Սիման եւ մրջիւնները

Սիւզան Խարտալեան

Ամեն տարի, երբ ապրիլը կը բացուի, տանս որոշ անկիւնները կը դառնան մրջիւններու սեփականութիւնը։ Նախակարապետ հետախոյզները առաջինը կը յայտնուին խոհանոցին ու հիւրասենեակին մէջ. անոնք անշեղ նպատակասլացութեամբ կը քննեն ամեն մէկ ծալք ու անկիւն՝ սեղանը, հացի տուփը, մինչեւ իսկ աղբամանը… Ապա, անոնց կը յաջորդեն բիւրաւոր ուրիշներ։ Կը տիրապետեն հիւրասենեակին, կը չափչփեն յատակը՝ այն բազկաթոռին շուրջ, ուր նստած կը գրեմ, կ’աշխատիմ, կամ պարզապէս սուրճ ու պատառ մը կարկանդակ կը վայելեմ։ Անոնց ներկայութիւնը սկիզբը կը ջղագրգռէ զիս, եւ ահա պատերազմ կը յայտարարուի զաւթիչներուն եւ իմ միջեւ։ Ես կը փորձեմ վերահաստատել տիրութեանս իրաւունքը այս պատերէն ներս, մինչ անոնք լուռ կը պահանջեն այն հողը, որ իրենց պատկանած է ժամանակներու սկիզբէն ի վեր։
Այս երկարատեւ գօտեմարտը շաբաթներ կը տեւէ։ Կը դիմեմ տարբեր միջոցներու՝ ջուրի, դարչինի, սոտայի, բայց ի վերջոյ ես եմ, որ կը նահանջեմ։ Մինչեւ որ կը հասնի մայիսը, եւ անոնք յաղթական ու խաղաղ կը լքեն յարկս։
Մինչեւ յաջորդ ապրիլ։
Ամեն տարի, այս պայքարը յուշերուս մէջ կը վերակենդանացնէ մեծ մեծ մայրս ու իր պատմութիւնը՝ տունը պաշարած մրջիւններուն մասին։
Ահաւոր ժամանակներ էին. դուրսը Մեծ Եղեռնը կը մոլեգնէր իր ամբողջ սարսափով։ Ամուսինը ռազմաճակատն էր՝ ամիսներով անլուր։ Սիման՝ մեծ մեծ մայրս, միայնակ կը կրէր ընտանիքը պահելու, զաւակները կերակրելու եւ ագարակին ու անասուններուն տիրութիւն ընելու ծանր լուծը։ Մարդիկ ապշած էին իր տոկունութեամբ։ Սիման լուռ էր, ան բառերը կը տնտեսէր այնպէս, ինչպէս ալիւրի վերջին փոշին՝ զանոնք վերածելով խնայուած պաշարի։ Իրեն համար ամեն մէկ աւելորդ հնչիւն ու շատախօսութիւն կենսուժի կորուստ էր. կը հաւատար, որ անհարկի ամեն բառ կրնայ տան ջերմութիւնը գողնալ, այն տաքութիւնը, որ պէտք էր զաւակները ողջ պահելու համար։ Անոր լռութիւնը աղօթքի տեսակ մըն էր՝ ուղղուած աստուածայինին, բայց ոչ թէ խնդրող, այլ լսող աղօթք։
Տարիներ ետք միայն, ան իր աղջկան կը վստահէր իր գաղտնիքը. մրջիւններն էին իր փրկութիւնը։
Սիման իր աչքերը չէր յառած հորիզոնին՝ սպասելով վերադարձող ձիերու փոշիին. ան իր հայեացքը սեւեռած էր շեմին ու հողին։ Ան մշակած էր «երկրորդ տեսողութիւն» մը՝ հայեացք, որ կը շրջանցէր մարդկային մեծ ողբերգութիւնները եւ կը կեդրոնանար հողի փոքրիկ ու տենդագին աշխատանքին վրայ։
Այդ օրերուն ան կը վստահի մրջիւններուն, ինչպէս կը վստահէր բնութեան անփոփոխ օրէնքներուն։ Ան հասկցած էր, որ այս աշխարհի մէջ գոյութիւն ունի գաղտնի համակեցութիւն մը՝ սիմբիոզ մը, ուր նոյնիսկ ամենափոքր արարածը կրնայ դառնալ Աստուծոյ ձեռքը։
Երբ անօթութիւնը դուռը կը բախէր, եւ ալիւրի վերջին պարկը դատարկուելու վրայ էր, ան նկատած էր մրջիւններու երամը, որոնք կը խուժէին վերջին բուռ մը ալիւրին վրայ։ Բայց Սիման չէր հալածած զանոնք. անոնց մէջ տեսած էր իր նման պանդուխտներու բանակ մը։
Յաջորդ առտու, տեսած էր սքանչելին. ալիւրը ոչ միայն չէր պակսած, այլ պարկը կրկին լեցուն էր։ Այսպէս, ամեն օր ան կ’առնէր իրենց հացին բաժինը, կը բաժնեկցէր մրջիւններուն հետ, եւ անոնք իրենց հերթին կ’օրհնէին պարկը։ Ան պարկին մէջ կը խոթէր իր ձեռքը՝ առանց ներս նայելու, առանց չափելու, վախնալով որ եթէ փորձէր հաշուել հրաշքը, այն կրնար անհետանալ սովալլուկ օդին մէջ։
Ամիսներ շարունակ Սիման ապրեցաւ մրջիւններուն հետ կատարեալ համակեցութեամբ… ան եւ մրջիւնները միասնաբար փրկեցին իր զաւակները սովամահութենէ։ Մինչ մարդիկ զիրար կը բնաջնջէին, ան ուխտ կնքեց հողի ու անոր զաւակներուն հետ, հաւատալով, որ երբ բաժնեկցիս ունեցածդ բնութեան հետ, բնութիւնը երբեք քեզ առանձին չի լքեր սովի ու մահուան դիմաց։
Այսօր, չեմ գիտեր՝ ասիկա սուրբ առասպե՞լ մըն է, թէ՞ պատմութիւնը կնոջ մը, որ գիտցաւ իմաստութեամբ տնտեսել իր ունեցածը՝ վերապրելով ջարդն ու սովը։
Ուստի, ամեն ապրիլ, երբ մրջիւնները կը ներխուժեն տունս, կը վարանիմ… վար կը դնեմ պատերազմի կացինը եւ թոյլ կու տամ, որ անոնք ստանան իրենց արդար բաժինը։
Կը հաւատամ, որ կեանքս իրենց կը պարտիմ. ընտանիքիս իւրաքանչիւր անդամի կեանքը, որ վերապրեցաւ Մեծ Եղեռնը եւ կրցաւ շարունակել կեանքի թելը, կը պարտիմ այդ փոքրիկ, լուռ փրկիչներուն։ Մրջիւններուն։

Ապրիլ 2026
Շուէտ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *