Անվերնագիր

Գէորգ Պետիկեան

Յաճախ օրեր, երկար ու կարճ ժամերով օրեր, կը կարծեմ, որ մոռցած եմ քեզ ու կամաց կամաց պատկերդ կը պղտորի երազներուս մէջ:
Բայց չեմ սարսռար, չեմ արտասուեր, պարզապէս կը կարծեմ, որ մոռցած եմ քեզ եւ անհոգ օրերուս վերադարձած եմ:
Ու ինքնաբերաբար կ՚անցնիմ նախկին նոյն փողոցներէն, անսէր օրերու հանդարտ գնացքովս, ուր միայն ճերմակ յիշատակներս տակաւին կ՚ապրին իրենց քաղցր եւ անուշ խաղերը:
Մեկնած եմ արդէն ու հասած դէպի հորիզոններու երկայնքին փռուած նոր ճանապարհներու եզրին, հաւանաբար ալ արկածալից, օտար երկինքներու տակ բախտս անէծքի նման կրելով շարունակ:
Եւ անզգալաբար՝ ուրախ եմ: Գրեթէ երջանիկ: Առանց տեսիլքին յայտնութեան սպասելու, արդէն կեանքս սկսած է շուրջս երգել:
Ու ինչ մեղքս պահեմ, վայրկեանի մը համար կը կարծեմ, որ մոռացման քօղը ծածկած է արդէն ամեն հին ու անցեալ՝ ու ես կարծես հրաժեշտ տուած եմ նախկին երջանկութեանս:
Այս նոր դրութեանս մէջ, սիրտս իբրեւ ուռկան դարձուցած, աշխարհը հրաւիրած եմ խրախճանքի:
Ազատ եմ ու ամեն վայրկեան կ՚երգեմ նոր երգս՝ բարձրաձայն: Անսահման հպարտութիւն մը տիրացած է սրտիս, որովհետեւ կը զգամ, որ մէջս յուշերուս կարօտը շատոնց մարած է ու նոյնիսկ խեղդամահ եղած:
Կը կարծեմ, որ դուն եւ ես իրարմէ շատոնց բաժնուած ենք, ինչպէս լոյսն ու մութը:
Բայց… կը յիշեմ յանկարծ, այն օրերուն ուշ էր, երբ գտայ քեզ իմ երիտասարդ անցքիս վրայ, մտածումիս բարձունքին գագաթը նստած, քայլերուս որոտին հետ համախոհ: Դուն մէջս էիր, եւ ես անտեղեակ էի:
Չեմ յիշեր նոյնիսկ ինչպէս դուն երգս դարձար ու ծնունդ տուիր ճառագայթի նման պայծառ իրարայաջորդ երազներու ծնունդին՝ հոգւոյս խորերուն մէջ, որոնք կեանքս ապրեցուցին իրենց մէջ: Գոյն տուին օրերուս, եւ յուշերս ներկեցին ուրախութեան եւ պայծառութեան երանգներով:
Հիմա, երբ կը նայիմ պատկերիդ, անոր բազմերանգ գոյներուն ու լուսաւոր երազներուն՝ յամառօրէն յուշերս կը փնտռեմ: Ու արագօրէն շրթներուս վրայ անունդ կը փորձեմ արտասանել:
Դո՛ւն, որ ինծի համար այս աշխարհի սիրուն պարիկներէն մէկն էիր, աւաղ, հիմա անունդ կը փնտռեմ:
Կ՚ուզեմ ձեւով մը աշխարհին անունդ աղաղակել: Սակայն չեմ կրնար, որովհետեւ յիշողութիւնս կանուխէն ինծի դաւաճանած է:
Հոգիս թափ կու տայ կիրքերուս: Նայուածքս ի զուր կը խուզարկէ տետրակիս բոլոր էջերը գտնելու համար անունդ:
Հաւատա՛, որ խոր ու անմեղ ցանկութիւն մըն է ունեցածս: Պարզապէս անունդ յանկարծ կ՚ուզեմ յիշել: Անունդ… կը հասկնա՞ս:
Ու ես ինծի հարց կու տամ, թէ արդեօ՞ք դէմքդ տակաւին նոյնն է: Արդեօ՞ք յուշերդ տակաւին թարմ եւ հաճելի ու արցուքախառն իրենց երգերը կը յիշեն:
Անշուշտ, թէ օր մը պիտի արթննամ կախարդական այս երազէս:
Թերեւս կրկին հանդիպիմ քեզի ու կեանքս կրկին անգամ վազէ դէպի ակերը երջանկութեան:
Բայց այս բոլորէն առաջ, ի՞նչ էր անունդ:
Անցկութեամբ կ՚ուզեմ յիշել, փնտռել զայն, որպէսզի ապրիմ արեանդ տաքութիւնը: Անհամբեր ճամբուդ կը սպասեմ: Սրտատրոփ՝ քայլերդ կ՚ուզեմ լսել: Ու վստահ եղիր, երբ քեզ գտնեմ պիտի թափանցեմ աչքերուդ խորը ու փնտռելով անուշ նայուածքդ, համարձակ ու երկարօրէն կրկին անգամ պիտի փորձեմ լողալ անոնց մէջ:
Անուանդ հետ միատեղ, այս վայրկեանին մտքիս պաստառին վրայ կը փորձեմ յիշել նաեւ շքեղանքը հասակիդ, մարմնիդ:
Կը զգամ, որ ինքնածին հրաւէր մըն է այս մէկը: Չեմ գիտեր ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ յանկարծ մէջս այս զգացումը ծնաւ:
Հարազատ հրաւէր մըն է այս մէկը, կը համոզեմ ես զիս: Պարզ եւ սիրուն:
Բայց, ըսէ՛ կրկին, ի՞նչ է անունդ:
Հաստատ գիտեմ, որ այդ հին ու երջանիկ օրերուն բախտն էր որ ժպտած էր մեր երկուքին ու հիմա ան ցանկութեան ճամբաներուն նստած, մեր կեանքը բռնած իր ճանկերուն մէջ, վստահաբար մեզ հեռուէն կը դիտէ:
Սակայն ինչո՞ւ յանկարծ սրտիս մէջ բանի մը նուաղումը կը յայտնուի:
Կը զգամ, որ մեծ բան մըն է, որ կը նուաղի, ինչպէս կը նուաղի երջանիկ օրուան մը սիրոյ երազը:
Անոր համար ամեն երեկոյեան, երբ արեւը ինքզինք կը ժողվէ մեր քաղաքի փողոցներէն եւ երբ մութը կ՚իջնէ սենեակիս վրայ եւ դուրսի աղմուկը կը լռէ բաց պատահանէս, յանկարծ մտովի կը փորձեմ կեանքի մշուշին մէջէն յիշել կորսուած մեր արեւոտ աշխարհն ու անոր հետ ագուցուած անունդ:
Երգուած ու միաժամանակ կրկնուած խօսքերս կը յիշեմ: Օրերով փնտռած եմ, քեզ առանց նոյնիսկ ստուերդ գտնելու:
Ու հիմա, որ կը սոսկամ սիրտիս ամայութենէն, յանկարծ կը յիշեմ անունդ, որ ինծի կը բերէ գարնանային մեղմ հովը:
Սէր:
Այս էր անունդ՝ անկասկած: Ու այս նոր երջանկութիւնս ճանչնալու համար պատուհանէս ներս մտնող զեփիւռը կ՚ողջունեմ:
Հիմա, որ յիշած եմ անունդ, այլեւս գտած եմ երջանկութիւնս:

Լոս Անճելըս

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *