Վարձկան թագաւորը (Դ.)

Պատմական թատերգութիւն
Ժիրայր Շուշանեան

Շարունակութիւն նախորդ թիւէն

Չորրորդ արար

Առաջին տեսարան

Եգիպտական սրճարան մը։ Սեղաններ ու աթոռներ շարուած են տեղ-տեղ եւ նարկիլէի ծուխը կը լեցնէ մթնոլորտը։

ԹՈՒՐՔ ՎԱՃԱՌԱԿԱՆ — Երկիրը խաղաղութեան եւ բարգաւաճութեան մէջ է, բայց մեր ձեռքէն կորսնցուցինք Եգիպտոսը, այս հայ թագատէրը իր բանակով միասին պէտք է անմիջապէս անհետացուին որեւէ ձեւով։
ԵՐԿՐՈՐԴ ԹՈՒՐՔ ՄԸ — Բայց ինչպէ՞ս, հայ զօրքերը ամեն տեղ են, եւ շատ զօրաւոր կերպով բռնած են երկիրը։ Ասոնց խաբել չ’ըլլար։
ԹՈՒՐՔ ՎԱՃԱՌԱԿԱՆ ՄԸ — Պէտք է խաղանք կրօնի կէտին վրայ, մինչեւ որ եգիպտացիները հայերուն դէմ ելլեն։
ՄԻՒՍ ԹՈՒՐՔԸ — Ուրեմն սկսինք այս ծրագիրը իրականացնել, նոյնիսկ դրամով ալ կրնանք մարդիկ սիրաշահիլ։
ԹՈՒՐՔ ՎԱՃԱՌԱԿԱՆ — Շատ լաւ գաղափար է, մեր մեծերուն պիտի հաղորդեմ։
ԾՊՏՈՒԱԾ ՀԱՅ ՈՍՏԻԿԱՆ ՄԸ — Պէտք է թագաւորը անմիջապէս զգուշացնեմ այս թուրքերու սատանայական ծրագիրներէն։

Թուրքերը դուրս կը մեկնին, եւ կը մտնեն չորս հայեր՝ Արամ, Սարգիս, Հրանդ եւ Մովսէս։

ԱՐԱՄ — Մի մոռնաք, տղա՛ք, վաղը գիշեր իմ եղբօրս հարսնիքն է, եւ բոլորդ հրաւիրուած էք մեր տունը։
ՍԱՐԳԻՍ — Հարկաւ ամենքս ներկայ պիտի ըլլանք, Արա՛մ ջան։
ՀՐԱՆԴ — Տղա՛ք, ուշադրութիւն ըրէք այդ թրքական նոր ճաշարանէն, հայերուն դէմ կը լարէ եգիպտացիները։
ՄՈՎՍԷՍ — Երթանք ծեծ մը քաշենք տիրոջը։
ԱՐԱՄ — Ո՛չ, տղա՛ք, նախընտրելի է մեր ոստիկանութեան լուր տանք, որ իրենք պէտք եղածը ընեն։
ՍԱՐԳԻՍ — Աղուոր գինի բերա՞ծ էք վաղուան համար, Արա՛մ ջան։
ԱՐԱՄ — Աբրահամ գինեվաճառէն ամենալաւ գինին բերած ենք, եւ ամենահամեղ ապուխտը, պանիրը, սուճուխը եւ ընկոյզը բերած ենք Հայկազին նպարավաճառի խանութէն։ Հոգ մի՛ ընէք, տղա՛ք, մենք մինչեւ առտու պիտի զուարճանանք։
ՀՐԱՆԴ — Տասը հատ նոր հայ քարտաշներ հասան երէկ Կիլիկիայէն։ Սկսայ իրենց գործը սորվեցնել։ Արդէն Զէուէլայի դուռն ու պարիսպները վերջանալու վրայ են, տղա՛ք, շատ գեղեցիկ եղան։
ՍԱՐԳԻՍ — Ինծի մեր հայրենիքի պարիսպներն ու բերդերը կը յիշեցնեն, ա՜խ, արդեօ՞ք օրը պիտի գայ ու դարձեալ տեսնեմ մեր բերդերն ու ամրոցները՝ խաչքարերով զարդարուած։
ՄՈՎՍԷՍ — Ինչո՞ւ չէ, այդ ալ կը տեսնենք օրին մէկը, հոգ մի՛ ըներ, եղբա՛յր, կարեւորը մենք իրարու հետ ենք եւ զիրար կը սիրենք ու հայօրէն կ՚ապրինք։
ՀՐԱՆԴ — Ուրեմն երգե՛նք, տղա՛ք.
Կ՚երգեն — «Ես սարէն կու գայի…»
ՄՈՎՍԷՍ — Աստուած պահէ մեր Վահրամ թագաւորը, ինք մեր պատիւն ու պարծանքն է, իսկապէս հայրենասէր հայ քաջ թագաւոր մըն է։
ԱՐԱՄ — Թուրքերը իրմէ կը սարսափին։
ՍԱՐԳԻՍ — Աստուած մեզի հետ ըլլայ եւ պահպանէ մեր հայ համայնքը ամեն վտանգէ։
ԱՄԵՆՔԸ իրարու հետ — Վաղը կը հանդիպինք Արամին տունը, գիշեր բարի, տղաք։

