Սիրելի ընթերցող,«Հորիզոն գրական»ի 2019 Յունիս-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։
Բարի ընթերցում։
Սիրելի ընթերցող,«Հորիզոն գրական»ի 2019 Յունիս-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։
Բարի ընթերցում։
ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 100-ՐԴ
ԵՒ ԳՈՒՐԳԷՆ ՄԱՀԱՐԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 50-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑՆԵՐՈՒՆ ԱՌԹԻՒ
«Հայաստանի ու հայութեան վիճակուած վերջին կէս դարու բոլոր դառնութիւններուն մասնակից մարդն է Մահարին: Ծնած է Վան ու պատմական Հայաստանի պատմական այդ մասին հրդեհումին ու բռնագրաւման ականատես եղած է ան եւ հայրենիքի չափ քաղցր իր երիտասարդութիւնը զոհ տուած է հիւսիսի ցուրտերուն: Պատանութեան թուրքին թուրքութիւնը տեսաւ եւ երիտասարդութեան պոլշեւիկներու սիպերիական սահմռկեցուցիչ պարգեւները ապրեցաւ: Իր լափլիզած հայրենիքի այրող յիշատակին եւ հիւսիսի ցուրտերուն ցուրտ յաճախանքին միջեւ կեցած բազմախոց մարդն է այսօր անիկա, ներքնապէս ընկճուած եւ ստեղծագործական նախկին իր կենսունակութիւնը վրայ տուած վիրաւոր անձ մը, որ ապրող էակ մը ըլլալէ աւելի ողբերգութեան մը կենդանի յուշարձան է եւ գրող մը ըլլալէ աւելի` գրականութեան նիւթ մըն է, վէպի մը սրտառուչ հերոսը»(1):
Պ. Սնապեան
Պատմաքաղաքական որոշակի շեշտադրումներով հանդերձ` Մահարու «Այրուող այգեստաններ» վէպը չի կարող դասուել ոչ պատմավէպի, ոչ քաղաքական վէպի շրջանակներում. այն կենցաղ-հոգեբանական երկ է` ծնունդ առած 1930-ական թթ. գրական կենսոլորտում` «Երկիր Նայիրի»-ի եւ «Կեորէս»-ի կողքին: Սա ինքնին նշանակում է, որ Մահարու այս երկը կորսուած հայրենիքի հոգեւոր վերստեղծման Continue reading “ՊԱՏՄԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԳՈՒՐԳԷՆ ՄԱՀԱՐՈՒ «ԱՅՐՈՒՈՂ ԱՅԳԵՍՏԱՆՆԵՐ» ՎԷՊԸ”
26
Օրհնեալ ես, Տէր,
ստեղծագործութեան մէջ ամբողջ.
օրհնեալ ես, Տէր,
երկինքներուն եւ երկրին մէջ.
օրհնեալ ես, Տէր, Continue reading “ԽՈԿՈՒՄՆԵՐ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ «ՄԱՏԵԱՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ»-Ի ՎՐԱՅ”
ԴՈԿՏ. ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ
Վարուժանը միայն արեւմտահայութեան ցաւերով չի ապրել, նրա մտածումները ընդգրկում են ողջ հայութեան, այսինքն արեւելահայութեանն նոյնպէս: Պոլսից դուրս, հայութեան վիճակը էլ աւելի էր վատթարանում: Հեռաւոր շրջաններից ՀՅԴ տարած աշխատանքի հետեւանքով ժողովրդի արթնացման լուրերն էին գալիս, որն ալեկոծուած էր պահում ողջ հայութեան եւ յատկապէս իր նման մտածողի: Այդ կուսակցութեան գաղափարախօսութեան մէջ տեսնելով իր մտածումների, սկզբունքների հարազատութիւնը, ժողովրդի ազատագրման համար նրա տարած անձնազոհ աշխատանքը, անդամակցեց, անմնացորդ նուիրուեց նրա գաղափարներին եւ սկսեց նոր անուղակի ուղիներ փնտրել, նոր գաղափարներով արթնացնելու սարսափի մէջ ապրող իր ժողովրդին:
Լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի «ՈՍՏԱՅՆ 12 — Հանգոյցներ» առցանց հատորը, որ կը բաղկանայ չորս մասէ՝ «Խրախճանք», «Գարուն ա, ձուն ա արել…», «Չարտուղի պատմութիւններ» եւ «Հայեր»՝ 27 գրութիւններով, 72 էջ։
Իր ներածական «Երկու խօսք»-ին մէջ, հեղինակը կը գրէ.
Continue reading “ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ Վրէժ-Արմէնի «ՈՍՏԱՅՆ 12 — ՀԱՆԳՈՅՑՆԵՐ» հատորը”