Նորա Պարութճեան
Լռութիւնը առնական
լռութիւն մը կայ առնական
որ կ’ուզեմ օ՜ր մը միայն ինծի գայ
ամբողջ օրը չմեկնի, մնայ
ու … այնպէս ընեմ
որ յաջորդ օր ողջերթի՞, թէ՞ ցտեսութեան
ջերմ պահուն
իր մէկ կէսը քովս մոռցած հեռանայ
Կինը
առաւօտեան սուրճին մէջ
երէկուան իր խոհերէն
չխոնարհած բառ լեցուց
ու դգալով քանի մը լուռ
նախադասութիւն խառնեց
մոռցուած իր մարմինէն
յանգած լոյսեր թափուեցան
սրճեփին մէջ
եռացին
սկսող օրուան կրակին վրայ
պաղ շիթեր ձեւացնելով
մոռցուելիք պահը
հիւրընկալեց վեհօրէն
կը հաւատար
անսահման իր շքեղութեան
սուրճի ումպը առաջին
սրսկեց դեռ չաղտոտած
իր խօսքերու սաղմին վրայ
ու հիացաւ
մեռնելիք այդ մաքրութեամբ
սուրճին հոտը զինք լիացուց
ու երկարեց դարու մը չափ
հաճոյքն այդ տարերական
պահը իրենը եղաւ
ատկէ յետոյ
օրը դարձաւ ամեն օրուան կրկնութիւն
Սառնարանէն հանեցի
սառնարանիս մէջ մոռցուած յիշատակդ
ձեռքիս դպաւ յանկարծակի
լռութիւն մը գաղտագողի
զիս ներծծեց խուլ, քար ու գոց եթեր մը
անժամանակ
ուր դուն եւ ես չկայինք
ուր միայն երկուքս կայինք
երկիւղագին բացի քեզ
սառած ճարպդ դոնդողաց
չդիմացաւ
շողամերձ այս տաքութեան
յոգնութիւն մը ամենակուլ
շառաչնակայծ եւ ուրկէ՞
զիս տապալեց խստագին
անկիւն մը, կարծես կոթող
տեսանելի ինձմէ միայն
բայց ժայռաքանդ, ամպածածկ
կայ-չկայի երկուութիւն-մէկութիւն մը որձեւէգ
չյիշուելու համար ամուր պահուած կեղծանուն
ոտքիս տեղը, ձեռքիս չափը լուսափոշի ժամանակի մէջ դաջուած
անստուգելի.
վախին հետ սիրագալար կատաղութեան վեհ ճամբայէն
ծունկիս վրայ քալեցի
հաճոյք մը անբացատրելի
զիս կը տանէր տառապանքը գրկելու,
մինչեւ վերջին կաթիլը անոր կծուն ծամելու,
այրելու, պարտուելու, նորէն, նորէն.
գեղեցիկ էր վերջացածին
ափդ ինկած հոգեվարքի փրփուրներով խաղալը
մինչ աչքիս դէմ
նուաճումիս անտեղեակ
սառած ճարպդ անդադար կը դոնդողար։
Փարիզ