Սիրելի ընթերցող,
«Հորիզոն գրական»ի վերջին թիւի նիւթերը կը գտնես ստորեւ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։
Բարի ընթերցում
Սիրելի ընթերցող,
«Հորիզոն գրական»ի վերջին թիւի նիւթերը կը գտնես ստորեւ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։
Բարի ընթերցում
Խմբագրութեան կողմէ. — Ընթացիկ նոյեմբեր 29-ին կը լրանայ թատերագիր, վիպագիր, բանաստեղծ, ուսուցիչ, տնօրէն եւ հասարակական գործիչ Լեւոն Շանթի մահուան 75-ամեակը, որուն նուիրուած է այս աշխատասիրութիւնը։
Լեւոն Շանթի «Ի՞նչ է ազգութիւնը» խորագրով աշխատութիւնը իբրեւ յօդուածաշարք լոյս տեսած է Պոսթոնի Հայրենիք ամսագրին 1922-ի դեկտեմբերի եւ 1923-ի յունուարի եւ փետրուարի թիւերուն մէջ։ Հետագային «Ազգութիւնը հիմք մարդկային ընկերութեան» փոխուած խորագրին տակ, վերանայուած եւ կարգ մը փոփոխութիւններով Continue reading “Լեւոն Շանթի «Ի՞նչ է ազգութիւնը» յօդուածին առթիւ”
Ճաշարանը այնպիսի տեղ մըն էր, ուր սպասարկուները ցած կը խօսին, եւ գինիի ցանկը տպուած ցուցակ չունենար. սպասեակը կու գայ եւ քեզի բերանացի կը թուէ ինչ գինի որ ունին՝ հետդ գաղտնիք մը կիսելու պէս։ Նայիրին ընտրած էր այս ճաշարանը։ Նայիրին էր ընդհանրապէս, Continue reading “ԱՊՐՈՒԱԾ ՍՈՒՏԵՐ (*)”
Վ-Ա. — Սիրելի Մովսէս,
Մեր սոյն զրոյցին առիթ տուաւ վերջերս Մոնթրէալ այցելութեանդ ընթացքին քու կողմէդ ինծի նուիրուած պարբերաթերթը՝ SunStorm — Fine Art Magazine, որուն 50-ամեակին առթիւ հրատարակուած այդ բացառիկ թիւին մէջ գրաւած էիր 24 էջ, երեք հայ արուեստագէտներու մասին յօդուածովդ ու քեզի հետ պարբերաթերթին կողմէ կատարուած հարցազրոյցով։ Դուն երկարամեայ աշխատակիցն ես գեղարուեստի Continue reading “ԾԻՐԱՆԻՆ ՈՒ ԻՐ ՏԱՐԲԵՐ ԵՐԱՆԳՆԵՐԸ”
Մովսէս Հերկելեան ծնած է 1949-ին Այնճար, ուր ալ ստացած է իր նախնական եւ երկրորդական կրթութիւնը: Մասնագիտական ուսումը շարունակած է Հայաստան, ուր Երեւանի պետական համալսարանէն 1976-ին տիրացած է գրականագիտական մագիստրոսի վկայականին Continue reading “Ո՞վ է դոկտ. Մովսէս Ծիրանի Հերկելեան”
Մեր պատմութեան բոլոր ժամանակաշրջաններուն՝ անցեալին, այսօր եւ վաղը, իրենց կարեւորութիւնը կը պահպանեն այն արժէքները, որոնց մասին գրած ու բարձրաձայնած է հայ գրականութեան մեծերէն Զարեհ Խրախունին։ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան համար անոր ծննդեան հարիւրամեակին նշումը պարտքի Continue reading “ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ. ՀԱՅ ՈԳԻԻ ԵՒ ԳՐԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ (*)”