28 ՄԱՅԻՍ 2023

Նորա Պարութճեան

Աշակերտներս աշխատցուցեր էի Սարդարապատի նիւթով։ Ուզած էի ուղեղնուն մէջ մտցնել, որ ճակատամարտի յաղթանակին կը պարտէինք Հայաստանի այսօրուան հանրապետութիւնը։
… Նազարբէկեան, Սիլիկեան, Անդրանիկ, կանոնաւոր բանակ, կամաւորներ, ինչ գիտնամ՝ ծեր-երիտասարդ-կին-պատանի-մեծով Continue reading “28 ՄԱՅԻՍ 2023”

«Ուրիշին չեմ վստահիր, միայն թուղթին»

ԶՐՈՅՑ ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆԻ ՀԵՏ ԻՐ «ԶԷՐՕ» ԳԻՐՔԻՆ ՇՈՒՐՋ
Մեսրոպ Ադամեան

Ամեն գիրք իր պատմութիւնը ունի։
Այս մէկը, խիտ բովանդակութեամբ, մեզ կը տանի ծերանոցի մը լաբիւրինթոսը, կը քաշէ ներս, վար, դէպի տառապանքի այդ տեւական վայրը։ Անձնական մտածումներու եւ ապրումներու ընդմէջէն կը նետէ մեզ շէնքին փշրուած թապուներուն մէջ, ուրկէ՝ հեղինակին զսպուած Continue reading “«Ուրիշին չեմ վստահիր, միայն թուղթին»”

ՈՉ ՄԷԿ ՀԱՐՑՈՒՄ

ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ

հողին ու երկինքին ձայները միանալու երկունքին մէջ կը վառին
գոյութիւնն իրենց այսպիսով հարցադրումի մէջ կ՚իյնայ
ո՞վ է հարցում տուողը
պատասխանն ուրկէ՞ պիտի գայ
այս անունը կը տրուի ոչնչութեան սադրանքին
որ կուլ կու տայ յաւերժօրէն անկոտրում ախորժակով Continue reading “ՈՉ ՄԷԿ ՀԱՐՑՈՒՄ”

ԱԶԱՏԱԲՈՒԽ ՈՒՂԵՂԸ

ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ

ազատաբուխ ուղեղը պայթելէն ոչ ոք կրնայ կեցնել
աստուածիկ մը հոն մեծնալու կամք կը յայտնէ վճռօրէն
կը խշխշայ ներսիդին ծուռին բոցը շիփշիտակ
լենալ կ՚ուզէ լիանալ յորդեցնել
արդար պահը խոստումին
այլ կերպ ըլլալ չի կրնար
ան պիտի չվերանայ ճամբան կոտրած կուժի պէս Continue reading “ԱԶԱՏԱԲՈՒԽ ՈՒՂԵՂԸ”

ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒ — ՎԵՐԱՍԱՀՄԱՆՈՒՄԻ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԴՊՐՈՑ*

ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ

Ֆրանսայի մէջ հայերէնի դասաւանդութեան բազմամեայ փորձառութիւնս կը ստիպէ, յաճախ ստիպած է աւանդաբար փոխանցուող ամրագրուած տեսակէտները վերաքննութեան ենթարկելու, եթէ պէտք է՝ վերասահմանելու փորձին մէջ մտնելու եւ արդի պայմաններուն համապատասխանեցնել ջանալու։ Աշակերտին մէկ անմեղ հարցումը կրնայ անճրկեցնել ուսուցիչը եւ ստիպել, որ ան հասկնայ, թէ հինցած բանալիներով պիտի չբացուին նոր դռները։
Այս համածիրին մէջ է, որ կը քննարկեմ «հայերէնը մայրենի լեզու» հասկացութեան վերասահմանումի անհրաժեշտութիւնը։ Continue reading “ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒ — ՎԵՐԱՍԱՀՄԱՆՈՒՄԻ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԴՊՐՈՑ*”

ՍԱՌՆԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ

Քի՛չ մըն ալ սառնարան մնա, սպասէ։ Չենք կրնար հիմա գալ։ Զբաղած չենք, ոչ, բայց … ի՞նչ ըսեմ, սխալ ատեն ըրիր ընելիքդ։
Տղան արձակուրդը վճարած էր շատոնց, աղջիկն ալ հեռու կ՚ապրի։ Դիւրին չէ ամանորեան այս շրջանին ընտանեկան կարգադրութիւնները մէկէն ջուրը թափել եւ «չեմ կրնար չերթալ» ըսել։ Ամուսին, շրջապատ … կը հասկնաս, դուն ալ ամուսին եղած ես … եղած էիր ատենին … ես վստահ եմ, որ պիտի հասկնաս. լաւ հայր, հասկցող հայր էիր, յիշէ։ Continue reading “ՍԱՌՆԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ”