կրնար դարմանել տալ քայքայուած ակռաները, որոնք թէ՛ կը դժուարացնէին սննդառութիւնը ու կ՚աղաւաղէին առոգանութիւնը, թէ՛ կ՚այլանդակէին իր գեղեցիկ կերպարը: Միւս կողմէ՝ չիրականացաւ նաեւ անոր՝ գոնէ մէկ անգամ արտասահման երթալու ակնկալութիւնն ալ՝ հակառակ բազմաթիւ հրաւէրներու, ու այդ դառնութեամբ ալ մեռաւ, մինչ անդին, օրինակ, իր երբեմնի կինը՝ Սիլվա Կապուտիկեանը, միջոցը կը գտնէր տարին անգամ մը դուրս գալու խորհրդային դրախտէն եւ վերադառնալու՝ լեցուն ճամպրուկներով ու ոսկիով ծանրաբեռնուած թեւերով ու պարանոցով: Տակաւին ան կը յաջողէր գրեթէ ամեն տարի իր մէկ գործը հրատարակել կամ վերահրատարակել տալ, չհաշուած այն պատկառելի թոշակը, որ կը ստանար իբրեւ Համամիութենական խորհրդարանի պատգամաւորուհի, եւ ուրիշ վճարովի պաշտօններ ալ, որ կը կատարէր Հայաստանի մէջ:
Յայտնօրէն՝ Շիրազը խորհրդային ագարակի մի՛այն «հաւասարներէն» էր, իսկ կինը՝ «աւելի հաւասարներէն»:

ՈՐԴԻԱԿԱՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
— «Երեկոյեան հաւաքւում էինք հայրիկի մահճակալի շուրջը եւ պատմում մեր յօրինած հեքիաթը, եւ վա՜յ, եթե յանկարծ ռուսերէն կամ օտար մի բառ օգտագործէինք` հայրիկը շատ էր բարկանում: Նա մեզ հոգեւոր արժէքներով է մեծացրել. մենք ունեւոր չէինք, չքաւորութիւն կար ընտանիքում, բայց հայրիկն այնպէս էր անում, որ չզգայինք դա, նա ներշնչում էր արուեստի մարդ լինելու կարեւորութիւնը: Մեր տան մէջ, օրինակ, սառնարան է յայտնուել հայրիկի մահից յետոյ: Սառնարանն ի՞նչ էր` ամեն մարդ ունէր, մենք չունէինք: Հայրիկին ուշ սկսեցին տպագրել, միշտ պահանջի մէջ էինք»։

ՎԱՆԱՆԴ (Շիրազի զաւակներէն մէկը)

(Շարունակելի)

ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1 Օդային կապ տակաւին հաստատուած չէր: Ուսուցիչներու վերադարձը, սակայն, տեղի կ՚ունենար օդանաւով, որուն ծախսը կը հոգար հայրենի իշխանութիւնը: Ենթական Երեւանէն նախ կը թռչէր դէպի Մոսկուա, իսկ Մոսկուայէն, Եւրոպայի վրայով, — ուր ազատ կը ձգուէր ան նոյնիսկ էջք կատարելու ու մնալու ժամանակ մը, — օդանաւային եւրոպական ընկերութեան մը միջոցաւ կը վերադառնար իր երկիրը: Այնպիսի մեծ ծախս մըն էր այս, որ դժուար թէ հայ ուսուցիչ մը կարենար իր քսակէն հոգալ:
2 Ոստիկանատուն
3 Շիրազ ունէր մանչ մըն ալ՝ Արան, 1941-ի ծնունդ, իր առաջին կնոջմէ՝ Ս. Կապուտիկեանէն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *