Ոսկին, Փռլանթը եւ Փերուզը…

Կարօ Պօհճալեան

Մանկապարտէզի բակին նայող խոշոր պատուհաններով դասարանին մէջ, դասապահը սկսելու զանգին ձայնը շատոնց մարած էր, բայց օրիորդ Ազատուհին չէր երեւցած եւ կ՚ուշանար գալու: Մենք սպասումի մէջ էինք:
Յանկարծ դասարանին դուռը բացուեցաւ, օրիորդ Աղաւնին ձեռքը գիրք մը բռնած ներս մտաւ եւ կարեւոր լուր մը բերողի ձեւով բարձրաձայն ըսաւ.
— Տղա՛ք, օրիորդ Ազատուհին այսօր կարեւոր պատճառով մը պիտի չկարենայ ձեզի դաս տալ, եւ դուք ազատ պիտի ըլլաք այս պահուն:
Մենք ուրախացանք եւ պատրաստուեցանք անմիջապէս զուարճանալու, բայց օրիորդ Աղաւնին ձեռքի գիրքը օդին մէջ բարձրացուց եւ ուրախ ձայնով՝
— Փոխարէնը ես հիմա ձեզի աղուոր պատմութիւններ պիտի կարդամ այս գիրքէն, — աւելցուց:
Մենք աղուոր պատմութիւններ կը սիրէինք, սակայն անոնցմէ զատ, խաղալ ալ շատ կը սիրէինք:
Ուրախ լուր բերող օրիորդը վայրկեանին միտքը փոխած, յանկարծ եղունգին կարմիր ներկով ցուցամատը օդին մէջ բարձրացուց եւ հարցուց.
— Ձեզմէ ո՞վ կ՚ուզէ ինձմէ առաջ սկսիլ եւ դասարանին ու ինծի հետաքրքրական պատմութիւն մը պատմել:
Գրասեղաններու առաջին շարքին վրայ նստած էի ես, քովս Սոնա Պէնկեանը, անդին Աննա Գրիգորեանը, Սեդա Թաթլեանը, Արտաշէս Թումայեանը, Միհրան Տիւրկերեանը եւ ուրիշներ…:
Օրիորդ Աղաւնին ժպտալով պաստախանի սպասեց:
— Ե՛ս, — լսեցինք յանկարծ դասարանի ետեւի սեղաններէն տկար ձայն մը, եւ Արշալոյս Կուտսուզեանը մատը վեր բարձրացուց:
— Ուրեմն առջեւ եկուր եւ սկսէ՛, — ըսաւ օրիորդ Աղաւնին գոհ դէմքով:
Արշալոյսը զատուեցաւ պզտիկ գրասեղանէն, եւ վարանոտ քայլերով օրիորդին մօտեցաւ:
Ես կը ճանչնայի Արշալոյսը: Գիտէի, որ ընտանիքով Պէյն էլ Սուրէյնի կամ Տարպ էլ Կինենայի համեստ թաղերէն մէկուն մէջ կը բնակէին եւ Մաքրիկ մօրաքիս ըսածին պէս, «իրենց հալ»ին կ՚ապրէին: Չեմ գիտեր, եթէ այդ էր պատճառը, բայց Արշալոյսը ընդհանրապէս քիչ կը խօսէր, դասարանին մէջ շատ բարեկամներ չունէր եւ թերեւս անխնամ մազերուն ու անփոյթ արտաքինին պատճառով ալ գրեթէ միշտ մինակ էր: Բայց հակառակ ատոր, իր թուխ դէմքը միշտ ժպտուն էր ու շրջապատէն գոհ. երբ խնդար, պզտիկ ակռաները կ՚երեւէին, եւ այտերուն վրայ ալ երկու թեթեւ փոսիկներ կը բացուէին:
Արշալոյսը, թուխ մորթով, գեղեցիկ չէր, բայց կարելի է ըսել, որ բարի եւ հեզ բնաւորութեանը պատճառով սիրուն եւ գրաւիչ էր:
Սակայն դէմքով եւ երեւոյթով, ես աւելի կը նախընտրէի քոյրը՝ Մարին, որ ճերմակ դէմքով, սահուն մազերով ու գարնան առաջին հովերուն պէս ալ թարմ ու սահուն մորթով՝ գեղեցիկ էր:
Ես կ’ուրախանայի, երբ դասարանիս մէջ գեղեցիկ դասընկերուհիներ գտնուէին եւ շատ կ՚ուզէի, որ Մարին մեր դասընկերուհին եղած ըլլար, բայց ան մեզմէ մէկ կամ երկու դասարան բարձր էր, զբօսանքներու ժամանակ ալ, երբ առտուան կամ յետմիջօրէներու փայլուն արեւը մազերուն մէջ թել-թել բոյն կը դնէր, ան միայն իր ընկերներուն հետ կը խաղար եւ բակին մէջ ինծի չէր մօտենար:
Իսկ Արշալոյսը գրեթէ ամեն ինչով քրոջը կատարեալ հակապատկերն էր եւ բնաւորութեամբ ալ այնքան ամչկոտ ու քաշուող էր, որ այն օրը, երբ ետեւի սեղաններէն պզտիկ քայլերով օրիորդ Աղաւնիին առջեւ հասաւ, «Ի՞նչ պիտի պատմէ, ինչպէ՞ս պիտի պատմէ» անցաւ միտքէս…:
Բայց օրիորդ Աղաւնին ձեռքը Արշալոյսին ուսին դրաւ եւ յուսատու ժպիտով մը հարցուց.
— Ըսէ՛ նայիմ, Արշալո՛յս, մեզի ի՞նչ պիտի պատմես այսօր:
Թաւուխին պատմութիւնը, — պատասխանեց Արշալոյսը գետին նայելով:
— Հաւո՞ւն պատմութիւնը ըսել կ՚ուզես, — հարցուց օրիորդ Աղաւնին:
— Չէ՛, թաւուխին, — կրկնեց Արշալոյսը ու աւելցուց, — մայրս ինծի միշտ թաւուխի՛ն պատմութիւնը կը պատմէ…
— Լաւ ուրեմն պատմէ՛, որպէսզի մտիկ ընենք, — համաձայնեցաւ օրիորդ Աղաւնին եւ քայլ մը աւելի մօտեցաւ Արշալոյսին:
Այն օրերուն սովորութիւն էր բոլոր պատմութիւնները «Կար ու չկար»ով, «ժամանակին» կամ «Անգամ մը» բառերով սկսիլ, եւ վերջաւորութիւններն ալ բոլորին ծանօթ Գարեգին Եպիսկոպոսին «Երկինքէն երեք խնձոր ինկաւ» բառերովը փակել…:
Արշալոյսը «Անգամ մը»ով սկսաւ իր պատմութիւնը, բայց մեծ բան մը չեղաւ այն օրուան իր պատմածը: Ճիշտ չեմ յիշեր, բայց եթէ չեմ սխալիր, նիւթը գողի մը մասին էր, որ օր մը հարուստ կնոջ մը տունը գտնուած միջոցին ներս կը մտնէ եւ կրակին վրայ եփող հաւը գողնալէ ետք, իր հին կօշիկները հաւուն եռացող ջուրով սանին մէջ կը դնէ եւ մեկնելէ առաջ տանտիկնոջ առջեւ «Թաւուխը եփեցի, ապուր ըլլալու վրայ է» կը պոռայ ու կ՚երգէ, եւ յետոյ ալ ըրած գողութենէն գոհ, « հէ՜յ» կը պոռայ ու կ՚երթայ:
Պատմած ժամանակ, Արշալոյսը մեր առջեւ դէմքը ծամածռելով գողին շարժուձեւերը կեղծեց եւ թաւուխին երգը երգեց:
Արշալոյսին ձայնը մօրը ձայնին պէս խռպոտ էր: Ես կը ճանչնայի Արշալոյսին մայրը, որ իրեն պէս ժպտուն էր, եւ երբ առաջին անգամ ճանչցայ զինք, մազը ետեւէն կարճ, աւելի պէս մէկ գիծի վրայ կտրել տուած էր:
Մայրս կ՚ըսէր, որ անունը Ոսկի կամ Ալթըն էր: Այն օրերուն երբ մօրս շուքին տակ քալելով, առտուները երբեմն «պազար» կ՚երթայի, Յարութիւն Տեմիրճեանի մեծ հօրը փուռին առջեւ, միշտ տիկին Ալթընին կը հանդիպէինք:
Ան ձեռքը ուռած տոպրակ մը բռնած, խռպոտ ձայնով միշտ նոր բան մը կ՚ունենար պատմելիք, կամ ալ պարզապէս հինէն ու նորէն կը շաղակրատէր եւ երկու խօսքերու միջեւ ալ գլուխը ետ տանելով երկար կը խնդար: Այդ վայրկեաններուն իր բաց բերնէն ոսկի հերձատամներէն մէկուն փայլը կ՚երեւար, ու ես կը խորհէի, թէ Ոսկի կամ Ալթըն անունը այդ ակռային պատճառով իրեն տրուած էր:
Մայրս կը սիրէր Ալթընը եւ կ՚ըսէր, որ ան իր Ոսկի անունին պէս մաքուր էր, որովհետեւ անկեղծ էր:
Երկուքը երթալ-գալու յարաբերութիւններ չունէին, սակայն լաւ բարեկամուհիներ էին, եւ ամենօրեայ գնումներու ժամանակ, շուկային մէջ իրարու հանդիպելու եւ քիչ մը շաղակրատելու իրենց ունեցած փափաքը, ինծի համար դժուար չէր հասկնալը:
Ալթընը կը սիրէր խօսիլ: Ան հայախօս էր, բայց խօսակցութեան մէջ երբեմն թրքերէն բառեր կը գործածէր: Այդ բառերէն «Չօ՛ք շիւքիւր»ը եւ «Շիւքիւր Ալլահին»ը դեռ մինչեւ այսօր, իր ձայնով, միտքիս մէջ մնացած են:
Մայրս միա՛յն ամրան կիզիչ արեւի եղանակին կը հրաժարէր բարեկամուհին տեսնելէ, որովհետեւ տաքին «աչքը չէր կտրեր» պազարին վերի կողմերը երթալու եւ ճամբան սայլակներու վրայ բանջարեղէն կամ պտուղ ծախողներէն կ՚ընէր գնումները:
Բայց այն օրերուն սովորական էր Ալթընին եւ մօրս պէս, ամեն օր շուկայ երթալ եւ կէսօրուան ճաշի պատրաստութեան համար գնումներ ընելը: Աւելի ճիշդ սովորականէն աւելի ստիպողական էին այդ գնումները, որովհետեւ եօթանասուն տարիներ առաջ, կեանքը Եգիպտոսի մէջ պարզ էր, եւ այսօրուան դիւրութիւնները չկային: Աշխարհի մէջ հեռատեսիլ, բջիջային եւ ուրիշ բաներ դեռ չէին հնարուած:
Համակարգիչ եւ սառնարան ալ գոյութիւն չունէին: Բայց մենք կ՚ապրէինք, եւ չեմ ալ յիշեր, թէ կիները ո՛ր մասնաւոր դժուարութենէն կը գանգատէին…:
Միեւնոյն ժամանակ կեանքը անշուշտ զերծ չէր ուրիշ տեսակ դժուարութիւններէ:
Ես կը յիշեմ, հազիւ եօթը կամ ութը տարեկան տղայ, դպրոցէն ազատ եղած օրերուս մօրս կ՚օգնէի եւ ձեռքէն բռնած, առտուները տաք արեւին տակ քալելով, կէսօրուան եփելիք ճաշին պէտք եղած բանջարեղէն, պտուղ կամ միս գնելու համար, միասին շուկայ կ՚երթայինք:
Գնումներէն ետք, մայրս «պազար»էն ձեռքը ծանր տոպրակով տուն կը դառնար եւ հետը բերածները «թել տոլապ»ին մէջ կը տեղաւորէր: «Թել տոլապ»ը այն ժամանակներուն տուներու խոհանոցներուն մէջ գործածուած պահարան մըն էր, որուն վերի մասին երկու բացուող փեղկերը պզտիկ ծակոտիքներով եւ նուրբ հիւսուածքով, մետաղեայ շատ բարակ թելերով կազմուած էին, եւ որոնցմէ ներս մտնող օդը ուտեստեղէնները զով կը պահէր, որպէսզի շուտ չնեխին…:
Այն օրերուն այսօրուան իմաստով սառնարաններ չէին հնարուած եւ գոյութիւն չունէին տուներուն մէջ: Մենք ալ չունէինք: «Թել տոլապ»էն զատ ունեցածնիս ալ փայտէ քառանկիւն տուփ մըն էր, որուն մէջի (եթէ չեմ սխալիր) կապարէ կամ ուրիշ մետաղէ գոց գոյնով դարձդարձիկ խողովակին վրայ, առտուները սառ ծախող մարդուն միջակ չափով բերած սառի կտորը կը զետեղէինք եւ մինչեւ իրիկուան ժամերուն խմելիք սառած ջուր կ՚ունենայինք…:
Սակայն թարմ կերակուրի համար, մայրս եւ ուրիշներ, ստիպուած էին ամեն օր շուկայ երթալու եւ նոր գնումներ ընելու:
Միւս կողմէն ալ, եթէ ամեն օր շուկայ երթալը դիւրին չէր, գոնէ մօրս եւ իր բարեկամուհիներուն համար իրարու հանդիպելու լաւ առիթ էր:
Մօրս բարեկամուհիները շատ էին. բոլորին անունը Ոսկի չէր, բայց անոնց մէջ յարգի եւ փայլուն քարերու ուրիշ անուններ ունեցողներ ալ կային: Կային օրինակի համար Գոհարը, Փռլանթը, Էլմասը եւ յատկապէս իր որբանոցի հին ընկերուհիներէն, պզտիկ եւ պճլտուն աչքերով, փոքրամարմին Փերուզը, որուն աչքերը միշտ կը ժպտէին, եւ խնդացած ժամանակ ալ, ազնիւ քարերու յատուկ փայլով, դէմքին հետ կը խնդային:
Մայրս Փերուզը տեսնելու համար, միշտ իր տունը այցելութեան կ՚երթար, որովհետեւ Փերուզը ամենօրեայ գնումներու համար, մօրս եւ Ոսկիին յաճախած պազարը չէր երթար:
Փերուզի տան պզտիկ հիւրանոցին մէջ նստած, մայրս եւ տիկին Փերուզը, հին եւ նոր օրերէ ժամերով կը խօսակցէին. եւ եթէ պատահէր, որ խօսակցութեան նիւթը յանկարծ նոր ծանօթացած մէկու մը շուրջ դառնար, տիկին Փերուզը եւ մայրս «քեզմէ աղէկ չըլլայ»ով կը սկսէին իրարու պատմելիքը…:
Այս «քեզմէ աղէկ չըլլայ»ն այն օրերուն եգիպտահայ գաղութի կիներուն մէջ շատ կը գործածուէր, եւ լաւ բարեկամուհիներու միջեւ փափկանկատութեան նշան կը նկատուէր:
Փերուզը մօրս լաւ բարեկամուհիներուն մէջ յատուկ տեղ ունէր: Ան Տահէր թաղին վերի կողմերը հանդարտ փողոցի մը մէջ, երկու կամ երեք յարկանի շէնքի մը մուտքի քանի մը աստիճաններէն վեր, գետնայարկի պզտիկ յարկաբաժինի մը մէջ կը բնակէր, եւ ունէր չորս զաւակներ, որոնցմէ Մարին եւ Ալիսը ինծի գրեթէ տարեկից էին:
Մարին Ալիսէն տարի մը կամ տարի ու կէս աւելի մեծ էր եւ բնաւորութեամբ զուարթ ու կատակասէր էր: Ան մազերը կարճ կը կտրէր եւ թերեւս ակնոց չգործածելուն պատճառով ալ, երբեմն հազիւ դռնէն ներս մտած եւ մեր խաղերուն դեռ չսկսած, կարծես դէմքիս վրայ նոր կամ փոխուած բան մը փնտռելու ձեւով, աչքերը վրաս կը սեւեռէր ու զիս կը դիտէր: Մարին կրակոտ եւ համարձակ աղջիկ էր: Խօսուն էր, կը սիրէր խաղալ եւ խաղերուն մէջ ալ վազվզուքներովը կը նախընտրէր: Սակայն իրենց բնակած յարկաբաժինը մեծ չէր, ներսը վազելու կամ խաղալու տեղ չկար, եւ եթէ պատահէր, որ երբեմն աղմկէինք, մայրս կամ տիկին Փերուզը՝
— Ձայն մ՛ի հանէք, գացէ՛ք, ուրիշ տեղ խաղացէք, — կ՚ըսէին:
Իրենց տան մէջ ուրիշ յարմար տեղ չկար խաղալու: Այդ պատճառաւ ալ, մեր խաղերու գլխաւոր վայրը իրենց պզտիկ յարկաբաժինէն դուրս, վերի յարկերը գացող սանդուխի աստիճաններն էին, որոնց վրայ երբ վեր-վար վազէինք եւ խաղայինք, Մարին շուտ կը տաքնար, ճակտին քրտինքը ձեռքովը կը սրբէր, ու ես այդ վայրկեաններուն կը նշմարէի, որ երկու այտերուն վրայ նոր հասուննալ սկսող պտուղներու կարմիր գոյն մը կը բացուէր, որ կը տարածուէր եւ դէմքը աւելի կը գեղեցկացնէր: Ան կը սիրէր հետս խաղալ, քովէս չէր հեռանար, եւ հազիւ խաղ մը վերջացած, անմիջապէս նորեր կը հնարէր:
Ես իր տան մէջ գտնուելուս իբրեւ յարգանք, խաղերու ընտրութիւնը միշտ իրեն կը ձգէի: Սակայն իր գիտցած եւ հնարած խաղերուն տեսակները պարզ էին, որովհետեւ մեր գլխաւոր խաղալիքները սովորաբար կարմիր փուչիկ մը, գնդակ մը եւ իրենց յարկաբաժինէն դուրս գտնուող սանդուխի աստիճաններն էին: Մենք հաճոյքով կը խաղայինք եւ ուրիշ բանի կամ խաղալիքներու պակասը չէինք զգար: Մենք իրարմով եւ Մարիին հնարած անվերջանալի նոր խաղերով միշտ գոհ էինք ու միասին կը զուարճանայինք…:
Ես կը սիրէի Մարիին ընկերութիւնը եւ կ՚ուրախանայի, երբ ամեն անգամ մայրս «Քալէ՛, այսօր Փերուզին երթանք» ըսէր: Գիտէի, որ Մարին հոն պիտի ըլլար եւ հետս խաղալ պիտի ուզէր…:
Չեմ գիտեր, թէ մայրս Մարիին վերաբերմունքին կամ ալ քովէս չբաժնուելուն պատճառով՝ որեւէ բանէ կասկածած էր թէ ոչ, բայց օր մը վերադարձի ճամբուն վրայ, հաւանաբար կնոջական զգացումներէ տարուած՝ «Տղա՛ս, ուշադրութի՛ւն ըրէ, կարծեմ այս Մարին քու վրադ աչք ունի» ըսաւ:
Մայրս աղջիկներու մասին հետս խօսելու սովորութիւն չունէր, իսկ ես ալ այն օրերուն աւելի մեծցած՝ տասը կամ տասնմէկ տարեկան տղայ դարձած, դեռ Մարիին իմ մասիս ունեցած զգացումներուն մասին յստակօրէն չէի անդրադարձած, եւ գիտցած աղջիկներուս նայուածքներն ալ դեռ չէի սորված կարդալ… սակայն գիտէի եւ կը զգայի միայն, որ կ՚ուզէի միշտ Մարիին քովը ըլլալ…:
Անկէ ետք, եւ յատկապէս տիկին Փերուզին տունը տուած մեր յաջորդ այցելութենէն սկսեալ, ես տարբեր աչքով սկսայ նայիլ Մարիին եւ աւելի սիրեցի իր տաք ու կարմրող այտերը:
Բայց Մարին չգիտցաւ, լուր ալ չունեցաւ անկէ եւ իրենց պզտիկ յարկաբաժինի առջեւի սանդուխներուն վրայ դեռ շարունակեց ուրիշ օրերու պէս, սրտիս հետ վեր-վար վազել ու … հետը խաղալ…:

Քամփինաս, Պրազիլ

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *