Արմենակ Եղիայեան
Սկիզբը՝ փետրուար 2026-ի թիւով
Անհամասեռութիւն (շար.)
Անհամասեռ կառոյցը իր երբեմն ճկունութեամբ, ծաւալով, բարեհնչութեամբ այնքան գրաւիչ է ու տիրական, որ գրողը, նոյնիսկ ուշադիր գրողը, յաճախ կը սայթաքի՝ մտքին ծայրէն իսկ չանցընելով համասեռ տարբեդրակը:
Օրինակ՝
— Ահա իմ հասկցած ու հաւատացած բարեկամութիւնս:
Կարճ, կոկիկ, յստակ ու հաղորդական:
Բայց եւ այնպէս անհամասեռ ու մերժելի՝ ուշադիր ու նուրբ ականջին համար, որ պիտի փնտռէր համասեռ ձեւը, որ, սակայն, ծանծաղ ու տաղտկալի է:
Արդարեւ, բարեկամութիւնս գոյականը այստեղ ունի երկու անհամասեռ որոշիչներ, որոնց երկուքն ալ դերբայներ են՝ հասկցած եւ հաւատացած:
Հասկցած-ը ներգործական է եւ կը պահանջէ հայցական հոլով խնդիր, որ է բարեկամութիւն ճիշդ ձեւը:
Հաւատացած-ը չէզոք է եւ կը պահանջէ տրական հոլով խնդիր, որ պէտք է ըլլայ բարեկամութեան:
Ինչպէ՞ս լուծել այս կացութիւնը, որ դժբախտաբար շատ տարածուած կաղապար մըն է ընդհանուր հայերէնի մէջ՝ արեւելահայ թէ արեւմտահայ հաւասարապէս:
Ահաւասիկ՝
—Ահա այն բարեկամութիւնը, (զ)որ ես կը հասկնամ եւ որուն կը հաւատամ:
Սա իր ծաւալով բնօրինակին կրկնապատիկն է, չհաշուած քերականական զանազան համաձայնութիւնները, որոնց հարկ եղաւ դիմել:
Այս այսպէս է, կարելի չէր կացութիւնը դարմանել դերբայներով:
Անշուշտ այս վերջինը այնպիսի կառոյց մըն է, որուն դժուար թէ իր գրողական ու մանաւանդ խօսողական թափը առած անձը յօժարէր համակերպիլ, մինչ անդին այնքան դիպուկ ու կոկիկ, այլեւ պարզ է անհամասեռ կառոյցը, եւ այնքան… ընդհանրացած:
Հետեւեալը մեր սերտածին մէկ բարդ ստորադասական նմանակն է:
—Մենք ժողովուրդ մըն ենք, որուն կարելի չէ ահաբեկել կամ սպառնալ («Ազդակ», 11/7/2025, էջ 2):
Բազմակի անդամները կը գտնուին ստորադաս նախադասութեան մէջ՝ ահաբեկել եւ սպառնալ, որոնց առաջինը ներգործական է, իսկ երկրորդը՝ չէզոք:
Հետեւաբար ասոնք պարտէին ունենալ երկու տարբեր հոլովի լրացումներ՝
— հայցական հոլով ահաբեկել-ին համար,
—տրական հոլով՝ սպառնալ-ին համար:
Բայց ահա իր յեղափոխաշունչ մարտակոչին անձնատուր՝ այս նանրաբան հերոսին վերջին հոգն էր հայերէնն ու անոր ոճաբանութիւնը, որ աւելի գիտակ գրիչ մը պիտի շարադրէր սապէս.
—Մենք ժողովուրդ մըն ենք, որ կարելի չէ ահաբեկել կամ որուն սպառնալ:
Կամ՝
—Մենք ժողովուրդ մըն ենք, որ կարելի չէ ահաբեկել կամ սպառնալ անոր:
Սերտենք նաեւ հետեւեալ իւրայատուկ անհամասեռութիւնը.
—Ան սպառնացած է եւրոպական այն աւագանիին, որոնք կը մասնակցին Մոսկուայի զօրահանդէսին:
Այս օրինակի անհամասեռութիւնը կը կայանայ աւագանին յարաբերեալին եւ անոր տրուած որոնք յարաբերականին միջեւ:
Ի՞նչ մտածել այս կառոյցին մասին:
Իսկ ի՞նչ մտածած է մեզմէ առաջ զայն գրողը ինքը:
Յօդուածագիրը ի մտի ունի, որ աւագանի կառոյցը նշանակութեամբ յոգնակի է, կը նշանակէ աւագները, մեծերը, փորձառուները:
Եւ ահա այս մտածումով ալ՝ աւագանի-ին տուած է յոգնակի յարաբերական մը՝ որոնք, անշուշտ յոգնակի բայով՝ կը մասնակցին:
Իր սխալը կը սկսի ճիշդ այստեղ:
Աւագանի, այո, կը նշանակէ աւագներ, սակայն ան ըստ ձեւի չի համապատասխաներ, չի հաւասարիր արդի հայերէնի ներ-ով կազմուած յոգնակի թիւ ունեցող գոյականներուն: Այդ պատճառով ալ լեզուն զայն իբրեւ յոգնակի կառոյց չ’ընդունիր, ճիշդ ինչպէս յոգնակի չեն՝
—բանակ, որ կը նշանակէ բազմաթիւ զինուորներ,
—աշակերտութիւն, որ կը նշանակէ բազմաթիւ աշակերտներ,
—ընտանիք, որ կը նշամակէ բազմաթիւ անդամներ,
—ժողովուրդ, որ կը նշանակէ մեծաթիւ քաղաքացիներ:
Ասոնք բոլորը կը կոչուին «հաւաքական անուններ», որոնք նշանակութեամբ յոգնակի են, այո, սակայն քերականօրէն յոգնակի չեն:
Մենք կ’ըսենք՝
—«Բանակը յարձակեցաւ», — եւ չենք ըսեր «բանակը յարձակեցան»:
Գիտնալով հանդերձ, որ բազմաթիւ զինուորներ յարձակեցան:
Պարագան նոյնն է միւս հաւաքական անուններուն համար, որոնք կ’ընկալուին իբրեւ եզակի գոյականներ, հետեւաբար եզակի ստորոգիչ կը պահանջեն՝ յարձակեցաւ…, բայց նաեւ՝ եզակի յարաբերական դերանուն՝ որ.
—բանակը, որ յարձակեցաւ,
—աշակերտութիւնը, որ վերադարձաւ դպրոց,
—ընտանիքը, որ ճամբորդեց հայրենիք,
—ժողովուրդը, որ կը պատուէ իր հերոսները:
Այնպէս ալ՝
—աւագանիին, որ կը մասնակցի:
Աւագանի-ին ածանցը ունին նաեւ՝
—տեսականի=տեսակներ
—նամականի=նամակներ
—առածանի=առածներ
—ընտրանի=ընտիրներ
Անուանական անհամասեռութիւն
Անուանական անհամասեռութիւնը կ’ընդգրկէ խօսքի մասային ոչ-բայական շերտը՝ գոյականը, ածականը, թուականը, դերանունը, մակբայը, որեւէ բառ:
Օրինակներ՝
— Յաջորդ պայմանը բարեկարգումներու նախաձեռնութիւնն է, արդարութեան հաստատումը եւ օրէնքի հաւասարութեան գործադրումը:
Այս նախադասութեան պայմանը ենթական ունի երեք ստորոգելիներ, որոնց երեքն ալ բայանուն են, բայց ահա ասոնց առաջինը կը կրէ –ութիւն վերջածանցը, միւս երկուքը –ում վերջածանցը, ինչ որ ոճականօրէն խոցելի կը դարձնէ ընդհանուր կառոյցը՝ չհաշուած իմաստային նուրբ անհամապատասխանութիւնը, որ կը յառաջանայ այս երկու տարբեր ածանցներէն:
Պէտք է ունենայինք՝
—Յաջորդ պայմանը բարեկարգումներու նախաձեռնումն է, արդարութեան հաստատումը եւ օրէնքի հաւասարութեան գործադրումը:
Նաեւ՝
—Վնասուած են 103 ոստիկանութեան եւ 207 սեփական ինքնաշարժներ:
Ուր ինքնաշարժ գոյականը իբրեւ լրացում ունի նախ՝ սեռական հոլով գոյական մը, ապա ածական մը: Սրբագրենք զայն՝
—Վնասուած են 103 ոստիկանական եւ 207 սեփական ինքնաշարժներ:
—Անոնք հոգացին որբերուն առողջական եւ սնունդի կարիքները:
—Անոնք հոգացին որբերուն առողջական եւ սննդական կարիքները:
—Իրար անցեր էին մասնաւորաբար ձկնորսական եւ արհեստաւորներու թաղերուն մէջ (Պերճուհի Բարսեղեան, «Խանձուած օրեր», էջ 136):
—Իրար անցեր էին մասնաւորաբար ձկնորսական եւ արհեստաւորական թաղերուն մէջ:
Ծանօթ. — Այս վերջինին սրբագրումը խորքին մէջ ձեւական է, եւ նախադասութեան յղացքը ոճաբանօրէն կը մնայ խոցելի. ինչո՞ւ:
Որովհետեւ ձկնորս-ը կ’անուանէ ծանօթ արհեստ կիրարկող մը, մինչդեռ արհեստաւոր-ը որեւէ ծանօթ՝ մասնաւոր արհեստ կիրակողի անուն չէ:
Բերուած սխալ օրինակը կարելի է սրբագրել հետեւեալ կառոյցով.
—Իրար անցեր էին մասնաւորաբար ձկնորսական եւ արհեստաւորական այլ թաղերու մէջ:
— Ցուցարարները կը վստահեցնէին, թէ տեղի ունեցողը ոչ թէ կուսակցութիւններու, այլ քաղաքացիական պայքար է:
—Ցուցարարները կը վստահեցնէին, թէ տեղի ունեցողը ոչ թէ կուսակցական, այլ քաղաքացիական պայքար է:
Շատ տարածուած է անհամասեռութեան այն տեսակը, ուր բազմակի անդամներէն մէկը բայանուն է, միւսը անորոշ դերբայ:
Օրինակ՝
—Բախումները առիթ հանդիսացան վերստին քննարկումի եւ նոր գնահատական ընելու հանրային կեանքի բոլոր երեսներուն:
Ուր ունինք քննարկումի բայանունը եւ ընելու դերբայը: Միւս կողմէ՝ վերստին մակբայը իբրեւ որոշիչ տրուած է քննարկումի գոյականին, ինչ որ մերժելի կացութիւն մըն է: Այս բոլորը կը սրբագրենք հետեւեալ ձեւով.
—Բախումները առիթ հանդիսացան վերստին քննարկելու հանրային կեանքի բոլոր երեսները եւ ընելու անոնց գնահատականը:
—Առիթ կ’ընծայեն օտար տէրութիւններու քննադատութիւններուն եւ միջամուխ ըլլալուն:
—Առիթ կ’ընծայեն օտար տէրոթիւններու քննադատութեան եւ միջամտութեան:
—Թուրքիոյ ձեւական դիմափոխութիւնը եւ պատերազմ յայտարարելը… ոչ մէկուն կրնայ խաբել:
—Թուրքիոյ ձեւական դիմափոխութիւնն ու պատերազմի յայտարարութիւնը ոչ մէկը կրնայ խաբել:
—Այս ողբերգութիւնը կը մատնէ աշխարհի տէրերուն կեղծաւորութիւնը, խաբեպատիր ըլլալը եւ երեսանցութիւնը:
—-Այս ողբերգութիւնը կը մատնէ աշխարհի տէրերուն կեղծաւորութիւնը, խաբեբայութիւնն ու երեսանցութիւնը:
Հետեւեալներուն անհամասեռութիւնը հոլովական անմիօրինակութիւնն է.
—Իշխանական խաւը կը կարօտի ինքնամաքրման եւ լեզուական մաքրազտումի:
—Իշխանական խաւը կը կարօտի ինքնամաքրման (կամ՝ ինքնամաքրումի) եւ լեզուական մաքրազտման (կամ՝ մաքրազտումի):
—Մեր դրացիները նպաստած են բարեկամական կապերու հաստատման եւ զարգացումին:
—Մեր դրացիները նպաստած են բարեկամական կապերու հաստատման (կամ՝ հաստատումին) եւ զարգացման (կամ՝ զարգացումին):
Հետեւեալներուն անհամասեռութիւնը լրացումներու այլազանութիւնն է.
—Այդ ձեւակերպումները հետագային հիմք կը դառնան աւելի կարեւոր եւ ուժ ունեցող փաստաթուղթերու:
—Այդ ձեւակերպումները հետագային հիմք կը դառնան աւելի կարեւոր եւ ուժեղ փաստաթուղթերու
—Որքա՜ն լաւ ու խորապէս կը հասկնամ ձեզ (Վահէ-Վահեան, «Նամականի», էջ 391):
—Որքան լաւ ու խոր կը հասկնամ ձեզ:
Ծանծաղ է ըսել՝ լաւապէս ու խորապէս կը հասկնամ ձեզ…:
—Ինչո՞ւ հանդուրժենք եւ բարեկիրթ ձեւանալ, երբ թուրք խուժանը այնքան կը գռեհկանայ:
Համադասուած են դիմաւոր բայ մը եւ անորոշ բայ մը՝ կազմելով անընդունելի անհամասեռութիւն մը: Պարտէինք ունենալ՝
—Ինչո՞ւ հանդուրժենք եւ բարեկիրթ ձեւանանք…
—Ինչո՞ւ հանդուրժել եւ բարեկիրթ ձեւանալ…
—Փորձած եմ լսել անոնց սեւն ու ճերմակը, հայհոյանքն ու ընդվզումը, հինն ու նորը, ցաւն ու վիշտը, ուրախութիւնն ու ցնծութիւնը:
Ունինք բազմակի խնդիրներու հինգ զոյգեր, որոնք շաղկապուած են ու-ով:
Ասոնցմէ առաջինը՝ սեւն ու ճերմակը, հականիշներ են: Ոճաբանօրէն՝ մնացեալ զոյգերը պէտք է նմանապէս կազմուած ըլլային հականիշներէ. սակայն այդպէս չէ. հականիշներ են նաեւ հինն ու նորը, մինչ միւս երեք զոյգերուն մէջ հականշութիւն չկայ, շատ աւելի՝ հոմանշութիւն կայ:
—Ամպամած օրը աւելի նպաստաւոր է ներշնչումին, քան թէ արեգակնային փայլը:
(Ամպամած) օրը եւ (արեգակնային) փայլը զիրար չեն ծածկեր, համասեռ հասկացութիւններ չեն. օրը ժամանակային հասկացութիւն է, որուն պէտք էր հակադրել ժամանակային ուրիշ հասկացութիւն մը, որ նպաստաւոր ըլլար ներշնչումի:
—Խաղաղ հոսանքին մէջ կարելի է աւելի լաւ որսալ, քան թէ պղտոր ջուրի մէջ:
Խաղաղ ածականը կը բնորոշէ հոսանքին կամ ջուրին ընթացքը, մինչ պղտոր՝ ածականը կը բնորոշէ ջուրին բաղադրութիւնը կամ բաղադրական մէկ յատկութիւնը:
—Իրեն ուղղեցի նոյնիսկ զինք վիրաւորող ու մտահոգիչ հարցեր:
Վիրաւորող դերբայը կրնայ ուղիղ խնդիր առնել՝ զինք, սակայն գրաբարեան մտահոգիչ դերբայը չի կրնար ուղիղ խնդիր առնել:
—Դրականը դարձաւ բացասականութիւն:
Դրականը փոխանունը եւ բացասականութիւն գոյականը զիրար չեն հակակշռեր. պէտք է պարզապէս ըլլայ՝ «Դրականը դարձաւ բացասական»:
—Անշուշտ երաժշտութիւնն ալ ունեցած է իր յատուկ տեղը, ինչպէս՝ փորագրութիւնը, արձանագործութիւնը, նկարչութիւնը, պարարուեստը, երգչախումբը, դերասանութիւնն ու թատրոնը» (Մարգար Շարապխանեան):
Նշուած ութ բազմակի անդամներէն վեցը արուեստի անուններ են, մինչ երգչախումբը եւ դերասանութիւնը արուեստի անուն չեն:
—«Նիւ Եորքի մէջ կան նաեւ չինական, իրլանտական, գերմանական, սեւերու, դանիացիներու եւ փորթուկալցիներու կողմէ տիրապետուած շրջաններ» (Արամ Հայկազ, «Երջանկութիւն», էջ 87) :
Անհամասեռութեան շատ բարդ օրինակ մըն է այս, ուր շրջաններ գոյականը ունի, մէկ կողմէ՝ երեք համադաս «ածական որոշիչներ»՝ չինական, իրլանտական եւ գերմանական, միւս կողմէ՝ այս վերջիններուն բռնազբօսաբար համադասուած դերբայական շատ ընդարձակ դարձուած որոշիչ մը՝ սեւերու, դանիացիներու եւ փորթուկալցիներու կողմէ տիրապետուած. ոչ մէկ լեզու կրնայ իւրացնել նման կառոյց մը, որովհետեւ շրջաններ գոյականին տրուած այս այլազան լրացումները համատեղելի չեն:
Ինչպէ՞ս կարելի է փրկել կացութիւնը:
Կը մնայ տարբաղադրել զանոնք. ահաւասիկ փորձ մը.
—Նիւ Եորքի մէջ կան նաեւ չինական, իրլանտական եւ գերմանական շրջաններ, որոնք տիրապետուած են սեւերու, դանիացիներու եւ փորթուկալցիներու կողմէ:
Ծանօթ.—Ածական որոշիչն ու յարակատար դերբայ որոշիչը անհամասեռութիւն չեն յառաջացներ. օրինակ՝
—Ներս մտաւ բարկացած ու գունատ երիտասարդ մը:
—Վիրաւոր ու չարացած իշխանուհին հեռացաւ պալատէն:
—«Ձեռքերը Էլմոնի, Վերժինի պնդացած ձեռքերն են՝ հաստ, կոշտ, լուացքէն, բուրդէն, թելէն պնդացած, մաշած, կռնծած» (Գրիգոր Պլըտեան, «Սեմեր», էջ 85):
* * *
Անհամասեռութիւնը կրնայ ընդգրկել մինչեւ իսկ յօդերը: Տեսնենք ստորեւ յօդային անհամասեռութեան օրինակներ.
—Մարդը բնութիւնն է, իսկ բնութիւնը՝ մարդ:
Համադասութեան առաջին բաղադրիչին մէջ մարդը ենթական եւ բնութիւնն ստորոգելին որոշեալ յօդ ունին, մինչ երկրորդ բաղադրիչին մէջ բնութիւնը ենթական յօդ ունի, իսկ մարդ ստորոգելին՝ յօդ չունի:
—«Մարիամ…զայն ենթարկեր է փորձանքի, դատապարտեր է ջնջումին» (Գրիգոր Պլըտեան, «Սեմեր», էջ 39), — փորձանքի խնդիրը յօդ չունի, իսկ ջնջումին խնդիրը ունի:
—Այդ ձախողութիւնը նշելէն, թաղումը կատարելէն եւ դիակը ժառանգորդներուն յանձնելէ ետք միայն պատմագիրը կը ձեռնարկէ սիրողական աշխատանքի (Գրիգոր Պլըտեան, «Տարմ», էջ 334):
Նշելէն, կատարելէն յօդ ունին, իսկ յանձնելէ յօդ չունի:
—«Ամեն գրական գործ վկայութիւն մըն է շրջանի ընդհանուր տրամադրութիւններէն, ազգային մտահոգութիւններէ, հանրային հարցերէ» (Մինաս Թէօլէօլեան, «Դար մը գրականութիւն», էջ 317):
Ուր տրամադրութիւններէն կիրարկուած է յօդով, իսկ մտահոգութիւններէ եւ հարցերէ զրկուած են յօդէ:
Ահա նաեւ ուղղագրական անհամասեռութեան օրինակ մը. «Պիտի ջանան կոչել… Մեծ Ոճիրը, Մեծ Աղէտը, Մեծ եղեռնը, Հայկական Ողջակէզը, Հայկական Սարսափները եւ այլն», — ուր եղեռնը որոշեալը չէ գլխագրուած, միւս որոշեալները գլխագրուած են, մինչդեռ ասոնք եւս պէտք չէ գլխագրուէին, եւ ունենայինք՝ Մեծ ոճիրը, Մեծ աղէտը, Հայկական ողջակէզը, Հայկական սարսափները:
Շաղկապական անհամասեռութիւն
Խնդրոյ առարկան ոչ միայն… այլեւ համադասական զուգադիր յաւելական շաղկապն է, որ կրնայ կիրարկուիլ թէ՛ պարզ նախադասութեան, թէ՛ համադասական բարդ նախադասութեան մէջ:
Ուրեմն ուղղախօսութիւնը կը պահանջէ, որ անոր զոյգ բաղադրիչները դրուին ինչպէս պարզ նախադասութեան, այնպէս ալ համադասական բարդ նախադասութեան նոյն պաշտօնը կատարող բառերուն վրայ:
Բացատրենք հետեւեալ օրինակներով.
ա) Ան կը ղեկավարէ երգչախումբը եւ փողերախումբը:
Ան կը ղեկավարէ ոչ միայն երգչախումբը, այլեւ փողերախումբը:
Այս պարզ նախադասութեան մէջ ուղիղ խնդիր են երգչախումբը եւ փողերախումբը բազմակի անդամները: Եւ առ այդ՝ ոչ միայն… այլեւ զուգադիր շաղկապին իւրաքանչիւր բաղադրիչը դրուած է անոնցմէ մէկուն վրայ:
բ) Թորոսը չ’աշխատիր եւ կը խանգարէ աշխատողները:
Թորոսը ոչ միայն չ’աշխատիր, այլեւ կը խանգարէ աշխատողները:
Այստեղ ունինք բարդ համադասական նախադասութիւն մը, որոնց համադաս բայերուն վրայ դրուած են մեր շաղկապին բաղադրիչները:
* * *
Տեսնենք հետեւեալ սխալ կառոյցը, որ այնքան ընդհանրացած է, բայց եւ աննկատ մնացած է արդի հայուն բերնին մէջ ու գրիչին տակ.
— Ան ոչ միայն կը ղեկավարէ երգչախումբը, այլեւ փողերախումբը:
Այստեղ բազմակի անդամներն են, ինչպէս գիտենք, երգչախումբը եւ փողերախումբը, բայց ահա շաղկապին առաջին բաղադրիչը դրուած է ոչ թէ երգչախումբ-ին վրայ, այլ դիմաւոր բային վրայ՝ ոչ միայն կը ղեկավարէ…:
Ճիշդ կառոյցը պիտի տար՝
—Ան կը ղեկավարէ ոչ միայն երգչախումբը, այլեւ փողերախումբը:
Սխալ է նմանապէս հետեւեալ կառոյցը.
—Ան կը ղեկավարէ ոչ միայն երգչախումբը, այլեւ կը հովանաւորէ զայն:
Ուր այս անգամ համադասուած են երգչախումբը ուղիղ խնդիրը եւ կը հովանաւորէ ստորոգիչը:
Ճիշդը պիտի ըլլար՝
—Ան ոչ միայն կը ղեկավարէ երգչախումբը, այլեւ կը հովանաւորէ զայն:
Իսկ այսպիսի սխալ կառոյցներու ծուղակը շատ հեշտ է իյնալ ոչ միայն բանաւոր, այլեւ գրաւոր խօսքի մէջ, ուր անհամեմատօրէն աւելի ժամանակ ունինք վերանայելու ու վերամտածելու մեր շարադրանքը:
* * *
Ստորեւ օրինակներու շատ շինիչ եւ ուսանելի ցանկ մը, ուր զոյգ առ զոյգ նշուած են համասեռ՝ ճիշդ, եւ անհամասեռ՝ սխալ, միաւորները: Ասոնց ուշադիր ու հանդարտ ընթերցումը մեծապէս կը նպաստէ մեր բոլորին ուղղախօսութեան:
Ճիշդ՝ «Ան կը նախագահէ ոչ միայն Ուսումնական խորհուրդին, այլեւ Շրջանաւարտից միութեան» (երկու անուղղակի խնդիր, ուրեմն՝ համասեռութիւն):
Սխալ՝ «Ան ոչ միայն կը նախագահէ Ուսումնական խորհուրդին, այլեւ Շրջանաւարտից միութեան» (ստորոգիչ եւ անուղղակի խնդիր, ուրեմն՝ անհամասեռութիւն):
Ճիշդ՝ «Բարեկամները ոչ միայն չզարմացան անոր ձախողութեան, այլեւ ափսոսանքով արդարացուցին զայն» (երկու ստորոգիչ):
Սխալ՝ «Բարեկամները չզարմացան ոչ միայն անոր ձախողութեան, այլեւ ափսոսանքով արդարացուցին զայն» (անուղղակի խնդիր եւ ստորոգիչ):
Ճիշդ՝ «Ան կ’արածէ ոչ միայն իր սեփական ոչխարները, այլեւ բոլոր գիւղացիներունը» (երկու ուղիղ խնդիր):
Սխալ՝ «Ան ոչ միայն կ’արածէ իր սեփական ոչխարները, այլեւ բոլոր գիւղացիներունը» (ստորոգիչ եւ ուղիղ խնդիր):
Ճիշդ՝ «Ան ոչ միայն կ’արածէ իր սեփական ոչխարները, այլեւ կը հոգայ բոլոր գիւղինները» (երկու ստորոգիչ):
Սխալ՝ «Ան կ’արածէ ոչ միայն իր սեփական ոչխարները, այլեւ կը հոգայ բոլոր գիւղինները» (ուղիղ խնդիր եւ ստորոգիչ):
Ճիշդ՝ «Ան ոչ միայն կ’արածէ իր ոչխարները, այլեւ կը կթէ զանոնք» (երկու ստորոգիչ):
Սխալ՝ «Ան կ’արածէ ոչ միայն իր ոչխարները, այլեւ կը կթէ զանոնք» (ուղիղ խնդիր եւ ստորոգիչ):
Ճիշդ՝ «Ան պատսպարեց ոչ միայն իր սեփական ոչխարները, այլեւ բոլոր գիւղացիներունը» (երկու ուղիղ խնդիր):
Սխալ՝ «Ան ոչ միայն պատսպարեց իր սեփական ոչխարները, այլեւ բոլոր գիւղացիներունը» (ստորոգիչ եւ ուղիղ խնդիր):
Ճիշդ՝ «Արծիւը կը յաջողի ոչ միայն նկատել իր որսը, այլեւ յափշտակել զայն» (երկու ուղիղ խնդիր, երկուքն ալ՝ կը յաջողի ստորոգիչին):
Սխալ՝ «Արծիւը կը յաջողի նկատել ոչ միայն իր որսը, այլեւ յափշտակել զայն» (երկու ուղիղ խնդիր, մէկը՝ գոյական, միւսը՝ անորոշ դերբայ):
Ճիշդ՝ «Ան կերակրեց ոչ միայն իր հարազատները, այլեւ համայնքի կարօտեալները» (երկու ուղիղ խնդիր):
Սխալ՝ «Ան ոչ միայն կերակրեց իր հարազատները, այլեւ համայնքի կարօտեալները» (ստորոգիչ եւ ուղիղ խնդիր):
Ճիշդ՝ «Ան ոչ միայն կերակրեց իր հարազատները, այլեւ հոգաց եկեղեցւոյ կարիքները» (երկու ստորոգիչ):
Սխալ՝ «Ան ոչ միայն դաւաճանեց հայրենիքին, այլեւ հարազատներուն» (ստորոգիչ եւ անուղղակի խնդիր):
Ճիշդ՝ «Ան դաւաճանեց ոչ միայն հայրենիքին, այլեւ հարազատներուն» (երկու անուղղակի խնդիր):
Սխալ՝ «Այս ընտրութեան արդիւնքէն կախեալ պիտի ըլլայ ոչ միայն Մ. Նահանգներու ապագան, այլ նաեւ պիտի ունենայ իր ազդեցութիւնը ամբողջ աշխարհի վրայ» («Մասիս» շաբաթաթերթ, 29-10-16, խմբագրական): Ուր համադասուած են առաջինին ապագան ենթական եւ երկրորդին ստորոգիչը՝ պիտի ունենայ:
Ճիշդ՝ «Այս ընտրութեան արդիւնքէն կախեալ պիտի ըլլայ ոչ միայն Մ. Նահանգներու ապագան, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհինը»: (երկու ենթակայ):
Երբեմն սպրդող անհամասեռութիւնը այնքան նուրբ ու ծածուկ է, որ դժուար է անդրադառնալ անոր գոյութեան:
Օրինակ՝
—Նոր տնօրէնը շուտով համոզեց մեզ, որ ինք ոչ միայն ատակ մանկավարժ մըն է, այլեւ արժանի է վստահութեան:
Այս օրինակը կը ձգէ այն տպաւորութիւնը, թէ ամեն ինչ ճիշդ կիրարկուած է, ասինքն՝ ոչ միայն-ը դրուած է ատակ ածականին վրայ, իսկ այլեւ-ը՝ արժանի ածականին վրայ, ածականներ, որոնք հաւասարապէս կը բնորոշեն տնօրէնը: Սակայն այս տպաւորութիւնը խաբուսիկ է:
Այս կառոյցը կը բովանդակէ հետեւեալ ցաւագին անհամասեռութիւնը.
—ատակ ածականը որոշիչի պաշտօն կը կատարէ,
—մինչ արժանի ածականը էական բային հետ կը կազմէ բաղադրեալ ստորոգիչ մը, ուրեմն ստորոգելի մըն է ան:
Ասոր մէկ հաւանական սրբագրութիւնը պիտի տայ հետեւեալը.
—Նոր տնօրէնը շուտով համոզեց մեզ, որ ինք ոչ միայն ատակ մանկավարժ մըն է, այլեւ վստահելի:
Այսինքն՝ «ատակ ու վստահելի մանկավարժ մըն է», ուր ատակ ու վստահելի հաւասարապէս որոշիչ են մանկավարժ-ին:
Նաեւ՝
—«Կամսարի գրած “Հայոց պատմութիւնից” ոչ միայն կարող ենք ճանաչել մեր պատմութիւնը, այլեւ դասեր քաղել անցեալի սխալներից» («Հայկազեան հայագիտական հանդէս», հտ. 38, էջ 436):
Ուր համադասուած են կարող ենք դիմաւոր բայը եւ դասեր քաղել դերբայը:
Պէտք է ունենայինք՝ «“Հայոց պատմութիւն”-ից կարող ենք ոչ միայն ճանաչել մեր պատմութիւնը, այլեւ դասեր քաղել անցեալի սխալներից». Այս վերջին շարադասութեամբ՝ համադասուեցան՝ ա) ճանաչել մեր պատմութիւնը եւ բ) դասեր քաղել անցեալի սխալներից, — որոնք հաւասարապէս կը լրացնեն «կարող ենք» ստորոգիչը:
Ծանօթ.—Նկատելի է, որ այլեւ-ին վրայ ոչ մէկ ատեն բութ դրած ենք, եւ պէտք չէ՛ դնել:
Ասոնք, ինչպէս ըսինք, դիւրին կառոյցներ չեն, այլ մեր լեզուի ամենադժուար ընկալուող եւ իւրացուող իրակութիւններն են, որոնք մտային խոր լարում կը թելադրեն եւ որոնց տիրապետումը գրողական աչալրջութիւն, անսայթաք ուշադրութիւն, համբերութիւն, երկար ճիգ ու յարատեւութիւն կը պահանջէ գրողէն, ուսուցիչէն եւ… աշակերտէն:
Որոգայթները շատ աւելի այլազան են բանաւոր խօսքի մէջ, սակայն գրաւոր խօսքի ընձեռած ճիշդ օրինակներն են, որ կը կոփեն ու կը ձեւաւորեն իսկական լեզուամտածողութիւնը, ահա թէ ինչո՛ւ պէտք է զզուշանալ մասնաւորաբար գրաւոր վրէպներէ, անշուշտ առանց անտեսելու բանաւորը:
Մերինին օտար համարժէքները՝ non seulement…mais aussi, not only…but also, ֆրանսերէնի ու անգլերէնի մէջ աւելի դիւրին չեն, բայց ահա ֆրանսացին ու անգլիացին, այլեւ մեր զաւակները շատ աւելի լաւ կ’իւրացնեն այս շաղկապները, որովհետեւ այդ լեզուներուն մէջ այս շաղկապները կ’ուսուցուին խորագոյն լրջութեամբ, իսկ նոյնը դժբախտաբար չենք կրնար ըսել հայոց լեզուի ուսուցումին համար:
* * *
Այս զուգադիր շաղկապին երկրորդ բաղադրիչը կրնայ ստանալ այլազան ձեւեր՝ ոչ միայն…այլ ալ, ոչ միայն…այլ նոյնիսկ, ոչ միայն…այլ մինչեւ իսկ, ոչ միայն…այլ մանաւանդ, ոչ միայն…այլ ընդհակառակը, որոնք աստիճանաբար աւելի մեծ ուժգնութեամբ կը շեշտեն շաղկապուող միաւորներու անհաւասարութիւնը եւ երկրորդին գերակայութիւնը:
Օրինակ՝
—«Ան ոչ միայն յաղթեց մրցակիցներուն, այլ մինչեւ իսկ մրցանիշ կտրեց», — այսինքն՝ ընթացիկ մրցանքին յաղթական ելլելէ բացի՝ ձեռք բերաւ արդիւնք մը, որ տակաւին կը գերազանցէ բոլոր նախորդները:
—«Նա ոչ միայն չնչին չափով չէր մոռացել իր նախկին սիրուհուն, այլ ընդհակառակն աւելի մեծ սիրով էր լեցուել դէպի նրան» (Ս. Սանինեան, «Տասներկու նովելներ…», էջ 43):
Շատ աւելի ժողովրդախօսակցական, քան թէ գրական կիրարկութիւն ունի նաեւ «ոչ միայն…այլ ալ»-ը. օրինակ՝
—«Ոչ միայն գրիչս, այլ մատներս ալ կը կոտրեմ ու չեմ գրեր» (ՎՎ, «Նամականի», 379):
—«Պապիկեանի նկարագիրը յայտնութիւն մը եղաւ ո՛չ միայն մեզի, այլ անշուշտ թուրքերուն համար ալ» (Քասիմ, «Օրուան մտածումներ», էջ 67):
Պէտք է խուսափիլ սապիսի կուտակումներէ կամ կրկնաբանութենէ.
—«Տաճիկները այնքան ետ էին մնացած, որ ոչ միայն չէին կարող առաջնորդ հանդիսանալ հայերին, այլեւ նոյն իսկ նրանցից օգտուելու կարիքի մէջ էին գտնւում» (Հ. Աճառեան, ՀԼՊ.2, էջ 569): «
—«Նա կնոջից ոչ միայն յանդիմանանք, այլեւ նոյնիսկ վիրաւորանքի հոգոց չլսեց» (Ռուբէն Յովսէփեան, «Հարիւր տարուան մենութիւն», էջ 251). աւելորդ է նոյնիսկ-ը:
—«Իր պատմած անհեթեթութիւնները ոչ միայն պատմութիւն չեն, այլեւ մինչեւ իսկ հեքիաթ չեն» (Բ.Թաշեան, «Դեգերումներ», 166). պէտք է ըլլայ այլ մինչեւ իսկ…:
—«Կարող երեսփոխան մը ո՛չ միայն իր ձայնը ունի, այլեւ կրնայ յաջողութեամբ յեղաշրջել նաեւ ուրիշներու գաղափարներն ալ» (Քասիմ, «Օրուան մտածումներ», էջ 280).
—«Ոչ միայն ի զօրու չէ դուրս գալու քարացած ըմբռնումներից, այլեւ նոյնիսկ չի էլ ցանկանում» (Եուրի խաչատրեան, «Պարզ խօսքեր», էջ 232):
—«Սոյնը մեզի հնարաւորութիւն կու տայ կազմելու պատկերացում մը ոչ միայն քրիստոնէութեան… այլեւ միաժամանակ հայոց հոգեւոր դարաւոր մշակոյթին» (Աբէլ Մանուկեան, «Լուսաբաց», մայիս 2020, յաւելուած, էջ 3):
Այլեւ-էն առաջ միշտ ստորակէտ կու գայ: Անգլերէնի ու ֆրանսերէնի ազդեցութեամբ՝ մեր գրողները հետզհետէ կ’անտեսեն այդ ստորակէտը, որ հայերէնի համար անզանցառելի է:
Նմանապէս ամերիկերէնի ու անգլերէնի ազդեցութեամբ յաճախ հայերէն մուտք կը գործեն սապիսի մերժելի ու արատաւոր օտարաբանութիւններ.
—Ոչ թէ կազմակերպուած կամ օրինական հալածանքէ…բայց խուժանին հալածանքէն (Երուանդ Քասունի, «Քննական տեսութիւն…», էջ 334):
Այստեղ բառացի կապկուած է not that… but շաղկապը:
—Ոչ միայն մեր պարտականութիւնն է, բայց նաեւ մեր առանձնաշնորհումը (անդ):
Այստեղ ալ կապկուած է not only… but also շաղկապը:
—Ոչ միայն գրական աշխարհի դռները կը բանար, բայց եւ ամէն օր կը յղկուէր քիչ մը (Երունդ Քասունի, «Աւետ. երգարաններ», էջ 14):
—Հաւասարակշռութիւնը հիմք կու տայ ոչ միայն լայն հայեացքներու, բայց նաեւ՝ մշակութային գործունէութեան (Հրայր Ճեպեճեան, «Ազատ խօսք»):
(Շարունակելի)
