Արա Մխսեան
Լռակեաց հեռացում
Տղայ մը կար վտիտ, ազազուն, ներհուն,
որ շաբաթը չորս անգամ՝
կ՚երթար խանութ մը փոքրիկ —
լուռ ծուարած թաղին անկիւնը գողտրիկ —
տուփ մը աժան ծխագլանիկ գնելու։
Պարմանուհի նուրբ աղջիկ մը միշտ հոն էր,
որուն այտերը վարդաթոյր
յուզաշփոթ կը խպնէին գինեգոյն՝
ամեն անգամ որ տղան դրան մուտքին յայտնուէր։
Գլանիկ կրնար գնել տղան ուրիշ խանութէ՝
սիրահարուեր էր, սակայն, վարդ այտերով աղջկան,
եւ շաբաթը չորս անգամ
քայլերը զինք կ՚ուղղէին դէպի խանութը փոքրիկ,
ուր սեւաչեայ, ամօթխած, կարմրաթուշ պարմանուհին
հազիւ զգալի դողով՝ իր ժամանման կը սպասէր։
Ատեն մը կասկածեր էր, բայց հիմա հաստատ գիտէր՝
որ աղջիկը սեւաչեայ անկասկած զինք կը սիրէր…
Ներքին խռովք մը սակայն տղուն սիրտը կը ճմլէր.—
կ՚ուզէր աղջկան յայտնել իր սէրը՝ առջի օրէն,
բայց շուտով կը հեռանար իր պաշտած բնօրրանէն,
եւ կը խորհէր, թէ վէրքը, որ մեկնումը կը բանար,
աւելի շուտ կ՚ամոքուէր, եթէ անխօս հեռանար։
Ըստ ընկալեալ վարքերու, աղջիկը շատ քաջ գիտէր,
որ սէր յայտնելու դերը՝ պարմանին կը պատկանէր…
Ուստի երկար սպասեց՝ միշտ յուսալով՝ որ օր մը
տղան իր սիրտը բանար՝ խոստովանէր իր սէրը,
բայց տղան լուռ հեռացաւ առանց յայտնելու սէրը։
Պարմանուհին սիրավառ՝ սպասեց ու մտմտաց.
արդեօ՞ք հիւանդ էր տղան, արկա՞ծ մը զինք տապալեց,
թէ՝ Աստուած մի արասցէ՝ մահ ճիւաղը զինք խլեց,
արդեօ՞ք ինչ էր անունը տղուն, որ ալ ետ չեկաւ,
արդեօ՞ք սիրած էր զինքը,
արդեօ՞ք օր մը ետ կու գար եւ կը յայտնէր իր սէրը։
Անպատասխան կը մնան այս բոլոր հարցումները…
Տարտամ կարօտ
Քու աչքերուդ մէջ՝
Հրաշէկ յուշեր
Ուզեցի հիւսել,
Բայց ափսո՜ս, ուշ էր.
Ուրիշ մը արդէն
Հոն բոյն էր շիներ
Անաստղ մէկ գիշեր…
Իմ աչքերուս մէջ՝
Պատկերդ աղօտ
Եւ տարտամ կարօտ…
Վիշտն ու մահը
Ինչպէ՞ս բացատրել,
Թէ կարգ մը վիշտեր թեւաւոր կ՚ըլլան
Ու կը թեւածեն շամանդաղի պէս դաշտերու վրայ,
Թէ ուրիշ վիշտեր մեղաւոր կ՚ըլլան
Եւ կը սողոսկին իժերու նման մաշկերու վրայ։
Որ կարգ մը մահեր բեռնաւոր կ՚ըլլան
Եւ շալակ առած՝ ոգիներ անդի՝ կը տանին անդին.
Որ ուրիշ մահեր բեղմնաւոր կ՚ըլլան,
Եւ կը սրսկուին՝ մոխիր, մանրոսկր՝ հանդեր անջրդի։
Ցաւի եւ մահուան տիեզերաման խաչմերուկ վերջին…
Ռէյսին