Մթութիւն
Հայկական զուռնայի եւ տհոլի հարսանեկան երաժշտութեան ձայն կը լսուի։

Երկրորդ տեսարան

Խալիֆային տունը։ Մեծ հանգստաւէտ բազմոց մը, որուն վրայ նստած է Խալիֆան ու նարկիլէ կը ծխէ։ Իր կինը նստած է բազկաթոռի մը վրայ, Խալիֆային դիմաց։ Երկու կին ծառաներ նստած են Խալիֆայի կնոջ ոտքերուն տակ։ Սենեակը պատուհան չկայ, պատին վրայ քանի մը ջահեր կախուած են։ Գետինը քանի մը գորգերով ծածկուած է։

ԽԱԼԻՖԱ — Արդեօ՞ք Վահրամը վստահելի է, ամեն տեղ հայեր դրած է, եթէ օր մը ուզէ երկիրը ձեռքէս խլել դիւրութեամբ պիտի յաջողի։ Բայց հայերը միշտ վստահելի եղած են եւ դաւաճան ազգ չեն։
ԽԱԼԻՖԱՅԻՆ ԿԻՆԸ— (խորամանկօրէն) Ո՛վ մեծապատիւ Խալիֆա, այլազգիի երբեք մի վստահիր, օր մը կրնայ քեզ տապալել։ Մի՛ մոռնար, թէ ինչպէ՛ս կորսնցուցինք Սիկիլիոյ կղզին նոյն ձեւով։
ԽԱԼԻՖԱ — Իրաւունք ունիս, կի՛ն, ուրեմն պէտք է ղրկեմ Ռիտուանին, որ Գահիրէ իր զօրքերով Վահրամին դէմ յարձակի, միայն քիչ մը պատրաստութիւն պէտք ունի այս խնդիրը։ Կարծեմ մեր թուրք բարեկամները սիրայօժար կերպով մեզի օգնեն։
ԽԱԼԻՖԱՅԻՆ ԿԻՆԸ — Վստա՛հ, սիրելի՛ Խալիֆա, ես կը ճանչնամ թուրք իշխաններու կիները եւ կրնամ իրենց միջոցաւ լուր տալ իրենց։
ԽԱԼԻՖԱ — Ուրեմն ծրագիրը այսպիսով ամբողջացաւ, անցնինք գործի եւ ազատինք այս հայերէն, վերջնականապէս։
ԽԱԼԻՖԱՅԻՆ ԿԻՆԸ — Անմիջապէս պիտի սկսինք ծրագիրը իրագործել։
ԽԱԼԻՖԱ — Մէջս վախ մը կայ, որ Վահրամ իշխանին դաւաճանած ըլլամ, այս մարդուն հետ ես երկար տարիներ բարեկամացած եմ, եւ զիս երբեք չէ խաբած։
ԽԱԼԻՖԱՅԻՆ ԿԻՆԸ — Ամեն պարագայի, եթէ անմեղ է, ուրեմն Աստուած զինք պիտի ազատէ, ու պիտի չմեռնի։
ԽԱԼԻՖԱ — Իրաւունք ունիս, կի՛ն, սպասենք ու տեսնենք՝ ի՛նչ պիտի պատահի։

Սպասաւորը նարկիլէն կը բերէ ու Խալիֆային դիմաց կը զետեղէ։ Խալիֆան նարկիլէն կը ծխէ։

ԽԱԼԻՖԱ — Սպասաւո՛ր, լուր տուր իմ թիկնապետին, որ գայ հիմա։
ՍՊԱՍԱՒՈՐ — Հրամա՛նդ, Խալիֆա՛։

Թիկնապետը ներս կու գայ։

ԹԻԿՆԱՊԵՏ — Հրամա՛նդ, Խալիֆա՛։
ԽԱԼԻՖԱ — Լաւ մտիկ ըրէք ըսածիս, եթէ որեւէ յարձակում ըլլայ թաղապետի զօրքերու դէմ Ռիտուանի կողմէ, Ռիտուանի կողմը կը բռնես երբ կռիւը սաստկանայ, բայց Վահրամը մի՛ սպանէք, այլ իրեն կեանքը խնայեցէք ամեն գնով։ Հասկցա՞ր ըսածս։
ԹԻԿՆԱՊԵՏ — Շատ լաւ հասկցայ, Խալիֆա՛, երբեք հոգ մի՛ ընէք։

Մթութիւն։

Երրրորդ տեսարան

Ղարպիէի նահանգ, Ռիտուանի պալատը։ Մուտքը երկաթէ սեւ եւ նեղ դուռ մը կայ, ծածկուած սեւ ծանր վարագոյրով մը։ Գետինը սեւ մեծ գորգ մը դրուած է։ Երկու կողմերը զինուած պահակներ կայնած են։ Փոքր սեւ ջահ մը կախուած է սրահին մէջտեղը։ Պատերուն վրայ քանի մը ջահեր կախուած են։ Մեծ ջահին տակ փոքր սեղան մը կայ, դիմացը երկու բազկաթոռներ։ Երկու նեղ դռներ կան աջին ու ձախին։
ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐ — Ղարպիէի զօրքերու հրամանատա՛ր, Դուք զիս կանչեցիք, ձեր հրամանին կը սպասեմ։
ՌԻՏՈՒԱՆ — Պատրաստուեցէք հայ բանակին վրայ յարձակումի, բոլոր մեր դաշնակիցները պատրաստ են ու մեզի պիտի միանան, երբ նշանը տեսնեն։
ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐ — Անմիջապէ՛ս, իշխա՛ն, վաղը առաւօտ թագատէրի Գահիրէի լեռան պալատը պաշարած կ՚ըլլանք, ու հայկական թաղի բոլոր հայերուն տուները կրակի կու տանք։
ՌԻՏՈՒԱՆ — Մի՛ մոռնաք նաեւ իրենց վանքերն ու եկեղեցիները, չեմ ուզեր մէկ հայ ողջ մնայ Եգիպտոս։ Ես Խալիֆային բանակին հետ համաձայնեցայ, որ մեր կողմը անցնին կռիւի ընթացքին։ Գունդ մը ղրկեցէք իր եղբօր Գուս եւ սպանեցէք զայն։
ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐ — Հրամա՛նդ, իշխա՛ն, անմիջապէս պիտի կատարենք։

Մթութիւն։

ՊԱՏՄՈՂ — Ռիտուանի բանակը Վահրամի բանակին հանդիպեցաւ, լեռան բերդի շուրջը։ Վահրամի հայ բանակը յաղթական մնաց սկիզբը, յանկարծ դաւաճանութիւն մը պատահեցաւ, եւ Խալիֆային զօրքերը միացան Ռիտուանին, ու հայ զօրքերը մինակ մնացին ու յաղթուեցան։ Վահրամ, իր զօրքով քաշուեցաւ ու լեռան բերդը ապաստանեցաւ։

Չորրորդ տեսարան

Լեռան բերդ, Գահիրէ։ Մուտքին երկաթէ ճերմակ եւ լայն գեղեցիկ զարդերով դուռ մը կայ, ծածկուած ծանր ու կարմիր կիսաբաց վարագոյրով մը։ Գետինը հայկական կարմիր մեծ գորգ մը դրուած է։ Երկու կողմերը զինուած պահակներ կայնած են։ հսկայ ոսկեզօծ ջահ մը կախուած է սրահին մէջտեղը։ Պատերուն վրայ քանի մը ջահեր կախուած են։ Մեծ ջահին տակ թագատէրին ոսկեգոյն գահը կայ։ Երկու լայն դռներ կան աջին ու ձախին։

ՎԱՀՐԱՄԻ ԳՈՐԾԱԿԱԼ — Թագատէ՛ր, տխուր լուրեր ունիմ։ Մեծ ըմբոստութիւն ծագած է հայերում դէմ Ռիտուանի գլխաւորութեամբ։ Ձեր եղբօր Գրիգորիս եպիսկոպոսի գերեզմանը պղծեցին, Անանիա եպիսկոպոսը սպանուեցաւ Զահրատ վանքին մէջ։ Ձեր եղբայրը՝ Վասակ իշխանն ալ սպանեցին Գուսի ըմբոստները։ Թշնամիները հայերու թաղը շրջապատած են ու կը սպառնան սպանել ու այրել բոլորը։ Մեր եկեղեցիներն ու վանքերը այրեցին, ու շատ հայեր արդէն սպանուեցան։
ՎԱՀՐԱՄ — Աստուած իմ, ինչ սխալ գործեցի, ամենուն օգնեցի, խաղաղութիւն ու արդարութիւն տարածեցի ամենուրեք։ Բայց թուրք թշնամին այս բոլորը չհանդուրժեց ու սատանային հետ դաշնակցեցաւ մեզի դէմ։
ԳՈՐԾԱԿԱԼ — Պէտք է արագօրէն Խալիֆան միջամտէ ու կասեցնէ այս դաւաճանութիւնը։

Մթութիւն
Հայկական տխուր երաժշտութիւն կը լսուի։

Նոյն տեսարանը:
Վահրամ վերադարձաւ Խալիֆային հանդիպումէն, տժգոյն ու տխուր։

ՎԱՀՐԱՄ — Խալիֆային ըսի, որ նախընտրելի է խուսափիլ այսպիսի ճակատամարտէ, որպէսզի անտեղի արիւնահոսութիւններ չըլլան։
ԳՈՐԾԱԿԱԼ — Ի՞նչ ըսաւ Խալիֆան։
ՎԱՀՐԱՄ — Խալիֆան ինծի ըսաւ. «Չեմ կարծեր, որ ատիկա կարելի պիտի ըլլայ, Թագատէ՛ր, հարցը ձեռքէս ելաւ այլեւս։ Ես քեզի զգուշացուցի հայերու թիւի աճման մասին, բայց դուն ինծի մտիկ չըրիր»։
Խալիֆան ինծի այլեւս չի վստահիր։ Ես ըսի իրեն, որ ամեն պարագայի, Աստուած մեզ երբեք պիտի չձգէ, ու պիտի տեսնես, թէ սխալած էիր, երբ ինծի չվստահեցար։
Բոլոր մեր դաշնակիցները մեզի դաւաճանեցին, հաւաքեցէ՛ք մեր ամենահաւատարիմ երկու հազար հայ ձիաւորները, եղբօրս Գուս գիւղը պիտի հաւաքուինք։
ՀԱՅ ԶՕՐՔԻ ՍՊԱՐԱՊԵՏ — Հրամա՛նդ, Թագատէ՛ր։
ՎԱՀՐԱՄ — Ամենքն ալ մեզի դաւաճանեցին, այդքան արդար ու հաւատարիմ էի, բայց կ՚երեւի այդ էր իմ սխալս։ Վասակին վրէժը իմ սուրովս պիտի առնեմ։ Վստահելի գունդ մը պատրաստէ անմիջապէս, որ Անին, Լիկոսը եւ Ապլղարիպը փախցնեն դէպի մօրեղբօրս՝ Ներսէս Շնորհալիին, Կիլիկիա, իմ հաւատարիմ երկու հազարանոց ձիաւորներու գունդը պատրաստէ, որ Գուս ուղղուինք եւ Վասակը սպանողները պատժենք։ Մնացած զօրքերը թող մեր բանակին Նեղոսի պահուած նաւերը նստեցնեն Գահիրէի հայոց թաղի բոլոր հայերը եւ իրենց հետ դէպի հարաւ ուղղուին մեր բարեկամներուն տուներն ու ագարակները ապաստանելու հսմար, ժողովուրդին հետ թող խառնուին, չեմ ուզեր որեւէ հայ մէջտեղ երեւի, մինչեւ որ այս կացութիւնը հանդարտի։ Յետոյ Սպիտակ վանք կը հանդիպինք։

Մթութիւն կը տիրէ։
«Արեւն ելաւ, զէյթունցիներ» երգի երաժշտութիւնը կը լսուի ջութակով։

ՊԱՏՄՈՂ — Տարի մը անցաւ Ռիտուանի թագաւոր նշանակութեան, ամեն կողմ տարածուեցաւ անօրէնութիւնը եւ ոճրագործութիւնները։ Երկիրը մեծ տագնապի ու աղքատութեան շրջան մը ապրեցաւ։ Վերջապէս Ռիտուան շրջապատեց Խալիֆային պալատը եւ սպառնացաւ սպանել զայն։ Խալիֆան, Վահրամի Սպիտակ վանք սուրհանդակ մը ղրկեց իրեն օգնութեան հասնելու։

Մթութիւն

Հինգերորդ արար

Առաջին տեսարան

Սպիտակ վանք։ Մուտքին փայտէ հին, սեւ եւ նեղ դուռ մը կայ, ծածկուած ծանր եւ սեւ գոց վարագոյրով մը։ Գետինը կարմրազարդ հայկական մեծ գորգ մը դրուած է։ Երկու կողմերը փայտէ մոմակալներ կան՝ մոմերը վառած։ Հսկայ սեւ ջահ մը կախուած է սրահին մէջտեղը։ Պատին վրայ քանի մը սրբանկարներ կախուած են, եւ հայերէն գրութիւններ ու սրբանկարներ գծուած են պատերուն վրայ։ Ջահին տակ կլոր սեղան մը կայ, վրան սեւ ծածկոց մը, քանի մը կրօնական գիրքեր, մեծ խաչ մը եւ փայտէ մոմակալ մը։ Երկու նեղ դռներ աջին ու ձախին։

ՎԱՀՐԱՄ — Ո՛վ Տէր Ամենակալ, դուն գիտես իմ մտքերս ու հոգիիս գաղտնիքները։ Ես միշտ արդարութեամբ գործեցի, քեզ պատուեցի, ազգիս ծառայեցի, այս երկրի Տիրոջ ուխտիս հաւատարիմ մնացի վաթսուն տարի, եւ քու պատուիրաններդ պահեցի։ Սատանան իմ դաշնակիցներս իմ դէմս դրդեց սուտերով եւ խաբեբայութեամբ, մեր դէմ բանակ հանեցին ու իմ եղբայրս, հայ սրբազանն ու ազգս չարչարեցին ու սպանեցին։ Ես զիս այպանողներուն ու մեղադրողներուն ներած եմ, եւ որեւէ ոխ չունիմ իրենց դէմ։ Հիմա, ես միայն քեզի համար կ՚ուզեմ ապրիլ հոս այս վանքին մէջ, մինչեւ որ երկինք բարձրանամ։
ՄԻՆԱՔԻՍ — Աստուած միշտ ողորմող ու սիրող է։ Ո՛վ սիրելի թագատէր, վստա՛հ եղիր, որ Տէրը քեզ երբեք պիտի չլքէ։
ՎԱՀՐԱՄ — Գիտե՞ս, հա՛յր սուրբ, ամեն անգամ որ այդ աջ պատին վրայի հայ բանտարկեալ նկարիչին փորագրութիւնը կարդամ, այնքան կը հանգստանամ ու կ՚ոգեւորուիմ եւ կը յիշեմ իմ երկու սուրբ մօրեղբայրներս, Գրիգոր Վկայասէր կաթողիկոսը, Ներսէս Շնորհալին, եւ հարկաւ իմ հանգուցեալ երկու եղբայրներս, Գրիգորիս Եպիսգոպոսը, եւ Վասակ իշխանը։
ՄԻՆԱՔԻՍ — Իսկապէս, շատ գեղեցիկ եւ յուզիչ փորագրութիւն մըն է, բայց կարծեմ նկարիչը մեռած է քանի մը տարի առաջ, ան թուրքի մը հետ կռուած էր, որ հայ աղջկան մը կը նեղէր։
ՎԱՀՐԱՄ — Արդեօ՞ք ես զինք բանտարկութեան դատապարտեցի, թէ՞ Վասակը, չեմ գիտեր, սակայն մէկ բան գիտցայ, երբ կարդացի իր գրածը պատին վրայ, որ ինք հաւատացեալ մեռած է եւ ընդունած է իր սխալները ու ներած։ Ես իրմէ շատ բան սորվեցայ, հա՛յր սուրբ։
ՄԻՆԱՔԻՍ — Աստուած քեզի ողորմի, թագատէ՛ր, դուն իսկական հայրենասէր ու Աստուածավախ անձ մը եղած ես։

Դուռը կը զարնուի, եւ վանական մը ներս կու գայ։

ՀԱՅ ՎԱՆԱԿԱՆ — Խալիֆայի սուրհանդակը ձեզի նամակ մը բերած է։
ՎԱՀՐԱՄ — Թող ներս գայ։

Խալիֆային սուրհանդակը ներս կը մտնէ ու թագատէրին դիմաց կը խոնարհի՝ իբր յարգանք եւ նամակ մը կը յանձնէ իրեն, յետոյ դուրս կ՚ելլէ։

ՎԱՀՐԱՄ — (նամակը կը կարդայ Մինաքիսին) «Ներէ ինծի, Վահրա՛մ իշխան, ես քեզի սխալ հասկցայ։ Քու օգնութեանդ պէտք ունիմ»:
Ինծի համար բաւական է, որ իրականութիւնը վերջապէս երեւցաւ ու անմեղ հռչակուեցայ։ Ես հիմա կեանքս Աստուծոյ նուիրած եմ, բայց իմ ազգիս ու Խալիֆային համար պիտի հետդ գամ ու օգնեմ Խալիֆային։ Մէկ խնդրանք ունիմ, հա՛յր սուրբ, քեռայրիս՝ Ներսէս Շնորհալիին «Հաւատով խոստովանիմ»-էն հատուած մը ըսէ ինծի:
ՄԻՆԱՔԻՍ — Սիրո՛վ, թագատէ՛ր. «Հա՛յր երկնաւոր, Աստուա՛ծ ճշմարիտ…»
ՎԱՀՐԱՄ — Գիտէ՞ք, հա՛յր սուրբ, հայ ըլլալը շատ դժուար բան է, բայց հայ մնալը աւելի դժուար է, սակայն հաճելի է։ Մեր հողին վրայ ցանեցինք, հողը յափշտակեցին, օտար հողի վրայ ցանեցինք, մեզ յափշտակեցին, ո՞ւր ցանենք, միայն մէկ տեղ մնաց, ուր չեն կրնար յափշտակել՝ երկինքն Աստուծոյ։ Ծառայեցի արդարութեամբ, թագաւորեցի հաւատարմութեամբ, եգիպտացի, հայ բոլորին հաւասարութեամբ ծառայեցի ու սիրեցի, զօրք, հարստութիւն, իմաստութիւն եւ խաղաղութիւն՝ բոլորը ունեցայ, բայց բոլորը կորսուեցան ու գացին, քոյր, եղբայր, բարեկամ, զօրք, համայնք, տուն, տեղ չմնացին։ Ցտեսութի՛ւն, հա՛յր սուրբ, լա՛ւ մնացէք, մինչեւ որ դարձեալ հանդիպինք, բայց թէ ո՛ւր՝ չեմ գիտեր։

Արամ Խաչատուրեանի «սուրերու պար»-ի երաժշտութիւնը կը լսուի։

Երկրորդ տեսարան

Խալիֆային պալատին պարտէզը։ Բարձր ծառերով եւ գունաւոր ծաղիկներով լեցուն է պարտէզը։ Ետեւէն կ՚երեւի Խալիֆային պալատի մուտքը։ Մեծ թիւով զինուած զինուորականներ հաւաքուած են դիակի մը շուրջ։ Ռիտուան սպաննուած է եւ գետին ինկած։

ՎԱՀՐԱՄ — Վերջապէս եղբայրներուս՝ Գրիգորիսին ու Վասակին, Անանիային եւ բոլոր հայ նահատակներուն վրէժը լուծեցի։ Երազս էր արդարութիւն եւ խաղաղութիւն տարածել ազգիս համար եւ Եգիպտոսի մէջ։ Երազս շատ կարճ ժամանակ իրականացաւ, յետոյ ինկաւ, բայց նոյնիսկ այդ կարճ ժամանակին համար ես Աստուծոյ շնորհակալ եմ եւ վստահ եմ, որ իր կամքն է, որ իրականացաւ։
ԽԱԼԻՖԱ — Ապրի՛ս, Վահրա՛մ թագատէր, քեզի պիտի մնամ երախտապարտ, դուն եւ քու ժողովուրդդ կրնաք վերադառնալ ձեր տուները, Եգիպտոսը ձեր երկիրն է եւ ձեզ միշտ սիրով կը դիմաւորէ։
ՎԱՀՐԱՄ — Շատ երախտապարտ եմ ձեզի, Խալիֆա՛, ես պիտի շարունակեմ ծառայել ձեզի մինչեւ մահ։
ԽԱԼԻՖԱ — Դուն պիտի ըլլաս իմ խորհրդատուս, միակ վստահելի խորհրդատուս ամեն ինչի եւ պիտի ապրիս իմ պալատիս մէջ։ Իսկ քու ժողովուրդդ պիտի վայելէ իմ պաշտպանութիւնս եւ ազատօրէն պիտի ապրին ու գործեն Եգիպտոսի մէջ։

Մթութիւն։

Երրորդ տեսարան

Հայկական տտուկի տխուր երաժշտութեան ձայն կը լսուի։ Վահրամի թաղումը Խրամատի հայոց վանքի գերեզմանատան մէջ։ Հայկական փոքրիկ մատուռ մը կ՚երեւի ետեւը։ Ծիրանի բարձր ծառեր կը շրջապատեն գերեզմանատունը։ Գունդ մը հայ զինուորներ իրենց ուսերուն վրայ վերցուցած են Վահրամ թագաւորին դիակը։

ՊԱՏՄՈՂ — Վահրամ թագապետ ապրեցաւ հինգ տարի Խալիֆային պալատին մէջ իբրեւ անոր խորհրդատուն, եւ ամեն ինչի մասին Խալիֆան իր կարծիքը կ՚առնէր։ Վահրամ մեռաւ 1140 տարին, ութսուն տարեկանին: Խալիֆան զինուորական մեծ շուքով յուղարկաւորութիւն մը ըրաւ իրեն եւ երեք օր սուգ յայտարարեց Եգիպտոսի մէջ։ Հարիւրաւոր եգիպտացիներ ու հայեր ներկայ էին յուղարկաւորութեան. Խալիֆան երկար լացաւ Վահրամի գերեզմանին վրայ։ Իսկ հայ համայնքը շարունակեց վայելել Խալիֆային պաշտպանութիւնն ու ազատօրէն ապրեցան Եգիպտոսի մէջ երկար տարիներ։ Վասակ իշխանին երկու զաւակները Կիլիկիա փոխադրուեցան ու իշխաններ դարձան Թալպաշար հայկական քաղաքին։
ԽԱԼԻՖԱ — (Արցունքներու մէջ) Այսօր՝ 1140 տարին, հողին կը յանձնենք քաջ ու հաւատարիմ մարդ մը, որ այս երկրին ու ժողովուրդին համար անվերապահ զոհուեցաւ ու ծառայեց մինչեւ մահ։ Իր անթառամ յիշատակը վառ պահելու համար, մենք հրամայեցինք, որ Գուսի գիւղերէն մին կոչուի «Մինյէդ էլ Նասիք» (այսինքն վանականին գիւղը)։
ՔԱՐՏԱՇ ԹԱԹԷՈՍ — Այս խաչքարը ես շինեցի իր յիշատակին։
ՄԻՆԱՔԻՍ- Այսօր կը թաղենք հայ մեծ թագաւոր մը, որ հայ եւ եգիպտացի ազգերուն ծառայեց հաւատարմութեամբ, սիրով ու հաւատքով եւ իր կեանքը նուիրեց Աստուծոյ։ Իր մօրեղբօր՝ Ներսէս Շնորհալիի աղօթքով սկսաւ իր ծառայութիւնը, եւ անով կ՚աւարտեմ իր կեանքի պատմութիւնը.
«Առաւօտ լուսոյ,
Արեգակն արդար…»
Մինչեւ որ դարձեալ հանդիպինք, սիրելի՛ թագաւոր։

ՊԱՏՄՈՂ — Վահրամ թագաւորին մահէն 150 տարի ետք, 1293 թուին, ամեն ինչ փոխուած էր։ Եգիպտահայ մեծաթիւ գաղութը մօտ հարիւր տարի երջանիկ, համերաշխ ու բարգաւաճ ապրելէ ետք Եգիպտոսի մէջ, վերադարձաւ Կիլիկիա։ Կիլիկեան թագաւորութիւնը թշնամի դարձաւ Եգիպտոսի Մեմլուքներուն, որոնք գրաւեցին զայն, ու հայերը վերադարձուցին Եգիպտոս, բայց այս անգամ գերիացած։ Հազարաւոր հայ գերիներ քշուեցան, Ստեփանոս Հռոմկլացի կաթողիկոսին հետ, դէպի Գահիրէի պարիսպները։ Քարտաշ Թաթէոսի տաշած քարերը հայերէն կը խօսէին ու զիրենք մխիթարեցին: Վեց դարեր ետք, գերիները մեծահարուստներ դարձան ու դարձեալ նախարարապետ մը ունեցան, բայց շուտով ձուլուեցան։ Վերին Եգիպտոսի Գուս գիւղաքաղաքի աղջիկները մինչեւ այսօր գորգահիւսութեամբ կը զբաղին եւ անով հռչակաւոր դարձան։
Պատմութիւնը սկսաւ հրաշքով մը՝ ազատած կաթողիկոսով մը, Միջերկրական ծովուն մէջ փոթորկի բռնուած նաւու մը մէջ ու վերջացաւ Նաթրունի Հայոց վանքին մէջ հայ կաթողիկոսի մը գերութեամբ ու թաղումով։ Այսօր հազար տարիներ ետք, օտար հողի վրայ ցանուած ծառեր, հայ քարտաշներու տաշած Գահիրէի պարիսպներու քարերը ու Նաթրունի Հայոց վանքի աւերակները տակաւին կը խօսին հայերէն, բայց զիրենք լսող չկայ։ Անանիա եպիսկոպոսի խօսքերը՝ «Հայութիւնը սէր է» տակաւին կ՚արձագանգեն Նաթրունի Հայոց վանքի աւերակներուն տակէն։

«Հայ ապրինք եղբայրք» երգի երաժշտութեան ձայնը կը լսուի։

ՎԱՐԱԳՈՅՐ

(Շար. 4 եւ վերջ)

Գահիրէ

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *