Արձանը եւ մնացեալը

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

ԳՐՈՂԸ — Հինգ հոգի են, համերգէ մը կը վերադառնան։ Վայելած են Նարեկ Հախնազարեանի եւ Կրեկորի Ջայծէի թաւ ջութակի եւ դաշնակի համերգը՝ նուիրուած Մեծ վիպապաշտներուն։ Ունկնդրած են ոչ միայն ռուս, այլեւ հայ ու վրացի յօրինողներու գործեր ալ։ Ուրախ են ու հպարտ։ Քաղաքամէջէն կը վերադառնան Փարգ պողոտայով, երբ կը հասնին Ժան-Թալոն փողոցին անկիւնը, մէկը ցոյց կու տայ այնտեղ զետեղուած այն արձանը, որ 2017-ին՝ Մոնթրէալ քաղաքի հիմնադրութեան 375-ամեակին առթիւ յոյն համայնքը նուիրեց քաղաքապետութեան։
Անագապղինձէ արձանն է երեք հոգիէ բաղկացած յոյն ընտանիքի մը, գրեթէ պարզ մարդաչափ, որով շատ ալ դիւրին չէ նշմարելը, մանաւանդ երբ շուրջը գացող-եկող կայ. Անոնց կը խառնուի, կարծես անոնց մաս կը կազմէ։ Ձմռան վերարկուներով՝ գասքեթաւոր բարձրահասակ ու պեխաւոր հայր մը, գլուխը բաց, պարզ սանտրուած կարճ մազերով մայր մը եւ կնքուղաւոր փոքրիկ մը, թերեւս աղջիկ մը. համացանցի վրայ երեւցող նկարէն դատելով. մէկական ճամպրուկ ունին մեծերը իրենց ձեռքը։ Նոյն աղբիւրը կը տեղեկացնէ, թէ քանդակագործը կը կոչուի Ճորճ Խուլիարաս, արձանը թափուած է Փիրէա, Յունաստան, նաւով հանգրուանած է Հալիֆաքս, ապա գնացքով՝ Մոնթրէալ, ինչպէս ատենին գաղթականները կը հասնէին այստեղ։
ՊԱՏՄՈՂԸ — Ամեն անգամ, որ այս արձանը տեսնեմ չեմ կրնար չյիշել մեր ժամանումը 60 տարի առաջ։ Երեւակայեցէ՛ք, արդէն 60 տարի եղաւ։
Յունուար 7 կամ 8-ն էր, 7 պէտք է ըլլար, այո՛, Ծնունդին յաջորդ օրը մեկնեցանք։ Կէսօրէ ետք էր իջանք օդանաւէն, բայց սառեցա՛նք երբ քալեցինք մինչեւ օդակայանի դուռը։
ԳՐՈՂԸ — Այն ատեն դեռ չկային այդ դուռէն մինչեւ օդանաւը երկարող կնճիթները, որոնք, ձիւնին թէ անձրեւին, քեզ պաշտպանուած ներս կը բերեն։
ՊԱՏՄՈՂԸ — Մենք ալ մեր այնտեղի գիտցած «հաստ» վերարկուներով էինք, մինչդեռ ատոնք այստեղ այնքան ալ օգտակար չեն եղեր։ Ինչ որ է, անցանք անհրաժեշտ ստուգումներէն, դուրս եկանք օդակայանի փողոցի կողմի դուռնէն, բարեբախտաբար թաքսիները շարուած էին ետեւ-ետեւի, մտանք առաջին ներկայացող կառքը։
ԳՐՈՂԸ — Արդեօք մէկը կը ճանչնայի՞ն այստեղ. վարձակառքը նստան, բայց ո՞ւր պիտի երթային։
ՊԱՏՄՈՂԸ — Ո՞ւր կ՚երթաք, հարցուց շարժավարը։ Մեզի հայու մը հասցէն տրուած էր։ Թուղթի մը վրայ գրած էինք, ցոյց տուինք մարդուն։ Գիտցաւ տեղը, ճամբայ ելանք։
Ձիւն-ձմեռ էր։ Այդ պահուն չէր ձիւներ, բայց փողոցները ճեփ-ճերմակ էին, ձիւնի կոյտերն ալ հրուած, մայթերուն եզերքները կամ նոյնիսկ մայթերուն վրայ թիզուած էին։
ԳՐՈՂԸ — Ի հարկէ, այն ատեն ձիւնի հաւաքման ու փոխադրութեան այսօրուան միջոցները չկային, բայց հիմա այդ մասին չխօսինք, պատմողին թելը թող չկտրուի։
ՊԱՏՄՈՂԸ — Բաւական քշեց, մեզ հասցուց Սեն-Տընի փողոցը։ Խնդիրը ճիշտ հասցէն գտնելն էր, քանի որ նոյնիսկ դուռներուն կողքին հասցէներու սալիկներն ալ յաճախ ձիւնով ծածկուած էին։ Քով-քովի երկյարկանի շէնքեր էին, դուրսէն ոլորապտոյտ ու բաց սանդուխներով։ Մայրս ըսաւ այս ի՛նչ տեղ եկանք, տուներուն աղիքները դուրս ինկած են… Ինչո՞ւ հոս եկանք, ես ասանկ տեղ չեմ ապրիր։
Հիմա երբ կը մտածեմ, իրապէս ես ալ հարց կու տամ, թէ ինչո՞ւ իրենց հանգիստը ձգած, այդ տարիքին ծնողքս որոշեց որ գաղթենք։ Անկասկած՝ մեզի՛ համար. ինծի ու եղբօրս, երկուքս ալ համալսարան աւարտած, բայց առանց ապագայի յոյսի։ Տակաւին կար նաեւ իր զինուորական ծառայութեան խնդիրը։ Բարեբախտաբար ան Փարիզ կը գտնուէր ուսման վերջին տարին ընելով, մենք ալ զինք տեսնելու պատրուակով դուրս ելանք երկրէն, ամեն ինչ լքած, այլապէս անկարելի պիտի ըլլար գաղթելը։ Հայրս շատ լաւ գործ ունէր, պատկերներու շրջանակ կը շինէր, քաղաքին լաւագոյններէն մէկն էր, եթէ ոչ լաւագոյնը։ Շատ փնտռուած էր։
«Ահա այստեղ է» ըսաւ վարորդը, վերջապէս կանգ առնելով իրարու փակած այդ շէնքերէն մէկուն առջեւ։
Սանդուխները ճեփ-ճերմակ էին, աստիճանները փայտէ, իսկ կառոյցը երկաթ կը թուէր։ Քովի տուներունը սեւ ներկուած էր։ Մտքիս մէջ դրոշմուեր է այդ տարբերութիւն, չեմ գիտեր ինչո՛ւ։ Մեր հասցէն վերի յարկաբաժինինն էր։ Ես անմիջապէս վեր ելայ ու դուռը զարկի։ Տարեց տիկին մըն էր, բացաւ դուռը։ «Բարեւ», ըսաւ, «բարի եկաք. հրամեցէք, չմսիք»։ Ըստ երեւոյթին մէկը լուր տուած էր անոր, այն ատեն չէի ալ գիտեր, թէ ո՛վ տեղեակ էր մեր գալէն։ Նշան ըրի մերիններուն, որ վեր ելլեն։ Ես չէի ուզեր իջնել-ելլել վերստին, կրունկներով կօշիկ հագած էի, նաեւ գիտէք որքան վախկոտ եմ, աւելի ճիշտ, զգուշ եմ։
Բարեբախտաբար եղբայրս ուժեղ էր, ճամպրուկները երկու-երկու վերցուց, կամաց-կամաց, բազրիկներուն կրթնելով վեր բերաւ զանոնք, յետոյ հայրիկն ու մայրիկը, ձեռք.ձեռքի տուած ու նոյն բազրիկներուն կառչած՝ ելան վեր։
ԳՐՈՂԸ — Եկան, բայց հիմա ի՞նչ։ Ի՞նչ պիտի ընէին, հո՞ս պիտի գիշերէին։
ՊԱՏՄՈՂԸ — «Անհոգ եղէք, տունս մեծ է», ըսաւ տիկինը, կռահելով թէ ի՛նչ կը մտածէինք. «այս գիշեր հոս կը մնաք, ճաշն ալ պատրաստ է, կը լոգնաք, կը հանգստանաք, վաղը ձեզի ալ յարկաբաժին մը կը գտնենք»։
Իրապէս զարմացած էինք։ Գիտէինք, որ փոքր, քիչ հայաշատ գաղութ մը կու գայինք, բայց չէինք սպասեր, գոնէ ինծի համար անակնկալ էր, որ այսպիսի հիւրընկալութեան հանդիպէինք։
«Հիմա տոքթոր Սեւակեանին ալ լուր կու տամ, ան կու գայ եւ ձեզի պէտք եղած ցուցմունքները կ՚ընէ՝ որպէսզի յարմար տեղ մը ճարէք»։
Եւ իրապէս ալ, ով որ ալ էր այդ տոքթոր Սեւակեանը,— կ՚երեւի գաղութի պատասխանատուներէն էր, — այդ օդին, քիչ անց դուռը զարկաւ։ Մտաւ, ծանօթացանք։ Տեսաւ ո՛վ ենք, ի՛նչ ենք, «վաղը մէկը ձեզի հետ կը կապուի» ըսաւ ու մեկնեցաւ։
Շիտակը, ինչպէս ըսի՝ թէ՛ զարմացանք եւ թէ՛ ուրախացանք։
ԳՐՈՂԸ — Անշուշտ եթէ այս օրերուն եկողներ ըլլային անոնք, ուրկէ ալ գային, հաւանաբար կանխաւ համացանցէն գտած կ՚ըլլային իրենց վարձելիք, նոյնիսկ գնելիք բնակարանը, կահաւորած ալ կ՚ըլլային իրենց ուզած ձեւով, մինչեւ անգամ թարմ ծաղիկներ ալ զետեղած՝ մթնոլորտը զուարթացնելու համար։ Բայց, այն ատեն տակաւին նման հրաշալի միջոցներ չկային։ Բայց եւ այնպէս հրաշքի համազօր համարելու ենք իրենց պատահածն ալ։ Շարունակենք մտիկ ընել պատմողին «արկածախնդրութիւնը»։
ՊԱՏՄՈՂԸ — Իրապէս հրաշքի պէս բան մըն էր կատարուածը։ Յաջորդ առաւօտ հայրս իջաւ քիչ մը քալելու եւ շրջապատը ուսումնասիրելու, հինգ վայրկեան չանցած վերադարձաւ։ Կարելի չէր այդպէս դուրս ելլել։ «Ցուրտը ոսկորներուս մէջ կը սողոսկէր» ըսաւ։
Տիկինը տակաւին կը քնանար։ Տան մօտիկ հեռաձայնի տնակ մը նկատեր էինք։ Քոյր-եղբայր ըսինք իջնենք, հայ մը գտնենք, տեսնենք մեզի կրնա՞յ խորհուրդ մը տալ։ Այդպէս ալ ըրինք, խցկուեցանք այդ նեղ տեղը։ Կը յիշէ՞ք, ամեն տեղ նման տնակներ կային, հեռաձայնի տետրն ալ մէջը, հաստ կողքով ու շղթայով կապուած։ Տնակն ըսածնիս ալ մեծ պատուհաններով էր։ Սկսանք դարձնել էջերը, անունի մը առջեւ կանգ առինք, 10 սենթն ալ նետեցինք առ որ անկ է, ու դեռ թիւը չէինք դարձուցած, մէկը դուրսէն զարկաւ դռան ապակիին։ Նախ վախցանք, նշան ըրինք, որ երթայ, բայց մարդը յամառեցաւ, շարունակեց զարնել ապակիին։
Բացինք, «ի՞նչ կ՚ուզէք» հարցուցինք ֆրանսերէն։ «Are you Armenian?» հարց տուաւ ինք, եւ «բարե՛ւ» ըսաւ։ Չարմանահրաշ բաները կը շարունակուէին, ուրեմն։ «Բարե՛ւ, Աստուծոյ բարին» պատասխանեցինք։ «Դուք Վարդանին զաւակնե՞րն էք»։ Եւ մեր «այո»-ին վրայ մեզ դուրս հանեց տնակէն, ողջագուրուեցաւ ամեն մէկուս հետ։ «Ես Սահակն եմ, ձեր մեծհօր քով աշխատած եմ պատանեկութեանս։ Դեղարան ունէր, զիս հոս-հոն կը ղրկէր, որ իրեն պէտք եղած բաներ բերեմ, կամ հիւանդներուն դեղերը տանիմ։ Հայրիկը-մայրի՞կը ուր են հիմա։
Նշան ըրինք քիչ անդիի տունը։ «Եկէ՛ք» ըսաւ, «երթանք զիրենք ալ առնենք» ու նախաճաշ մը ընենք։
Հայրիկս ճանչցաւ Սահակը։ Չէր ալ գիտեր, որ Մոնթրէալ կ՚ապրէր ան։ Իրենք ալ հագուեցան, տանտիկինէն ներողութիւն խնդրեցինք, մինչ ինք կը պատրաստուէր մեզի նախաճաշ մը հրամցնելու, եւ իջանք վար։ Հայրիկը երբ պահ մը դուրս ելած էր, փողոցին անկիւնը պզտիկ ճաշարան մը տեսեր էր, որ արդէն բաց էր։ Առաջարկեց հոն երթանք։
ԳՐՈՂԸ — Բայց այդ պարոն Սահակը ինչպէ՞ս գիտցեր էր, որ հոն էին անոնք։
ՊԱՏՄՈՂԸ — Այդ տոքթոր Սեւակեանը երէկ երեկոյ հեռաձայներ է Սահակին, տեղեկացուցեր, որ մենք նոր եկած ենք, շեշտեր է, որ «ձեր կողմէն են», ակնարկելով կուսակցական մեր «կողմ»-ին, եւ թելադրեր է, որ մեզի տէր ըլլան «մեր կողմինները»։ Սահակն ալ, ճանչցած ըլլալով մեր գերդաստանը, առտու կանուխ անյապաղ վազեր եկեր է։ «Անկարելի է», ըսաւ ան, «մեզի՛ պիտի երթանք»։ «Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, կինդ ի՞նչ պիտի ըսէ, ասանկ առանց լուր տալու…»։ «Մի մտահոգուիք, ո՛վ որ տանիմ ինք ոչ չ՚ըսեր, բայց ինք հիմա արդէն ձեզի կը սպասէ»։
ԳՐՈՂԸ — Հոս պահ մը կ՚ընդհատուի պատմութիւնը, կամ ըսենք վերջ կը գտնէ առաջին արարը. համերգի գացողները, թաւջութակի ու դաշնակի ձայները տակաւին իրենց ականջներուն մէջ, միասին նախ պատմողին տունը կը հասնին։
ՊԱՏՄՈՂԸ — Հիմա վեր ելլենք, կանուխ է տակաւին, ի՞նչ պիտի ընէք տուն երթաք, սուրճ մը կ՚առնենք, կարկանդակն ալ պատրաստ է արդէն. վեր ելլենք, որ շարունակենք խօսիլ ու պատմել՝ անկէ ետք ինչպէ՞ս տուն գտանք, ինչպէ՞ս փոխադրուեցանք եւ մնացածը։
ԳՐՈՂԸ — … որ շարունակեն խօսիլ ու շաղակրատել Գանատա ժամանումի անհաւատալի թուող այս պատմութեան շուրջ։ Ամէն։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *