ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Այն երկու գիրքերը, որոնց մասին պիտի գրեմ, իրարմէ որքա՜ն տարբեր՝ երկարամեայ վաստակի արդիւնք են, հեղինակները՝ երկու դաշնակցական ընկերներս՝ մէկը գրեթէ տարեկից, միւսը երէց, որոնց հետ ծանօթանալու, զիրենք ճանչնալու, իրենց հետ ժողովի նստելու հաճոյքն եմ ունեցած։
Առաջինի հեղինակն է Յարութիւն Քիւրքճեան, որուն հետ թղթակցիլ սկսած եմ մեր ուսանողութեան առաջին օրերէն՝ իր հետ կապը հաստատուած շնորհիւ «Համազգային»-ի Նշան Փալանճեան ճեմարանի «Ջահակիր» պարբերաթերթին։ Գիրքի տիտղոսն է «ՍՓԻՒՌՔ ԵՒ ԻՆՔՆԱՑՈՒՄ», ենթատիտղոսով՝ «Սփիւռքահայ կացութիւն եւ գրականութիւն — Վերլուծումներ»։ Լոյս է տեսած 2022-ին՝ Վահէ Սէթեան տպարանէն, Պէյրութ, 463 էջ։ Մաս կը կազմէ Բագին մատենաշարին, հանդէսի 60-ամեակին առթիւ հիմնադրուած՝ որպէս անոր անդրանիկ երկը։ «Խմբագրական լրացումները» (տարբեր ձեւ մը ըսելու համար խմբագրումը կամ խմբագրութիւնը) կատարած են «Բագին»-ի գլխաւոր խմբագիր Սոնիա Քիլէճեանն ու իր կողակիցը՝ Րաֆֆի Աճէմեան, գեղարուեստական ձեւաւորումը՝ Անոյշ Ակներեան, երեքն ալ մոնթրէալաբնակ։
Իմաստասէր, ուսուցիչ, հայերէնի դասագրքերու, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ գաղափարաբանական եւ այլ բնոյթի հատորներու հեղինակ Քիւրքճեանի «յիսնամեակի մը վրայ ցրուած» վաստակէ մը «ընտրուած յօդուածներու համախմբումով մը» կազմուած է հատորը, ինչպէս կ՚ըսէ «Բագին» իր «Երկու խօսք»-ին մէջ։ Այդ յօդուածները «կը յղուին յատուկ ժամանակահատուածի մը», անոր յատուկ «սփիւռքեան գոյութենական հարցադրումներու խորքի մը, այլին հետ յարաբերութիւններու ընդելուզումի մը ընդմէջէն Սփիւռքը վերածելու մտածելու վայրի մը»։
Այս հատորին մէջ համախմբուած գրութիւններուն ընդմէջէն մենք կը հանդիպինք Վազգէն Շուշանեանի, Շաւարշ Նարդունիի, Շահան Շահնուրի, Հրաչ Զարդարեանի, Զարեհ Որբունիի, Նիկողոս Սարաֆեանի, ինչպէս նաեւ Վահէ Օշականի, Գրիգոր Պըլտեանի, Վեհանոյշ Թեքեանի եւ Մարուշի կողմէ գրականութեան ճամբով կատարուած վերլուծումներու եւ խոկումներու, որոնք Սփիւռքի գրականութենէն երկու թեւեր կը ներկայացնեն՝ Մեծ եղեռնէն վերապրած ու Ֆրանսա ապաստանած գրողներ եւ «միջինարեւելեան երկրորդ ծնունդէն առաջ եկած հոյլ մը գրողներ», ինչպէս կը նշէ Րաֆֆի Աճէմեան իր «Յետ-գրութիւն» եզրափակիչ յօդուածով, որ գրքին ամբողջ էութիւնը կը ցոլացնէ։ Եւ իրաւամբ ան կը գրէ. «Հրաշք մըն է, որ կը բացուի ընթերցողին առաջ, հրաշք մը, որ կը կոչուի գրական Սփիւռք կամ Սփիւռքը որպէս կենդանի գրականութիւն»։
Ակնկալե՛նք, որ այս հատորին վայել բեղուն շարունակութիւն ունենայ Բագին մատենաշարը։
Երկրորդ հատորը, որուն կ՚ուզեմ անդրադառնալ, եւ որ պատրաստուած է վաստակաւոր հրապարակագիր-պատմաբան-ուսուցիչ եւ կուսակցական գործիչ Երուանդ Փամպուկեանի կողմէ, կը կոչուի «Հ. Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԾԱԾԿԱՆՈՒՆՆԵՐՈՒ ԲԱՌԱՐԱՆ»՝ «Ծածկանուններ, տեղանուններ, թուանշանային ծածկագրեր» ենթատիտղոսով։ Լոյս տեսած Երեւան, 2023-ին՝ «Լուսակն» հրատարակչատունէն, 253 էջ, որպէս Վէմ մատենաշար թիւ 5, մեկենասութեամբ Յակոբ Բագրատունիի, իր քրոջ՝ Սեդային ի յիշատակ։ Համակարգչային շարուածքն ու ձեւաւորումը՝ Թամար Սնապեան-Սուրճեանի։
Իր տեսակին մէջ եզակի է այս գիրքը։ Եթէ մինչեւ հիմա ծածկանուններու բառարանները ընդհանրապէս գրողներու եւ հրապարակագիրներու ծածկանունները բովանդակած են, «ներկայ բառարանի խնդիրը ՀՅԴ յեղափոխական գործունէութեան ընթացքում որոշակի ծածկանուններով հանդէս եկած դաշնակցական գործիչների ինքնութիւնն ու նրանց ծածկագրած գործունէութեան վայրերը բացայայտելն է», ինչպէս կը գրէ «Մեր ծածկանունները» իր ներածական խօսքին մէջ Գէորգ Ս. Խուտինեան՝ «Վէմ»-ի խմբագիրը, որ ուրիշներու կարգին ինք եւս սատարած է գրքի պատրաստութեան աշխատանքին։
Հետաքրքրական է, թէ ի՛նչ պարագաներու տակ նախաձեռնուած է սոյն հրատարակութեան։ «Ծածկանուններու բառարանի կազմութեան մասին» իր նախաբանին մէջ Երուանդ Փամպուքեան կը գրէ, թէ այս բառարանը «նախատեսուած չէր բնաւ հրատարակուելու համար։ Հեղինակին համար ան պիտի ծառայէր իր խմբագրութեամբ լոյս տեսնող «Նիւթեր Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութեան համար» շարքի հատորները ծանօթագրելու նպատակին»։ Սակայն նկատի առնելով այդ նպատակով արդէն իսկ կատարուած աշխատանքին ծաւալը եւ ընդառաջելով ընկերներու ու մանաւանդ պատմաբան բարեկամներու ցանկութեան, ան վերանայած ու ամբողջացուցած է այս շատ կարեւոր աշխատութիւնը։ Յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ թուանշանային ծածկագրերու գլուխը, ուր վերծանուած են որոշ անձերու թէ տեղերու անուններու թուանշաններու միջոցաւ գաղտնի նշումները։
Նկատի առնուած ժամանակամիջոցն է 1890-էն մինչեւ 1930-ական թուականները, իսկ դաշնակցական գործիչներու կողքին յիշուած են նաեւ ուրիշներ, որոնք «առնչուած են Դաշնակցութեան գործունէութեան»։
Բառարանը բաժնուած է հետեւեալ գլուխներուն՝ որոնումը մեծապէս դիւրացնելով.
1- Ազգանուն-անուն / Ծածկանուն
2- Ծածկանուն / Ազգանուն-անուն
3- Տեղանուն / Ծածկանուն-տեղանուն
4- Ծածկանուն-տեղանուն / Տեղանուն
5- Թուանշանային ծածկագրեր
Գիրքը, Վէմ մատենաշարի միւս հատորներուն նման, մատչելի է www.arfd.am կայքէջին վրայ։
«Վէմ»-ի մարտահրաւէրը թող ըլլայ այս հատորը համալրել 1930-ականներէն ասդին, մանաւանդ մամուլի ճամբով օգտագործուած մեր ծածկանուններով, իսկ մեր պատմաբանութեան մարտահրաւէրը՝ նման բառարան մը ստեղծել բոլոր հայ գործիչներուն եւ գրողներուն ծածկանուններով՝ ԺԹ. սկիզբներէն սկսեալ…
(շարունակելի)