Նորա Պարութճեան
Պատմութիւնս ոչ ոք կը հետաքրքրէ։ Գիտեմ։ Այնքան տափակ, այնքան մածուցիկ, անկրակ ու նեխած, որ զիս անգամ կը ձանձրացնէ։
Ես ուսուցիչ եմ։ Հայերէնի ուսուցիչ։ Նետուած սփիւռի հայկական դպրոցներէն մէկուն մէջ։
— Ամբողջ կեանքս նուիրեցի հայ դպրոցին, — կ՚ըսեն ընդհանրապէս իրենք զիրենք նուիրեալ ուսուցիչի տեղ դնողներ։ Իբր՝ պէտք է հասկնանք որ ծառայած են սերունդներու ՙհայեցի դաստիարակութեան՚։
Նուիրեա՜լ։ Ասանկ բառեր կան, թագաւորներու փառքին պէս չարչարուած, որոնց իրական կեանքին մասին չես մտածեր։ Անոնց փառապսակը բծախնդրութեամբ կառավարողները ատենին խնամքով ծածկած են իրականութիւնը (իրականութիւնը շատ իրական է, ինչի՞ս է պէտք), ու ապահոված անոր երկարակեցութիւնը։ Սրբանկարներու սանկ մշուշոտ փայլք մը՝ շուրջը, հմայք ու ջերմեռանդութիւն, խունկ ու աղօտ աղօթք… ։ Անշուշտ նպատակ կայ ետեւը. ենթակային ասեղնագործի պէս աշխատցուած պատկերը կը ծառայէ վերին տրամադրութիւններու։ Կամ վարին։ Նուիրեալ ուսուցիչներն ալ ասանկ են։ Անկում ապրած ըսե՞մ թէ չըսեմ։ Յամենայն դէպս, բա՛ն չի փոխեր։
Ինչի՞ կը նուիրուին, որո՞ւ կը նուիրուին, չես հասկնար։ Գիտնալովս՝ մարդ կը նուիրուի միայն ի՛ր գաղափարներուն եւ ի՛ր սկզբունքին, այսինքն այն բանին, որուն փուճ ըլլալը օր մը չէ օր մը, մէ՛կէն, կրնայ յայտնուիլ։ Կը յայտնուի՜ անպայման։ Վերջապէս եկէք ընդունի՛նք որ սկիզբէն արդէն խորքին մէջ բան մը չկար. ինք ստեղծեր է միտքին մէջ, երեւակայեր, մէջտեղ նետեր, վրան ալ՝ հաւատացեր։ Մինակը հաւատալ անիմաստ բան ըլլալով՝ ետեւէն եկողներու պէտք զգացուեր է։ Եւ ետեւէն եկող այդ ուրիշները նպաստեր են անոր հաւատքին. ո՛չ միայն. օգներ են, քաջալերեր են, մղեր են մինչեւ վերջին գիծ։ Եւ հո՛ս է խնդիրը արդէն։
Ինչո՞ւ քաջալերեր են որ ան հաւատայ, ոգի ի բռին, իր կարեւորութեան։ Կարծէ որ ինք անհրաժեշտ է, առանց իրեն հայաշխարհը կը տապալի։ Եւ աշխատի գիշերը ցերեկին խառնած, գիծէն դուրս ինկած գնացքի պէս։ Պարապի։ Գիշեր-ցերեկ. իրակա՛ն գիշեր-ցերեկ։
— Պատասխանը պարզ է, — կ’ըսեն դիւանագէտները, երբ բարդ ըլլայ տրուած հարցումին պատասխանելը եւ ուզեն ցոյց տալ որ կը տիրապետեն իրավիճակին։
Ես չեմ տիրապետեր իրավիճակին։ Բա՛ն մըն ալ չեմ հասկցած այս գործէն։ Տեսածս միայն այն է, որ պարապի աշխատող պէտք է ըլլայ, որպէսզի անոր անհիմն ջանքը ցոյց տրուի որպէս հաւատքի փաստ։
Այսքան։ Ըսելիքս վերջացուցի։ Ահա ես կ’երթամ։ Զզուեցայ։
— Ո՞ւր կ’երթաս, ինչո՞ւ եկար ինչո՞ւ կ’երթաս։
Ձեզ չի հետաքրքրեր իմ կեանքս։ Ո՛չ միտքերս, ո՛չ ծրագրերս, ո՛չ տեսած երազներս, ո՛չ ալ միամիտ խանդավառութիւններս։ Իսկ յուսախաբութիւններս գերեզման անգամ պիտի չունենան, ճիշդ անյայտ զինուորի ձգած ճապաղ անյիշատակին պէս։ Ըսելիք չունիմ։
Չունիմ ըսի։ Գիւտ չէ ըրածս։ Բոլորս գիտենք, բայց իբրեւ թէ ուրիշ ակնոցով կը նայինք հարցին։ Ըսէք, ոչինչէն ինչպէ՞ս մէջտեղ բերել հաւատքի փաստ, եթէ չըլլան ինքնամոռաց նուիրեալներ, կեանքով-մահով նպատակի մը տրուածներ։ Սրբազան խենթ կ’ըսեն. շաաատ խորամանկ տարազ, կախարդական, որ կ’ուզէ հագնիլ իր անձը հայելիին մէջ ընտրեալ տեսնող չեմ-գիտեր-ով, առանց հարցնելու թէ որո՞ւն արտադրած հայելիին մէջ կը դիտէ ինքզինք։ Տեսէք, համաշխարհային կրօնք հիմնուեցաւ ինքնամոռաց սուրբերու նուիրումի փաստին վրայ։ Նայեցէք բոլոր ժամանակներու ինկած ֆետայիներու փտած ոսկորներուն. միայն անո՜նք կը պլպլացնեն մահ իմացեալ անմահութեան ժանգոտած շարժակը։ Միւս օրինակս ատելով կ’ատեմ. պիտի չտամ։ Հիմա ատիկա փետրուարեան միօրեայ արձակուրդի վերածուած է, բայց դեռ էջեր կը լեցնէ, յօդուածներ, գիրքեր, բանաստեղծութիւններ, քարոզներ… հոգեպարար ժամանց։ Չէ՞ որ մարդը միայն մարմին չէ. ՙՈ՜չ միայն հացիւ կեցցէ մարդ…՚. չէ, երկրորդ մասը ծանր է քիչ մը, առաջին մասով բաւարարուինք։
Չեմ այպաներ. այդքան խիստ մէկու մը տեղը չդրուիմ։ Ես ալ աշակերտներուս փափլիկ ուղեղները կը լուամ իր մասին պատմելով, սկսելուս՝ չկամութեամբ, ընթացքին՝ աստիճանաբար բարձրացող ինքնաներշնչեալ ջերմեռանդ փաթոսով։ Թիւհ…։ Զոհե՜րը կ’ապրեցնեն գաղափարը։
Ճի՛շդ այսպէս՝ հայերէնի ուսուցիչն ալ. օրինակելի մոտել։ Թէ ոչ՝ պերճ սրահներու ձեղուններու տակ ինչպէ՞ս օդերը թռցնէինք մեր լեզուին-աւանդութիւններուն-ազգային արժէքներուն հրթիռները։ Չէ, չէ, շատ կարեւոր է անոր կերպարը, ինչ ուզէք՝ ըսէք։ Ընկերամշակութային առողջ երեւոյթի մը գրաւականն են անոր նուիրումին հաշուոյն եղած բոցավառ, Սասունցի Դաւիթի ՙես դեռ հոս եմ՚-եան լորձնաշուրթն ելոյթները։ Բայց, առա՛նց իրեն, խնդրեմ։ Ինք լեզու չունի, իրեն լեզու տուող չկայ, ականջ տուող բնաւ չկայ։ Ինք թող լռէ։ Իսկ եթէ բեմին վրայէն գնահատական նայուածք մը ուղղուի իրեն, թող համեստութենէն կարմիր կտրած գետինները մտնէ։ Բայց ատիկա համեստութիւն չէ՛ որ. ատիկա իր ոչնչութեան գիտակցութիւնը անգիտակցաբար ունեցողի պարկեշտութիւն է։
