Մեր ՅՈՒՆԻՍ 2022-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի ՅՈՒՆԻՍ 2022-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

Հայկազի չորս կեանք(եր)էն՝ Վերապրում, փախուստ, աքսոր եւ Նոր աշխարհ

(«Պանդոկ»-ի հրատարակութեան 55 ամեակին առթիւ)

ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

«Պանդոկ» հատորը լոյս տեսած է երբ հեղինակ Արամ Հայկազ 67 տարեկան էր: Ըստ Պօղոս Սնապեանի՝ «Ուրիշ գրողներ յիսունի սեմին դանդաղութիւն մը կը սկսին մատնել կամ քէն ընելով կը քաշուին հրապարակէն»(1). մինչ այդ, Հայկազ յիսունէն յետոյ է, որ աշխուժացուցած է իր ստեղծագործական ու գրական թափը: Իր տաս հատորներէն միայն երկուքը հրատարակած է իր կեանքի յիսնամեակէն առաջ: Continue reading “Հայկազի չորս կեանք(եր)էն՝ Վերապրում, փախուստ, աքսոր եւ Նոր աշխարհ”

HENAZ DE LA COMMUNE URBAINE DES MARAIS

ARTSVI

Traduction de l’arménien par Arusyak Grino Bakhchinyan et Suzy Sahakian

Կը ներկայացնենք հայրենի արձակագիր, հայագէտ Արծուիի (Արծուի Բախչինեան) «Հնազը Ճահճաւան քտա-ից» վէպի առաջին գլուխը Արուսեակ Կրինօ Բախչինեանի (Ֆրանսա) եւ Սիւզի Սահակեանի (Հայաստան) թարգմանութեամբ։
Վէպը լոյս տեսած է 2019-ին եւ կը պատմէ Հնազանդ անունով անհնազանդ աղջկայ մը կեանքը, մասնաւորապէս՝ դպրոցական տարիները, ուսումնառութիւնը Լենինկրատի մէջ եւ աշխատանքային տհաճ փորձառութիւնը Երեւանի միջազգային կազմակերպութեան մը մէջ։
Վէպին ֆրանսերէն թարգմանութիւնը պատրաստ է եւ կը սպասէ իր հրատարակիչին։

LES MARAIS ET SES RÉSIDENTS

Lorsque Erevan, capitale de l’Arménie soviétique, a commencé à se développer et à s’étendre dans les quatre directions, les dirigeants ont Continue reading “HENAZ DE LA COMMUNE URBAINE DES MARAIS”

Քանդակագործութիւնը եւ հայ կին արուեստագէտները

ԼՈՒՍԻՆ ԺԱՄԿՈՉԵԱՆ

Խմբագրութեան կողմէ. Նկատի ունենալով, որ այս գրութիւնը աւելի լաւ կ՚ընկալուի իր պատկերզարդումներով, ընթերցողին կը թելադրենք զայն կարդալ թերթի տպագրեալ օրինակէն։

Ի՞ՆՉ Է ՔԱՆԴԱԿԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ

Քանդակագործութիւնը, որ ծաւալային բնոյթ ունեցող արուեստ մըն է, կերպարուեստի ամենէն դժուար ճիւղերէն մէկը կը համարուի: Ան ունի երկու ենթատեսակներ՝ եռաչափ ծաւալով բոլորաքանդակը, որ կը թոյլատրէ շրջիլ քանդակին շուրջը եւ ամեն կողմէ դիտել զայն, եւ եւ երկչափ ծաւալով ռելիէֆը (իտալ.՝ rilievo) իր տարբեր տեսակներով (հարթաքանդակ, բարձրաքանդակ), որ կը մշակուի հարթ տարածութեան մը վրայ եւ զայն կարելի է դիտել միայն դիմացէն:
Արուեստագէտը քանդակելու շնորհքի կողքին պէտք է որոշ մկանային ուժ ունենայ, որպէսզի իր հոգեկան ապրումներուն եւ փափաքին համապատասխանելու կարողութիւնը զարգացնելու եւ հարազատ Continue reading “Քանդակագործութիւնը եւ հայ կին արուեստագէտները”

ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿԻ ԴԱՍԵՐԸ

Կարդալով Վարդան Դեւրիկեանի՝ վերջերս հրատարակած «Վասպուրականի արծիւը հայ գրականութեան անդաստանում» արժէքաւոր հատորը

Մ. Մ. ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ

Ուսուցիչ լինելու գաղտնիքը ամեն օր սովորելն է, որ չկորցնես սովորեցնելու իրաւունքը։ Փա՜ռք Աստծոյ, փնտրողը միշտ գտնում է…
Թորգոմ եպիսկոպոս Գուշակեանի (1874-1939) բնորոշմամբ՝ «խորապէս հոգեւորական եւ ջերմօրէն աւետարանական ոգի» Մկրտիչ Խրիմեանը՝ Խրիմեան Հայրիկը (1820-1907), մեր պատմութեան, ազատագրական պայքարի մշտական ներկան է, սերունդների անխոնջ դաստիարակը եւ ՀԱՅի ոգին կենդանի պահող հոգեւոր ակունքը։ Continue reading “ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿԻ ԴԱՍԵՐԸ”

Դոկտ. Աբէլ քհնյ Մանուկեան, ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍԱՐԿԱՒԱԳՈՒՀԻՆԵՐԸ

«Սիփան» հրատ., Պէյրութ, 2022, 216 էջ

Խմբագրութեան կողմէ. Ընթացիկ տարուան մայիսին Պէյրութի մէջ լոյս տեսաւ դոկտ. Աբէլ քհնյ Մանուկեանի «Հայ եկեղեցւոյ սարկաւագուհիները» ուշագրաւ ուսումնասիրութիւնը։ Ստորեւ կու տանք հեղինակի բացատրականը՝ հատորի շահեկանութիւնը ընդգծող։

Կանանց խորան բարձրանալու եւ ծիսական արարողութիւններուն մասնակցելու հարցը սերտօրէն առնչուած է զանոնք Եկեղեցւոյ Continue reading “Դոկտ. Աբէլ քհնյ Մանուկեան, ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍԱՐԿԱՒԱԳՈՒՀԻՆԵՐԸ”

ՇԱՐԱԴԱՍՈՒԹԻՒՆ (Բ.)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
ԱԶԱՏ ՇԱՐԱԴԱՍՈՒԹԻՒՆ

Շարադասական այն ազատութիւնը, որուն ակնարկեցինք նախորդիւ, չի վերաբերիր միայն ենթակայ-ստորոգիչ հերթագայութեան, այլ ան շատ աւելին է: Այս ցոյց տալու համար առնենք միջին ծաւալով նախադասութիւն մը, որ ենթակայէն ու ստորոգիչէն բացի օժտուած է բայական երկու (վարդին ու բոյր մը) եւ գոյականական մէկ՝ (հաճելի) լրացումներով. Continue reading “ՇԱՐԱԴԱՍՈՒԹԻՒՆ (Բ.)”