ՆԱԶԱՆ Ա.
Ի յիշատակ Յասմիկին
Փաթիլը ոչ միայն Պօղոսեան վարժարանի դասընկերուհիս էր, այլ նաեւ Փաթիլին Մարիանէ անունով մայրը բարեկամուհին էր Նուէր զարմիկիս, զոր Հոճուր կը կոչէինք. երկուքն ալ նորաձեւութեան եւ կարի հանդէպ մեծ սէր եւ հետաքրքրութիւն ունէին։ Չեմ գիտեր ինչպէ՛ս իրարու ծանօթացած էին, եւ ինչպէ՛ս եղած էր անոնց կապը։ Պատահած էր, որ, երբ Հոճուրս Փաթիլենց այցելէր, իրեն ընկերակցէի եւ Փաթիլին հետ մի քանի ժամ անցընէինք։ Ան Պօղոսեանը կանուխ ձգեց ու գնաց իր ուսումը շարունակելու անգլիական վարժարան մը, եւ շրջան մը այդպէս մեր կապը կտրուեցաւ մինչեւ մեր երկուքին Գանատա հաստատուիլը եւ իր զաւակներուն Ծաղկոց յաճախելը։
Փաթիլ շատ բարեսիրտ, ժպտուն, ընկերասէր եւ ստեղծագործ, կեանքը քիչ մը թեթեւէն առած անձ մըն էր։ Մօրը մահը, իրենց Գանատա արտագաղթելէն երկու օր առաջ, զինք անակնկալ խուճապի պիտի մատնէր, մինակ մնացած ըլլալու սարսափը իր վրան անջնջելի ազդեցութիւն պիտի ձգէր, որմէ ան պիտի չկարողանար երկար տարիներ ձերբազատիլ։ Ահա թէ ինչու ես կը կարծեմ ան կեանքին հանդէպ իր վստահութիւնը կորսնցուցած պիտի ապրէր եւ հոգեւին պիտի նետուէր իր նախասիրած ասպարէզին՝ գեղարուեստի մէջ։
Իրականութեան մէջ ես շատ լաւ գիտէի Փաթիլին խառնուածքը։ Ամբողջ կեանք մը փնտռտուքի մը մէջ ապրելով, երբեք ալ իր փնտռածը չգտաւ դժբախտաբար։ Ինք կարիքը ունէր զինք հասկցողներու, իր ստեղծագործութիւնները գնահատողներու։
* * *
Օր մը որոշում տուած էինք միասին երթալու իր արուեստանոցը։ Կը փափաքէր անպայման իր վերջին գործերը ցոյց տալ ինծի։
Ուրեմն, առաւօտ կանուխ, ինչպէս ժամադրուած էինք, գացի իրենց առանձնատունը։ Երբ զանգը զարկի, Փաթիլին շունը՝ Գուգին դռան ետեւը հաջել սկսաւ։ Մտածեցի, որ Փաթիլ տակաւին պատրաստ ըլլալու չէ դուռը բանալու։ Անգամ մը եւս զանգակը զարկի, Գուգին աւելի բարձր սկսաւ հաջել՝ այս անգամ թաթերը դռան զարնելով ձայներ հանելով։ Քանի մը վայրկեան ետք, Փաթիլ դուռը բանալով զիս ներս հրաւիրեց։ «Նանոր, եկուր», ըսաւ ան, «տե՛ս, պատրաստ չեմ դուրս ելլելու, այս շունն ալ անհամբեր դարձեր է, կ՚ուզէ դուրս տանիմ, բայց ես ժամանակ չունիմ այս առաւօտ հետը զբաղելու»։ Ու դարձաւ ինծի ժպիտով խնդրելու պէս պատուիրեց. «սա կապը վիզին անցընեմ, եւ մինչեւ պատրաստուիմ, առ Գուգին եւ թաղին մէջ պտտցուր, շատ ուրախ պիտի ըլլայ եւ քեզ շատ պիտի սիրէ»։
— Բայց Փաթիլ, — ըսի, — ես շուն պտտցնելու ո՛չ գիտութիւնը ունիմ եւ ո՛չ ալ փորձառութիւնը, չեմ գիտեր եթէ հետս համերաշխ պիտի ըլլա՞յ։
— Առ այս շունի շաքարները եւ երբ խօսք հասկնայ, իրեն բերանը մէկ հատ դիր, ան շատ կրթուած շուն մըն է, մէկ անգամ բան մը ըսես շուտով խօսքդ մտիկ կ՚ընէ, թէ՛ հայերէն կը հասկնայ եւ թէ՛ անգլերէն, — հպարտութեամբ ըսաւ Փաթիլ, — մէկ անգամ «Գուգի ՆՕ՛» ըսես՝ կ՚ենթարկուի, իսկ երբ չենթարկուի, վիզին կապը կը քաշես եւ «սիթ» կ՚ըսես, անմիջապէս կը նստի։
Այլեւս փախուստ չունէի։ Փոքր տոպրակով շաքարները առի գրպանս դրի, վզին կապն ալ ամուր մը դաստակիս շուրջը փաթթեցի ու քայլ առաջ, օ՛ն, տան աստիճաններէն վար իջանք։
Հազիւ հասանք թաղին ծայրը, Գուգին գետինը նստաւ ու մերժեց յառաջանալ ու սկսաւ բարձրաձայն հաջել։ Հասկցայ, որ սխալ ճամբայ մը կը տանիմ զինք։ Ես դէպի առջեւ կ՚ուղղուիմ եւ ինք կ՚ուզէ դէպի աջ դառնալ ու ճամբան երկնցնել, իսկ ես կ՚ուզեմ ժամ առաջ վերադառնալ ու ազատիլ այս պարտականութիւնէս։
Կը մտածեմ, վա՜յ եկեր է, որ շունը ձեռքէս փախչի եւ ես չկարենամ զինք զսպել, ու հեռանայ թաղերուն մէջ։
«Գուգի, քալէ՛», կ՚ըսեմ հայերէն, «կօ՛» կ՚ըսեմ անգլերէն, վզին կապը կը քաշեմ, որ յառաջանայ, բայց օգուտ չ՚ըներ։ Լաւ, Գուգի, թող ուզածդ ըլլայ ըսելով աջ դարձայ։ Գուգին անմիջապէս պոչը շարժելով վեր նետուեցաւ։ Քիչ մը յառաջացանք, երբ հասանք տան մը առջեւ, տեղւոյն վրայ նստեցաւ անշարժացած եւ սկսաւ բարձր-բարձր հաջել՝ տան վերի յարկի պատուհանին նայելով, ու արագ-արագ պոչը շարժել։
— Հի՛մա ի՞նչ է ուզածդ Գուգի, երանի՜ լեզուդ աւելի լաւ հասկնայի, — հազիւ ըսած՝ յանկարծ հաջոց մըն ալ վերէն լսեցի։ Պատուհանին ետեւ, վարդագոյն ժապաւէններ մազերուն կապուած, իր նման շուն մըն էր հաջողը։
— Վա՜յ Գուգի, գոնէ ինծի հասկցնէիր սիրահար մը ունիս, որ այս փողոցին վրայ , այդ տանը վերի յարկը կ՚ապրի, — հայերէն ըսի իրեն։ Ուրեմն հաջոցներու երգեցողութիւն մը ծայր տուաւ եւ երկուքն ալ պոչերը շարժելով «պարել» սկսան։
Հիմա եկուր եւ Գուգին վերադարձուր Փաթիլին, իրար անցած կը մտածէի ես։ Միտքս եկաւ տոպրակով շունի «շաքարը», որ ըսուած էր, որ երբ բարի ըլլայ տամ, որպէսզի ան ենթարկուի ինծի։ Տուի մէկ հատ, երկու հատ։ Խայտառակը շաքարը կ՚ուտէր բայց տեղէն չէր շարժեր։ Կը քաշքշէի զինք, բայց չէր հնազանդեր, հատ մը եւս շաքար կը դնէի բերանը, նորէն գիտցածէն անդին չէր երթար։ Վեր կը նայէի, վարդագոյն ժապաւէնով շունը հոն չէր այլեւս։ Կը մտածէի, որ անոր բացակայութեան մեր Գուգին գոհացած տուն պիտի վերադառնար, սակայն ափսոս։ Յանկարծ տան դուռը բացուեցաւ, շնիկը եւ տիկին մը սանդուխներէն իջնալով մեզի մօտեցան։
— Կը ներէք տիկին, այս շունը ընկերուհիիսն է, եւ ես չեմ կրնար զինք կառավարել։ Հիմա պէտք էր ընկերուհիիս վերադարձած ըլլայինք եւ մենք տակաւին հոս ենք, — ըսի նեղսրտած։
— Այո, գիտեմ, կը տեսնէի, որ դուք կապը կը քաշէիք, բայց Գուգին չէր յառաջանար։ Ամեն օր մատամ Փաթիլը հոս կու գայ եւ միասին կը պտտցնենք մեր շուները։ Փափին եւ Գուգին լաւ ընկերներ են նոյնիսկ մտերիմներ են, — ուրախութեամբ տեղեկացուց ինծի։ Երբ այս խօսակցութիւնը կ՚ունենայինք այս երկու շուները առիթէն օգտուելով սկսած էին արդէն իրենց մտերմութիւնը վայելել։
— Հետեւեցէք ինծի տիկին եւ միասին երթանք Փաթիլին տունը։
— Չէք կրնար երեւակայել ուրախութիւնս, որ շուներու լեզուէն հասկցող մը գտայ, — ըսի, — տիկի՛ն, երախտապարտ եմ ձեզի։
Ուրեմն Փափին եւ Գուգին մեր առջեւէն, մենք ալ իրենց վզակապերը բռնած, ետեւէն քիչ մը քալելով, քիչ մը վազելով՝ վերջապէս հասանք Փաթիլին տունը։
Փաթիլ երբ դուռը բացաւ զարմացաւ։ «Գուգիս, խայտառակս, նորէն սիրահարդ գտար ու բերիր հոս», ըսելով՝ գրկեց ու լաւ մը համբուրեց իր շունը։
Շուն ունեցողներուն սէրն ալ տարբեր է եղեր մեզի պէս շուն չունեցողներուն սէրերէն մտածելով՝ մտանք ինքնաշարժս ուղղուելու համար դէպի Փաթիլին արուեստանոցը։
Հիմա ամէն անգամ երբ պատշգամէս վար կը նայիմ եւ կը տեսնեմ շուն պտտցնող բազմաթիւ թաղեկիցներս, անկարելի կ՚ըլլայ չյիշել սիրելի Փաթիլն ու իմ ալ Գուգին պտտցնելու արկածախնդրութիւնս…
