Յակոբ Չոլաքեան
ԽԻՒ>ԽԷՎ ԹՌՉՆԱՆՈՒՆԸ ՔԵՍԱՊԻ ԲԱՐԲԱՌԻՆ ՄԷՋ
Խիւն ի մորին մասխարանայր,
Ի ծառէ ծառ կու պորտքտայր,
Զէդ ուլ պառչէր, զէդ տղայ կու լայր,
Ամեն մարդու բանիւ լինայր։
Այս քառատողը առնուած է «Գովանք թռչնոց» չափածոյ ընդարձակ գործէ մը, որ այբբենական շարքով կը ներկայացնէ թռչունները։ Ըստ Ա. Շ. Մնացականեանի՝ «Գովանք թռչնոցը» պատկանում է 13-14րդ դարերում ապրած Կիրակոս Եպիսկոպոսի գրչին»։ (Ա. Շ. Մնացականեան, «Գովանք թռչնոց» տաղաշարքը, նրա հեղինակը եւ ժամանակը, Բանբեր Մատենադարանի, Երեւան, 1980, թիւ 13, էջ 233-243)։
Մէջբերուած քառատողին առաջին բառը՝ խիւ, բաւական յոգնեցուցած է մեր բառարանագիրները։ Այսպէս՝ մեր ամենէն հեղինակաւոր բառարանները (Աւգերեանի առձեռն բառարան հայկազեան լեզուի, Հր. Աճառեանի Արմատականը, Սիմոն Գաբամաճեան) բառը կը բացատրեն սարեակ թռչնանունով, իսկ ուրիշներ՝ «թռչուն անստոյգ» (Ս. Ամատունի) ««խատուտիկ գոյնով թռչուն անորոշ տեսակի?» (Ստ. Մալխասեան)։
Ջոն Ա. Ս. Գրեպինը ճիշդ կերպով մերժելով թռչունին սարեակ ըլլալու մասին տեսակէտները, կ՚իյնայ ուրիշ սխալի մը մէջ՝ զայն նոյնացնելով սեւ կեռնեխի հետ ( John A. C. Greppin, «ORNITHOLOGIA ARMENIACA», «Լեզվի և ոճի հարցեր», 5-րդ հատոր, Երեւան, 1978, էջ 151-156):
Մեզի՝ քեսապցիներոս համար, խիւ>խէվ թռչունը ոչ մէկ կապ ունի սարեակի եւ սեւ կեռնեխի հետ։ Քեսապի բարբառի խիւը բնաւորութեամբ յար եւ նման է Կիրակոս Եպիսկոպոսի կատարած նկարագրութեան։ Խէվը միջակ մեծութեամբ թռչուն է, տեղացի է, գաղթող չէ: Ընդհանրապէս զոյգով կը պտտի։ Խատուտիկ, թեւին վրայ կապոյտ փետուրներով թռչուն է: Ճչան, պոռչտան է, անհանդարտ, կը նստի բարձր ծառերուն վրայ, կը մտնէ պարտէզները ու կը կտցէ կը կիտէ պտուղները, յատկապէս խնձորը: Գիւղացին բերքը խիւերէն պաշտպանելու համար կը շինէ խրտուիլակներ, կը զետեղէ հովէն աղմկող թիթեղ կամ պսպղուն սկաւառակներ, կը կրակէ, կ՚աղմկէ, որ խիւերը խրտչին ու փախչին: Նիհար կ՚ըլլայ, իւղոտ չէ, անոր համար ալ շատերու համար ուտելի միս չունի:
Արաբերէն կը կոչուի ապու զըրէգ (թեւին վրայ կապոյտ գոյնին համար), պարսկերէն՝ ճիճագ, թրքերէն՝ ալագարղա (խատուտիկ ագռաւ), անգլերէն՝ Eurasian Jay, միջազգային անունը՝ Garrulus glandazius։
Ուրեմն՝ խիւը մեր բարբառին մէջ նոյն իմաստով ապրող բառ է՝ խէվ։
Ահաւասիկ, թէ ի՛նչպէս բարբառը կ՚օգնէ հայերէնը լաւ ճանչնալու համար։
ՔԵՍԱՊԻ ՄԷՋ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԳԻՇԵՐԸ 1950-ԱԿԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆՆԵՐԷՆ ԱՌԱՋ
Բուն Բարեկենդանի (Բէրըկըննէն) գիշերը եղբօր ընտանիքները մէկտեղուած կ՚ըլլային հայրական տան մէջ, երբեմն առանձին ազգականներ եւս: Կերուխումը կը շարունակուէր: Տուներէն ներս եւ բակերը պատանիներն ու երիտասարդները գէշմուօր կը խաղցնէին: Երկու երիտասարդներ կը ծպտուէին արտառոց լաթերով, մին՝ արական, իսկ միւսը՝ կանացի կերպարանքով: Ամեն ճիգ կը թափէին, որ հագուստ-կապուստը ծիծաղաշարժ ըլլար: Երեսները կը մրոտէին անճանաչելի ըլլալու աստիճան: Յետագային սկսան դիմակներ գործածել: Երբեմն միայն մէկ հոգի կը ծպտուէր: Ասոնք գէշմուօր կամ գաշմար կը կոչուէին: Գաշմարը վիզին անցուցած կ՚ըլլար խխունջի պատեաններով շինուած քանի մը վզնոցներ, որոնք ամեն շարժումի ծնծղայի պէս կը հնչէին: Գաշմարներուն կ՚ընկերանային երիտասարդներ, որոնք փողոցներուն մէջ թիթեղ մը կամ լաղ մը թմբկահարելով ահագին աղմուկ կը հանէին ու մունետիկի պէս կը կանչէին.
Հէստէ տիկէն, Հաստէ տիկի՜ն,
Հէստէ տիկէն, Հաստէ տիկի՜ն,
Փակա, չիշնա, Փակի, չիջնէ
Շէբթիւնց շէբուօդ, Շաբթէ շաբաթ,
Էմսիւնց էմէս, Ամսէ ամիս,
Տէրիւնց տարա, Տարուէ տարի,
Հէստէ տիկէն, Հաստէ տիկի՜ն,
Հէստէ տիկէն։ Հաստէ տիկի՜ն։
Ապա չափաւոր ու պարային ծափով կը կրկնէին.
Ղօմպըտը գաշմար, դիրանինա գաշմար
Ղօմպըտը գաշմար, դիրանինա գաշմար
Ղօմպըտը եւ դիրանինա բառերը պարային կանչեր են՝ «շարժէ, պարէ» իմաստներով:
Եւ գաշմարը կը հրէին դռներէն ներս: Տնեցիները ծափով ու նոյն յանկերգով կը դիմաւորէին զայն: Ընկերակցողներէն մէկը դրան առջեւ կեցած պարեղանակ մը կը փչէր: Գաշմարը կը պարէր հնարաւորին չափ արտառոց շարժումներով: Ծիծաղը կը պայթէր տուներէն ներս: Գաշմարը իբրեւ նուէր կ՚առնէր նուշ, ընկոյզ, չիր ու չամիչ, նուռ, երբեմն՝ դրամ;
Գիշերուան կերուխումէն ետք տան այր մարդիկը կը խաղային «ըրկան էգէն» (երկայն ագին) եւ «ապըտվիլը» (մրոտուիլը): Առաջինը իւրայատուկ խաղ մըն էր, զոր կը խաղային միայն այդ գիշեր: Թելով խանձող մը կը կախէին առաստաղէն ու ձեռքերնին ետեւ կապած կը բոլորուէին անոր շուրջ: Խաղը վարողը հրաման կու տար, որ բոլորը միասին փչեն: Ամբողջ շունչով կը փչէին, որպէսզի դէմը գտնուողներուն փչոցին պատճառով խանձողը երեսին չդպնար: Փախուստ չկար, անպայման թեթեւ այրուցք մը ունեցող կ՚ըլլար: «Ըրկան էգէն մտուօվ իքի» (երկար ագին մէջդ մտաւ) կ՚ըսէին անոր: Կը փչէին մինչեւ որ կայծը բոլորովին մոխրանար: Փոքրիկներն ալ նոյնը կը խաղային: Հետաքրքրական է, որ գիշերով կայծերուն հետ խաղալը պզտիկներուն արտօնուած չէր, «տակդ կը թրջես» կ՚ըսէին, բայց այդ գիշեր կ՚արտօնէին։
«Երկար ագին» թերեւս առտու սկսող Մեծ Պահքն էր։
Երկրորդ խաղը կ՚ըլլար անմիջապէս ետք: Սեղանին վրայ մնացած աղը կը թափէին կրակի կայծերուն վրայ: Աղը կը ճաթռտէր՝ կայծեր ալ թռցնելով հոս ու հոն: Տնեցիք ցատկելով կայծերը կը մարէին: Այդ ատեն այր մարդիկ իրենց կթղայի մնացած օղին կարգով կը թափէին կրակին վրայ: Կարմիր-կապոյտ բոց մը կը բարձրանար, սենեակի կիսամութին մէջ մարդոց դէմքերը կ՚այլափոխուէին՝ դեղին-կանաչ գոյն մը ստանալով: Վախազդու մթնոլորտ մը կը տիրէր սենեակին մէջ: Այդ պահուն մէկը լայն պնակ մը կը բռնէր բոցերուն վրայ, պնակին տակը սեփ-սեւ կ՚ըլլար, յետոյ կը սկսէր մրոտուելու խաղը, հրմշտկոցներով ու ճիչերով պնակը ձեռքէ ձեռք կ՚անցնէր: Զիրար կը մրոտէին, ձեռք-երես կը մրոտուէր, ամեն ոք «ապըտ» (սեւ, սեւամորթ) կ՚ըլլար։
Կերուխումը վերջ կը գտնէր ու կը սկսէր քառասնօրեայ պահեցողութիւնը: Կիները նոյն գիշերն իսկ տաք մոխրաջուրով կը լուային պնակեղէնները, որպէսզի իւղի հոտը երթար: Առաւօտուն կլայեկողը կու գար ու տուներէն կը հաւաքէր պղինձէ պնակները կլայելու համար: Պահեցողութեան շրջանին ճաշերը կը պատրաստէին կաւէ կաթսաներուն մէջ։
ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍԻ ԷԼԼԻ ԲԱՂԱՐՋԸ (Անալի նկանակ)
Մինչեւ 1950-ական թուականները ապրող աւանդութիւն մըն էր։ Ս. Սարգիսի գիշեր մայրը կամ մեծ մայրը խոշոր սալի մը վրայ կը տեղաւորէր փոքրիկներուն հաւաքած տաշեղներն ու «միւշտըկ»ները եւ կրակ կու տար` «էլլը բաղարջ»ը եփելու կայծեր պատրաստելու համար։ Միւշտըկ կը կոչուէր նիզակախաղի ձողը, որով փոքրիկները նշանառութեան խաղեր կը կազմակերպէին Բարեկենդանի շաբթուն. յաղթողը կը գրաւէր միւսին նիզակը ու կը պահէր այս օրուան համար։
«Էլլը բաղարջ»ը կը պատրաստուէր յատկապէս տան ամուրի անդամներուն ու փոքրիկներուն համար։ Մայրը կամ մեծ մայրը, փոքրիկները շուրջը հաւաքած, քիչ մը ալիւր կը մաղէր, առանց թթխմորի ու աղի՝ խմոր կը պատրաստէր ու անկէ կը շինէր երկու գունտ։ Կը բանար մէկը եւ անոր վրայ հաւասար հեռաւորութեամբ կը շարէր հայրական հարստութիւնները խորհրդանշող նիւթեր, ինչպէս դափնիի տերեւ մը, ձիթապտուղ մը, չամիչ մը, չոր թուզ մը, կտոր մը պանիր եւ արծաթադրամ մը։ Ապա երկրորդ բաղարջով մը կը ծածկէր առաջինը ու կեդրոնէն կը շերտէր այնպէս, որ իւրաքանչիւր շերտի մէջ դրուած նիւթերէն մէկը մնար միայն։ Դափնիի տերեւը կը խորհրդանշէր դափնիի անտառը, ձիթապտուղը՝ ձիթաստանը, չամիչը՝ այգին, չոր թուզը՝ պարտէզը, պանիրը՝ կովը, արջառը կամ հօտը, իսկ մանր արծաթադրամը կը խորհրդանշէր հայրական տունը. ասիկա «տուլուօդ»ն է (տովլաթ), այսինքն՝ բուն հարստութիւնը։
Մինչ այդ դուրսը կրակը հանգչած կ’ըլլար, սալը կը թէժանար։ Մեծ մայրիկը սալին վրայէն տան մեծ կրակին առջեւ կը թափէր կայծերն ու մոխիրը ու սալը կը տեղաւորէր անոր վրայ, իսկ միւս երեսը կը սրբէր ու վրան կը դնէր «էլլը բաղարջ»ը։ Ոմանք սալը կը ծածկէին լաղով մը։
Այնուհետեւ մեծ մայրիկը պզտիկները անկողին կը ղրկէր, թէ, «քնացէ՛ք, որ առտու կանուխ արթննաք, Ս. Սարգիսը իր ձիով ու մտրուկով պիտի գայ՝ ձեր բախտը կը բերէ, կանուխ արթնցէք»։ Պզտիկները անկողին կը վազէին։
Մեծ մայրիկը առտու կանուխ կ’արթննար, ընկոյզի խեփորով (կէս ընկոյզի պատեանը) քանի մը տեղ կը դրոշմէր (թաշմիլ) մոխիրին վրայ ու կը կանչէր.
— Վայ ձագուկնե՛ր, ելէ՜ք, ելէք տեսէք, Սուրբ Սարգիսը եկեր է գացեր, վա՜յ ծոյլեր, վա՜յ։
Ու փոքրիկներուն ցոյց կու տար Ս. Սարգիսի մտրուկին «սմբակին հետքերը»։
— Հիմա տեսնենք, թէ Սուրբ Սարգիսը զո՞վ ամենէն բախտաւորը նշանակեր է, — կ’ըսէր մեծ մայրիկը։
Փոքրիկները գիտէին, որ ամենաբախտաւորը ան է, որ «տուլուօդ»ը բաժին կը ստանայ։ Բաղարջը կը հանէին ու ամեն ոք կ’ընտրէր բաժինը։ Ամեն ոք բանով մը կը բախտաւորուէր, մէկուն ժառանգ կը մնար դափնիի անտառը, միւսին՝ արտը, մէկ ուրիշին՝ տաւարը։ Անշուշտ ամենաբախտաւորը «տուլուօդ» առնողը կ’ըլլար, որովհետեւ հօր գլխաւոր ժառանգորդը կը նկատուէր։ Աղջիկներու պարագան կը փոխուէր, եթէ մէկուն «տուլուօդ»ը ինկաւ՝ ըսել է հարուստ տեղ հարս պիտի երթայ, եթէ պանիրը ինկաւ՝ ըսել է հովիւի հարս պիտի երթայ եւ այլն։
Այսպէս էր։
ԱՖՐԻԹ
Հետաքրքրական բառ մը եւս Քեսապի բարբառէն՝ աֆրիթ։
Լայն գործածութիւն ունի բարբառին մէջ։ Աֆրիթ կ՚ըսեն ամեն բարձունք յաղթահարող, ամեն խաղէ յաղթական դուրս ելլող մարդոց, ճարպիկ՝ թէ՛ ֆիզիքապէս, թէ՛ մտապէս։ «Աֆրիթին մէկն է, — կ՚ըսեն, — անոր հետ խաղ չ՛ըլլար», կամ «Ընտըզ աֆրիթ ի» (աֆրիթի պէս է)։ Ճարպիկ, ես այդպէս ալ բացատրած եմ արաբերէն ծագմամբ այդ բառը (Քեսապի բարբառ, Երեւան, 2009, էջ 312ա)։
Բայց իրականութեան մէջ՝ աֆրիթ անունն է մարդակերպ ոգիի մը, որ արաբական բանահիւսութեան մէջ ճիներու (գերբնական ոգի) հզօր ու յաճախ չարամիտ մէկ դասը կը ներկայացնէ։ Աֆրիթները յաճախ պատկերուելով իբրեւ ծխացող հսկայական, թեւաւոր արարածներ՝ կը համարուին ապստամբ եւ ուժեղ։ Անոնք կը բնակին անմարդաբնակ աւերակներու կամ ստորգետնեայ աշխարհին մէջ եւ կապ ունին մահացածներու հոգիներուն հետ։ Անոնք կ՚առաջացնեն չարիք, դժբախտութիւն, հիւանդութիւն եւ մահ: Աֆրիթները կ՚ամուսնանան իրարու հետ, բայց կրնան նաեւ ամուսնանալ մարդոց հետ։ Սովորական զէնքերը իշխանութիւն չունին անոնց վրայ, անոնք կրնան թռչիլ, փոխել իրենց կերպարանքը եւ կրակ արձակել, բայց անոնք ենթակայ են կախարդանքի, որով մարդիկ կրնան զանոնք սպանել, գերի վերցնել եւ ստրկացնել։
Արդ, բարբառին մէջ աֆրիթ բառի գոյութիւնն ու լայն կիրարկութիւնը կրնան ենթադրել տալ, որ թերեւս աֆրիթի նկատմամբ սնահաւատութիւն ալ եղած է նաեւ Քեսապի մէջ։ Գիտենք, որ այդպիսի հաւատալիք կայ ճիներու նկատմամբ, կայ նոյնիսկ վայր, որ կը կոչուի Ճինկէօն խէնտէօը (Ճինին ձորը), Վերի Պաղճաղազէն Էքիզօլուք գացող ճամբուն վրայ, ուրկէ, ըստ զրոյցներու, գիշերով անցնիլ ոմանք չէին համարձակեր։
(Շարունակելի)
Երեւան