Բայց եւ այնպէս… արդար ըլլանք։ Այնքան ալ զոհի տեղ չդնենք հայերէնի ուսուցիչը։ Վերջապէս ան ձրիաբար չի ծառայեր ազգին, կը վճարուի։ Այո, ամեն ամիս թխըր-թխըր դրամը պանքա կը մտնէ։ Յետոյ, բան մըն ալ կայ. ուրիշ ի՞նչ կրնայ ընել որ։ Գոնէ հոս ապահով ամսական կայ իրեն։ Գոհ չէ՞։ Սփիւռքահայ գրողնե՞րը ինչ ըսեն։ Չհամեմատենք անհամեմատելին։ Անոնք թէ՛ պիտի ստեղծագործեն, թէ՛ պիտի ստանձնեն գիրքի հրատարակութեան գումարը եւ թէ՛ նուիրեն հաւանական ընթերցողներու, որոնց հազիւ միքանիէն արձագանգ ակնկալեն։ Դեռ չեմ հաշուեր խմբագիրներու ձեռքը ինկողները։
Ո՜հ, հիմա երբ նիւթը դրամի հասաւ, հարցը կը փոխուի։ Դրամ, մամոնայ, Յիսուսի երեք փորձութիւններէն մէկը։ Հզօր։ Ես կը վարանիմ այս նիւթին մասին խօսելու, քանի որ չեմ սիրեր դրամը։ …։ Հաւատացի՞ք։ Ստեցի։ Ես ո՜չ թէ չեմ սիրեր դրամը, այլ կ’ամչնամ անկէ։ Այնքան ծաղրած է զիս, այնքան նուաստացուցած, որ երեսը տեսնել անգամ չեմ ուզեր։ Որո՛ւ որ երթայ, թող երթայ, որո՛ւ ձեռքերուն աղտը դառնալ որ ուզէ, թող դառնայ։ Ես այդ լպիրշ իրականութեան բարեկամ չեմ, չեմ ճանչնար։
Կարծեմ սխալ ըրի։ Այս նիւթին մասին պէտք չէ խօսէի։ Փախաւ, կը ներէք։ Չափը անցուցի, ահա ես կ’երթամ։ Ցտեսութիւն։ Օր մը, եթէ Աստուած ուզէ, դարձեալ կը հանդիպինք։
— Չէ՜, ո՞ւր կ’երթաս։ Ըսելիքդ ըսիր, փախու՞ստ կու տաս։ Չեմ-գիտեր-ինչ ունիս նէ, մնա՛ եւ ինքզինքդ պաշտպանէ։
— Ինքզի՞նքս պաշտպանեմ։ Որո՞ւ դէմ։
— Վիրաւորական է ըսածդ։ Այսքան կը գովաբանենք քեզ, վերը՝ հայու Աստուած, վարը՝ հայերէնի ուսուցիչ, նայէ՜ որքան վարկաբեկիչ խօսքեր կ’ընես։
Սիրելիս, դուք հոյակապ մարդիկ էք, խօսք չ’ուզեր։ Իմ խնդիրս ինծի՛ հետ է։ Ես գիտեմ որ ձեզ չի հետաքրքրեր իմ պատմութիւնս։ Յանցաւոր չէք. վերջապէս աս ազատ աշխարհին մէջ չենք կրնար այս կամ այն բանը պարտադրել մարդոց (իրականութեան մէջ, կ’ուզե՛նք կարծել որ այդպէս է, բայց բոլորս ալ գիտենք որ սխալ է այս վարկածը, մա՛նաւանդ փրեւերեան (ֆրանսացի բանաստեղծ Jacques Prévert-ի հետեւողութեամբ—խմբ.) մեր ազատութեան մէջ)։ Ինչեւէ. եթէ անհրաժեշտ է ինքզինքս պաշտպանել, ատիկա ձեզի դէմ չէ։ Ես պէտք է ինքզինքս պաշտպանեմ ինծի՛ դէմ։ Խաբուած մը չեմ, ամե՛նեւին։ Ես կ’ուզե՛մ հաւատալ։ Այս ողբերգութիւնը ինձմէ զատ ո՞վ կրնայ չափել։ Կը տեսնես կը հասկնաս կը կշռես եւ դեռ կ’որոշես հաւատալ։ Ինչի՞։ Ինչո՞ւ։ Aiuto … Օգնութիւն …։ Որ օր մը, տասնեակ տարիներ անց, նախկին աշակերտդ, հիմա կարգին մարդ, պիտի ելլէ դիմացդ եւ աչքերը լեցուն աստղերով քեզ հասցնէ հրճուանքիդ գագաթները՝ ըսելով, որ ատենին տպաւորած ես զինք, թէ բարով կը յիշէ քեզ տակաւին։ Ապա, ամենաանմեղօրէն հարցնէ քեզի՝ ՙդեռ հո՞ն էք՚։ Ուրիշ խօսքով՝ դեռ նոյն տե՞ղն էք, նոյն տե՞ղը մնացեր էք, նոյն կենուկէկօկօ՞ն։
Էէէէէ… ո՞ւր պէտք է ըլլայի։ Ես։ Յիշատակարանոց։ Յիշուելիք բառ, անուն։ Այն տեղը ուր մեր ժողովուրդին ծիները ամենէն աշխոյժն են։ Ժողովուրդ մը, որ կը տիրապետէ յիշատակի արուեստին, իր անտարբերութեան քամիին բզկտած մարմիններուն ցիրուցան յիշատակները բծախնդրօրէն հաւաքելու եւ ջերմեռանդօրէն դիզելու տաղանդին։ Կը տեղաւորէ պարունակներու մէջ մշտավառ խարոյկի վրայ եւ կը տաքցնէ միշտ թարմ պահելու կորուստներու պատկերները, որոնք կամաց կամաց կը սմքին ու կը դալկանան, կը դառնան գիրքի ճարակ ու գիտելիք։ Կարդացողի՛ն համար։ Որքան ուզէք՝ գովաբանեցէք գիրքերու զօրութենական ոյժը մարդոց վրայ. եթէ այն չ’ապրուիր, գիրերը կը դիականան, կը սկսին բախել համագումարներու յարալէզեան դռները։
Ի՞նչ է ուրեմն այս մարդոց ակնկալածը արդեօք։ Այն, որ ատ վերի հայելիին առջեւ կայնելով իրենց պատկերէն արտացոլայ ընդդիմութիւնը։ Մերժող ոգին, որ ՙայո՚ չ’ըսեր։ Կը պայքարի։ Աս ալ պաշտուած բառ մը ահա։ Պայքար մոռացութեան դէմ։ Ինչպէս՝ պայքար չմեռնելու համար։ Ո՛չ թէ ապրելու։ Տարբերութիւն մը կայ, չէ՞։ Մէկ վայրկեան … սրբագրենք խօսքը։ Ո՛չ թէ տարբերութիւն, այլ առնչութիւն։ Այդ երկու վիճակները առնչութիւն չունին իրարու հետ, քանի որ մէկը մեռնելէ կը խուսափի, միւսը դէպի կեանք կը վազէ, մէկը մոռցուելէն կը վախնայ, միւսը՝ ստեղծագործութեան կը փարի։ Հակասական են։
Մարդ Աստուծոյ, չըսե՞ս, որ եթէ մոռցուելու վտանգ կայ, ուրեմն մոռցուելիք է։ Յիշողութիւնը մարդուն արիւնին մէջ կ’ըլլայ, ոչ թէ ուղեղին։ Եւ ահա, ես կը վախնամ հարցնելու զիս տեսնելով խանդավառուած նախկին աշակերտիս, թէ իմ յիշատակս հասցուցա՞ծ է իր արեան որոնումը մինչեւ Վահէն ու հայրը, մինչեւ Օշական։ Բայց եւ այնպէս, զիս կը շփոթեցնէ անոր անյատակ բարութիւնը։ Կը յուզուիմ շոյուած, երբ յանկարծ մուրճի հարուած մը ուղեղիս՝ կը փշաքաղէ զիս.
— Անյատակ մի ըսեր սաւոր, ճիշտ բառը տուր. անհի՛մ ըսէ։ Եթէ հիմք մը ըլլար այս բոլորին մէջ, պիտի չյիշուէիր, պիտի շարունակուէիր։
Բայց ես ալ ամեն բանի ՙայո՚ ըսողներէն չեմ, ի՞նչ կը կարծէք։ Պիտի չընկրկիմ, պիտի չյուսահատիմ, պիտի չիյնամ, պիտի չազդուիմ, պիտի չտկարանամ … եւ չ-ով նման բաներ, որքան որ ուզէք։ Եթէ չ-ն դիմադրել է, հրամեցէք։ Ատոր համար այդքան ուժ մէջս՝ ուրկէ՞։
Ձեզմէ։ Դուք որ կը տեսնէք չեղածը։ Կը նշանակէ որ չէք տեսներ եղածը։ Իբրեւ թէ։ Յանցաւորը ես եմ, ձեր հայելին։ Ո՞վ է արդեօք զայն արտադրողը։
Գիծէն դուրս ելայ նորէն, չափը անցուցի, ներեցէք, փախաւ. ահա ես կ’երթամ, ա՜լ չեմ մնար։ Դուք շարունակեցէք սնուիլ յիշատակներով։
ՙԲարի յիշէք ինձ ձեր սրտում, մնաք բարով, …՚։
Փարիզ
