Սիւզան Խ
կոկորդիդ փարած չոր հազ մը
զայրացնող
գիսախռիւ գանգուր մը մոխրագոյն
տաղտկալի
կօշիկին հետ տուն մտնող
փողոցի խառնաշփոթէն քերծուած մը
խոչընդոտներ են
մանրուքներ են կատաղեցնող
մօրս վերարկուի եզրէն կախուող թելը
կանաչ ինչպէս մամուռը որ
կը գրկէ հիւսիսի սոճիներուն փէշերը
ոչ ծուան է ոչ փշրանք է
երբ վերարկուն դուրս կը հանեմ
պահարանի մութէն
ծանրութիւնը անոր
ժամացոյցի կշռոց
ժպիտն է մօրս
մաշուած երիզները
կը քաշեն զիս մեր խոհանոց
հոն է ան անձայն կը հեծկլտայ
որբ եմ, որբ եմ
մայրը ինչ է, որ ես չունիմ
կաթսաները լուռ են մութին
մօրս ձայնը կը թելէ օրուան խճանկարը
վերարկուէն կախուած թելը
դողացող ձեռքերուս մէջ
չգոյութիւնն է կը պարէ
ցնորած
տուայտանքս է
երթալու ուրիշ տեղ չունի
Շուէտ