Թարմ ծաղիկներ

Ալեակ Լատոյեան

Ըստ քեզի, ի՞նչն է, որ օտար վայր մը կը դարձնէ տուն։ Ընտանի՞ք, բարեկա՞մ, գո՞րծ, ﬕջավա՞յր թէ գաղո՞ւթ։
Լիբանանը ետիս ձգելով՝ ես եւ իմ սերնդակիցներէս շատեր, անցնող տարիներուն հաստատուեցանք աշխարհի չորս կողմը, տարբեր երկիրներու մէջ՝ արաբական աշխարհէն ﬕնչեւ Եւրոպա եւ Continue reading “Թարմ ծաղիկներ”

ՋՈՐԵՊԱՆ ԳԱԼՈՒՍՏԸ (Դ.)

Եդուարդ Պոյաճեան

Սկիզբը՝ նախորդ թիւով

Երկրորդ պատերազմը կանխող գաղթականութիւնը աւրած էր սակայն շատ բան, խորտակած, տակն ու վրայ ըրած։ Գալուստին համար փոխուած էր մարդոց հոգին, հին արեւը չկար, կրակոտ տրամադրութիւններ չկային, կար դրամի սէր, անիրաւութիւն, բամբասանք։ Իջած էին մարդիկ բարձր բաներէ, հասած էին ցած Continue reading “ՋՈՐԵՊԱՆ ԳԱԼՈՒՍՏԸ (Դ.)”

Հէքեաթը դաստիարակիչ պատմուածք է

բժ. Օհան Թապաքեան

Երբ մանուկ էի, մայրս շատ անգամ ինծի Չախչախ թագաւորին հէքեաթը պատմած է, ու Չախչախ թագաւորին կատարած գողերուն բնակարաններուն ջախջախումը, մեծ գոհունակութիւն ու հաճոյք կը պատճառէր ինծի, որովհետեւ ան կը խորհրդանշէր բարիին յաղթանակը չարին: Ժամանակի ընթացքին հէքեաթը ժողովրդական Continue reading “Հէքեաթը դաստիարակիչ պատմուածք է”

Երազիս մէջ …

Սաղաթէլ Պասիլ
Շատ կարճ պատմութիւն – 1

Ճամբաս կը քալէի, ինկայ գլխուս վրայ… ու երազս կոտրեցաւ։
Գացի ոսկրաբոյժի մը մօտ՝ բուժուելու։ Ան ըսաւ.
— Երազներու կոտրուածքները չե՛ն բուժուիր, ո՛վ քաղաքացի։
— Բայց երազս կը ցաւցնէ զիս… շատ կը ցաւցնէ…, — ըսի ու լուռ հեռացայ։
Լռեցի։ Կլլեցի բոլոր խօսքերս, գրութիւններս ու յօդուածներս, ապա Continue reading “Երազիս մէջ …”

«Ոչը միշտ ժխտական չէ» — Էտկար Մորէն(*)

Նորա Պարութճեան

Ի՞նչ է ոչը, եթէ ոչ այոյի տարածք։ Մուտք՝ դէպի այն ՙարգելք՚ուածը, որ պիտի չարձակուէր առանց ոչի հատու շեշտին, առանց ոչի կտրուկ բնաւորութեան։ Անհաւանականի շրջումն է ոչը դէպի կարելիութիւն, Continue reading “«Ոչը միշտ ժխտական չէ» — Էտկար Մորէն(*)”

Միայն մէկ անգամ

Վրէժ Իսրայէլեան

Գիշերով գիւղը նման էր քնի մէջ խօսող մարդու, որն ինքն իրեն չի լսում: Երբեմն անորոշ կողմերից կովերի բառաչ էր լսւում, որ մի պահ կարծես բռնկւում էր մութի մէջ ու հանգչում: Քամին ետեւից Հայոյի գլխաշորը բերում-փաթաթում էր դէմքին, եւ նա րոպէն մէկ ճոթերը ետ էր գցում: Քանի՞ անգամ էր Հայոն անցել այս փողոցով՝ հազար, հարիւր հազար, Continue reading “Միայն մէկ անգամ”

ՋՈՐԵՊԱՆ ԳԱԼՈՒՍՏԸ (Գ.)

Եդուարդ Պոյաճեան

Ճարահատ կացութեան մատնուած, Գալուստ ուզեց գրել Կաթողիկոսին, պատմել անոր իր ցաւին եւ արժանապատուութեան մասին։ Ի՜նչ լաւ կ՚ըլլայ, երանի սկիզբի օրերէն մտածէր ատիկա։ Կաթողիկոսը կը կարդայ իր գրել տուած նամակը, սիրտը կը լեցուի, կը բարկանայ անշուշտ այդքան անարդարութեւան դէմ, կ՚առնէ փետուրը Continue reading “ՋՈՐԵՊԱՆ ԳԱԼՈՒՍՏԸ (Գ.)”

Անդենականին հետ

Բժ. Օհան Թապաքեան

Անդենականը մեզի անծանօթ, խորհրդաւոր խաւար, անսահման տարածութեամբ աշխարհ մըն է, որուն ժամանակի ընթացքին վերջնական բնակիչները պիտի դառնան մեր աշխարհին բոլոր անդամները:
Մահուան գաղափարը արուեստագէտը, ինչպէս նաեւ պարզ Continue reading “Անդենականին հետ”

Mutabor(*)

Լիլիթ Յովսէփեան

Խմբագրութեան կողմէ. — Այս տարի հիւսիսային կիսագունդի ամառը սովորականէն աւելի տաք ըլլալուն, մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Լիլիթ Յովսէփեանի այս պատմուածքը՝ որպէս ամառային տապը մեղմելու միջոց։

Առաւօտները լողափում երանելի վիճակ է… Ծածկերին մօտիկ, խումբ-խումբ փռուել են պանսիոնատի բնակիչները. ծղրտում են՝ կրունկները ջուրը մտցնելով, կարգով ու հերթով արեւին են դէմ անում մարմնի Continue reading “Mutabor(*)”