Վարձկան թագաւորը

Պատմական թատերգութիւն
Ժիրայր Շուշանեան

Գործող անձեր
Գրիգոր Վկայասէր կաթողիկոս
Գրիգորիս եպիսկոպոս (Եգիպտոսի Առաջնորդ)
Վահրամ Պահլաւունի իշխան
Վասակ Պահլաւունի իշխան
Անի Պահլաւունի (Վասակի կինը)
Պատր Կամմալի Եգիպտոսի թագատէր
Հաֆըզ Եգիպտոսի Խալիֆա
Անանիա վարդապետ
Մինաքիս վարդապետ

Առաջին արար

Մթութիւն:

Պատմող.— 12-րդ դարու սկիզբը, Կիլիկիոյ հայերը թուրք յարձակումներու զոհ գացին, մանաւանդ Մանազկերտի ճակատամարտին թուրքերու յաղթանակէն ետք։
Հայկական պետականութիւնը կորսուած էր, ու հայ թագաւոր չկար այլեւս. ո՛չ Մեծ Հայք, ո՛չ Կիլիկիա։ Կիլիկիոյ հայ իշխաններն ու եկեղեցին բաժնուած էին երկու խումբի, առաջինը լատինականացումի քաջալերողները, երկրորդը՝ Էջմիածնի ու արմատական հայ մշակոյթի հետեւորդներն էին։
Երկրորդ խումբին կը պատկանէր Գրիգոր Վկայասէր Կաթողիկոսն ու իր ազնուական ընտանիքը։
Ան այս սկզբունքի հիմամբ, սկսաւ մօտենալ ու սիրաշահիլ Եգիպտոսի իշխանութիւնները, մեծ թիւով հայ զօրք ու կղերականներ Եգիպտոսի մէջ սկսան ծառայել, զօրաւոր դաշնակցութիւն մը ստեղծելով հայերու եւ Եգիպտոսի միջեւ։ Հայերու թիւը մօտ հարիւր հազարի հասաւ։
Մեծ դեր խաղաց հայ իշխան Վահրամ Պահլաւունին, որ Գրիգոր Վկայասէր եւ Ներսէս Շնորհալի վեհափառներուն զարմիկն էր, ան յիսուն տարի ծառայեց Եգիպտոսի՝ իր հայ զօրքով, մինչեւ հասաւ թագատէրի տիտղոսին, կամ ինչպէս այն ժամանակուան եգիպտացիները զինք կը կոչէին՝ թագաւոր, ու այսպէսով ան եղաւ աշխարհի միակ հայ թագաւորը այդ ժամանակաշրջանին, բայց ցաւօք սրտի՝ հայրենիքէն հեռու՝ վարձկան թագաւոր։
Դժբախտաբար, Վահրամի եւ Գրիգորիսի նոյն արեւելամէտ քաղաքականութիւնը՝ Եգիպտոսի դաշնակցելով, չորդեգրեցին ապագայ Կիլիկիոյ թագաւորները, ինչ որ Կիլիկիոյ թագաւորութեան կործանման պատճառ եղաւ, Եգիպտոսի Մեմլուքներու ձեռամբ։
Պահլաւունիներու այս յանդուգն ծրագիրը իրականացաւ Գրիգոր Վկայասէր կաթողիկոսի ղեկավարութեամբ, որ հայապահպանման մեծ գործ մըն էր։ Հայերը իրենց պետականութիւնը կորսնցուցած էին, այսպիսով հայ բանակէն ու ժողովրդէն կարեւոր մաս մը կրցան պահպանել Եգիպտոսի հողին վրայ, հեռու թուրք թշնամիներու հարուածներէն, որպէսզի օգտագործուին ապագայ Կիլիկիոյ թագաւորութիւնը կանգնելու ու զօրացնելու։
Վահրամ Պահլաւունիի մոռցուած եւ անտեսուած պատմութիւնը կը մնայ աննախընթաց մեր հայոց պատմութեան մէջ։
Հակառակ հայոց պատմական հայրենիքէն հեռու ըլլալուն, ան գեղեցիկ նմոյշ մըն է հայու քաջութեան, հաւատարմութեան, յանդգնութեան, լայնախոհութեան, հայրենասիրութեան ու հաւատքին։

Առաջին տեսարան

Ալեկոծ ծովու եւ սաստիկ կատաղի փոթորիկի աղմուկի ձայներ կը լսուին:

Պատմող.— Զօրաւոր փոթորիկ մը, որ կը ստիպէ Գրիգոր Վկայասէր կաթողիկոսի նաւը իր ճանապարհը փոխելու եւ Յունաստանի փոխարէն Աղեքսանդրիոյ նաւահանգիստ ուղղուելու։

Արագաստանաւի տախտակամած: Աղեքսանդրիոյ նաւահանգիստը կեցած:
Նստած է Գրիգոր Վկայասէր կաթողիկոսը, շուրջը ոտքի կայնած են իր երեք զարմիկները՝ Գրիգորիս եպիսգոպոս, Վահրամ իշխան Պահլաւունի եւ Վասակ իշխան։ Նաւապետն ու իր օգնականները քիչ մը հեռու կայնած են։

Վասակ իշխան.— Փառք Աստուծոյ, որ մեզ ստոյգ մահէ փրկեց, երէկ գիշերուան փոթորիկը շատ կատաղի էր, Վեհափառ Հայր։
Գրիգոր Վկայասէր.— Վստահ, որ Աստուած մեզ այս երկիրը առաջնորդեց պատճառի մը համար, սիրելի՛ զաւակներս։
Վահրամ Իշխան.— Գիտցածիս համեմատ, Եգիպտոսի թագատէրը Պատր Էլ Կամմալի կը կոչուի, որ արաբացած հայ իշխան մըն է։
Գրիգորիս Եպիսկոպոս.— Եթէ այդպէս է, Վահրա՛մ, ուրեմն պէտք է իրեն հետ շուտով հանդիպինք եւ խորհրդակցինք։ Ես վստահ եմ, որ մեր այս անծրագրուած այցելութիւնը արկածային չէ, այլ՝ Աստուածային կարգադրութեամբ։ Ատոր համար պէտք է հանդիպինք Պատր Իշխանին հետ։
Վասակ իշխան.— Ինծի ձգեցէք այս խնդիրը, մօրեղբա՛յր։
Նաւապետ.— Գերաշնո՛րհ կաթողիկոս, Պատր անունով եգիպտացի իշխան մը խնդրեց նաւ բարձրանալ եւ ձեզի հետ հանդիպիլ։
Գրիգոր Վկայասէր.— Պատր իշխա՞ն, ինչ զարմանալի պատահականութիւն, թող հրամէ։

Պատր Իշխանը նաւ կը բարձրանայ եւ բոլորին մեծ յարգանքով կը բարեւէ։

Պատր Իշխան.— Բարի եկաք Եգիպտոս, յարգելի մեծապատիւ հայ ազնուականներ։ Ես ալ հայ եմ, ու այս երկրի թագատէրն եմ, շատ երախտապարտ եմ այս յանկարծակի օրհնեալ փոթորիկին, որ ձեզ Աղեքսանդրիա բերաւ, որպէսզի հանդիպինք եւ խօսակցինք։
Գրիգոր Վկայասէր.— Մեզի ալ մեծ պատիւ է ձեզի հանդիպիլ թագատէր։
Պատր Իշխան.— Դուք բոլորդ ալ իմ հիւրերս պիտի ըլլաք եւ իմ պալատս պիտի ժամանէք։
Գրիգոր Եպիսկոպոս.— Շատ շնորհակալ ենք, թագատէ՛ր։
Պատր Իշխան.— (խանդավառ) Ես վստահ եմ, որ մեր գործակցութիւնն ու դաշնակցութիւնը շատ յաջող ու զօրաւոր պիտի ըլլայ ապագային։
Վահրամ իշխան.— (ինքնավստահ) Ես եւ եղբայրս հայ բանակի զօրապետեր ենք, թագատէ՛ր։
Պատր իշխան.— (խօսքը ուղղելով Վահրամին) Ես վստահ եմ, որ ես եւ դուն գործակիցներ պիտի դառնանք։ Ես ձեզ կը հրաւիրեմ, որ Եգիպտոս հաստատուիք, իբրեւ ինծի օգնական, եւ երանի կարենաք քանի մը հազարնոց հայ զօրք մը Եգիպտոս ուղղարկել, որ ծառայեն իմ հրամանատարութեանս տակ, մեր խալիֆան պաշտպանելու։
Վահրամ Իշխան.— Այս հարցը լաւ ուսումնասիրութեան պէտք ունի, իշխա՛ն։ Ամեն պարագայի, մենք ատեն մը հոս պիտի ըլլանք։ Ձեր պալատը երբ ժամանենք, մանրամասն կը քննարկենք։
Պատր իշխան.— Անպայմա՛ն ու սիրով. վստահ եմ, որ պիտի համաձայնինք։
Գրիգոր Վկայասէր.— Ինչպէս ըսիր, իշխա՛ն, բախտով չէր, որ մեր նաւը Աղեքսանդրիա խարխսուեցաւ։ Մէկ խնդրանք մը ունիմ ձեզմէ, եթէ կրնաք կարգադրել մեզի համար ուխտագնացութիւն մը դէպի Սինայի լեռը, ուր Մովսէս Մարգարէ Աստուծոյ խօսեցաւ, շատ երախտապարտ պիտի ըլլամ ձեզի։
Պատր իշխան.— Ամենայն սիրով, վեհափա՛ռ։
Գրիգոր Եպիսկոպոս.— Աստուած մեզ հետ ըլլայ ու օրհնէ մեր բոլորին քայլերը։
Նաւապետը.— Ազնուափայլ ճամբորդներուն պայուսակներն ու գոյգերը իջեցուցինք, Պատր իշխանի կարգադրած կառքին վրայ զետեղեցինք։
Վահրամ իշխան.— Շատ լաւ, նաւապե՛տ, միշտ պատրաստ եղէք, որ Վեհափառին հետ միասին վերադառնաք, երբ իր այցելութիւնը աւարտէ։
Նաւապետ.— Ձեր հրամանը, իշխա՛ն։

Մթութիւն:

Երկրորդ տեսարան

Պատր Կամմալի իշխանին պալատի փոքր սրահը, իր անունով կոչուած Կամմալիա թաղը։
Մուտքին սեւ նեղ փայտէ գեղեցիկ զարդերով դուռ մը կայ, ծածկուած կանաչ ծանր վարագոյրով մը։ Գետինը կարմիր մեծ գորգ մը դրուած է։ Երկու կողմերը զինուած պահակներ կայնած են։ Արծաթեայ ջահ մը կախուած է սրահին մէջտեղը։
Պատերուն վրայ քանի մը ջահեր կախուած են։ Ջահին տակ թագատէրին ոսկեգոյն բազկաթոռը կայ։
Երկու նեղ դռներ կան աջին ու ձախին։
Ներկայ են, Գրիգոր Վկայասէր, Գրիգորիս եպիսկոպոս, Վահրամ իշխան, Վասակ իշխան եւ Պատր իշխան։
Պատր, սպասաւորին ձեռքով նշան կ՚ընէ, որ սուրճ հրամցնէ հիւրերուն։

Պատր իշխան.— (հրճուած) Հրամեցէք, արաբական սուրճ, յարգելի՛ հիւրեր։
Վասակ Իշխան.— Շատ շնորհակալ ենք, իշխա՛ն, հոտը արդէն շատ անոյշ է։
Պատր իշխան.— Շատ ուրախ եմ ձերդ վսեմութեան այցելութեան իմ խոնարհ պալատին։ Յուսամ հաւնեցաք ձեր ուխտագնացութիւնը դէպի Սինայի լեռ։
Գրիգոր Վկայասէր.— Շատ խորհրդաւոր եւ ոգեւորիչ էր, սիրելի՛ իշխան, շատ շնորհակալ եմ ձեզմէ։
Պատր իշխան.— Մեծարգո՛յ Վեհափառ, շատ կ՚ուզէի, որ ձեր զարմիկները հոս հաստատուին, եւ ով որ մեր հայ եղբայրներէն կը փափաքի Եգիպտոս հաստատուիլ, ես զիրենք կը հրաւիրեմ, իրենց տուն, տեղ ու գործ կը հայթայթեմ։
Գրիգոր Վկայասէր.— Արդէն ես զարմիկս՝ Գրիգորիս եպիսկոպոսը Եգիպտոսի առաջնորդ պիտի ձեռնադրեմ, ու հոս պիտի հաստատուի։ Գալով միւս զարմիկներուս, իրենք կրնան իրենց կարծիքը արտայայտել ձեզի հիմա։
Վահրամ իշխան.— Ես եւ եղբայրս՝ Վասակը, շատ համամիտ ենք ու սիրով կ՚ընդունինք առաջարկդ, թագատէ՛ր իշխան։ Գալով հայ զօրքեր Եգիպտոս ուղարկելու մասին, կրնամ գործի անցնիլ անմիջապէս։
Պատր իշխան.— (Վահրամին) Դուք արաբերէն կը խօսի՞ք, իշխա՛ն։
Վահրամ իշխան.— Շատ սահուն արաբերէն կը խօսիմ, մենք Թալ Պաշար շատ արաբներ ունինք։
Պատր իշխան.— Ուրեմն համաձայնեցանք։ Վստահ եմ որ, մօտ ատենէն եգիպտահայ մեծ գաղութ մը պիտի ունենանք, եւ ձեզի կը վստահեցնեմ, որ շատ գոհ եւ ուրախ պիտի մնան։ Մի մոռնաք նաեւ որ Եգիպտոսի առաջին թշնամին թուրքն է, ուրեմն այդ հիմքով պէտք է սկսինք գործակցիլ:
Վահրամ իշխան.— Արդէն ատիկա հիմնական պատճառներէն է, որ մենք ձեր առաջարկին համամիտ եղանք։ Մենք ալ թուրքերուն դէմ կ՚ուզենք պայքարիլ, ուր որ ըլլանք, նոյնիսկ մեր երկրէն հեռու։
Պատր իշխան.— Շատ կը հաւնիմ ու կ՚ախորժիմ ձեր ըսածներէն, իշխա՛ն։
Գրիգորիս Եպիսկոպոս.— Օրհնեալ ըլլայ մեր այս համաձայնութիւնը։

Մթութիւն:

Երրորդ տեսարան

Նաթրունի Հայոց վանքի փոքր սրահը, մուտքին սեւ նեղ փայտէ հին դուռ մը կայ, ծածկուած կանաչ հաստ կիսաբաց վարագոյրով մը։ Գետինը հայկական մեծ կարմրազարդ գորգ մը։
Երկու կողմերը երկաթեայ մոմակալներ կան, մոմերը վառած։ Հսկայ սեւ ջահ մը կախուած է սրահին մէջտեղը։
Պատին վրայ քանի մը սրբանկարներ կախուած են։ Ջահին տակ կլոր սեղան մը կայ, վրան կապոյտ ծածկոց մը, ծաղիկներով լեցուն ծաղկաման մը եւ քանի մը կրօնական գիրքեր ու մեծ խաչ մը։
Երկու նեղ դռներ աջին ու ձախին։
Քանի մը վանականներ շարականներ կը կարդան, ու կը խնկարկեն ամեն կողմ։
Յանկարծ մէջտեղի դռնէն կը մտնեն, Գրիգոր Վկայասէր կաթողիկոսը շրջապատուած իր երեք զարմիկներով՝ Գրիգորիս եպիսկոպոս, Վահրամ իշխան Պահլաւունի եւ Վասակ իշխան, իրենց կը հետեւին Անանիա եւ Մինաքիս վարդապետները։
Հեռուէն կը լսուին եկեղեցական մեղեդիներ։

Անանիա Վարդապետ.— Բարի՛ եկաք, վեհափա՛ռ հայրապետ։
Մինաքիս Վարդապետ.— Աստուած օգնական, վեհափա՛ռ հայրապետ։
Գրիգորիս Եպիսկոպոս.— Այսօր տօն է մեր եգիպտահայոց համար, Աստուած մեզի շատ մեծ շնորհք մը տուաւ ձեր նորին վսեմութեան այս այցելութեամբ։
Գրիգոր Վկայասէր.— Այսօր՝ 12 մարտ 1075 տարին է, իմ սիրելի զարմիկս՝ Գրիգոր, քեզ Եգիպտոսի առաջնորդ կը ձեռնադրեմ, կը վստահիմ քու իմաստուն ղեկավարութեանդ այս նորաստեղծ հայ համայնքին։ Իսկ եղբայրներդ՝ Վահրամը եւ Վասակը, քու հաւատարիմ օժանդակներդ պիտի ըլլան։ Միշտ եղէք Աստուծոյ, հայ ազգին եւ ձեր գտնուած երկրի ղեկավարութեան հաւատարիմ։ Եգիպտոսը հիմա ձեր երկրորդ հայրենիքը պիտի դառնայ, հաւատարիմ եղէք իր Խալիֆային, ու միշտ արդարութեամբ, հաւատքով եւ սիրով ընթացէք։ Իմ եղբօր՝ Ներսէս Եպիսկոպոսի (Ներսէս Շնորհալի) գրած աղօթքներէն մին պիտի աղօթեմ հիմա, որ ձեզ ոգեւորէ.

Առաւօտ լուսոյ,
Արեգակն արդար,
Առ իս լոյս ծագեա՛։

Թագաւոր փառաց,
Թողութեանց տուող,
Թող ինձ զյանցանս:

Ճառագայթ փառաց,
Ճանապարհ ինձ ցոյց,
Ճեպել ի յերկինս:

Չար մշակողին,
Չար սերմանց նորին
Չորացո՛ զպտուղն:

Պարգեւիչ բարեաց,
Պարգեւեա՛ իմոց
Պարտեացս թողութիւն:

Գրիգորիս Եպիսկոպոս.— Մենք պիտի ծառայենք մեր հայ ժողովուրդին, ուր որ ըլլան, իսկ հիմա Եգիպտոսի հողին վրայ իրենց պիտի ծառայենք։ Իմ երկու եղբայրներ՝ Վահրամ եւ Վասակ, օժանդակեցէք այս երկրի բանակի սպարապետ Պատրին, հաւատարիմ եղէք իրեն եւ ձեր հայ զօրքերը իր ծառայութեան տակ դրէք։ Ինք թուրքերուն դէմ կը պայքարի, որոնք մեր ազգը կ՚ուզեն քանդել։
Վահրամ իշխան.— Թուրքը մեր երկրին ու ազգին կը սպառնայ, իրեն յաղթելու համար պէտք է մեր պայքարը փոխադրենք իր յենակէտերուն եւ ուժեղ կեդրոններուն։ Այս սուրբ վանքի մեր այս հոգեւոր հանդիպումը զիս կը քաջալերէ, որ ձեր ներկայութեան, հիմա ուխտեմ հաւատարմօրէն ծառայել Եգիպտոսի Խալիֆային եւ իմ հայ զօրքը դնել Պատր սպարապետի հրամանին տակ։ Հաւատարիմ Եգիպտոսի Խալիֆային ու դիմադիր մեր հայոց թշնամի թուրքին, ուր որ ալ ըլլայ։
Վասակ իշխան.— Ամէն։
Անանիա Վարդապետ.— Ամէն, Աստուած ձեզի հետ ըլլայ։
Մինաքիս Վարդապետ.— Մնացէք միշտ պահապաններ մեր հայ եկեղեցւոյ, ընդդէմ լատինացման բոլոր փորձերուն։
Բոլորը միաձայն.— Ամէն, ամէն։

Մթութիւն
Տէր ողորմեայի երաժշտութիւնը սրինգի ձայնով։

Չորրորդ տեսարան

Պատր Կամմալի իշխանի պալատին մեծ սրահը, իր անունին կոչուած Կամալիա թաղը։ Մուտքին գեղեցիկ զարդերով երկաթէ ճերմակ մեծ դուռ մը կայ, ծածկուած կարմիր հաստ կիսաբաց վարագոյրով մը։ Գետինը կապոյտ մեծ գորգ մը դրուած է։ Երկու կողմերը զինեալ պահակներ կայնած են։ Հսկայ ոսկեզօծ ջահ մը կախուած է սրահին մէջտեղը։ Պատերուն վրայ քանի մը ջահեր կախուած են։ Մեծ ջահին տակ թագատէրին ոսկեգոյն գահը կայ։
Երկու լայն դռներ կան աջին ու ձախին։
Պահակ Ճույուշի՝ հայ բանակի իշխան եւ թագատէր Պատր Կամմալի, կը մտնէ ու կը նստի իր գահին վրայ, դիմացը կեցած են Վահրամ եւ Վասակ իշխանները։

Պատր իշխան.— (բարձրաձայն եւ կորովի) Բարեւ ձեզ, իմ հայ բանակի իշխաններ։ Արդէն 1080 տարին եղանք, ու մեր հայ բանակի թիւը հասաւ 10,000 զինուորի։ Մեր հայ քարտաշներու թիւը հինգ հազարը անցաւ, որոնք ամբողջ Գահիրէի շուրջ հաստատուն ու գեղեցիկ նոր պարիսպներ շինեցին։ Բայց ինչպէս գիտէք, թուրքերը աշխարհը ստրկացնելու ելած են, միայն մենք՝ հայերս պիտի կարենանք իրենց այս դժոխային ծրագիրը կասեցնել։
Վահրամ իշխան.— Մենք քու հրամանդ կը սպասենք, սպարապե՛տ, Գահիրէի թուրք թշնամի իշխանները եւ իրենց զօրքերը ոչնչացնելու։ Մանազկերտի մեր կրած պարտութեան վրէժը հոս պիտի առնենք։
Պատր իշխան.— Ես կը նախընտրեմ, որ Վասակը իր զօրքով Եգիպտոսի հարաւային մասը պաշտպանէ Գուսի նահանգէն, իսկ դուն՝ Վահրա՛մ, հոս Ղարպիէ նահանգը Սմբատ գիւղէն պիտի Գահիրէն պաշտպանես, եթէ կարիքը ըլլայ։
Վահրամ իշխան.— Հրամանդ, սպարապե՛տ։
Վասակ իշխան.— Հրամանդ, սպարապե՛տ։
Պատր իշխան.— Մէկ բան կ՚ուզեմ, որ լաւ ըմբռնէք, իշխաննե՛ր, ինչ որ ալ պատահի, միշտ յիշեցէք, որ դուք հայ էք, եւ հայը երբեք խաբեբայ կամ դաւաճան չէ։ Հայը միշտ հաւատարիմ եղած է իր երկրին ու սիրով կը ծառայէ, մենք հիմա Եգիպտոսի կը ծառայենք եւ իրեն Խալիֆային պէտք է ըլլանք հաւատարիմ։ Գալով մեր թշնամի թուրքերուն, անոնք նոյնն են, ուր որ ըլլան, միշտ մեզ կ՚ատեն, ուստի երբեք իրենց չվստահիք, որովհետեւ այն վայրկեանին որ անոնց պիտի վստահիք, արդէն ձեր վախճանը պիտի գտնէք։ Ինծի ըսէք, իշխաննե՛ր, դուք չէ՞ք ուզէր հայրենիք վերադառնալ օր մը, թէ պատրաստ էք ձեր ամբողջ կեանքը հոս ապրելու ու ծառայելու։
Վասակ իշխան.— Հայրենիքը իմ մէջս է, հոգիիս մէջ փորուած է։ Ինծի համար հայ ազգը ծառայել ուր որ ալ ըլլայ սուրբ պարտականութիւն է։ Իսկ հոս, հաճելի պարտականութիւն, քանի մեր թուրք թշնամիին դէմ կը պատերազմինք։
Պատր իշխան.— Շատ լաւ ըսիր, իշխա՛ն, Աստուած քեզ պահպանէ։
Վահրամ իշխան.— (բարձրաձայն) Աստուած մեզ հետ ըլլայ, սպարապե՛տ։

Մթութիւն կը տիրէ։

Պատմող.— Տարիները անցան, 1095 տարին է արդէն, Պատր ծերացած է, եւ թուրքերը Եգիպտոսէն դուրս քշուած հայ զօրքին միջոցաւ, որ մեծ յաղթանակներ տարած էր Վահրամ իշխանի ղեկավարութեամբ։

Հայկական տուտուկի երաժշտութիւն։

Հինգերորդ տեսարան

Պատրի ննջասենեակը։ Կիսամութ ննջասենեակ մը, երկու սպասաւորներ կեցած են ոսկեզօծ մահճակալին աջ ու ձախ կողմերը, բժիշկ մը նստած է անկողինին դիմացը մեծ բազկաթոռի մը վրայ։ Պզտիկ բաց պատուհան մը կայ սենեակին մէջտեղը անկողինին աջ կողմը։
Պատր հիւանդ պառկած է, շուրջը Վահրամ եւ Վասակ իշխանները կեցած են։ Փայտէ սեւ գոց դուռ մը կայ անկողինին դիմացի կողմը։

Պատր իշխան.— (հանդարտ եւ լուրջ) Ինծի լաւ մտիկ ըրէք իշխաններ, ես հիմա ինիսունը անց ծերունի մըն եմ, մօտ օրէն պիտի մեռնիմ։ Երբ Եգիպտոս եկաք քսան տարի առաջ, թուրքերը երկիրը գրաւելու վրայ էին։ Մենք մեր հայ զօրքով կրցանք իրենց յաղթել եւ Եգիպտոսէն դուրս քշել զիրենք։ Քսան տարի այս երկիրը խաղաղ, բարգաւաճ ու զօրաւոր պահեցինք։ Խալիֆան մեզ կը յարգէ ու միայն մեզի կը վստահի։ Եթէ թուրքերը այս երկիրը գրաւեն, մեր ժողովուրդն ու հայրենիքն ալ պիտի ոչնչացնեն, մենք պէտք է միշտ Խալիֆան պաշտպանենք, որովհետեւ ան մեր բարեկամն է։ Դուք պէտք է շարունակէք իմ սկսած ճանապարհը, Եգիպտոսի եւ Հայաստանի շահերուն համար։
Վահրամ իշխան.— Երբեք հոգ մի ընէք, թագատէ՛ր, մենք քու ճանապարհդ պիտի շարունակենք, պիտի ծառայենք Խալիֆային եւ պայքարը մղենք թուրքերուն դէմ։ Այս է մեր ուխտը, զոր ըրինք Աստուծոյ եւ մեր վեհափառին դիմաց, եղբօրս՝ Գրիգոր եպիսկոպոսի վախճանումէն առաջ Նաթրունի հայոց վանքին մէջ։ Այս է մեր ծառայութիւնը Եգիպտոսի ու հայութեան։
Վասակ իշխան.— (ինքնավստահ) Հանգիստ եղէք, թագատէ՛ր, ես հարաւը շատ լաւ բռնած եմ, եւ Վահրամը՝ Գահիրէն, մեր զինուորները ամեն տեղ են, ու եգիպտացիները մեզ շատ կը յարգեն ու կը սիրեն, որովհետեւ զիրենք փրկեցինք թուրքէն։
Պատր իշխան.— Ուշադրութիւն ըրէք իմ զաւակիս Շահնշահին եւ հաւատարիմ մնացէք ձեր ուխտին։

Բժիշկը ներս կը մտնէ:

Բժիշկ.— (խնդրողական շեշտով) Հաճեցէք դուրս ելլել, յարգելի՛ իշխաններ, թագատէրը պէտք է հանգչի։

Մթութիւն:
Հայկական տուտուկով Տըլէ Եամանի երաժշտութիւն։

(Շարունակելի)

Գահիրէ

Հեղինակին մասին.
Ժիրայր Շուշանեան ծնած է 1956-ին, Գահիրէ, Եգիպտոս: Նախնական ուսումը ստացած է Գալուստեան ազգային վարժարանէն ներս, ապա աւարտած է Ուսողութեան ճիւղը Այն-Շամս համալսարանէն 1978-ին:
1978-1980 եղած է «Գալուստեան»-ի երկրորդական բաժնի ուսողութեան ուսուցիչ, իսկ 1980-1988՝ կարգ մը օտար վարժարաններու երկրորդական բաժնի ուսողութեան ուսուցիչ:
1997-2016 եղած է նոյն վարժարանի հոգաբարձու, իսկ 2000-2025՝ Գահիրէի եկեղեցւոյ հոգաբարձու: 1989-2019 օդային ընկերութեան մը տնօրէնութիւնը ստանձնած է:
Զբաղած է նաեւ գրականութեամբ: Անգլերէնով իր հրատարակութիւններն են. “1000 days of Musa Dagh Camp”, Amazon, 2015, “I am Arm”, Amazon, 2014, “The Armenian Genocide”, Amazon, 2014, “Inside Indra’s inner world”, Amazon, 2014, “Thoughts of Ararat”, Amazon, 2014:
Կատարած է արաբերէնի թարգմանութիւն մը՝ «Որդեսպան ծնողքը» (վէպ, Սմբատ Բիւրատ, 2020), նաեւ անգլերէնի թարգմանութիւն մը՝ «Օշին Պայլ» (թատերակ, Լեւոն Շանթ, 2019):
Իր հայերէն ստեղծագործութիւններն են «Մուսալեռ վրանաքաղաքի 1000 օրերը» (թատերակ, «Յուսաբեր», օգոստոս 2024), «Հայոց Յեղասպանութիւնը» (կարճ պատմուածք, «Արեւ», ապրիլ 2024), «Վարձկան թագաւորը» (պատմական թատերակ, 2020), զանազան պատմուածքներ եւ յուշեր, որոնք Հայերէնblog կայքին մէջ հրատարակուած են 2020-2024, ինչպէս նաեւ զանազան յօդուածներ, որոնք լոյս տեսած են Սփիւռքի հայ մամուլին մէջ («Յուսաբեր», «Արեւ», «Ազդակ», «Նոր Յառաջ», «Հայ կեանք», «Ասպարէզ» եւ այլն, 2024-2025):

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *