(«Պանդոկ»-ի հրատարակութեան 55 ամեակին առթիւ)
ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ
«Պանդոկ» հատորը լոյս տեսած է երբ հեղինակ Արամ Հայկազ 67 տարեկան էր: Ըստ Պօղոս Սնապեանի՝ «Ուրիշ գրողներ յիսունի սեմին դանդաղութիւն մը կը սկսին մատնել կամ քէն ընելով կը քաշուին հրապարակէն»(1). մինչ այդ, Հայկազ յիսունէն յետոյ է, որ աշխուժացուցած է իր ստեղծագործական ու գրական թափը: Իր տաս հատորներէն միայն երկուքը հրատարակած է իր կեանքի յիսնամեակէն առաջ:
Որովհետեւ «Պանդոկ»-ի պատմուածքները կը նկարագրեն Հայկազին կեանքը՝ ցեղասպանութիւնը վերապրած պատանիէն մինչեւ Ամերիկա հասած երիտասարդ (ու ապա չափահաս), հատորը կարդալով ընթերցողը հեղինակին հետ հասակ կ՚առնէ եւ կը ծանօթանայ տարիներու ընթացքին անոր ապրած զանազան վայրերուն, անոր պարագաներուն, ընկերներուն եւ ծանօթացած հետաքրքրական անձերուն: Թէեւ Հայկազին ծննդավայրը՝ Շապին Գարահիսարը, միշտ ներկայ է գիրքին մէջ, սակայն ուշագրաւ եւ շատ յաճախ զուարճալի դէպքերու ընդմէջէն նաեւ լաւ պատկերացում մը կը ստանանք թէ ինչպիսին էր եղած իր կեանքը տարբեր միջավայրերուն եւ շրջապատերուն մէջ:
«Պանդոկ»-ի գլուխները բաժնուած են ըստ աշխարհագրութեան եւ հեղինակին կեանքի չորս հանգրուաններուն՝ «Հայրենի տուն» (ծննդավայր՝ Շապին գարահիսարի տարիները), «Քիւրտիստանի լեռներուն մէջ» (ցեղասպանութիւն՝ փախստականի տարիները), «Զինադադարին Պոլսոյ մէջ» (յետ-պատերազմեան շրջանի տարիները) եւ «Մեր գիւղը եւ դրացիները» (Ամերիկայի մէջ ապրած տարիները): Նկատի առնելով հեղինակին տարիքն ու գիրքի բովանդակութիւնը, «Պանդոկ»-ը կրնայ սեպուիլ ինքնակենսագրական «յետադարձ ակնարկ» մը իր հետաքրքրական կեանքին (կամ «չորս կեանքերուն»)՝ չորս տարբեր տեղերու վրայ տարածուած՝ մանուկ, պատանի, երիտասարդ եւ հասուն մարդու յուշերն ու ապրումները: «Պանդոկ»-ի պատմուածքներու մէջ նկարագրած վայրերն ու այնտեղ տեղի ունեցած արկածախնդրութիւնները Հայկազի զանազան այլ գիրքերուն մաս կը կազմեն՝ աւելի ընդլայնուած եւ ծաւալուն. օրինակ՝ «Շապին Գարահիսար եւ իր հերոսամարտը» (1957) իր ծննդավայրի 1915-ի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն մասին (որուն ականատես եղած է), «Չորս տարի Քիւրտիստանի լեռներուն մէջ» (1973) իր փախստականի օրերուն մասին եւ «Երջանկութիւն»-ը (1978) Նիւ եորքի իր կեանքէն դրուագներով:
Հայկազը աքսորի մէջ ապրած է արկածներով լեցուն չորս տարիներ՝ նկարագրուած «Քիւրտիստանի լեռներուն մէջ» գլխուն մէջ: Այս բաժինի պատմուածքներէն կը սորվինք, որ Հայկազ որդեգրուած է թուրք ընտանիքի մը կողմէ, որ զինք «Միւսլիմ» վերանուանած է: Թէեւ յաճախ հիւմորով կը նկարագրէ այդ տարիներու տեղի ունեցած դէպքերը, գրութիւնները բաւական յուզիչ են: Ապրելով հանդերձ աքսորի մէջ անասելի դժուարութիւններով լեցուն կեանք մը, ան իր երգիծական արժանիքով կը ներկայացնէ զինք շրջապատող հերոսները: Հետաքրքրական է, որ թէեւ այդ տարիները Հայկազի կեանքի հաւանաբար ամենէն վտանգաւոր եւ դաժան ժամանակաշրջանը եղած են (սով, ճողոպրում, սաստիկ եղանակ, վախ եւ այլն), ան կը փորձէ փնտռել գեղեցիկն ու բարին գրեթէ ամեն մարդու եւ ամեն ինչի մէջ: Օրինակ, նախքան իր փախուստը Քիւրտիստանէն, կը նկարագրէ այդտեղի գեղեցկութիւնը. «Այդ օրէն ի վեր ահա գրեթէ կէս դար անցած է եւ ես շատ, շատ գարուններ եմ տեսեր, բայց ոչ մէկ տեղի գարունը այնքան անուշ, շեշտուած ու գեղեցիկ թուած է ինծի, որքան Քիւրտիստանի լեռներուն ա՛յդ գարունը»:
Յաջորդ գլխուն մէջ Հայկազ կը նկարագրէ իր կեանքը Պոլսոյ մէջ. 1919 թուականին ան փախած եւ ապաստան գտած է Պոլիս: Այնտեղ ամիս մը կօշկակարութիւն ընելէ ետք, վերապրած հօրաքրոջը ստիպումով կը յաճախէ Կեդրոնական վարժարանը եւ Եսայեան գիշերօթիկը: «Քանի մը օր ետք, հօրաքոյրս եկաւ Իզմիտէն եւ երջանկութիւնս պիտի ըլլար լման, եթէ դպրոց երթալու հարց չյարուցանէր», կը գրէ պատահարին մասին: Թէեւ Հայկազին համար գործի ասպարէզ մտնելը երջանկութիւն էր եւ չէր ուզէր դպրոց յաճախել, «Զինադադարին Պոլսոյ մէջ» գլխուն մէջ կը գտնուին գիրքի ամենէն հաճելի ու հետաքրքրական պատմուածներէն ոմանք, որոնք ուղղակիօրէն կապուած են դպրոցական կեանքին: Աշակերտական արկածախնդրութիւններէն անդին, ընթերցողը կը կարդայ սիրոյ («Կեանքը Կեդրոնականի եւ Եսայեանի մէջ» պատմուածքին մէջ), սիրաբանութեան («Դէպի Ամերիկա» պատմուածքին մէջ), որբահաւաքի («Ես հայ չեմ եւ ուրիշ բաներ» պատմուածքին մէջ) եւ մահուան («Ապրումներ» պատմուածքին մէջ) մասին: Նոյնիսկ ամենէն ծանր ու տխուր պարագաներուն, Հայկազը լաւատես է եւ հիւմորով եւ բարութեամբ կը դիտէ աշխարհը:
Այս գլխուն մէջ ալ կը կարդանք նաեւ, որ Հայկազին դասաւանդած է Յակոբ Օշականը: Թէեւ շատ կարճ է ակնարկը, Հայկազը շատ անկեղծ ձեւով կը ներկայացնէ գրագէտը, անոր առաջին դասին մասին պատմելով.
— Ձեզմէ ո՛վ ինչ ունի գրած, թող ելնէ կարդայ, [Օշական] ըսաւ:
Մարդ ոտքի չելաւ:
— Աղէ՛կ, հասկցանք:
Իր հասկցածը ի՞նչ էր՝ չեմ գիտեր: Բայց մեր հասկցածը այն էր, որ աններող քննադատ մըն էր եւ անուն ունեցող գրագէտներն իսկ չէին ազատեր իր հատու խօսքէն: Մենք ո՞վ էինք, որ ելնէինք, բան կարդալու իր առջեւ…(2)
Օշականն ու Պոլսոյ միւս ուսուցիչները (որոնց մասին կը մանրամասնէ «Կեանքը Կեդրոնականի եւ Եսայեանի մէջ» պատմուածքին մէջ) բաւական մեծ ազդեցութիւն ունեցած են գրագէտին վրայ. «Պանդոկ»-ի հրատարակութենէն մի քանի տարի առաջ, հարցազրոյցի մը ժամանակ, Հայկազ կը խոստովանի, թէ Կեդրոնականի ուսուցիչները «հայրենիքի ու գրականութեան սէր ներշնչեցին»(3)։
Ամերիկայի իր կեանքին մասին պատմուածքները տեղ գտած են «Մեր գիւղը եւ դրացիները» գլխուն մէջ, ուր Հայկազ քիչ մը անցեալէն կը հեռանայ (անշուշտ ոչ ամբողջովին) ու 13 պատմուածքներու մէջ կ՚ամփոփէ Նիւ Եորքի մօտ իր «գիւղին» (արուարձանին) առօրեայ կեանքէն: Ան ընթերցողին կը ծանօթացնէ «Նոր աշխարհի» բարքերը, նախապաշարումները ու հետաքրքրական անձնաւորութիւնները՝ թէ՛ հայ, թէ՛ ամերիկացի: Պատմուածքներուն մէջ իր նոր (ու դեռ օտար) միջավայրին կը փորձէ ընտելանալ, միշտ զուարթ ու ազնիւ ձեւով ու երբեք անցեալը ամբողջութեամբ չմոռնալով: Իր նշանաւոր «Երջանկութիւն» հատորը, որ լոյս տեսած է «Պանդոկ»-ի հրատարակութիւնէն 11 տարիներ ետք, ձեւով մը «Մեր գիւղը եւ դրացիները»-ու շարունակութիւնն է. նոյն պարզութեամբ, անկեղծութեամբ եւ սրամիտ երկխօսութիւններով լի են «Երջանկութիւն»-ի էջերը:
Հատորի մուտքին մէջ հեղինակը բացատրութիւն կու տայ թէ ինչո՞ւ «Պանդոկ» խորագիրը ընտրած է. բացատրութենէն յայտնի է, թէ որքան կը կարեւորէ ապրած զանազան «կեանքերու» մէջ հանդիպած բազմաթիւ անձնաւորութիւնները, այլազանութիւնն ու անոնց ներդաշնակութիւնը: «կ՚ընդունիմ թէ ընտրութիւնը դիւրին չեղաւ, բայց ի վերջոյ աճեցաւ այս անունը, որովհետեւ հոս, գրքիս մէջ, բազմազգի մարդիկ եւ բազում դասակարգերու անհատներ կ՚ապրին խաղաղ ներդաշնակութեամբ»: Հատորին մէջ նկարագրած տեսակ-տեսակ հերոսներու ընդմէջէն՝ ծննդավայրի ժամկոչ Սողոմոնէն եւ Քիւրտիստանի լեռներուն մէջ ծանօթացած թուրք եւ քիւրտ ընտանիքներէն մինչեւ Պոլսոյ մէջ իր դասընկերներէն ու ուսուցիչներէն եւ Ամերիկայի իր դրացիներէն ու հայ ու ոչ-հայ ծանօթներէն, Հայկազին համար կարօտը, ցաւն ու սէրը համամարդկային զգացումներ են, որ ոչ միայն տարագիր հայերը կը զգան, այլ կը զգան բոլոր ժողովուրդները, բոլոր դասակարգերու ներկայացուցիչները, անկախ թէ աշխարհի որ անկիւնը կը գտնուին: Պօղոս Սնապեան «Պանդոկ»-ի մասին իր գրախօսականին մէջ («Հայրենիք» օրաթերթ, 6 հոկտ. 1968) այս իրողութիւնը կը բնութագրէ հետեւեալ ձեւով. «Տարբեր աշխարհներէ առնուած տարբեր տպաւորութիւններ, գոյներ, տարբեր բարքեր, անհատական թէ հաւաքական տռամներ, կենցաղածին մանրուքներու ուշագրաւ գիծեր, աշխարհի բաներուն առջեւ քրքջալու հակում, սէրեր, պատրանքներ, կարօտ ու արցունք: Այս տարրերով եւ հիւմորին համագումար զօրութեամբ կազմած է Արամ Հայկազ իր «Պանդոկ»-ը եւ իր սրտին պէս լայն բացած դռները ընթերցողին առջեւ»(4)։
Հայկազին «Պանդոկ»-ը անկեղծ է. զգալի է, թէ ան իր հերոսները կը ներկայացնէ ինչպէս որ են եւ ինչպէս որ կան: Զգալի է, որ ան կը ձգտի իր եւ իր շուրջիններուն կեանքերը ու իր տեսած ու ապրած դէպքերը անկեղծօրէն եւ հարազատ ձեւով պատմել՝ առանց աւելորդաբանութիւններու եւ չափազանցութիւններու: Ողբերգութիւններն ու նոյնիսկ աղէտալի պահերը պարզ ու հեզասահ պատումով կը ներկայացնէ. իր պատմուածքները այնքան պարզ են, որ կարծես ինքնախօսակցութիւն ըլլան յաճախ: Երբեմն ձանձրացուցիչ կրնայ թուիլ իր պատմութիւններուն պարզութիւնը. սակայն գրեթէ ամեն գրութեան մէջ հիւմոր կայ, որ փախուստ մըն է կարծես իր դիմագրաւած դժուարութիւններէն եւ վիշտերէն եւ իր շուրջ դարձող վերապրողի տխրութիւններէն: Հայկազի հեզ ու քաղցրաբարոյ ոճը, մանաւանդ գիրքի վերջին երկու գլուխներու պատմուածքներուն մէջ, յաճախ ինքնանուաստացումի տպաւորութիւնը կը ձգէ. երբեք մեծամտութիւն կամ գոռոզութիւն չկայ իր էջերուն մէջ, բայց կան կատակներ եւ փոխաբերութիւններ:
Այս գործը խիստ անձնական է, իսկ ոճը՝ բնական, խօսակցական ու հեզասահ: Պարզ ըլլալով հանդերձ, Հայկազին ոճը իւրայատուկ է. այսինքն, կարելի է իր գործերէն որեւէ մէկը բանալ եւ անմիջապէս գիտնալ թէ հեղինակը Հայկազն է: Այս ըսել չէ թէ իր գրականութիւնը միապաղաղ է սակայն. յաճախ նոյն ժամանակաշրջանին կամ ընդհանուր դէպին մասին կ՚ակնարկէ իր տարբեր հատորներուն մէջ ու ամէն անգամ նոր ձեւով ու նոր տեղեկութիւններով կը ներկայացնէ զանոնք:
Հայկազին չափազանց պարզ լեզուն միջակութիւն չէ, որովհետեւ ան ըսելիք ունի ու ապրած է հետաքրքրական կեանք մը՝ բազմաթիւ իրարանցումներով լի. ի վերջոյ ան կը կարենայ ընթերցողին ուշադրութիւնը գրաւել եւ իր ըսելիքը սիրցնել: Ու հաւանաբար այս է Հայկազի գրականութեան ամենէն արժէքաւոր յատկանիշը՝ անոր դիւրամատուցութիւնն ու մատչելիութիւնը: Իր լեզուն հասկնալի է գրեթէ բոլորին համար ու անոր հետեւանքով իր ընթերցողութիւնը բազմազան է: Հայկազը այդ քիչերէն է, որ սիրուած է տարբեր տեղերէ եկած ու տարբեր բաներ տեսած մարդոց կողմէ. ու այս իրողութիւնը շատ անկեղծ մի քանի բառով բնութագրուած է հեղինակին յուղարկաւորութեան դամբանականին ընթացքին՝ «Արամ Հայկազ եղաւ այն՝ ինչ որ իր ուսուցիչը, Յ. Օշականը չեղաւ: Իր գրականութիւնը մատչելի դարձաւ բոլորին: Մեծին ու պզտիկին, գրագէտին թէ խոնարհ դասի մարդուն՝ որ իր հայերէնը «Հայրենիք»-էն կը սորվէր»(5)։
Հայկազի վերիվայրումներով լի կեանքի մը յուշերուն վրայ հիմնուած 27 պատմուածքները այժմէական կը հնչեն տակաւին, այսքան տարի ետք: «Պանդոկ»-ը 55 տարեկան է, բայց դեռ երիտասարդ ու այժմէական. անոր մէջ ամփոփուած գրութիւնները ընթերցողին դեռ շա՜տ ըսելիք (ու սորվեցնելիք) ունին ու այդ ինքնին մեծ բան է:
Երեւան
1) Սնապեան, Պօղոս. «Արամ Հայկազի «Պանդոկ»-ը (Գրախօսական)» [Պոստոն]. «Հայրենիք» օրաթերթ, 6 հոկտ. 1968, Էջ. 1.
2) Հայկազ, Արամ. «Դէպի Ամերիկա». «Պանդոկ». Պէյրութ, Լիբանան, Մշակ, 1967. էջ 151.
3) «Ազատութիւն ձայնասփիւռ [Միւնիխ-Նիւ եորք]». «Հարցազրոյց Արամ Հայկազի հետ)». [Պէյրութ]. «Ազդակ» օրաթերթ, 7 նոյ. 1966.
4) Սնապեան. Էջ 1.
5) Աշճեան, Մեսրոպ արքեպիսկոպոս. «Արամ Հայկազ» (դամբանական). «Կեանքի եւ հաւատքի էջեր». Նիւ Եորք, ԱՄՆ, Ազգային առաջնորդարան, 1993. էջ 145.