Մեր ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի փետրուար 2022-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

ԲՐՈՒՏԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԱՇԱԿԵՐՏԸ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԵՐԱՆԵԱՆ

Թէեւ հազար անգամ անցել էր այդ ճանապարհը, ու թէեւ աստիճանները լուսաւորուած էին, բայց այդ օրը Աննան շտապում էր բարձրանալ, քանի դեռ կիսամութ էր։ Ինչու կամ ուր էր շտապում, ինքն էլ չգիտէր։ Կասկադի աստիճանները մինչեւ վերջ չբարձրացած՝ կը թեքուէր աջ, ու նեղ արահետով կը գնար դէպի Մատենադարան, որին չհասած իր հին ու փոքր տունն էր։ Բաժանուելիս Անդրէին խնդրեց, որ իրեն թողնի այն։ Երբ ասաց, թէ կը հրաժարուի ունեցուածքը կիսելուց, նիւթական որեւէ այլ պահանջից, միայն թէ բարձունքին, նման տների միջեւ թառած մէկ ընդարձակ ու երկու նեղլիկ սենեակներով տունն իրեն թողնի, ամուսինը միայն քմծիծաղեց։ Հիմա` Սուրբ Ծննդեան տօնին նախորդող այդ օրը, Continue reading “ԲՐՈՒՏԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԱՇԱԿԵՐՏԸ”

ԿՌՈՒՆԿԸ

ԶԱՐԵՀ ՍԱՓՍԸԶԵԱՆ

Կռունկ, գնա՜, հայոց դաշտի
Ծաղիկը տար պանդուխտներին.
Արարատի ձիւն տար թեւիդ,
Ջուր Սեւանայ՝ պանդուխտներին.
Մեր նոր երկրի երգերն ուրախ,
Մեր նոր կեանքի լոյսերը վառ,
Մի բուռ հող տար, ոտքիդ կպած,
Մեր տարագիր պանդուխտներին։ Continue reading “ԿՌՈՒՆԿԸ”

ԼՈՐԱ (Ա.)

ՊԵՏՐՈՍ ԱԲԱՋԵԱՆ

Նուիրում եմ Ֆլորայի յիշատակին

«Գրողը պիտի արտայայտի ոչ այն ինչ կայ, կամ կարող է լինել կեանքում, այլ այն ինչ ինքն է երազում տեսել»:
Անտոն Չեխով

Առաջին իսկ հայեացքից, Փոքրաւան գիւղը ինձ դուր չեկաւ: Դա մեծ մասամբ մէկ յարկանի տներով, իր անուանը չհամապատասխանող, բաւական փռուած գիւղ էր: Հողաշէն տների կտուրների վրայ հին կարպետի կտորներով ծածկուած խոտի դէզեր կային: Տների շուրջը պարտադիր, ցածրիկ նոյնպէս հողաշեն ցանկապատեր էին արուած: Ամենուրեք զգացւում էր չորացած խոտի եւ թրիքի, քիթ խտխտացնող, ոչ այնքան տհաճ հոտը: Տարօրինակ գնդաձեւ սաղարթներով, հատ ու կէնտ ծառերը բազմազանութիւն էին հաղորդում միօրինակ եւ ձանձրալի այս միջավայրին: Այստեղ գալու յաջորդ օրը առաւօտեան դուրս եկայ շրջապատը ուսումնասիրելու: Փողոցում, ցանկապատերի երկայնքով քարերի վրայ նստած պառաւ կանայք, չթաքցուած, նոյնիսկ Continue reading “ԼՈՐԱ (Ա.)”

Մեր հին թաղը խայտաբղէտ

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Նուէր՝ Արամ Հայկազի յիշատակին

Մթերքի մեր գերշուկան էինք, դուրս ելլելու պահուն կինս յիշեցուց, թէ լաւ կ՚ըլլար քիչ մը գումար քաշէինք մեր հաշիւէն, քանի որ եկող շաբաթ տունը մաքրողը պիտի գար, վճարելու դրամ պէտք է ըլլար մեր քով։
Ելքին մօտ զետեղուած դրամաբաշխ յատուկ սարքը չէր գործեր։ Կ՚երեւի պարպուած էր։ Դիմեցի մօտակայ արկղակալուհիին, որ սպիտակ մազերով, մշտաժպիտ ու ազնիւ ֆրանսուհի մըն է, մեզի հինէ՜ն ծանօթ։ Ինքն ալ եկաւ ստուգելու, դրամատան քարտս դարձեալ ներմուծեցի գործիքին մէջ, դարձեալ ի զուր։ «Եկուր, արկղէս տամ», ըսաւ։ Բացաւ, տեսաւ իր քով ալ շատ բան չկար, քանի որ գնորդները ընդհանրապէս քարտերով կը կատարեն իրենց վճարումները։ Դիմեց քիչ անդին Continue reading “Մեր հին թաղը խայտաբղէտ”

ԵՐԵՍՈՒՆՕՐԵԱՅ ԳՈՅԱՄԱՐՏ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

«Գորոնա» կամ «Օմիքրոն»՝ մահացու համաճարակ: Այդպէս է եղեր:
Միտքս պարզեմ: Այսպէս, օր մը, երբ առաւօտուն աչքերդ հազիւ կը փորձես բանալ, կը զգաս, որ դո՛ւն՝ ինքդ չես: Տարբեր մէկն ես: Մկաններդ ուժ չունին, որ քեզ ոտքի հանեն: Զօրաւոր հազ մը կը ցնցէ ամբողջ մարմինդ: Կը կարծես, որ հիմա սիրտդ, թոքերէդ դուրս պիտի իյնայ: Քիթդ անընդհատ «կը վազէ»: Ձայնդ «քաշուած է»: Չես գիտեր ի՞նչ պէտք, որ ընես: Ահա քեզի անակնկալ նորութիւն մը: Հազին ստեղծած աղմուկէն արդէն կողակիցդ մօտդ կը հասնի, անմիջապէս գաւաթ մը ջուր եռացուցած, եւ մտահոգ կը հրամայէ, որ կամաց-կամաց խմես: Կը հնազանդիս, որովհետեւ ուժ-կարողութիւն ըսուածը չունիս: Չկայ: Կ՚ուզես քնանալ, ուստի տեղդ գամուած կը մնաս: Continue reading “ԵՐԵՍՈՒՆՕՐԵԱՅ ԳՈՅԱՄԱՐՏ”

ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ԶՈՒԱՐՃԱՆԱՅ (Ժ.)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Կապիկին մկրտութիւնը

«Յաճախ մտածած եմ եւ յիշած ֆրանսացի ծիրանաւոր Փոլինեաքի (1661-1741) արտայայտութիւնը վանդակի մէջ գտնուող կապիկ մը դիտելէ ետք. “Խօսի՛ր եւ քեզ մկրտեմ”»
(Յակոբ Պալեան, «Ազատ օր», 13-12-2021):

Փորձենք քիչ մը վերլուծել ու անդամահատել այս նախադասութիւնը՝ վասն տալոյ զկայսերն՝ կայսեր եւ զաստուծոյն՝ Աստուծոյ, եւ այնու տեսանիցեմք զի՞նչ ստասցի: Continue reading “ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ԶՈՒԱՐՃԱՆԱՅ (Ժ.)”