(Հատուած)
ԱՆՈՅՇ ԱԿՆԵՐԵԱՆ
Ճաշը
Ճաշարանը այնպիսի տեղ մըն էր, ուր սպասարկուները ցած կը խօսին, եւ գինիի ցանկը տպուած ցուցակ չունենար. սպասեակը կու գայ եւ քեզի բերանացի կը թուէ ինչ գինի որ ունին՝ հետդ գաղտնիք մը կիսելու պէս։ Նայիրին ընտրած էր այս ճաշարանը։ Նայիրին էր ընդհանրապէս, որ իրենց հանդիպման վայրը կ՚ընտրէր։
— Ես կը հրաւիրեմ,— ըսաւ դեռ չնստած՝ որպէսզի հարցը փակուի նախքան բացուիլը։
— Ամուսնութեանդ տօնակատարութիւնը ունիս առջեւդ,— ըսաւ Լիանան,— եւ դեռ կը հրաւիրե՞ս։ Ձգէ որ ե՛ս հրաւիրեմ։ Բոլորս դրամ ունինք, բայց ես ո՛չ մէկ առիթ ունիմ ծախսելու։
— Ճիշտ ատոր համար ե՛ս կը հրաւիրեմ,— ըսաւ Նայիրին՝ ժպտելով, եւ հարցը փակուած համարեց։
Նստան պատուհանին քով՝ լաւագոյն սեղանը, որ Նայիրին միշտ կը պատուիրէր։ Էմման վերարկուն հանեց, եւ Լիանան անմիջապէս ըսաւ.
— Օ՜ լալա՜։ Ի՞նչ է ատ՝ նո՞ր է։ Ճիշտ շրթունքիդ գոյնին հետ կ՚երթայ կոր։ Ռիչըրտը տեսա՞ւ։
— Ռիչըրտը չի տեսներ այս բաները,— ըսաւ Էմման ու ծիծաղեցաւ, եւ այդ ծիծաղին մէջ չկար բան մը, որ մարդ կարենար բռնել։ — Այսքան տարի ետք,— շարունակեց,— կը կարծէ, թէ նոյն հագուստն է, որ հագած էի մեր ծանօթութեան օրը։
— Բարի մարդ,— ըսաւ Նայիրին։
— Բարի մարդ,— ըսաւ Էմման ու վերցուց ջուրի գաւաթը։ Ո՛չ ոք ուշադրութիւն դարձուց, թէ պարզապէս կրկնած էր Նայիրիին ըսածը եւ կեցած էր խօսելէ այդ բառերուն վրայ։
Սպասեակը եկաւ։ Թուեց այն ինչ որ կար՝ ցած ձայնով, ու երբ հասաւ ձուկին — այդ մէկուն, որ նոյն առտուն եկած էր ծովէն — Նայիրին ըսաւ. «Ատ մէկը՝ բոլորիս», առանց գինը հար ցնելու, որովհետեւ գին հարցնողը ինքզինք կը մատնէ, որ իր դրամը սահմանափակ է, իսկ Նայիրին ո՛չ մէկ պարագայի պիտի ուզէր նման անձի մը տպաւորութիւնը ձգել։
— Ինչպէ՞ս կ՚երթան կոր ամեակիդ պատրաստութիւնները,— հարցուց Լիանան։ — Ըսէ՛ եթէ բան մը մնացած է, որ չես ըրած. կրնամ օգնել։
— Ծաղիկները վաղը սրահ պիտի բերուին,— ըսաւ Նայիրին, եւ աչքերը փայլեցան։ — Ճերմակ վարդ՝ հարիւր յիսուն հատ։ Շուշաններ։ Կը յիշէ՞ք ատ պզտիկ սրահը, ուր մենք ամուսնացանք այն ատեն, երբ ոչի՛նչ ունէինք։ Հիմա կրնամ իրեն տալ ա՛յն ինչ որ այն ատեն չկրցայ տալ։ Այդ է, որ կ՚ուզեմ ընել։
Լիանան վայրկեան մը իրեն նայեցաւ, քիչ մը աւելի երկար, քան պէտք էր։ Որովհետեւ Լիանան լաւ գիտէր սենեակի մը տրամադրութիւնը կարդալ եւ մարդոց բառերուն ետեւի կողմը տեսնել։ Եւ հիմա բան մը կարդաց Նայիրիին աչքերուն քիչ մը շատ պայծառ փայլքէն, եւ այն ձեւէն, որ Նայիրին «կրնամ իրեն տալ» ըսաւ. կարծես ինքզինք կը համոզէր։ Լիանան բերանը բացաւ, որ ըսէր. «Նայիրի՛, լա՞ւ էք, դուն եւ Վահէն. ամեն ինչ լա՞ւ է»։ Հարցումը հոն էր՝ լեզուին ծայրը։ Բայց չըսաւ։
— Ուրեմն,— ըսաւ հարցումին փոխարէն՝ ժպիտով մը, որ դուռ մը կը գոցէ առանց ձայնի,— ես ի՞նչ պիտի հագնիմ այդ սրահին մէջ, որ քու վարդերէդ աւելի գեղեցիկ չերեւիմ, թէ՞ պարզապէս սեւ հագնիմ եւ ձգեմ, որ բոլորը հասկնան, թէ դիտմամբ կ՚ընեմ։
Նայիրին ծիծաղեցաւ, եւ վայրկեանը անցաւ։ Էմման — որ նոյնպէս տեսած էր այն՝ ինչ որ Լիանան տեսած էր — ինք ալ ոչինչ ըսաւ ու վերցուց իր բաժակը։ Եւ այդպէս՝ սեղանին շուրջ երեք կին զիրար խնայեցին, զիրար պահեցին ամբողջ ու անարատ, որպէս մտերիմներ, որոնք իրարու համար կը կրեն բաներ՝ առանց բառի։
Ճաշը եկաւ։ Խօսեցան անմեղ նիւթերու մասին, որոնք չեն վիրաւորեր խօսակիցներդ, որ կը սիրես. ճամբորդութիւններ, գիրքեր, երկրին տնտեսական վիճակը, ո՛վ ամուսնացած էր, ո՛վ բաժնուած էր, Լիանային նոր պայմանագիրը, որ զինք պիտի ղրկէր արտասահման՝ ամիսը երկու անգամ։
— Չե՞ս յոգնիր,— հարցուց Էմման։— Այդքան երթեւեկ՝ մինակդ։
— Կը սիրեմ մինակս ճամբորդել,— ըսաւ Լիանան։ — Չունենալ մէկը կողքիս, որ գանգատի օդանաւակայանի հերթին մասին, մէկը՝ որ հարցնէ թէ ո՛ւր կ՚երթամ։ Կ՚երթամ ո՛ւր որ ուզեմ, տուն կու գամ ե՛րբ որ ուզեմ, կը քնանամ ա՛յն կողմը ան կողինին, որ ուզեմ։ Ձեզի կը նախանձիմ ձեր ամուսիններուն համար, այո՛։ Բայց դուք ալ ինծի կը նախանձիք։ Պարզապէս դուք չէք ըսեր։ — Ապա կեցաւ ու Էմմային նայեցաւ ու ժպիտին մէջ բան մը փոխուեցաւ։ — Բայց գիտէ՞ք ով պէտք է ընէր այս յաճախակի ճամբորդութիւնները։ Ո՛չ թէ ես. Էմման։ Էմման էր, որ աշխարհ կ՚ուզէր պտտիլ։
— Օ՜, նորէն սկսար,— ըսաւ Էմման, ու ձեռքը թափ տուաւ՝ կարծես ճանճ մը կը հալածէր։
— Ի՞նչ ճամբորդութիւններ,— հարցուց Նայիրին։
— Հնագիտութիւն կարդաց համալսարանը,— ըսաւ Լիանան Նայիրիին, որովհետեւ Նայիրին աւելի ուշ ճանչցած էր զիրենք ու չէր գիտեր այդ մանրամասնութիւնը Էմմային մասին։ — Պեղելու համար հին բաներ։ Հին քաղաքներ, գերեզմաններ, կոտ- րած ամաններ, երեք հազար տարուան հնութիւններ։ Ամառ մը՝ ուսանող եղած ատենը, պեղումի մը գնաց։ Ամիսներով մեզի կը գրէր իր պեղած հողին մասին, կարծես ոսկի ըլլար։
— Քսան տարի առաջ էր ատիկա,— ըսաւ Էմման։ — Ուրիշ կեանք էր։
— Ինչո՞ւ չշարունակեցիր,— հարցուց Նայիրին։
Էմման վերցուց գինիի բաժակը, եւ նիւթը քաղաքավարութեամբ բայց հաստատօրէն փակել ուզելով, ըսաւ.
— Որովհետեւ այդ գործը ճամբորդել կը նշանակէր։ Տարին վեց ամիս, հեռու, փոշիներուն մէջ՝ աշխարհի միւս ծայրը։ Ես այդ ատեն Ռիչըրտին հետ էի արդէն։ Ընտրեցի մնալ եւ նման երկար ճամբորդութիւններով հեռաւորութիւն չստեղծել եր- կուքիս միջեւ։
Կեցաւ։ Պէտք է որ հոն վերջանար իր պատասխանը. հոն ճիշտ տեղն էր կենալու։ Քսան տարի միշտ այդ տեղը կեցած էր արդէն։ Բայց այս անգամ հոն չմնաց եւ շարունակեց՝ ինքնեկ պատրաստակամութեամբ մը.
— Թէեւ հիմա, նոյնիսկ անցեալին ալ՝ նման մասնագիտութիւններով ընտանիք ունեցող կիներ կը ճամբորդեն, կ՚երթան՝ կէս տարի հոս, կէս տարի հոն, եւ ձեւով մը յարմարած են։ Թերեւս ես ալ կրնայի։ Չեմ գիտեր։ Բայց այն ատեն այդպէս չէր երեւեր ինծի։ Այն ատեն ինծի թուաց, որ պէտք է ընտրէի՝ մասնագիտութիւն կամ տուն։ Ես ընտրեցի ու —
Դարձեալ կեցաւ։ Եւ այս անգամ գոցեց դուռը երկու կարճ եւ վճռական բառերու օգնութեամբ.
— Եղածը եղաւ,— ըսաւ եւ ձեռքը թեթեւ մը շարժեց օդին մէջ՝ կարծես փոշի մը վանէր սեղանէն։ — Ուրիշ կեանք էր։
Եւ խօսակցութեան թելը փոխեց շատ սահուն կերպով՝ վարժ կնոջ մը պէս, որ լուսարձակը իր վրայէն կը դարձնէ դէպի ուրիշ մը։
— Դո՛ւն ըսէ, Նայիրի՛,— ըսաւ։ — Գտա՞ր սպասարկուները, որ կ՚ուզէիր քսանամեակիդ ընդունելութեան համար։
Բայց Նայիրին ու Լիանան երկուքն ալ լսեցին ինչ որ չըսաւ Էմման, եւ մանաւանդ՝ այդ «թերեւս ես ալ կրնայի»ն, որ կախուած մնաց օդին մէջ, նոյնիսկ երբ աւելի ետք Էմման փորձեց ծածկել զայն այդ երկու բառով՝ «եղածը եղաւ»։
Լիանան, որ չէր ուզեր որ նիւթը այդքան դիւրին փակուի, ցած ձայնով ըսաւ՝ գրեթէ ինքն իրեն, բայց՝ բաւական բարձր, որպէսզի Էմման լսէ.
— Շատ լաւ կ՚ըլլայիր ա՛յդ գործին մէջ։
Վայրկեան մը Էմման չպատասխանեց, եւ ժպիտը մնաց երեսին, բայց աչքերը գացին ուրիշ տեղ։ Նայիրին Լիանային պէս մարդիկ կարդալ չէր գիտեր, բայց սիրել գիտէր։ Օգնեց, որ նիւթը փոխուի՝ Էմմային հարցումին պատասխանելով, որպէսզի Էմման չստիպուի աւելին ըսել։
Ճաշի վերջաւորութեան եկաւ հաշիւը՝ ծալլուած պզտիկ սկուտեղի մը վրայ՝ երեսն ի վար, ինչպէս նման տեղերը կ՚ընեն, որպէսզի գումարը գաղտնի մնայ։ Լիանան ձեռքը երկարեց, բայց Նայիրին աւելի արագ էր։
— Ձգէ՛ Նայիրի, կ՚աղաչեմ,— ըսաւ Լիանան՝ ձեռքը սկուտեղին վրայ։ — Երեխայ չենք. գիտեմ թէ ինչ կ՚արժէ այս տեղը։ Ձգէ՛, որ ե՛ս առնեմ հաշիւը։
— Ո՛չ,— ըսաւ Նայիրին, ու ձայնը մեղմ էր, բայց պողպատ կար տակը, այն պողպատը, որ կին մը ի յայտ կը բերէ միայն ա՛յն բաներուն համար, որոնք իրեն համար բացարձակ կարե- ւոր են։ — Ե՛ս հրաւիրեցի։ Իմ առիթս է։ Ձգեցէք, որ ես տա՛մ ասիկա ձեզի, գո՛նէ ասիկա։
Եւ Լիանան, որ կրնար այդ ճաշարանը գնել, ոչ թէ՝ ճաշը, քաշեց ձեռքը։ Որովհետեւ հասկցաւ — ինչպէս կին մը կը հասկնայ ուրիշ կին մը — որ Նայիրիին աւելի՛ պէտք էր, որ այդ վճարումը ինք ընէր, քան իրեն, որ խնայէր իրեն այդ ծախսը։ Հասկցաւ, որ այդ սկուտեղը Նայիրիին համար ուրիշ բան էր, քան գումար մը։ Ուստի ձգեց, որ առնէ հաշիւը։
— Շնորհակալ եմ, սիրելիս,— ըսաւ Նայիրին, հանեց վարկաքարտը — այն ոսկեգոյն քարտը, որ միշտ կ՚աշխատէր — ու սպասեակին բերած վճարման մեքենային անցուց՝ առանց իսկ նայելու ստուտեղին վրայի հաշիւին։
Դուրսը՝ մայթին վրայ, երեքը ջերմօրէն ողջագուրուեցան, որպէս կիներ որոնք զիրար իրապէս կը սիրեն։ Եւ ոչ մէկ սուտ կար ատոր մէջ։ Կը սիրէին զիրար։ Եւ ճիշտ ա՛յդ էր, որ զիրենք ետ կը պահէր իրարու թափանցիկ դիմակները քանդելէ։
— Շաբաթ՝ ուրեմն,— ըսաւ Նայիրին։
— Շաբաթ,— ըսին միւս երկուքը։
Ու բաժնուեցան երեք կին՝ լուսաւոր յետմիջօրէին, ամեն մէկը իր հետ տանելով բան մը, որ չէր ըսած, եւ ամեն մէկը հաւատալով, որ ինք միակն էր, որ այդ նուրբ ծանրութեամբ կը բաժնուէր միւսներէն։
Թորոնթօ
*) Պատմուածք՝ Անոյշ Ակներեանի Ճերմակ պատեր պատմուածքներու հաւաքածոյէն, որ նոյեմբեր ամսուն լոյս պիտի տեսնէ Corridor Books հրատարակչատունէն։
