«Հորիզոն գրական»ի որդեգրած ուղղագրական սկզբունքներուն մասին

Ընթերցողը հաւանաբար նկատած է, որ «Հորիզոն գրական» կը գործէ ուղղագրութեան դասական կանոններուն համաձայն։ Ան երբեմն նոյնիսկ կը փորձէ շատ աւելի դասական ըլլալ, քան մեր մամլոյ ներկայացուցիչները, որոնք յաճախ տուրք տուած են սովորութենական շեղումներու։

Որպէս ընդհանրական կանոն, կը հետեւինք Մալխասեանցի բացատրական բառարանին, եւ որեւէ երկմտանքի պարագային չենք վարանած եւ չենք վարանիր «Ստեփանին կարծիքը հարցնելու»։ Ատենին «Հորիզոն»ի խմբագրատան այցելուները քիչ մը շուարած մեզի կը նայէին, երբ այդ նախադասութիւնը կը լսէին, որովհետեւ Ստեփան էր նաեւ անունը Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի — ուր կը գտնուի խմբագրատունը — … դռնապանին։