Ասանկ բաներ — 2 *

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Տիկին Սեդան, որ կնոջս ամենէն մտերիմ ընկերուհիներէն է, անցեալ օր այլայլած հեռաձայնեց։
— Ի՞նչ կայ, խէր ըլլայ, ինչո՞ւ այդպէս նեղուած ես, — հարց տուաւ կինս։
— Չես գիտեր ի՛նչ եղաւ։ Դրամապանակս կորսնցուցի։
— Ո՞ւր գացած էիր, ի՞նչ գնեցիր վերջին անգամ։
— Հայ կեդրոն գացեր էի, եկեղեցւոյ տարեկան տուրքս վճարեմ ըսի, յետոյ ալ մոմ մը վառեմ։
— Մի՛ մտահոգուիր, կը գտնուի, մեզի ալ կը պատահի։ Անցեալ օր ամուսինս…
— Վայրկեան մը սպասէ, սպասէ, — ըսաւ տիկին Սեդան, — միւս հեռաձայնը կը զարնէ։
Քիչ ետք ան վերադարձաւ, հանդարտած, ու տեղեկացուց, թէ դիւանատունէն լուր տուին, որ դրամապանակը գտեր են. եկեղեցին գետին ինկեր էր, կ՚երեւի մոմ վառած ատեն։

Բայց կ՚արժէ ինծի՛ պատահածը պատմեմ։ Թէեւ նոյն վայրերուն մէջ ես ալ բանալինե՛րս կորսնցուցի, սակայն դիպաշարը տարբեր է։
Ճիշտը ըսելու համար, երբ Կեդրոնէն տուն վերադարձայ ու կառատունը ինքնաշարժս կայանելէ ետք անոր բանալիներու տրցակը առի, որ ինքաշխատ սարքով դուռը կղպեմ, անդրադարձայ, թէ գրպանէս կը պակսէր ուրիշ տրցակ մը՝ Կեդրոնի ինծի մատչելի սենեակներուն բանալիներու խումբը։ Վայրկենական հասկցայ ի՛նչ կրնար եղած ըլլալ. բանալիներս վերարկուիս աջ գրպանը դրած էի եւ ինչ որ պէտք չէր, որ ըրած ըլլայի՝ ձեռնոցս ալ նոյն գրպանը խոթեր էի, ու զայն հանած ատենս, տրցակներէն մէկն ալ դուրս եկած ու ինկած ըլլալու էր։ Ձիւնած ալ էր, ուստի չէի լսած իյնալու ձայնը։ Հիմա կը հեռաձայնեմ ու կը գտնեն, — անցուցի մտքէս։
Բայց ե՞ս ինչու Հայ կեդրոն գացեր էի։ Արուեստագէտ ընկերներէս մէկը իր նկարներու վերջերս հրատարակած ալբոմը խմբագրատուն ձգած պիտի ըլլար, որպէսզի անոր մէջէն ընտրեմ քանի մը գործ՝ յաջորդ հատորս գեղազարդելու համար։ Այդպէս ըրեր էի նախորդ հատորներուս ալ պարագային ու վայելած այդ արուեստագէտ ընկերներուս անվերապահ գործակցութիւնը։
Այդպէս ալ մտայ խմբագրատուն, գտայ ալբոմը իմ “նամակատուփիս”, այսինքն՝ թերթերով ծանրաբեռնուած դարակներուն վրայ դրուած խաւաքարտէ այն տուփին մէջ, որ իբր այդ կը ծառայէ ինծի, ապա նկատեցի նաեւ, որ շաբաթաթերթի տնօրէնուհիին գրասեղանին քով ինծի համար ձգուած տոպրակ մըն ալ կար, որ ուրիշ ընկեր մը բերեր էր ու իմ տնօրինութեան յանձներ։ Քանի մը հին գիրքեր էին, ա՛լ կարդացող չկար կ՚երեւի, ու ինծի ձգած էր որոշել, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ անոնց ճակատագիրը։
Դիւրին կարդացուող վէպեր էին, Սմբատ Բիւրատէն եւ ուրիշներէ, ոմանք ոճիր—արկածային վէպերու թարգմանութիւններ, մէկ հատ Երուանդ Օտեան, ընդհանուրը վեց կամ եօթը հատոր։ Հետաքրքրականը այն էր, որ բոլորն ալ Աղեքսանդրիա տպուած էին, անցեալ դարու առաջին տասնամեակներուն, կ՚արժէր գէթ իբր հնութիւն պահել։ Ուստի նոյն տոպրակով առի—տարի “Համազգային”—ի գրադարանը, հոն մուտքի սեղանին վրայ դնելու համար, փոքր բացատրական նոթով մը։
Բայց հոն ալ անակնկալ մը կը սպասէր ինծի, այլապէս այս պատմութիւնը նուազ հետաքրքրական պիտի ըլլար։ Անակնկալ չէր տեսնել, որ նոյնիսկ համավարակի այս օրերուն, երբ գրադարանն ալ բաց չէ հանրութեան առջեւ, ուրիշներ ալ նոյն գաղափարը ունեցած էին ու իրենց գիրքերը բերած յանձնած գրադարանին։ Ի դէպ, ասիկա ուրիշ համաճարակ մըն է, մեծ թիւով զոհերով (գիրքերուն կ՚ակնարկեմ), բայց այդ մասին հոս չէ տեղը խօսելու։ Մեր խղճամիտ գրադարանավարերն ալ այդ ստացուած գիրքերը խումբ—խումբ շարեր, մեծ սնտուկի մը մէջ ալ զետեղեր էին անոնցմէ ոմանք, — հաւանաբար արդէն պահեստին մէջ եղածներու կրկնօրինակներ, — որպէսզի երբ Կեդրոնը վերաբացուի, ոչինչ գիներով այդ գիրքերը տրամադրեն փափագողներուն։
Գրասեղանին վրայ շարուած գիրքերուն մէջ ի՛մ ալ առաջին հատորներէս քանի մը օրինակ կար, ինչ որ նոյնպէս անակնկալ ըլլալու չէ, թէեւ այնքան ալ հաճելի չէ տեսնել զանոնք այդ բախտին արժանացած։ Անակնկալը այն էր, որ անոնցմէ մէկը ատենին մակագրած էի իմ հի՜ն ծանօթ, բարեկամ, խորհրդատու ու ներշնչիչ հայր Բարսեղ Ֆերհաթեանին։ Լաւ կը յիշեմ, որ Գահիրէի Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնն էր, տարիներ ետք ինքն ալ Լոս Անճելըս փոխադրուած, ու վստահաբար Մոնթրէալ իր այցելութեան ատեն իրեն նուիրած էի այդ գիրքս։ Արդեօք մոռցա՞ծ էր զայն ճամպրուկին մէջ զետեղել, շա՞տ ծանր գտած էր ճամպրուկը ու գիրքը ձգած հոս, ուր որ իջեւանած էր, որպէսզի յետոյ իրեն ղրկուի ան, կամ արդեօք ես մէկու մը ձեռա՞մբ փորձած էի գիրքը իրեն հասցնել, եւ չէր եղած, թէ՞ ինչ։ Չեմ ուզեր մտածել, որ արհամարհած էր, չէր ուզած հետը տանիլ գիրքս, որուն մէջ, ի դէպ, իր մասին ալ դրուագ մը կար պատմուած՝ կեանքիս ամենէն անմոռանալի յիշատակներէն մէկը, երբ Գանատա գաղթելէս առաջ ինծի կը պատուիրէր, որ ո՛ւր որ երթանք՝ դպրո՛ց բանանք…
Յարկաբաժինս մտնելուս պէս հեռաձայնեցի դիւանատուն, որովհետեւ Կեդրոնէն մեկնած ատենս տեսայ, որ դիւանապետ ընկերս հոն էր։ Կրնայի իրմէ խնդրել, որ փնտռէ բանալիներուս տրցակը։ Հեռախօսային արձանագրութիւնը պատասխանեց իր փոխարէն, խնդրելով, որ պատգամս ձգեմ։ Ուրեմն, իր դադարն էր, հաւանաբար ճաշելու գացած էր։
Կեդրոնին մուտքին երկու ընկեր այդ օրուան հսկողութիւնը կ՚ընէին։ Այս օրերուն, երբ հակահայ արարքներ կը կատարուին հոս-հոն, զգուշ պէտք է ըլլալ…։ Այդ տղոց հեռաձայնի թիւերը չունէի։ Կինս կրցաւ անոնցմէ մէկուն կնոջ հետ կապուիլ, ամուսնոյն խելախօսի թիւը ձեռք ձգել։ Մինչ այդ ես ալ հեռաձայնեցի մեր Կոմիտէի ներկայացուցիչին, մտածելով, որ թերեւս ի՛նք կ՚ունենայ տղոց թիւերը։ Ան չունէր, սակայն խոստացաւ “բան մը ընել”։
Արդարեւ, քանի մը վայրկեան անց, Կեդրոնի տնօրէնը հեռաձայնեց ինծի։ Ինչպէ՞ս ինքս չէի մտածեր ուղղակի անո՛ր հետ խօսիլ։ Բացատրեցի եղածը, ըսի, թէ ո՛ր սենեակները մտայ-ելայ, այսինքն՝ ուրկէ ո՛ւր քալեցի, ապա գլխաւոր մուտքէն դուրս եկայ ու գացի դէպի ինքնաշարժս, որ փողոցին անկիւնն էր։ Այդ կողմերը ինկած պէտք է ըլլար բանալիներու տրցակս։ Մտահոգ էի, քանի որ անձնական բանալիներ ալ չէին։ Փակակալն ալ «Համազգային»-ի տարբերանշանովն է, — աւելցուցի։

Ամեն անգամ որ բան մը կորսնցնելու նման միջադէպ մը պատահի, չեմ կրնար չվերյիշել երեք դրուագ, երկուքը ի՛մ կեանքէս, մէկն ալ՝ հօ՛րս կեանքէն։
Իր սկուատութեան օրերուն էր՝ Աղեքսանդրիա. բանակումի մը ատեն, հայրս, ընկերներով, գիշերը աւազներուն վրայ սողալով՝ աննկատ մնալու համար, յարձակում մը կատարած է «հակառակորդին» վրանին վրայ։ Առաւօտուն անդրադարձած է, որ իր այնքան սիրած ինքնահոս «Ուաթըրմէն» գրիչը շապիկին գրպանը չէ։ Նոյն ճամբան կտրած է դարձեալ, սողալով, եւ, ո՜վ հրաշք, գտա՛ծ է աւազներուն մէջէն կափարիչին փայլուն գլուխը հազիւ դուրս ցցած այդ արժէքաւոր գրիչը, որ ի՛ր հայրը նուիրած էր իրեն…
Ինծի պատահածներն ալ նոյնքան անհաւատալի կրնան թուիլ։ Առաջինը ուսանողութեանս ատեն էր, Գահիրէ։ Չեմ յիշեր ինչո՛ւ, այդ օր վարձակառքով հասայ համալսարան։ Ընդհանրապէս առաւօտները հայրս կը տանէր զիս, ապա իր գործերուն կ՚երթար, իսկ ես յետոյ հանրատարով կը վերադառնայի տուն։ Կ՚երեւի այդ օր տարբեր տեղ ունէր երթալիք, եւ զիս ձգած էր Ռամսէսի հրապարակը, ուրկէ համալսարան գացող թաքսիներ կային, որ քանի մը ուսանող միասին կ՚առնէին։ Յարմարութիւն մըն էր մեզի համար։ Ինքնաշարժէն իջնելէս ու անոր մեկնելէն ետք անդրադարձայ, թէ նախորդ երեկոյ այնքա՜ն ջանասիրաբար կատարած պարտականութիւնս, որ ոլորուած յատակագիծերու ամբողջ փաթեթ մըն էր, մոռցած եմ թաքսիին մէջ։ Իրար անցայ. վարձակառքերու երթուդարձը այնտեղ կարգաւորող պաշտօնեան հարցուց, թէ ի՞նչ եղաւ։ Բացատրեցի։ Հիմա կը գտնենք, — ըսաւ, — քիչ մը սպասէ։ Չեմ յիշեր որքա՛ն տեւեց այդ անձկալից սպասումս, սակայն նոյն վարձակառքը, որ զիս հասցուցած էր, վերստին եկաւ իր նոր յաճախորդներով, ու ազնիւ վարորդը գծածներս յանձնեց ինծի։ Եւ այն ատեն տակաւին ձեռքի հեռախօս չկար ի հարկէ։ Կ՚երեւի կ՚աշխատցնէին աղաւնիներու երամ մը…
Երկրորդ դրուագն ալ Սէն-Տոնա պատահեցաւ։ Արտասահմանէն այցելու սիրելի զոյգի մը հետ պտոյտի գացեր էինք մեր հիւսիսի գեղատեսիլ այդ գիւղը, ուր սկիզբը լճափի մարգագետնին վրայ նստեր էինք հոգեշա՜հ զրոյցի, ապա մտեր գիւղի ճաշարաններէն մէկը ու հանգի՜ստ վայելեր համով ճաշ մը։ Երբ վճարելու պահը եկաւ յանկարծ նկատեցի, որ փոքր պայուսակս քովս չէ. խոտերուն վրայ մոռցած ըլլալու էի։ Լճափը հեռու չէր, ընկերոջս հետ մէկ շունչով սկսանք վազել հոն տանող փողոցն ի վար։ Դիմացէն տարեց զոյգ մը կու գար. ձեռքով մեզի նշան ըրին։
— Ինչո՞ւ կը վազէք, — հարցուցին, բա՞ն մը կորսնցուցած էք…
— Ձեռքի փոքր սրճագոյն պայուսակս, դրամապանակովս եւ բոլոր թուղթերովս…
— Ա՞յս է, — ցոյց տուաւ մարդը ձեռքը բռնածը. ոստիկանատուն կը տանէինք…
Նման պատահարներ չեն մոռցուիր։

Հինգ կամ տասը վայրկեան չանցած Կեդրոնի տնօրէնը ահա հեռաձայնեց։
— Ձեր բանալիները գտայ, միայն թէ փակակալին օղակը ծռեր է, կ՚երեւի ինքնաշարժ մը անցած է վրայէն։ Մեր մուտքի առջեւի ասֆալտին վրայ էր։
Մեծ շունչ մը առի։

Այո, ասանկ բաներ։
Ասանկ բաներ կը կորսնցնենք, կը գտնենք կամ կը վերագտնենք։ Եթէ չգտնենք ալ կ՚ըսենք «հոգիդ ողջ մնայ» ու կը մոռնանք։
Կարեւորը՝ արժանապատւութիւն չկորսնցնենք, վարկ չկորսնցնենք, յարգանք չկորսնցնենք։ Զանոնք վերագտնելը այնքան ալ դիւրին չէ ի վերջոյ…

*) Առաջին դրուագը տեսնել «Հորիզոն գրական»-ի նախորդ թիւով։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *