Պատկերներ անցեալէն (Բ.)

Յակոբ Չոլաքեան
ՄՆԱՑԱԿԱՆ… ԲԱՒԱԿԱՆ

Հոն Սուլեաններ կ’ապրէին, Տիւնակ լեռան ստորոտը, բարձրէն ձոր խուժող քարավէժին առջեւ ծուարած փոքրիկ թաղին մէջ, ուր, կ՚ըսէին, տարին 40 օր արեւ չի դպիր։ Այդ պատճառով ալ թաղը Սուլլենց պատտակ կը կոչուէր։
Սուլլենց պատտակը մանուկներով լեցուն էր։
Կանտին եւ Նիննէօշը բազմազաւակ դրացի հայրեր էին։ Նինէօշը 7-8 զաւակ ունէր։ Որոշած էր տղայ զաւակ մըն ալ ունենալ, անունը դնել Զարեհ։ Մարդը դաշնակցական էր։
Կինը ըսաւ.
— Մա՛րդ, ամօթ է, աղջիկը հարս ըրինք, ուր որ է՝ զաւակ կ’ունենայ, արօրը պատին կախէ, վերջացո՛ւր… Ի՞նչ է, մեր թոռը իրմէ պզտիկ քեռի՞ կամ մօրաքո՞յր պիտի ունենայ։
Եւ եղաւ։
— Կարծես թէ մարդուս ուզածը կը շալկեմ, բերելիքս տղայ է,— ըսաւ կինը թոնիրը հաց եփող կիներուն։
Կիները երկհոգիք կնոջ օգնեցին, որ հացը եփէ։
Այդ տարին գիւղին մէջ քանի մը Վազգէններ եւ Զարեհներ աշխարհ եկան։ Հասկցաք, չէ՞, ոմանք էջմիածնական էին, ոմանք անթիլիասական։ Այսպէս, մեր քով անուններն ալ կուսակցական կրնան ըլլալ։
Կանտին ալ բազմազաւակ հայր էր, 11 զաւկի հայր։
— Ա՛լ հերիք է,— կ՚ըսէր։
Բայց կինը օր մըն ալ ըսաւ.
— Մարդ, կարասին մէջ նորէն մուկ մտեր է կը խաղայ։
Ու մանչ ծնաւ։
— Մեր Բաւականը աշխարհ եկաւ,— ըսաւ Կանտին ու դուռ դրացիին ընկոյզ բաժնեց իբրեւ քառսանէք՝ աչքալուսանքի նուէր։
Մարդիկ ընկոյզէն հասկցան, որ ծնունդը մանչ է, բայց զարմացան այդ անունին վրայ։ Բաւական… անուն կ՚ըլլա՞յ…։ Մայրը ուրիշ անուն տուաւ տղուն, հայրը՝ Բաւական։
Մնաց՝ Բաւական։
— Ինչ գէշ է որ…,— ըսաւ թաղի մանուկներուն մեծանասնութեան կնքահայր եղած ուսուցիչ Լէյլիկ խոճան,— Հայաստանի հայերը ունին Մնացական, ա՛լ վերջ, ետեւը չկայ որ ըլլայ… Մենք ալ Բաւական մը ունենանք, գոնէ յոյս կու տայ, որ աւարտ կրնայ չըլլան, դեռ ետեւը կայ։
Սուլլենց պատտակը տակաւին կայ, բայց ընդամէնը մէկ մինուճար Սուլեանով։

ՀՈՒՍՍԱՀԱ՜

Շուներն ալ կը մօտենային իրարու, պոչերը տնկած կու գային կը կենային քովէ-քով, կը գռռային։ Մանասը իր շունը կը գրգռէր «Հուսսահա, Ասլան» կանչելով, Սերոբը իր շունը կը կատղեցնէր «Հուսսահա, Գաբլան» կանչելով։
Շուները «Հուսսահա» կանչը լաւ կը հասկնային։ Ասիկա իրենց համար մարտի ազդանշան էր, ինչպէս շեփորը մարդոց համար:
Մեծերը որքան ալ դիտողութիւն տային, որ չգրգռենք շուները, օգուտ չունէր։ Մեծերն ալ «Հուսսահա» կը կանչէին գիշերը, երբ շան հաջոցը օտարոտի բանի մը ներկայութիւնը կը զգար դիմացը, կա՛մ հաւնոցէն անօրինակ աղմուկ մը կը հանէին բնակիչները, կա՛մ վայրի խոզերը պարտէզ մտած՝ մռութով պատերը կը քանդէին երկու խխունջ գտնել-ուտելու համար: Շունը առջեւի ոտքերը կը նետէր բակի ցանկապատին վրայ ու կատաղօրէն կը հաջէր, իսկ տէրն ալ՝ դռան ետեւէն ծափ կու տար շան.
— Հուսսահա՜, Ասլան։
Կը պատահէր, երբեմն վերի թաղէն, վարի թաղէն պոռչտուքի ձայներ կը լսուէին, ի՞նչ կայ նորէն, ի՞նչ եղաւ նորէն… Ի՛նչ պիտի ըլլար գիւղ տեղ, ձեր շունը մեր դուռին առջեւէն փախցուցեր է հողաթափս, ձեր կատուն մտեր է մեր տուն, դունչը խոթեր է մածնամանին մէջ…
Միւսը պիտի պատասխանէր, թէ ինքը շան ու կատուին պահակը չէ, դուն հողաթափդ ներսը դիր, մածունիդ կափարիչ դիր… Դուռդ կղպէ՝ դրացիդ գող մի՛ հաներ…
Խօսք մը ասկէ, խօսք մը անկէ, կը դառնար վէճ ու պոռչտուք։
Մարդիկ ինչո՞վ պակաս էին որ… Ե՞րբ ուրիշ կերպ եղած են որ …
— Հուսսահա…
Ասիկա կրակին վրայ քարիւղ թափելու պէս բան մըն էր։ Այն ատեն ո՛չ ժուռնալիստներ կային, ո՛չ ձայնագրիչ ու բարձրախօս։ Սառիկ Լելոյը տանիք կ՚ելլէր, ձեռքը կը դնէր պռունկին մէկ կողմը ու ձայնը վերի վարի թաղերը լսելի դարձնելու ուժգնութեամբ կը պոռար.
— Հուսսահա …
— Սո՛ւս եղիր, աղջի՛կ, ամօթ է,— կ՚ըսէր Գարուն աղբըրկինը,— ատիկա շուներուն կ՚ըսեն։
— Հա՛ մարդ, հա ՛շուն, ի՛նչ տարբերութիւն մնաց որ …,— կը պատասխանէր տանիքի կինը։
— Հուսսահա՜ … աղէկ թամաշա…

ԲՈՐՈՏ ԼՈՒՍԻԿԸ

Սապէս խօսք մը կայ՝ կ՚ըսեն. «Ալիւրի տոպրակը որքան թօթուես՝ ալիւրոտ կը մնայ»։ Ժողովուրդն ալ այդպէս է՝ որքան բառ ու բան հաւաքես՝ կայ եւ կայ։ Ահաւասիկ մէկը. իմ հայրենակիցները այս միջատին «բուրուտ լուսէկ» կ՚ըսեն, բորոտ լուսիկ, հայերէն հոմանիշներն ալ պատկերաւոր են՝ լուսատտիկ, լուսէ տուտ՝ պոչ ունեցող կամ կայծոռիկ՝ կայծէ ոռք՝ յետնամաս ունեցող։ Լոյսը հասկցանք, բայց սա լոյսին բորոտ ըլլալը ի՛նչպէս հասկնանք. ժողովուրդի պատկերաւորութեան թռիչքները երբեմն դժուար է բացատրել։
Հա՛, մութը կոխելուն պէս պատի մը խոռոչին մէջ կամ տերեւի մը տակ ըլլալը յայտնի կ՚ընէ իր արձակած լոյսէն։ Գիւղացի տղաք այս լոյսը ո՛չ գայլի, ո՛չ ալ կատուի աչքերուն հետ կը շփոթեն. գիտեն՝ բորոտ լուսիկն է, թեւերը բանայ՝ լոյսը կ՚երեւի, գոցէ՝ կը մարի, հովէն մարմրող լոյսի մը պէս կը պլպլայ գիշերն ի բուն։
— Բորոտ լուսիկ է,— կ՚ըսեն , ելեր է՝ կորսոած ուլը կը փնտռէ։
Ու կը պատմեն , թէ՝
— Եղեր է, չէ եղեր մինակուկ պառաւ մը, ունեցեր է այծ մը եւ ուլ մը։ Այծը կը սատկի ու պառաւին յոյսը կը մնայ իր խատուտիկ ուլիկը։ Արտերէն ամենէն թարմ բաղեղները գիրկ-գիրկ կը հաւաքէ, ծառերէն ամենէն թարմ մորջերը փունջ-փունջ կը քաղէ կը բերէ ուլիկին։ Ու օր մըն ալ , չարաճճի ուլիկը կը ցատկէ դռնակին վրայէն ու կը փախչի։ Կ՚ըսեն ուլին անցած տեղէն գայլը չի կրնար անցնիլ։ Ու պառաւը կ՚իյնայ դէս ու դէն , հոս ու հոն կը նայի, ուլը չի գտներ։ Գիշերը կու գայ, հազար գայլ ու թոպեկ, ինչպէ՛ս ուլը դուրս թողու։ Կը վառէ ճրագը ու ու կը շարունակէ փնտռել իր ուլը։
Ու կ՚ըսեն՝ դեռ մինչեւ օրս ամեն գիշեր ճրագը վառած՝ ուլը կը փնտռէ։
Ան բորոտ լուսիկն է:

ՏԷՐՈՒՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔԸ ՀԱՅԵՐԷՆԻ ԲԱՐԲԱՌՆԵՐՈՎ

Եդուարդ Սարնունի իր «Քեսպընուօկ – Քեսապի բարբառ»ը կայքին մէջ զետեղած էր «Հայր Մերը» Քեսապի բարբառով, նոյն տեղը Վահան Մանճիկեան աւելցուցած էր նաեւ իր տարբերակը։ Աղբիւր չեն յիշեր. շատ հաւանաբար իրենց հարազատ տարեցներէն կատարուած արձանագրութիւններ ըլլալու են։ Ողջունելի հրապարակումներ են։
ԺԹ, դարուն, Աստուածաշունչի աշխարհաբար թարգմանութենէն ետք, մեր մէջ կ՚երեւին Ս. գրային նիւթերու թարգմանութիւնները բարբառով։ Օրինակ, սեղանիս վրայ հիմա կայ Մատթէոսի Աւետարանի թարգմանութիւնը Զէյթունի բարբառով, Պոլիս 1913։ Հայ մամուլը, յատկապէս Գարեգին Սրուանձտեանցի աշխատութւններէն ետք, կը սկսի կամաց-կամաց հետաքրքրուիլ հայաբնակ գաւառներով եւ անդ գործածուող հայերէն բարբառներով։ Թղթակիցը քանի մը տող կը գրէ այդ հեռաւոր բնակավայրի մասին եւ կու տայ տեղւոյն խօսուածքէն օրինակներ՝ հեքիաթ, առակ, առած, ասացուածք, հանելուկ եւ մանաւանդ «Հայր Մերը» տեղւոյն բարբառով։
Ըսենք նաեւ, որ Ս. գրային նիւթերու թուրքերէն, աշխարհաբար հայերէն եւ բարբառ թարգմանութիւնները անհրաժեշտաբար կը կատարուէին նաեւ քահանայ հայրերու կողմէ։ Թրքախօս եւ բարբառախօս միջավայրի մէջ ատիկա պահանջք ալ կրնար ըլլալ։ Տարեց քեսապցիները մինչեւ հիմա ալ կը յիշեն Տէր Պետրոս քահանային բարբառով կատարած աղօթքները։
Այսուհանդերձ՝ Հայ եկեղեցին պաշտօնապէս կը մերժէ այս երեւոյթը։ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Արտաւազդ արք. Սիւրմէեան 6 ապրիլ 1936 թուակիր թիւ 1 որոշմնագիրով կը հրահանգէ. «Ներկայ Առաջնորդական Պաշտօնագրով վերջին անգամ ըլլալով եւ կարեւորութեամբ կ’ազդարարենք, որ այսօրուընէ սկսեալ բացարձակապէս արգիլուած է Հայ Եկեղեցւոյ մէջ, ըլլա՛յ Քահանայ Հայրերու կողմէ, ըլլա՛յ հիւր Վարդապետ կամ Աբեղայ կամ Քահանաներու կողմէ, ըլլա՛յ Սարկաւագ կամ Աւագ Սարկաւագներու կողմէ, ըլլա՛յ հրամանաւ Ուրարակրի կողմէ, ըլլա՛յ Դպրապետի կամ Դպրաց Դասու ոեւէ անհատի կողմէ, թուրքերէն լեզուաւ կամ աշխարհաբար լեզուաւ, ըլլա՛յ ուղղակի, ըլլա՛յ անուղղակի, գրաբար բնագրին վրայէն կարդալ աշխարհաբար կամ թուրքերէն»։
Առաջնորդը հոս «աշխարհաբար» բառով նկատի ունի նաեւ բարբառները։
Սա ալ ըսենք, որ գրական արեւմտահայերէնի տարածումին հետ բարբառով «Հայր մեր»ի նշանակութիւնը գործնական իմաստով կը դադրի, բայց կը մնայ բարբառասէրներու հետաքրքրութեան առարկան։
Ստորեւ կը ներկայացնեմ “Հայր մեր”-ի Քեսապի եւ Արամոյի բարբառներով հրապարակումները։ Ասոնք այդ բարբառներով կատարուած առաջին արձանագրութիւններն են։
1.- Սսական Վարդ., «Լեզուաբանական – Անտիոքայ Քէսապ գիւղի հայոց լեզուով ըսուած «Հայր մեր»-ը», Բիւրակն, ԺԸ. տարի, 12 Դեկտեմբեր 1900, թիւ 46, էջ 731։ Մեզի ծանօթ չէ Սսական վարդապետին ինքնութիւնը, յայտնապէս՝ ան Սիսի կաթողիկոսարանի հայրերէն մէկն է, կրնայ եւ քեսապցի չըլլալ. արձանագրութեան մէջ կ՚երեւին Քեսապի բարբառին արդի պատկերին ոչ յարիր քանի մը պարագաներ։
2.- Արամոյի բարբառով կը հանդիպինք երկու նիւթի, մէկը՝ «Բերիոյ թղթակից», իսկ միւսը՝ «Այծեամ» ստորագրութեամբ։ Առաջինը գրաբար երեք աղօթքներէ քաղուած 8 տողանի վերածում մըն է, զոր կու տայ Բերիոյ թղթակիցը՝ Արսէն քահանայ Յարութիւնեան (տե՛ս «Կիլիկեան մոռցուած անկիւններ», Արեւելեան Մամուլ, 1906, էջ 1203), իսկ երկրորդը՝ Այծեամն, «Թղթակցութիւն – Նմոյշ մը Արամո գիւղին հայ լեզուէն», Հանդէս ամսօրեայ, ԻԱ տարի, 1 Յունուար 1907, էջ 27. հոս թարգմանաբար կը տրուի «Հայր մեր»-ը եւ հատուած մը սաղմոսերգուէն՝ «Սաղմոս եւ մաղթանք»։
Այս հրապարակումներով փաստօրէն յայտնի կը դառնան Օսմանեան կայսրութեան մէջ մեր ծայր հարաւ-արեւմտեան շրջանակներու՝ Քեսապի եւ Արամոյի բարբառները։

ՓԱՂԱՆԳ ԷՐ ԻՍԿԱՊԷՍ

1960-1970-ականներուն՝ Հայաստանի մէջ երիտասարդ արձակագիրներու փաղանգ մը երեւցաւ: Մերձաւոր Արեւելքի տղոց համար անոնց գիրքերը գտնելն ու կարդալը գեղարուեստական մեծ բաւականութեան հետ նաեւ յայտնագործութեան բերկրանք կը պատճառէին: Խորհրդային գիրքերու մեծ գրախանութներ կային Պէյրութի եւ Դամասկոսի մէջ: Պէյրութի գրախանութը կը գտնուէր Ռիատ Սուլհ հրապարակին կից, իսկ Դամասկոսի մէջ՝ Խորհրդարանի շէնքի փողոցին մէջ: Հոն միշտ անակնկալ նորութիւններ կը գտնէինք մեզի համար:
Անունները շատ էին. բոլորն ալ կախարդական բան մը ունէին մեզի համար, եւ բնական է, այդ օրերուն տակաւին չէինք կրնար գիտնալ, թէ ո՛վ կը մնայ պատնէշի վրայ. Վարդգէս Պետրոսեան (Ծ. 1932)՝ «Հայկական Էսքիզներ», Զօրայր Խալաբեան (Ծ. 1933)՝ «Որտեղ էիր, մարդ Աստուծոյ», Մուշեղ Գալշոյեան (Ծ. 1933)` «Ձորի Միրոն», Հրանդ Մաթեւոսեան (Ծ. 1935)՝ «Մենք ենք մեր սարերը», Նորայր Ադալեան (Ծ. 1936)՝ «Արագածի ձիւները», Յովհաննէս Մելքոնեան (Ծ. 1937)՝ «Հեռաւոր հողի ձայնը», Պերճ Զէյթունցեան (Ծ. 1938) «Կլոդ Ռոբերտ Իզերլի», Ռուբէն Յովսէփեան (Ծ. 1939)՝ «Ամենատաք երկիրը»… այս պարբերութեան տողընդմէջ միջոցները լայն մնացին
Հայաստանի գրական առօրեան խթանիչ ուժ ունէր մեզի համար։ 1967-էն լոյս տեսնող «Գարուն» ամսագիրը գինովցուցած էր մեզ: Պէյրութի մէջ Սիմոն Սիմոնեանի «Սփիւռք» շաբաթաթերթն ալ սփիւռքահայ երիտասարդ գրողներու հարթակ մը պատրաստեց՝ «Սփիւռք Գարուն»ը: Հայաստանի գրական յախուռն առօրեայէն երբեք հեռու չմնացինք: Սիմոն Սիմոնեան 1969-ին հրատարակեց Թորոս Թորանեանի կազմած «Հայաստանցի ութ երիտասարդ արձակագիրներ» ժողովածուն: Սփիւռքը ցմրուր կը վայելէր խորհրդահայ գրականութիւնը:
Բայց մի հարցնէք, թէ այդ օրերուն Հայաստա՛ն ինչ կը գտնէր սփիւռքահայ գրականութեան նորերուն մէջ: Այսօր ալ պատկերը շնորհակալ ոչինչ ունի: Դեռ ուրիշ, ուրիշ առեղծուած մըն ալ անիկա է, որ սփիւռքահայ գրականութիւնը հանրայնացնող գրախանութ ու հարթակ գոյութիւն չունի Հայաստանի մէջ: «Նոր Յառաջ» կեդրոնի ճիգը գովելի կը մնայ։ Գրախանութի դարակներուն մէջ քնացող գիրքերուն զարթուցիչ պէտք է։

Շարունակելի

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *