Հայ Դատին նպաստող ֆրանսերէն հրատարակութիւն մը՝ Աստղիկ Աբրահամեանի բացառիկ ինքնակենսագրական պատումը

Ս.Ա.Յ.
Astrid Aprahamian, «Le chemin le plus sombre», Leméac, Montréal, 2024, 112 pages

2024-ի աշնան Մոնթրէալի մէջ լոյս տեսաւ «Հորիզոն»ի երիտասարդ աշխատակից Աստղիկ Աբրահամեանի երկրորդ հատորը՝ «Le chemin le plus sombre» («Ամենամթին ճանապարհը») խորագրով։ 1989-1994-ի Արցախի ազատագրական պայքարին նուիրուած «Les montagnes noires» (հրատ. Poètes de brousse, 2021) ծաւալուն վէպէն, եւ զայն գրելու մասին իր յօդուածին (Astrid Aprahamian, «Les romans font peut-être mieux les choses: retour sur l’écriture des Montagnes noires» L’inconvénient, no 89 été 2022) Prix Voix de la relève Télé-Québec (présenté par la Fabrique culturelle) գրական մրցանակին արժանանալէ ետք, Leméac հրատարակչատան հրաւէրով Աբրահամեան գրած է այս փորձագրական հատորը։
Հատորի սեղմ էջերուն ընդմէջէն, հեղինակը ընթերցողին առջեւ կ՚ուրուագծէ մռայլ ճանապարհը՝ գրողի ինքնութեան հետ միաձուլուած հայոց պատմութեան, հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան, բռնի տեղահանումներու եւ Արցախի կորուստի ահաւոր իրականութիւնը։
Գրական աշխարհի մէջ շատ տարածուած եւ յուշագրութիւնն ու ինքնակենսագրական հրատարակութիւնները։ Յուշեր եւ ինքնակենսագրական փորձագրութիւններ, գրողի ներքին ապրումներու փոխանցումով կը ներգրաւեն ընթերցողը։ Հայ գրականութեան մէջ հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներու յուշերը յատուկ տեղ ունին յետ Մեծ Եղեռնի ժամանակաշրջանին։ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նշումի ընթացքին բազմաթիւ էին վերապրողներու յաջորդ սերունդներուն վիպականացուած ձեւով հրատարակութիւնները։ Աստղիկ Աբրահամեանի փորձագրական նոր հրատարակութիւնը անձնական պատում մըն է, հարուստ՝ վաւերագրական ուսումնասիրական աղբիւրներէ մէջբերումներով, գրուած հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողի ժառանգորդի հայեացքով։
Հատորը նուիրուած է հեղինակի մեծմօր եւ մեծհօր՝ օր մը իրենց ծննդավայր Մուսա Լեռը երթալու խոստումով։ Գիրքը կը բաղկանայ տասնըմէկ գլուխներէ եւ կը սկսի հայութեան մասին Ուիլիամ Սարոյեանի 1935-ին գրած հռչակաւոր պարբերութեամբ։ Ապա նախաբանին մէջ ընթերցողին կը յայտնէ թէ մանկութենէն հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնները իւրացուցած է։ Իր յիշողութեան մէջ դարբնուած են ցեղասպանութեան զոհ դարձած Սիամանթոյի բանաստեղծութիւնները, մանաւանդ «Պարը», ուր նկարագրուած է թուրք զինւորներու աներեւակայելի վայրագութիւնը խումբ մը հայ կիներու հանդէպ, որոնք ողջակիզուած կը նահատակուին։ Աբրահամեան կը նշէ թէ իր մարմնին թէ ենթագիտակցութեան մէջ ժառանգած է հայոց պատմութեան տխուր էջերը։
Քեպէգ նահանգի նշանաբան je me souviens խորագրով Աստղիկ Աբրահամեան կը յայտնէ թէ, թէեւ քանի մը սերունդ հեռու է հայոց ցեղասպանութենէն, բայց իր առօրեային մաս կը կազմէ ու իր գոյութեան մեկնակէտն է Մեծ եղեռնը։ Ան բախտաւոր կը զգայ, որ իր նախնիներէն միայն մէկը՝ մօր հօրենական մեծ հայրը, Գրիգոր Աղաբաբեան, հայկական ցեղասպանութենէն վերապրած որբերէն էր, հայկական Կարին քաղաքէն (այժմ՝ Էրզրում)։ Մօր մայրական տոհմը բնիկ Արեւելեան Հայաստանէն ըլլալով՝ միայն անուղակի կրած էին ցեղասպանութեան հետեւանքները, իսկ իր հօր նախնիները Մուսա լեռան հերոսամարտի մասնակիցներ էին։
Ապա հեղինակը կը յիշէ թէ երկրորդական դասարանի աշակերտական պարտականութիւն ունեցած էր իր նախնիներէն՝ հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած Գրիգոր Աղաբաբեանի կեանքը ներկայացնելու եւ ընթերցողին հետ կը բաժնեկցի դժուար ճանապարհը, որմէ անցած էր փոքրիկ Կարնեցի Գրիգորը ու հասած Ռուսական կայսրութեան ծայրամասը՝ ներկայ Հայաստանի Գիւմրի քաղաքի որբանոցը, ուր կը ստանայ իր նախնական ուսումը։ Իր պատանութեան շրջանին, Գրիգոր ականատեսը եղած է պատմական դէպքերու՝ Ռուսական կայսրութեան անկումին, Հայաստանի կարճատեւ անկախութեան, Հայաստանի խորհրդայնացումին։ Ան լուռ կը մնայ իր հայոց ցեղասպանութենէն ազատումին մասին մինչեւ 1960-ական թուականներու խորհդային ստալինեան բռնութեան ձիւնհալը։ Ան ոչ միայն վերապրած էր ցեղասպանութենէն այլ նաեւ ստալինեան աղէտէն եւ երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն, որուն փոքրիկ Հայաստանը շատ մեծ թիւով զոհեր տուաւ։
Աստղիկ Աբրահամեան Գրիգոր Աղաբաբեանի կեանքի պատումը աւելի հասկնալի դարձնելու համար յաջորդ բաժնով կը ներկայացնէ հայկական բարձրաւանդակին վրայ հայ ժողովուրդի աւելի քան երեքհազարամեայ պատմութիւնը եւ ունեցած մեծ կորուստները։ Ապա ան ընթերցողին կը ներկայացնէ հայոց ցեղասպանութեան արմատները յիշելով Raphael Lemkin-ի աշխատանքը, Lemkin-ի անուան հիմնարկը, որու ազդարարական յայտարարութիւնները Արցախի սեպտեմբեր 2023 բռնագաղթի ու Պաղեստինի մասին կը շարունակեն ուշադրութիւն հրաւիրել ներկայիս կայացող ցեղասպանութիւններուն վըայ, յուսալով կանխել մարդկութեան դէմ նորանոր ոճիրներ։ Կու տայ եւս քանի մը օրինակներ վերապրողներէ, ինչպէս Արշիլ Կորքին, 2024-ին ֆրանսական Պանթէոն հանգրուանած Միսաք Մանուշեանն ու Մելինէն, Արամ Հայկազը, Կոմիտասը, Արշալոյս (Aurora) Մարտիկանեանը, Սիւզան Խարտալեանի Grandma’s Tattoos տեսերիզը՝ իր վերապարած մեծմօր մասին։
Յաջորդ գլուխով Աբրահամեան կը ներկայացնէ Մուսա լեռան հրաշք հերոսամարտը, յիշելով իր մուսալեռցի մեծհայրը, որու Մոնթրէալի շիրիմին վրայ կայ ազատարար նաւին նկարը եւ գրութիւնը՝ «վեհ եւ վճռակամ՝ իր իր լեռներուն պէս»։ Աստղիկ կը գրէ, թէ ինք ալեւս չի կրնար բաժնուիլ Քեպէգ նահանգէն, իր մեծհօր շիրիմէն։
Ապա ան կ՚ամփոփէ Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ արդարութեան որոնումները, սկսելով 1920-1922 հայ արդարահատոյց բազուկներու Némesis գործողութենէն մինչեւ մեր օրերը, յիշելով Օթաուայի մէջ տեղի ունեցած 1982-ի եւ 1985-ի դէպքերը։
Յաջորդ գլուխը հեղինակը կը յատկացնէ իր ինքնութեան հարցադրումներուն։
Գիրքին վերջին երկու գլուխները յատկացուած են հայոց ցեղասպանութեան ժխտումին, ցեղասպանութեան ճանաչումի պայքարին, որոնց կը յաջորդէ Արցախի տխուր կորուստի ներկայացումը։
Գիրքը կ՚աւարտի ներկայ քաղաքական իրավիճակի մասին խորհրդածութեամբ, Հայաստանի պարտադրուած կեղծ խաղաղութեան օրակարգին, անպատիժ մնացած ցեղասպան Թուրքիոյ, թուրք-ազերի դահիճներուն, քարիւղ եւ այլ շահեր հետապնդող Արեւմուտքին մասին։ Գրողը հարց կու տայ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է խաղաղութեան եւ հաշտութեան մասին խօսիլ, երբ ցեղասպանը կը շարունակէ ոչ միայն ժխտումի ընթացքը, այլ նաեւ կը շարունակէ ցեղասպանութեան քաղաքականութիւնը, եւ որպէս գրող պարտաւոր կը զգայ ընդվզելու, գրելու ցեղասպանութեան մասին։
Գիրքը կարելի է ստանալ Քեպէգի գրախանութներէն եւ կամ առցանց՝ leslibraires.ca կայքէն։

Բարի ընթերցում!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *