Հայ մշակոյթը 21-րդ դարու սեմին

Շաքէ Տէր-Մելքոնեան-Մինասեան

Այստեղ խնդրոյ առարկայ է «մշակոյթ» բառի այն հասկացողութիւնը, որ քաղաքակրթութեան մը հոգեկան, մտաւոր, արտայայտչական, ստեղծագործական եւ նման աւանդական փորձառութիւններէն գոյացած ժառանգութեան ամբողջութիւնը կը ներկայացնէ:
Իսկ «քաղաքակրթութիւն»ը՝ մարդկային ընկերութիւններու պատմական-կրօնական-բարոյական-կենցաղային-լեզուական-իմաստասիրական-գեղագիտական-գիտական եւ նմանօրինակ փորձառութեանց ու ձեռքբերումներուն փոխ-ազդեցութեանց ընդհանուր արդիւնքն է։
Երբ «հայ մշակոյթ» կ՚ըսենք, կ՚ըմբռնենք վերոնշեալ բոլոր հասկացողութիւններուն (concept) ազգային գունաւորումով օժտուած տարբերակը:
Ասկէ մեկնելով է որ կարելի կ՚ըլլայ քննարկել, թէ ի՞նչն է որոշիչը «հայ մշակոյթ» հասկացողութեան մէջ:

Հայաստանը, իր աշխարհագրական դիրքին եւ անմիջական դրացիներուն հետ ունեցած լաւ թէ վատ փոխ-յարաբերութիւններուն հետեւանքով՝ իր կազմութեան մշուշապատ տարիներէն մինչեւ հայրենի հողի վրայ հայ թագաւորութեան վերացումը 428 թուականին, հիմնականին մէջ պատկանած է միջին-արեւելեան քաղաքակրթութեան հոսանքին, կարեւոր բացառութեամբ սակայն Ք.Ա. 190 – Ք.Ե. 6 թուականներու միջեւ Արտաշէս Ա.–ի հիմնած արքայական գերդաստանի ժամանակաշրջանին, որուն ի հարկէ մաս կը կազմեն նաեւ Տիգրան Բ. Մեծի տիրակալութեան տարիները: Արդարեւ, 196 տարի շարունակ, Մեծ Հայքի Արտաշիսեան թագաւորները կամովին ընտրեցին հելլենիստական եւ հռոմէական մշակութային ազդեցութիւնը, նաեւ ա՛յս միջոցը օգտագործելով պարսկական քաղաքական ազդեցութենէն հնարաւորին չափ անջատուելու յստակ միտումով: Այս առթիւ ներմուծուած մշակութային ամենակարեւոր միջոցառումներէն մէկը կրօնական հանգամանք ունէր — կը յատկանշուէր հայկական պանթէոնի չաստուածներուն յունական գունաւորում տալու գործողութեամբ — սկսած Արամազդէն, որ դադրելով մազդէական Որմիզդի կրկնօրինակը ըլլալէ, սկսաւ հետզհետէ աւելի նմանիլ յոյներու Զեւսին: Երկրորդ միջոցառումը լեզուական-գրական հանգամանք ունէր. Հայաստանի մէջ կը հաստատէր յունարէնով գրելու իրավիճակը:
Այսպէս, մեր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, մշակութային ոլորտը կ՚օգտագործուէր քաղաքական նպատակներով: Այնուհետեւ յաճախ պիտի հանդիպինք նոյն ռազմավարութեան։
Արեւմտականացման ձգտումը Արտաշիսեան հարստութեան անկումէն ետք եւս յարատեւեց, հայ Արշակունիներու իշխանութեան օրով, սկիզբը՝ պարթեւական եւ յունա-հռոմէական ազդեցութիւններու գրեթէ համերաշխօրէն միախառնուած ձեւին տակ: Սակայն Պարսկաստանի մէջ Սասանեաններու իշխանութեան հաստատումով՝ (226 թ.) ասոնց եւ հայոց միջեւ քաղաքական յարաբերութիւնները հետզհետէ այնքան վատթարացան, որ 301 թուականին մեր մօտ մէկ օրէն միւսը քրիստոնէութեան ընդունումը որպէս պետական կրօնք, իմ կարծիքով՝ մի միայն Տրդատ Գ. թագաւորի հիւանդութեան ու հրաշքով ապաքինման առնչուած հարց մը չէր կրնար ըլլալ: Դէպքերը մեր հոգեւորական պատմիչներուն կողմէ նկարագրուած ըլլալով՝ այս տեսակէտս հաստատող գրաւոր փաստեր չկան ի հարկէ, բայց շատ տրամաբանական է մտածել, որ մեր երկրի պարտադիր քրիստոնէացումը մաս կը կազմէր մեր արքաներու հետապնդած քաղաքական նպատակներուն, այսինքն՝ մշակութային հանգամանք ունեցող կրօնքի ճամբով եւս դէմ դնել թշնամի Սասանեաններուն, եւ նոյն առթիւ ու նոյն միջոցով մերձենալ Արեւմտեան աշխարհին: Բայց կրօնական եւ ընդհանրապէս մշակութային այս մերձեցումն ալ հայութեան ինքնուրոյն գոյատեւման համար սպառնալիք նկատելով է, որ Ե. դարու մեր հոգեւորական ու աշխարհիկ ղեկավարութիւնը՝ դարձեալ կրօնական ու լեզուական պիտակի ետին թաքնուած, քաղաքական մեծ կշիռ ունեցող երկու հիմնական որոշումներ տուաւ: Մէկ՝ Հայաստանեայց եկեղեցին հռչակեց Հռոմի հեղինակութիւնը չճանչցող ազգային ինքնավար կառոյց (Eglise autocéphale)։ Երկու՝ ազգային ուրոյն այբուբեն ստեղծեց:
Այնուհետեւ, դարերը եկան-անցան իրենց քաղաքական վերիվայրումներով — Բիւզանդական կայսրութիւն, Արաբական տիրապետութիւն, Բագրատունեաց թագաւորութիւն, Կիլիկիոյ մէջ վերընձիւղուած Հայկական թագաւորութիւն, Օսմանեան տիրակալութիւն, Արեւելեան Հայաստանի մէջ ցարական տիրապետութիւն, Արեւմտահայութեան ընդհանուր տեղահանութիւն ու ցեղասպանութիւն, Սփիւռք, առաջին անկախութիւն, խորհրդայնացում, երկրորդ անկախութիւն:
Եթէ փորձենք այս ամենը մշակութային լուսարձակի տակ դնելով ընդհանուր յայտարարի մը բերել, երկու հիմնական իրողութիւններ ցայտուն կերպով կը դրսեւորուին:
Նախ այն, որ մենք, Միջին Արեւելքի տիրապետութեան համար հնագոյն ժամանակներէն ի վեր արեւելեան եւ արեւմտեան հակադիր երկու մեծ ուժերու անվերջանալի մրցակցութեան մէջ թակարդուած ըլլալով, ըստ պարագայի պատշաճած ենք միջին-արեւելեան մշակոյթին կամ արեւմտեանին: 19-րդ դարէն ասդին՝ Արեւելահայաստանը յարեցաւ ռուսական մշակոյթին: Իսկ 1915-էն ետք ստեղծուած Սփիւռքը աճեցաւ արեւմտեան արդի գլխաւոր մշակոյթներու ազդեցութեան ծիրէն ներս: Այսպէս, մեզի պարտադրուած քաղաքական մշտատեւ երկուութեան հետեւանքով, մեր մօտ միշտ առկայ եղած է մշակութային նախասիրութիւններու մարզէն ներս եւս երկփեղում մը:
Ապա այն, որ չնայած այս իրողութեան եւ մանաւանդ չնայած հայոց թագաւորութեան անկումէն մինչեւ այժմ մեր կրած քաղաքական բոլո՛ր դժբախտութիւններուն, մեր ազգային ինքնութիւնը յամենայնդէպս պահած ենք, շնորհիւ մեր զուտ ազգային մշակութային արժէքներուն, որոնցմէ կարեւորագոյնները կը կոչուին՝ Հայաստանեայց եկեղեցի, հայերէն լեզու, գիր ու գրականութիւն, որոնց վրայ պէտք է գումարել տոհմիկ աւանդութիւնները, ընտանեկան բարքերէն մինչեւ ազգային ճաշատեսակները:
Պատմական այս արագ յիշեցումը կարեւոր կը նկատեմ, որովհետեւ այս ամենը այսօր մեր ազգային էութիւնը բնորոշող մշակութային բազմերանգ atavisme-ին կամ ժառանգականութեան հիմքը կը կազմեն եւ որպէս այդպիսին՝ այսուհետեւ մեր պարզելիք մշակութային դիմագիծը պայմանաւորող հիմնական երկու գործօններէն առաջինը կը հանդիսանան: Երկրորդը՝ բոլորովին նորայայտ, սակայն եւ այնպէս 21-րդ դարու տիրապետող իրականութիւնը դառնալու սահմանուած համաշխարհացումն է (mondialisation), որուն պիտի անդրադառնամ քիչ յետոյ:
Չեմ ուզեր երկարօրէն կանգ առնել առաջին գործօնին այն հետեւանքներուն վրայ, որուն ամեն օր ականատես կ՚ըլլանք Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ: Ինչպէս, օրինակ, այն իրողութիւնը, որ մենք, որպէս ազգային հաւաքականութիւն, մեր արեւելեան էութեան եւ արեւմտեան շպարին խառնուրդէն կազմուած մշակութային ու կենցաղային limbo-ի մը մէջ կը տապլտկինք: Մեր մեծագոյն վախը այն է, որ 21-րդ դարուն, Սփիւռքի մէջ յանկարծ չփլի անորոշ անհաւասարակշռութեան այս սարքը, որ վերոնշեալ զուտ ազգային մշակութային կռուաններուն շնորհիւ եւ անպատիժ մնացած ցեղասպանութեան առթած զայրոյթին պատճառով սփիւռքահայութեան գոյատեւումը ապահովեց: Այժմ, ի հարկէ, անկախ հայրենիքի գոյութիւնը շօշափելի եւ ներշնչող նոր խարիսխ մը կը պարգեւէ մեզի, առանց սակայն վերացնելու մշակութային limbo-ն:
Այսօր, մշակոյթի մարզէն ներս մեր դարաւոր փորձառութենէն քաղելիք դասը նախ այն է, որ շատ բնական պէտք է նկատենք համահայկական ծրագրումներու առթիւ դրսեւորուած հակոտնեայ արեւելումներու գոյութիւնը: Մեր հակասական atavisme-ները մէկ օրէն միւսը չեն կրնար անհետանալ: Այս կապակցութեամբ բորբոքիլը, պայքար շղթայազերծելը ոչ միայն ոչինչ կը փոխեն, այլ եւ մեր ժառանգած երկուութեան խրամատը աւելի կը խորացնեն: Մեզի պէտք եղածը համբերատար ու փոխադարձ հասկացողութեան ճիգն է, որպէսզի միջին եզր մը գտնենք, առայժմ անով գոհանանք, եւ անյետաձգելի աշխատանքներուն լծուինք ազգովին։ Այդ գործընթացին մէջ է արդէն, որ երկուութեան երեւոյթները կրնան հետզհետէ մեղմանալ եւ, ո՞վ գիտէ, ապագային թերեւս վերնալ:
Փակագծի մէջ աւելցնեմ, որ այսպէս կոչուած «հակառակորդ կողմ»ին դէմ անհանդուրժողութիւնը ուրիշ անդարմանելի հետեւանք մըն ալ ունի — առհասարակ հայկական կեանքէն կը զզուեցնէ արդէն իսկ խախուտ ազգային դիմագիծ ունեցող սփիւռքահայ նոր սերունդի ջախջախիչ մեծամասնութիւնը, եւ կրնայ փութացնել այն իրավիճակը, զոր Corneille կը նկարագրէ իր կտորներէն մէկուն մէջ: “Et le combat cessa faute de combattants”, որ թարգմանի` «Պայքարը վերջ գտաւ՝ պայքարողներու չգոյութեան պատճառաւ»… Վերջ փակագծի:
Վերոնշեալ մշակութային զուտ ազգային կռուանները, հաւատք-լեզու, տեսանք, հնուց ի վեր փաստած են իրենց ուժականութիւնը, հետեւաբար բազմապատկուած ճիգերով պէտք է կանգուն պահենք, բայց անհրաժեշտ դարձած է որ անոնց օգտագործման ձեւի՛ն մէջ մեր օրերու իրականութեան համապատասխանող կարգ մը պատշաճեցումներ ներմուծենք:
Օրինակի համար՝ Սփիւռքի մէջ ամեն տեղ հայկական ամենօրեայ վարժարան բանալու հնարաւորութիւն չկա՞յ: Եղածներուն մէջ` հայերէնը որպէս երկրո՞րդ լեզու կ՚ուսուցանուի: Մեր մշակոյթը հայերէնով տարածելու հնարաւորութիւնները կը նուազի՞ն տարուէ տարի: Մեր նոր սերունդին ջախջախիչ համեմատութիւնը տեղական ոչ-հայկական վարժարաններ յաճախելով անհաղո՞րդ կը մնայ մեր մշակոյթին։ — Սփիւռքի բոլոր մշակութային կազմակերպութիւններուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապերու զարգացման հիմնարկներուն օրակարգի մնայուն նիւթերէն մէկը պէտք է ըլլայ՝ այլեւայլ երկիրներու մէջ մեր նոր սերունդին տիրապետած օտար լեզուներով հայ մշակոյթը անոնց ծանօթացնելու անյետաձգելի աշխատանքը, ենթականերուն հետաքրքրութիւնը եւ ազգային հպարտութեան զգացումը խթանելու մտասեւեռումով: Որքան ընդգծեմ՝ դեռ քիչ է այս երկու զգացումներուն կարեւորութիւնը՝ սփիւռքահայ գալիք սերունդները հայութեան ծիրին մէջ պահելու համար, հոգ չէ թէ օտար լեզուով: Եթէ կրցանք հետաքրքրութիւնը արթնցնել եւ հպարտութիւն ներշնչել, լեզուն սորվելու ինքնակամ փափաքն ալ կը ծնի ուշ կամ կանուխ, ներկայիս հայապահպանման մեծագոյն գրաւականը հանդիսացող անկախ Հայաստանի հողին վրայ թէկուզ որպէս «տուրիստ» ոտք կոխած պահէն: Իւրաքանչիւր հայկական կազմակերպութեան, ի հարկէ նաեւ նիւթական միջոցները ունեցող իւրաքանչիւր հայ ծնողի, պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ — ամեն տեսակի գաղափարական, հատուածական, անհատական կամ այլ նկատում մէկդի ձգելով — երիտասարդներուն ինքնաճանաչումը, հայրենաճանաչումը, հայրենասիրութիւնը, հայրենի հասակակիցներու հետ կապը, հայ մշակոյթի ծանօթացումը եւ անոր նկատմամբ հպարտութիւնը խթանող բովանդակութեամբ երիտասարդական ճամբարներ, այցելութիւններ կազմակերպել դէպի Հայաստան, բազմապատկուած թափով, մասնակիցները որպէս հայ վերամկրտելու միակ մղումով:
Գերազանցօրէն ծափահարելի միւս երեւոյթը՝ մեր զոյգ կաթողիկոսութիւններուն միջեւ այժմ գոյութիւն ունեցող համագործակցութիւնն է, որ անոնց նկատմամբ վերանորոգուած յարգանքի ճամբով խորապէս կ՚ամրապնդէ իրենց հոգեկան-մշակութային առաքելութիւնը, անկախ Հայաստանի գոյութեան առընթեր որպէս հիմնական ազդակ՝ համահայկական նշանակութիւն ունեցող հարցերու շուրջ ազգային միասնականութեան առաջնորդող:
Այստեղ եւս փակագիծ մը բանալով կ՚ուզեմ ընդգծել, որ մենք բնաւ կարիքը չունինք ինքնակոչ «քաղաքագէտ»ներու եւ միակողմանի կամ եսակեդրոն իրաւարարներու, որոնք դեռ կը շարունակեն արծարծել «մեր կաթողիկոսը – ձեր կաթողիկոսը» թեմայով արուեստական նորանոր պայքարներ։ Մեզի պէտք եղածը՝ թէ՛ եկեղեցական, թէ՛ պետական-քաղաքական, թէ՛ մշակութային, թէ՛ տնտեսական եւ յարակից բոլոր ճակատներուն վրայ Հայաստանէն Սփիւռք, Սփիւռքէն Հայաստան տրամադրելի բոլոր ուժերու համատեղ օգտագործումն է, ի շահ երկուքին:
Պէտք է համընդհանուր կերպով գիտակցինք, թէ այժմ գոյութիւն ունեցող նեղմտութիւններն ու մանր պայքարները որքա՜ն աննշան կը մնան համաշխարհացման (mondialisation) գործօնին դիմաց, որ մեզի պէս փոքր, վերջնական կայունութեան դեռ չհասած եւ տնտեսական լայն միջոցներէ զուրկ ազգութիւններու լեզուական-մշակութային ինքնուրոյնութեան սպառնացող ահաւոր վտանգ մը կրնայ դառնալ մօտիկ ապագային, եթէ երբեք Հայրենիք-Սփիւռք համատեղ ծրագրումով եւ փոխադարձ օժանդակութեամբ՝ ինքնապաշտպանութեան միջոցներ ձեռք չառնենք:
Numérique, cybernétique, internet, multimédia, մեր աչքերուն առջեւ ուռճացող մշակութային համաշխարհային մեծ յեղափոխութեան բանալի բառերն են, որոնց հայերէնն իսկ չունինք տակաւին:
Ոչ ոք կրնայ մարդկութեան յառաջդիմութիւնը կասեցնել: Բայց պէտք է գիտնանք, թէ այս մէկը՝ մեր երեւակայածէն շատ աւելի հեռուն տանող անդառնալի, մահացու անակնկալներով յղի է:
Առանց այս հարցին մասնագէտը ըլլալու, կը տեսնեմ, զոր օրինակ, որ աշխարհի այլազան անկիւնները ապրող բայց նոյնատեսակ հետաքրքրութիւններ ունեցող անհատներ՝ internet-ի միջոցով կը կազմեն ըստ էութեան միջազգային virtuel խմբակցութիւններ, որոնք անհատներու կեանքին մէջ հետզհետէ պիտի գրաւեն ներկայիս գոյութիւն ունեցող տեղական կամ ազգային միութիւններու, կուսակցութիւններու եւ այլ խմբակցութիւններու տեղը, մեծապէս տկարացնելով այս վերջինները: Այս ընթացքով՝ հետզհետէ պիտի տկարանայ նաեւ ազգային արժէքներու շուրջ անհատներու համախմբուածութիւնը, քանի որ անհատը՝ իր անձնական նախասիրութիւններուն ճամբով՝ պիտի յարի internet-ի միջոցաւ ստեղծուած գաղափարական, կրօնական, մշակութային կամ որեւէ այլ թեմայի շուրջ virtuellement կազմակերպուած միջազգային խումբերու:
Գրականութեան մարզէն ներս՝ աշխարհի լաւագոյն գրքերու անգլերէն թարգմանութիւնը արդէն իսկ տրամադրելի է internet,ի վրայ: Ո՞վ Սփիւռքի մեր հայերէն գրքերուն երեսը կը նայի, երբ արդէն առանց internet-ի ալ՝ մի քանի հարիւր օրինակէն աւելի չեն ծախուիր։ Շատ մօտիկ ապագային՝ նոյն ճակատագրին կրնայ ենթարկուիլ հայաստանեան գրականութիւնը եւս:
Լրատուութեան մարզէն ներս, ո՞վ պէտք պիտի ունենայ ընդհանրապէս թերթ ու մասնաւորապէս հայերէն թերթ կարդալու, երբ աշխարհի բոլոր լուրերը, ներառեալ հայկականները, վայրկենապէս կրնայ գտնել internet-ի վրայ… անգլերէնով:
Internet-ով հաղորդակցող անհատին համար տարրական ամերիկերէնի մը ծանօթութիւնը լիովին կը բաւէ, նոյնիսկ պէտք չունի բառերուն ճշգրիտ ուղղագրութիւնը գիտնալու եթէ անոնց հնչումը կրնայ վերարտադրել — “hoo ar u?”: — Մենք կ՚ուզենք ի հարկէ, որ մեր նոր սերունդը արդիական այս զէնքին տիրապետէ: Բայց internet-ով հաղորդակցող հայ տղան ու աղջիկը այլեւս ի՞նչ պէտք պիտի ունենան հայերէն լեզուով գրել-կարդալ գիտնալու:
Համաշխարհացումը խոտոր կը համեմատի սահմանային առումով պատկանելիութեան գաղափարին հետ: Ընդհակառակը, կը հեշտացնէ մշակութային թէ այլ մարզերէ ներս համաշխարհային պատկանելիութիւններու բազմապատկումը անհատին համար, միշտ ի հեճուկս ազգայինին:
Յուսանք, որ ազգային գունաթափումի այս լուրջ սպառնալիքը շրջանցող միջոցներ հնարուին: Ինչքան դիտեմ, առայժմ մէկ ձեւ կայ Հայաստանի պէս երկրի մը մէջ internet-ի օգտագործումը ընդհանրացնելով հանդերձ՝ ազգային լեզուն ու մշակոյթը չզոհաբերելու – Web-ի վրայ մեքենական երկկողմանի թարգմանութիւնը – հաղորդագրութեան ստացման պահուն՝ անգլերէնէ-հայերէնի, առաքման պահուն՝ հայերէնէ-անգլերէնի: Ասիկա պետական նախաձեռնութեամբ եւ պատկան սպասարկութիւններու կողմէ կատարուելիք անյետաձգելի գործ է: Սփիւռքահայոց պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ տեկնոլոժիք, նիւթական, մարդուժի եւ բոլոր այլ միջոցներով օգնել, որ Հայաստանի պետութիւնը այս մարտահրաւէրն ալ դիմագրաւէ օր առաջ: Որովհետեւ, այս եւ յառաջիկային տրամադրելի նմանօրինակ միջոցառումներու մէջ տնտնացող երկրի լեզուն ու մշակոյթը դատապարտուած են անհետանալու internet-ի ցանցէն, հետեւաբար՝ կորսնցնելու իրենց կենսունակութիւնը, հետզհետէ նաեւ՝ գործածութեան կարիքը եւ ծայրագոյն պարագային՝ իրենց գոյութիւնը: Ըստ իս, ուրեմն, հայ մշակոյթի գլխաւոր խնդիրը 21-րդ դարու սեմին՝ cybernétique յեղափոխութեան զոհ չերթալու հարցն է, հայրենի պատկան սպասարկութիւններու եւ Սփիւռքի բոլոր բանիմաց ուժերու շուտափոյթ զինակոչի ու համապատասխան գործակցութեան հրամայականով:

17 մայիս 1998, Մոնթրէալ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *