Մեր վերջին թիւը՝ ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2025

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի վերջին թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

Միշտ իր առաքելութեան ճամբուն վրայ

Գրական հորիզոն

Տարեդարձները կարեւոր իրադարձութիւններ կը սեպուին ընդհանրապէս, առիթ՝ յետադարձ ակնարկներու, փոխադարձ շնորհաւորանքներու, գնահատականներու եւ այլեւայլ տօնախմբութիւններու։ Այն աստիճան կարեւոր, որ յաճախ թուականն իսկ կը փոխուի ի խնդիր այլ նկատառումներու։ Բրիտանական Continue reading “Միշտ իր առաքելութեան ճամբուն վրայ”

Աղբահաւաք(*)

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

Աւարտած եմ Համալսարանի փիլիսոփայութեան ճիւղը, սակայն ասպարէզով աղբահաւաք եմ։ Գիտական պատրաստութեանս եւ ասպարէզի ընտրութեանս միջեւ այս երեւութական հակադրութիւնը կամքովս չէր անշուշտ։ Պարզապէս քաղաքին մէջ տիրող անգործութիւնը ինծի ստիպեց, որ ի վերջոյ անտեսեմ ազատ Continue reading “Աղբահաւաք(*)”

Հայ մշակոյթը 21-րդ դարու սեմին

Շաքէ Տէր-Մելքոնեան-Մինասեան

Այստեղ խնդրոյ առարկայ է «մշակոյթ» բառի այն հասկացողութիւնը, որ քաղաքակրթութեան մը հոգեկան, մտաւոր, արտայայտչական, ստեղծագործական եւ նման աւանդական փորձառութիւններէն գոյացած ժառանգութեան ամբողջութիւնը կը ներկայացնէ:
Իսկ «քաղաքակրթութիւն»ը՝ մարդկային ընկերութիւններու Continue reading “Հայ մշակոյթը 21-րդ դարու սեմին”

Հայաստանը եւ հայ մշակոյթը 21-րդ դարու սեմին

Վիգէն Թիւֆէնքճեան

Հայկական լայն իրականութեան մէջ, մշակոյթ բառը ընդհանրապէս կը հասկցուի այլ միջավայրերու կամ հաւաքականութիւններու այդ բառին տուած սահմանումէն որոշ տարբերութեամբ: Մինչ բոլոր ընկերային գիտութիւնները եւ գիտնականները համաձայն են, որ մշակոյթ բառով պէտք է հասկնալ բարդ ամբողջութիւն մը, որ կը ներառէ գիտութիւն, Continue reading “Հայաստանը եւ հայ մշակոյթը 21-րդ դարու սեմին”

Հայ մշակոյթը եւ իր վերապրումը այսօր

Արի-Նարեկ Մկրտիչեան

Մեզմէ իւրաքանչիւրը կեանքի իր փորձառութեան վրայ հիմնուելով, կ՚ունենայ մշակոյթի իր անձնական սահմանումը: Ուրեմն, նախքան խօսիլը 21-րդ դարուն հայ մշակոյթին սպասող խոչընդոտներու կամ հնարաւորութիւններու մասին, ուզեցի ճշդել մշակոյթ հասկացողութիւնը: Continue reading “Հայ մշակոյթը եւ իր վերապրումը այսօր”

Հայ մշակոյթի անկումը

Հայդուկ Շամլեան

Նիւթը այնքան լայն է ու անծայրածիր, որ հարկաւոր է սկսիլ կարգ մը տարրական սահմանումներով, ինչպէս նաեւ հաստատել ներածական յատակագիծ մը, կարելի եղածին չափ ճշգրտօրէն շրջագծելու համար յատուկ սահմանները, որոնց միջեւ պիտի կատարուի այս գրութեան մէջ առաջադրուող վերլուծական փորձը: Continue reading “Հայ մշակոյթի անկումը”

Գրողին, խմբագիրին եւ ընթերցողին միջեւ տօնախմբութիւն մըն է թերթի ամեն թիւ

Հարցազրոյց՝ Հորիզոն գրականի խմբագիրներուն հետ

Անոյշ Ակներեան

Դեկտեմբերեան ցուրտ առաւօտ մը, Հորիզոն գրականի խմբագրատան մէջ հաւաքուած ենք երեք ընկերներ. խմբագիր Վիգէն Աբրահամեան, աւագ խմբագիր Վրէժ-Արմէն Արթինեանն ու ես։ Գաւաթ մը անհրաժեշտ սուրճէն ետք, կը տեղաւորուինք թերթի թիւերով բարձրացած պատին առջեւ, փոքր գրասեղանի մը շուրջ եւ կը Continue reading “Գրողին, խմբագիրին եւ ընթերցողին միջեւ տօնախմբութիւն մըն է թերթի ամեն թիւ”

ՀԻՆԳ ԱՄԵՆԱԿԱՐԵՒՈՐ ԻՐԵՐԸ

Գէորգ Յակոբճեան

Իմ նախկին աշխատանքիս մէջ, վարժանքներու ընթացքին, յաճախ մասնակցողներէն կը խնդրէի, որ թուղթի մը վրայ գրեն հինգ ամենակարեւոր իրերը, որոնք իրենց հետ պիտի վերցնէին, եթէ իրենց տունը կրակ առնէր: Երբեք չէի պատկերացներ, որ այս վարժանքը, Continue reading “ՀԻՆԳ ԱՄԵՆԱԿԱՐԵՒՈՐ ԻՐԵՐԸ”

ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ

Վ.-Ա. Ա.

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԱՆԻ ՀԱՅ ԲԺՇԿՈՒՀԻՆԵՐ ԵՒ ԲՈՒԺՔՈՅՐԵՐ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ, տպագրութիւն՝ TLC Global Inc., Մոնթրէալ 2024, 189 էջ։
Սոյն հատորը, որ կը հրատարակուի Գալուստ Կիւլպէնկեան Continue reading “ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ”