Ամբողջական գեղագէտը՝ Թաթուլ Սոնենց (1928-2026)

Կսկիծով իմացանք մահը մեր բազմամեայ աշխատակից, նկարիչ, գծագրիչ, բանաստեղծ, թարգմանիչ, գրականագէտ, հրապարակախօս, բազմատաղանդ ու բազմաշնորհ մտաւորական Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանի։
Մեծ է ընկեր Թաթուլի վաստակը հայութեան հաւաքական կեանքին եւ մասնաւորաբար Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Հայ Օգնութեան Միութեան հասարակական, կազմակերպական եւ միութենական կեանքերուն մէջ։
Ան ծնած է Գահիրէ, Եգիպտոս։ Համալսարանական իր ուսումը աւարտելէ ետք, ընկեր Թաթուլ աշխատակցած է տարբեր օրաթերթերու, շաբաթաթերթերու եւ ամսաթերթերու, ձեւաւորելով անոնց կողքերը։ 1951-էն 1957 գործած է Ամերիկեան Տեղեկատուութեան Գործակալութեան մէջ՝ իբրեւ հրատարակչական բաժնի վարիչ-գծագրիչ։ 1957-ին փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ, ուր գործած է հրատարակչական, խմբագրական եւ տպագրական մարզերու մէջ։
Դժուար է հակիրճ ամփոփում մը տալ ընկեր Թաթուլի կեանքին եւ վաստակին մասին, որովհետեւ շատ ընդարձակ էր իր կարկինը։ Իր մահուան առթիւ գրուեցան բազմաթիւ մահախօսականներ, որոնք ընդգծեցին իր կենսագրութենէն բաժիններ, բայց ոչ ոք կրցաւ ամբողջութիւնը ամփոփել։
Եթէ փորձենք խտացնել ընկեր Թաթուլի կենսագրութիւնը մէկ տողի մէջ, պիտի ըսենք, որ իր ամբողջ կեանքը անվերջ ձգտում մըն էր դէպի գեղեցիկը, գեղեցկագոյնը։ Իր գործունէութիւնը նուիրում մըն էր գեղեցիկին, ըլլայ արուեստի մէջ կամ հասարակական-քաղաքական աշխատանքներուն մէջ։ Ան համոզուած ընկերվարական էր, որովհետեւ կը հաւատար արդարութեան, որովհետեւ արդարութիւնը շատ աւելի գեղեցիկ է քան անարդարութիւնը։ Կը հաւատար Հայ Դատին, որովհետեւ կը հաւատար արդարութեան յաղթանակին, որովհետեւ անարդար աշխարհը տգեղ է։ Իր ողջ էութիւնը ձգտում մըն էր դէպի գեղեցիկը՝ բոլոր բնագաւառներուն մէջ, եւ իր բոլոր նախաձեռնութիւնները համակուած էին գեղագիտական կատարելութեան հասնելու անշեղ ուղղուածութեամբ։
Ամենագեղագէտ էր սիրելի ընկեր Թաթուլը։

Հ.Գ.

ՅԳ — Ընկեր Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանի մահուան առիթով, ուզեցինք մեր ընթերցողներուն ներկայացնել ուշագրաւ նմուշ մը իր ծաղրանկարներէն, ուր յստակօրէն դրսեւորուած են իր գծանկարչական տաղանդը եւ, մանաւանդ, նրբագոյն հիւմուրը։ Նկարը (տեսնել տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակին մէջ) գծուած է 2005-ին, երբ Եւրոպա մտնելու Թուրքիոյ դիմումը օրուան հրատապ հարցը կը համարուէր։ «Տասը տարուան սպասում մը կայ… բայց կրնանք սեղանները մաքրող սպասեակ մը ընդունիլ, եթէ հետաքրքրուած էք», կ՚ըսէ Եւրոպայի դռնապանը։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *