ԱԶՆԻՒ ԹՈՐՈՍԵԱՆ
Դարեր հսկեցիր մեր հողը ոսկի
Չըլլայ որ խլէ թշնամին անարգ
Իսկ դուն մնացիր
Հպարտ քաջարի
Ամպրոպի դիմաց
Փառք քեզ, հազար փառք:
Պիտի գանք գիրկդ
Համբուրելու այդ ճակատդ ճերմակ,
Որ հազար ու մէկ շանթերու դիմաց
Մնաց յաղթապանծ։
Պիտի գանք գիրկդ
Հաղորդուելու
Քու սուրբ սեղանէդ,
Ուր Լուսաւորչի
Կանթե՛ղն է կախուած։
Պիտի գանք գիրկդ
Որպէս ուխտաւոր,
Աշխարհին դիմաց
Նո՛ր կամքով հզօր.
Դուն մեր աչքի լոյս
Ու սէ՜ր անարատ
Վսե՛մ ԱՐԱՐԱՏ:
