Պատասխանը՝ երկուքն ալ, որովհետեւ տարբեր իմաստներ ունին։
2009 օգոստոսի մեր թիւին մէջ (էջ 24) կը գրէինք հետեւեալը.
ԱյնուԱՄԵՆայնիւ՝ որոշեցինք
Երկար տարիներէ ի վեր, «Հորիզոն» որդեգրած էր ուղղագրական յատուկ մօտեցում մը «ամեն» եւ «ամէն» բառերու նկատմամբ. կը գրէինք «ամէն», սակայն բարդման եւ ածանցման պարագային կը գործածէինք դասական ձեւը՝ «ե»ով. ամենայն, ամենամեծ, ամենա…
Գրական յաւելուածի 25-ամեակին առիթով, որոշեցինք վերջ տալ այս միջին-եզրեան դրութեան եւ որդեգրել միատեսակ գրելաձեւ մը՝ «ե»ով, բացի անշուշտ կրօնական «ամէն»էն, որ ամբողջովին այլ իմաստ եւ ծագում ունի։
Այդպիսով յարգած կ՚ըլլանք նաեւ հայ լեզուի եւ ուղղագրութեան հիմնական կանոններէն մին՝ երկիմաստութեան բացառումը։ Ստորեւ, կու տանք նաեւ երկու բառերու տարբերութիւնը ընդգծող համառօտ մէջբերում մը Մալխասեանցի բացատրական բառարանէն.
ԱՄԵՆ, ԱՄԵՆԱՅՆ. ի (ից), ածական. Որքան որ կայ, առանց բացառութեան, համայն, համօրէն (խօսելով միեւնոյն կարգին պատկանող իրերի կամ անհատների մասին)։
ԱՄԷՆ, մակբայ, (եբրայերէն՝ āmēn , ստոյգ, ճշմարիտ). (եկեղ.) Աղօթքների վերջում՝ իբրեւ հաստատութիւն կամ կնիք ասուածի։ … Հին գրքերի վերջում՝ որեւէ փառաբանական խօսքից յետոյ՝ իբրեւ հաստատութիւն կամ կնիք ասուածի եւ իբրեւ նշան գրուածքի աւարտման։
Հետեւաբար՝
«Հորիզոն գրական» կը գրէ «ամեն» — «եչ»ով, բացի կրօնական «ամէն»էն, որ բոլորովին տարբեր իմաստ ունի։
Ի դէպ, երբ օրին վերոնշեալը յայտարարեցինք թերթով, Ուաշինկթընէն Լեւոն Պալեան գրեց մեզի յատկապէս այս հարցով, նշելով թէ իր ուսուցիչը՝ Լեւոն Շանթ, նոյնպէս կը պահանջէր որ «ամեն»ը գրուի «եչ»ով։ (տես մեր 2009 հոկտեմբերի թիւը, էջ 22)։