Մեր ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2023-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2023-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

Աղէտ

Յարութիւն Պէրպէրեան

Անցիր քաոսին, խաժամուժին ընդմէջէն,
անցիր խժալուր աղմուկին մէջէն,
փորձէ չշնչել մարմիններուն
ճենճերումի հոտը խեղդող,
որ աւելի քան դար մը առաջ
անհաւատալի տարողութեամբ Continue reading “Աղէտ”

Միշտ ապրող էջեր — ՄԷՀՄԷՏ ԷՖԷՆՏԻԻ ՀԵՏ

Ռուբէն

Ընթերցողին կը ներկայացնենք Ռուբէնի (Մինաս Տէր Մինասեան) յուշերէն վերցուած այս էջերը, ուր ան կը պատմէ 1908-ին Վանի մէջ կայացած ուշագրաւ հանդիպման մը մասին հայազգի ոստիկանապետ Մէհմէտ էֆէնտիին հետ, որուն նախապէս հանդիպած էր նախորդ տարին Մշոյ մէջ։ Նշենք, որ Մէհմէտ էֆէնտիի կերպարը ընդգրկուած է նաեւ Խաչիկ Դաշտենցի «Ռանչպարների կանչը» վէպին մէջ որպէս «մանազկերտցի վարժապետ պարոն Աւետիս», որ դաւանափոխ կ՚ըլլայ եւ կը դառնայ ոստիկան Մէհմէտ էֆէնտի։ Ազգային տագնապի այս բախտորոշ օրերուն տեղին է անգամ մը եւս կարդալ այս էջերը, որոնք իւրատեսակ լոյս կը սփռեն ներկայ իրադարձութիւններուն վրայ։

Հորիզոն գրական

Մէհմէտ էֆէնտիի մօտն եմ։ Նոյն հսկան է, թիկնեղ բարձր, կուրծքը դուրս Continue reading “Միշտ ապրող էջեր — ՄԷՀՄԷՏ ԷՖԷՆՏԻԻ ՀԵՏ”

ՍԱՂՄՈՍՆԵՐ ՎԱՍՆ ԱՌԱՒԵԼ ԿԵԱՆՔԻ (Ա.)

ԳԱՌՆԻԿ Աւ. Ք. Գ.

ՍԱՂՄՈՍ 1

Ագահութեան գերի եւ անգոհաբան էակ,
դուն կը յիշե՞ս, թէ դրախտ մը ունէիր, որ ապականեցիր ու կը շարունակես ապականել…
Ապշեցուցիչ է քու հանճարիդ մոլորումը:
Դուն պիտի տառապի՞ս որ արարչութիւնը հասցուցեր ես իր փրկութեան սպասումին: Continue reading “ՍԱՂՄՈՍՆԵՐ ՎԱՍՆ ԱՌԱՒԵԼ ԿԵԱՆՔԻ (Ա.)”

Ջուր եւ ջրապաշտութիւն

Բժ. Օհան Թապագեան

Իրերու սկիզբէն ի վեր մարդկային մտածումը իր իմաստասիրական առաջին պրպտումները ջուրերուն խորերը փորձեց: Եգիպտական դիցաբանութեան մէջ սկզբնական տարրը ջուրը եղած է Նուն անունով:
Աստուածները ծնան Տիամատ վիշապէն, որ անսահման ծովն է: Ամերիկայի բնիկներէն շատերուն համար թշնամի տարրը, ուրկէ պէտք է կորզել աշխարհը՝ ջուրը եղած է: Այս բոլոր վարկածները կը պարունակեն Continue reading “Ջուր եւ ջրապաշտութիւն”

«Հայերէնը կը զուարճանայ» շարքէն

Արմենակ Եղիայեան

Կրակվառիչ

Կրակը կարելի՞ է վառել…
Կարելի է վառել/այրել մատը, լեզուն, վրան-գլուխը, տուն մը, թէկուզ ամբողջ քաղաք մը՝ Հռոմի Ներոնին հետեւողութեամբ, բայց վառել կրակը… ահա այս է, որ ըմբռնելի չէ հոսհոսներուս, սակայն ըմբռնելի է արեւելահայուն:
Եթէ ծխախոտ մը ծխելու համար յանկարծ նկատեցիր, թէ լուցկի չունիս, Continue reading “«Հայերէնը կը զուարճանայ» շարքէն”

«Գիրքե՜ր, գիրքե՜ր, ի՜նչ գիրքեր» — Դ.

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Այն երկու գիրքերը, որոնց մասին պիտի գրեմ, իրարմէ որքա՜ն տարբեր՝ երկարամեայ վաստակի արդիւնք են, հեղինակները՝ երկու դաշնակցական ընկերներս՝ մէկը գրեթէ տարեկից, միւսը երէց, որոնց հետ ծանօթանալու, զիրենք ճանչնալու, իրենց հետ ժողովի նստելու հաճոյքն եմ ունեցած։ Continue reading “«Գիրքե՜ր, գիրքե՜ր, ի՜նչ գիրքեր» — Դ.”