Մեր ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2023-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2023-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

Խաւարի դռներով

Նորեկ Գասպարեան(*)

Հատուած « Շուշեցի մի ծիծաղող տղեկ» գրքէն (Անտարես, 2023)

… Տղերքը ոտքից մինչեւ գլուխ զինուած, խաւարի դռները մէկ-մէկ բացելով, կանգ առան թշնամու խրամատների մատոյցներում: Լսելի էին խրամատում պահմտոցի խաղացող ձայները, շան հաչոցը, խրամատի ճակատը քորող քամու անհանգիստ շնչառութիւնը: Տղերքը մի քանի շաբաթ պատրաստուել էին, ուսումնասիրել տեղանքը, հակառակորդի Continue reading “Խաւարի դռներով”

Invictus

Յարութիւն Պէրպէրեան

Չորսդիս կորսուող հայրենիք,
չորսդիս կորսուող բառեր,
չորսդիս մարդիկ աներդիք,
չորսդիս ողբի խուլ ձայներ:

Չորսդիս կորսուող յոյսեր, Continue reading “Invictus”

Ոսկին, Փռլանթը եւ Փերուզը…

Կարօ Պօհճալեան

Մանկապարտէզի բակին նայող խոշոր պատուհաններով դասարանին մէջ, դասապահը սկսելու զանգին ձայնը շատոնց մարած էր, բայց օրիորդ Ազատուհին չէր երեւցած եւ կ՚ուշանար գալու: Մենք սպասումի մէջ էինք:
Յանկարծ դասարանին դուռը բացուեցաւ, օրիորդ Աղաւնին ձեռքը գիրք մը բռնած ներս մտաւ եւ կարեւոր լուր մը բերողի ձեւով բարձրաձայն ըսաւ. Continue reading “Ոսկին, Փռլանթը եւ Փերուզը…”

Ծովինար Խաչատրեանի «Գիւրջեւանի վերջին բնակիչը» գրքի շնորհանդէսը

ԵՐԵՒԱՆ («Երկիր») — Նոյեմբերի 16-ին Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակում կայացաւ արձակագիր, սցենարիստ, ծնունդով Արցախից Ծովինար Խաչատրեանի «Գիւրջեւանի վերջին բնակիչը» գրքի շնորհանդէսը։ Այս մասին տեղեկանում ենք Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի Continue reading “Ծովինար Խաչատրեանի «Գիւրջեւանի վերջին բնակիչը» գրքի շնորհանդէսը”

Հայն ու թուրքը

Ծովինար Խաչատրեան

Հատուած՝ «Գիւրջեւանի վերջին բնակիչը» վիպակէն

Իբրահիմը հինգ օր եկաւ-գնաց, հակաբիոտիկ սրսկեց Աբգարին, ում մօտ թոքաբորբ էր սկսուել: Աղջիկն էլ էր հազում, բայց նրա մօտ թեթեւ մրսածութիւն էր: Քիրվան նաեւ ուտելիք էր բերում՝ կաթ, ձու, խաշած միս: Օրական մի քանի ժամ նրանց մօտ էր մնում:
Աբգարը ոտքի կանգնեց, բայց չափազանց թոյլ էր ու հիւծուած: Նա Իբրահիմին ոչինչ չասաց փախուստի փորձի մասին: Պատմեց Ծաղիկ Continue reading “Հայն ու թուրքը”

«Ծփում է Սեւանը»

Վահէ Թղլեան

Իւրաքանչիւր հայ՝ Հայաստան այցելելով, իր տեսանկիւնէն կը դիտէ ու կը դատէ տեսածն ու վայելածը, նայած թէ Հայաստանի մէջ ինքզինք որքան հարազատ կը զգայ:
Մեր Հայրենիքը ճանչցած եմ դպրոցը՝ հայոց պատմութիւն սորվելով, գրականութիւն կարդալով, սերտելով հայ մշակոյթն ու մանաւանդ՝ հայրենասիրական երգերով։ Continue reading “«Ծփում է Սեւանը»”

ՍԱՂՄՈՍՆԵՐ ՎԱՍՆ ԱՌԱՒԵԼ ԿԵԱՆՔԻ (Գ.)

ԳԱՌՆԻԿ Աւ. Ք. Գ.
ՍԱՂՄՈՍ 14

Կը նզովե՞ս…կը նզովեմ…իսկ ի՞նչ կը նզովես:
Դուն՝ կոչեցեալդ Բանին մարմնացելոյ անդամ մը ըլլալու,
որ ոլորապտոյտներուն երերացող ուղեւոր մըն ես,
ո՞ր տունկի ճիւղերուն:
Անոր՝ որ ճշմարի՞տը եւ ճշմարտութի՞ւնն է, Continue reading “ՍԱՂՄՈՍՆԵՐ ՎԱՍՆ ԱՌԱՒԵԼ ԿԵԱՆՔԻ (Գ.)”

«Գիրքե՜ր, գիրքե՜ր, ի՜նչ գիրքեր» — Զ.

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Ահա երկու գիրք եւս, որոնք տակաւին չէին տեղաւորուած գրադարանիս մէջ՝ սպասելով, որ իրենց մասին ալ քանի մը տող գրեմ։
Առաջինը Արամ Հայկազի «ՉՈՐՍ ՏԱՐԻ ՔԻՒՐՏԻՍՏԱՆԻ ԼԵՌՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ»-ն է, որուն առաջին տպագրութիւնը (յԱնթիլիաս) օրին ունեցած եմ՝ հեղինակին մակագրութեամբ ալ օժտուած, եւ որուն 50-ամեակին առթիւ է, որ լոյս տեսած է այս մէկը 2022-ին, Երեւան, 608 էջերով։ Continue reading “«Գիրքե՜ր, գիրքե՜ր, ի՜նչ գիրքեր» — Զ.”